Category: Միջազգային
Միջազգային Կարճ Լուրեր
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ` յղում կատարելով Իրանի քարիւղի նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Պաղտատի մէջ համաձայնագիր ստորագրուած է Իրանէն Իրաք կազի արտահանման մասին` 3.7 միլիառ տոլար արժողութեամբ: Արտահանման մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է ... Շարն.
Լաւրով Սուրիական Կառավարութեան Եւ Ընդդիմութեան Կոչ Կ՛ուղղէ «Ծայրայեղականները» Վտարելու Համար Համագործակցելու
Լաւրով եւ Ժամիլ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` բոլոր «ահաբեկիչներն ու ծայրայեղականները» Սուրիայէն վտարելու համար համագործակցելու: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Լաւրով ... Շարն.
«Թուրք-Եգիպտական Յարաբերութեանց Մէջ Լարուածութիւնը Անցողակի Դէպք Մըն Է» Կ՛ըսէ Անգարայի Մէջ Եգիպտոսի Դեսպանը
Ապտել Ռահման Սալահէտտին Անգարայի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ապտել Ռահման Սալահէտտին յայտնեց, որ թուրք-եգիպտական յարաբերութեանց մէջ տիրող ներկայ լարուածութիւնը ժամանակաւոր կացութիւն մը եւ անցողակի դէպք մըն է` նշելով, որ Եգիպտոս աշխատանք ... Շարն.
Ձերբակալութիւններ` Ալեքսանտրէթի Մէջ. Կեզիի Մէջ Շինարարութիւնը Արգիլող Որոշումը Բեկանուեցաւ
Պոլսոյ շրջանային վարչական դատարանը չեղեալ նկատեց ստորադաս վարչական դատարանի մը կողմէ Թաքսիմի մէջ օսմանեան ժամանակաշրջանի Թոփճու զօրանոցի կրկնօրինակը կառուցելու կառավարութեան ծրագիրին դէմ հաստատած արգելքը: Նշենք, որ այդ ծրագիրը Թուրքիոյ ամբողջ ... Շարն.
«Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Պէտք Է Արագ Շարժի» Կ՛ըսէ Օճալան
Ապտիւլլա Օճալան Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) բանտարկուած ղեկավար Ապտիւլլա Օճալան յայտնեց, որ քրտական հարցի լուծման խաղաղութեան հոլովոյթը քրտական կողմը կ՛ընդունի «ամենայն լրջութեամբ», սակայն մինչեւ 1 հոկտեմբերի խորհրդարանական նստաշրջանի սկիզբը թրքական ... Շարն.
Պելճիքայի Թագաւորը Գահը Կը Զիջի Իր Որդիին
Պելճիքայի Ալպեր Բ. թագաւորը երէկ իր գահը պաշտօնապէս զիջեցաւ իր որդիին` Ֆիլիփ իշխանին: 79 տարեկան թագաւորը, Պրիւքսէլի թագաւորական պալատին մէջ ստորագրեց գահէն հրաժարելու պաշտօնական փաստաթուղթ մը: Ան պելճիքացիներուն կոչ ուղղեց ... Շարն.
Եգիպտոսի Սահմանադրութեան Նախագիծի Պատրաստութեան Յանձնախումբը Սկսաւ Իր Աշխատանքին. «Տեղեկութիւններդ Բաւարար Չեն, Եւ Եգիպտոսի Մասին Անպատշաճ Ձեւով Մի՛ Խօսիր» Կը Թելադրէ Պեպլաուի
Հազեմ Պեպլաուի Եգիպտոսի վարչապետ Հազեմ Պեպլաուի Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն պահանջեց ջղագրգիռ չդառնալ կամ Եգիպտոսի մասին անպատշաճ ձեւով չխօսիլ: Եգիպտական «Ուաֆտ» կայքէջը հաղորդեց, որ Պեպլաուի, պատասխանելով 30 յունիսի ցոյցերուն ... Շարն.
Սուրիոյ Քիւրտերը «Ինքնակառավարման Սահմանադրութեան» Նախագիծ Մը Կը Ներկայացնեն
Աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ քիւրտ մասնագէտներ եւ փաստաբաններ «Արեւմտեան Քիւրտիստանի ժամանակաւոր կառավարման սահմանադրութեան» նախագիծ մը ներկայացուցած են, որպէսզի քննարկուի քրտական եւ արաբական կուսակցութիւններուն կողմէ եւ իր վերջնական տարբերակին մէջ ... Շարն.
Թուրքիոյ Մէջ Ցոյցերը Կը Շարունակուին
Շաբաթ օր Պոլսոյ կառավարիչ Հիւսէյն Աւնի Մութլոյի հրամանով Կեզի հանրապարտէզին մէջ խորհրդանշական պսակի արարողութիւն մը արգիլուեցաւ: Պսակուող ամոլը ընկերային ցանցի վրայ հանրութիւնը հրաւիրած էր իր պսակին: Անոնք իրարու հանդիպած էին ... Շարն.
Իրանի Նախագահի Երդման Արարողութեան Հրաւիրուած Են Բոլոր Երկիրներուն Նախագահները
Հասան Ռուհանի ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Արաքճի յայտարարած է, որ բոլոր երկիրներուն նախագահները հրաւիրուած են մասնակցելու Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման ... Շարն.
Միջազգային Կարճ Լուրեր
«ԷՍՈՇԻԷՅԹԸՏ ՓՐԵՍ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Տիթրոյիթի քաղաքային իշխանութիւնները սնանկացման յայտ ներկայացուցած են: Ասիկա Միացեալ Նահանգներու մէջ վարչական միաւորման սնանկացման մեծագոյն դէպքն է: Քաղաքի պարտքը կրնայ հասնիլ 18.5 միլիառ ... Շարն.
ՔԱԿ «Վերջին Անգամ Ըլլալով» Կը Զգուշացնէ Թուրքիոյ Կառավարութիւնը
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ Թուրքիոյ կառավարութեան «վերջին զգուշացում» մը կը փոխանցէր` որդեգրելու քրտական հարցի լուծման հոլովոյթը յառաջ մղելու շօշափելի քայլեր` այլապէս հոլովոյթի կասեցման պատասխանատու պիտի ... Շարն.
Քիւրտերը Ռասուլ Այնի Մէջ Գերեվարած Են 13 Իսլամական Զինեալներ, Ներառեալ` 6 Թուրքեր Եւ Չեչեն Մը
Քրտական ժողովրդային կոմիտէի բանբեր Ալի Պաշշար Օմարի յայտարարեց, որ քիւրտ զինեալները Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Ռասուլ Այն քաղաքին մէջ Իրաքի եւ Շամի մէջ իսլամական պետութիւն, Ժապհաթ Նուսրա եւ այլ ... Շարն.
Եգիպտոսի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Էրտողանի Հետ Կապ Հաստատելու Փորձը. Անգարա Գրաւուած Զէնքերուն Մասին Եգիպտոսէն Տեղեկութիւն Կը Պահանջէ
Անգարա յայտնեց, որ եգիպտական իշխանութիւններէն Թուրքիայէն ուղարկուած բեռնարկղէ մը գրաւուած զէնքերուն մասին տեղեկութիւն պահանջեց: Եգիպտական պատկերասփիւռի կայան մը չորեքշաբթի օր հաղորդած էր, որ եգիպտական մաքսատնային իշխանութիւնները Թուրքիայէն եկած բեռնարկղի մը ... Շարն.
Փոր Սայիտի Մէջ Թուրքիայէն Ուղարկուած Զէնքեր Գրաւուեցան. Էրտողան Մերժած Է «Եգիպտոսի Օրինական Ներկայացուցիչ Չեղող» Պարատէյիի Հետ Խօսիլ
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի գիշեր յայտնած է, որ ինք մերժած է արտաքին յարաբերութեանց հարցով Եգիպտոսի փոխնախագահ Մոհամետ Պարատէյիի հետ հեռաձայնով խօսիլ, որովհետեւ Եգիպտոսի օրինական ... Շարն.
Իսրայէլեան Բանակի Գաղտնի Սպասարկութեան Պետը Ուաշինկթընի Մէջ «Էս-300»-ներու Հարցը Կը Քննարկէ
Զօր. Աւիւ Քոխաւի Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան` «Աման»-ի ղեկավար զօր. Աւիւ Քոխաւի Միացեալ Նահանգներ կ՛այցելէ` ամերիկացի ապահովական պաշտօնատարներուն հետ Սուրիոյ շուրջ շարք մը հանդիպումներ ունենալու ... Շարն.
«Թրքական Ոստիկանութիւնը Գործած Է Օրէնքի Ծիրին Մէջ» Կ՛ըսէ Կիւլեր
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմեր Կիւլեր յայտարարած է, որ թրքական ոստիկանութիւնը երբեք դուրս չէ եկած ժողովրդավարութեան ծիրէն եւ անօրինական ոչինչ կիրարկած է: «Կեզի հանրապարտէզին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն ընթացքին ոստիկանութեան ... Շարն.
Յունաստանի Խորհրդարանը Հաստատած Է Պետական Պաշտօնեաներու Կրճատման Օրինագիծը
ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ Յունաստանի խորհրդարանը որդեգրած է պետական մարզին մէջ կրճատումներու վերաբերեալ օրէնքներու թղթածրարը, որ պարտադիր քայլ մըն էր միջազգային վարկատուներէն երկրին հերթական օգնութիւն ստանալու համար: Թղթածրարի որդեգրման կողմ ... Շարն.
Փութին. «Միացեալ Նահանգներու Հետ Մեր Յարաբերութիւնները Սնոուտընէն Շատ Աւելի Կարեւոր Են»
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, անդրադառնալով «Սի.Այ.Էյ.»-ի նախկին աշխատակից Էտուըրտ Սնոուտընի` Ռուսիայէն ապաստան խնդրելու հարցին, յայտարարեց, որ «ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները վէճերէն աւելի կարեւոր են»: «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Փութին ըսած է, որ ... Շարն.
Քիւրտ Զինեալները Ժիհատականները Կը Վտարեն Թուրքիոյ Սահմանամերձ Ռասուլ Այնէն
Սուրիական մարդու իրաւունքներու հսկողութեան կեդրոնը հաղորդեց, որ քիւրտ զինեալները, բուռն բախումներէ ետք, երէկ յաջողած են ժիհատական զինեալները վտարել Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ Ռասուլ Այն քաղաքէն, բացի սահմանային անցքէն: Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան ... Շարն.

