Category: Միջազգային
Փորձագէտներ Կը Հաստատեն. Թուրինեան Պատանքը Իրական Է` Կեղծուած Չէ
Pravda.ru կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրինեան պատանքի` այսրկարմիր լոյսի օգնութեամբ իրականացուած հերթական ուսումնասիրութիւնը ապացուցած է, որ պատանքը միջնադարուն չէ ստեղծուած, այլ իրական հին պատանք մըն է, որով շատ հաւանաբար ծածկուած ... Շարն.
Մոսկուայի Մօտ Հոգեբուժութեան Կեդրոնի Մը Մէջ Հրդեհ Մը Բազմաթիւ Զոհեր Կը Պատճառէ
Մոսկուայի մօտ գտնուող գիւղի մը մէջ գտնուող հոգեբուժութեան կեդրոնի մը մէջ հրդեհ մը 38 զոհ պատճառեց: Միայն երեք վերապրողներ արձանագրուեցան: Հրդեհը ծագեցաւ տեղական ժամանակացոյցով ժամը 02:00-էն ետք, երբ զոհերուն մեծամասնութիւնը ... Շարն.
«Սուրիոյ Մէջ Քիմիական Զէնքերու Օգտագործման Շուրջ Սպիտակ Տան Գնահատականը Լուրջի Կ՛առնենք» Կ՛ըսէ Քի Մուն
Պան Քի Մուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն Սուրիոյ կառավարութեան վերստին կոչ ուղղեց` ՄԱԿ-ի խմբակին արտօնելու Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործման վերաբերեալ ամբաստանութիւններուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելու: Քի Մունի բանբեր ... Շարն.
Սերպիոյ Նախագահը Սրեպրենիչայի Ջարդին Համար Ներում Կը Հայցէ
Թոմիսլաւ Նիքոլիչ «Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ Սերպիոյ ազգայնական նախագահ Թոմիսլաւ Նիքոլիչ անձնապէս ներում հայցած է 1995-ին Սրեպրենիչայի մէջ 8 հազար իսլամներու ջարդին համար, սակայն զայն ցեղասպանութիւն չէ անուանած: «Յանուն Սերպիոյ ... Շարն.
«Ետիոթ Ահրոնոթ» Կը Հաղորդէ. Հայֆայի Նաւահանգիստին Մէջ Խարիսխ Նետող Թրքական Առեւտրական Նաւերուն Ընկերութեան Սեփականատէրը Էրտողանի Որդին Է
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր շրջանակներ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը նեղի մատնելու նպատակով բացայայտած են, որ հակառակ Թուրքիա-Իսրայէլ լարուածութեան, Իսրայէլի մէջ խարիսխ նետած թրքական ... Շարն.
ՔԱԿ 8 Մայիսին Պիտի Սկսի Թուրքիայէն Հեռանալ
ՔԱԿ-ի զինեալ թեւի ղեկավար Մուրաթ Քարայըլան յայտարարեց, որ ՔԱԿ-ի զինեալները 8 մայիսին պիտի սկսին Թուրքիայէն հեռանալ: «Հեռացումը կը ծրագրուի հանգրուանային ու խմբակ առ խմբակ կատարել եւ զայն ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին ... Շարն.
Իրան «5+1»-ի Հետ Բանակցութիւնները Վերսկսելու Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ
«Առ.Պի.Սի.ռու» կայքէջը կը գրէ, որ Իրան պատրաստակամութիւն յայտնած է իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ «5+1»-ի հետ բանակցութիւնները շարունակելու եւ աւելցուցած, որ բանակցութիւններու թուականի վայրին եւ ժամանակին մասին Եւրոպական Միութեան առաջարկներուն կը ... Շարն.
«Քաղաքական Լուծումը Սուրիական Տագնապի Լաւագոյն Լուծումն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-ի արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն ետք յայտարարեց, որ ժողովին ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկուած է նաեւ Սուրիոյ հարցը: Ան շեշտեց, որ «քաղաքական ... Շարն.
Թուրքիա Եւ Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա»-ի Հարցով Փոխհատուցման Հարցը Կը Քննարկեն
Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնեց, որ թուրք եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած են քննարկելու համար «Մաւի Մարմարա»-ի վրայ արձանագրուած թուրք զոհերու ընտանիքներուն փոխհատուցման հարցը: Կողմերը կը ... Շարն.
«Սուրիոյ Մէջ Ազգային Երկխօսութիւնը Երկրին Տագնապին Վերջ Տալու Միակ Ճիշդ Ուղին Է» Կ՛ըսէ Պորուժերտի
Յուշանուէրի փոխանակում` Պորուժերտի եւ Ասատի միջեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտիի գլխաւորութեամբ իրանեան խորհրդարանական պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.
Հալէպի Յոյն Ուղղափառ Եւ Ասորի Ուղղափառ Համայնքներուն Առաջնորդները Առեւանգուած
Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսները Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութեան թղթակիցը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ Հալէպի մօտ երէկ զինեալներ առեւանգած են Հալէպի, Ալեքսանտրէթի եւ շրջակայից յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդ մետրոպոլիտ Պուլոս ... Շարն.
Ռուսիա Չ՛ուզեր Թուրքիոյ Հետ Իր Յարաբերութիւնները Վտանգել
Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք երէկ յայտնեց, որ Ռուսիա Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները պիտի չվտանգէ: Ան Անթալիոյ մէջ Ռուս-թրքական միացեալ տնտեսական յանձնախումբի 12-րդ ժողովին ընթացքին թուրք լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ... Շարն.
«Ուաշինկթըն Սուրիական Ընդդիմութեան Իր Ոչ Մարտական Օժանդակութիւնները Պիտի Կրկնապատկէ» Կ՛ըսէ Քերրի
Տաւութօղլու եւ Քերրի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն իր ոչ մարտական օժանդակութիւնները կրկնապատկելով պիտի հասցնէ 250 միլիոն տոլարի: Ան նոր օժանդակութիւնները, որոնք ... Շարն.
Իսրայէլի Մէջ Հէյկըլ-Մամետեարով Հանդիպո՞Ւմ «Իսրայէլին Զէնք Ծախելու Նկատառելի Համաձայնագիրը Իրանի Ուղղուած Յստակ Պատգամ Է» Կ՛ըսէ Հէյկըլ
Չաք Հէյկըլ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ երէկ յայտարարեց, որ Իսրայէլին զէնք ծախելու Թել Աւիւի հետ գոյացած նկատառելի համաձայնագիրը «Իրանի ուղղուած շատ յստակ պատգամ մըն է, թէ զինք հիւլէական ... Շարն.
«Յորդանան Պիտի Չարտօնէ Իր Հողերէն Ընթացք Առնող Որեւէ Զինուորական Արարք` Սուրիոյ Դէմ» Կ՛ըսէ Յորդանանի Վարչապետը
Ապտալլա Նսուր Յորդանանի վարչապետ Ապտալլա Նսուր սէուտական «Մատինա» օրաթերթին յայտնեց, որ ժամանակ առ ժամանակ Յորդանան հասնող ամերիկեան բանակի անդամները այդ մէկը կը կատարեն Յորդանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ զինուորական գործակցութեան ... Շարն.
Ամերիկեան Ոստիկանութիւնը Պոսթընի Մէջ Լայնածաւալ Խուզարկութեան Ձեռնարկեց
Ամերիկեան ոստիկանութիւնը Վոթըրթաունի մէջ Պոսթընի մարաթոնին ընթացքին տեղի ունեցած պայթումներուն հարցով կասկածելի մը կը հետապնդէ: Ոստիկանական լայնածաւալ գործողութիւնը ընթացք առաւ, երբ Միշիկըն համալսարանին մէջ ոստիկան մը սպաննուեցաւ: Այլ կասկածելի մը ... Շարն.
Անդրադառնալով Ալիեւի Յայտարարութեան` «Պաշտօնեաներուն Համար Յաճախ Դժուար Է Ընդունիլ, Որ Իրենք Պէտք Է Բան Մը Սորվին» Կ՛ըսէ Մելիա
Թոմաս Մելիա Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց եւ աշխատանքի հարցերով տեղակալ Թոմաս Մելիա ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Ազրպէյճանի հետ մեր ... Շարն.
Զօր. Սալեհի. «Պատրաստ Ենք Իսրայէլի Շղթայազերծելիք Որեւէ Յարձակումի Յարմար Պատասխան Տալու»
Իրանեան բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Աթալլա Սալեհի յայտնեց, որ «իրանեան բանակը միակն է, որ Իսրայէլը հարուածելու կարողութիւնը ունի»` նշելով, որ «իրանեան բանակը պատրաստ է երկրին դէմ Իսրայէլի շղթայազերծելիք որեւէ յարձակումի ... Շարն.
«Իսրայէլ Պատրաստ Է Սուրիական Քիմիական Զէնքերու Անվտանգութիւնը Ապահովելու» Կ՛ըսէ Նեթանիահու
Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է սուրիական քիմիական զէնքերու անվտանգութիւնը ապահովելու` նշելով, որ Իսրայէլ «իրաւունք ունի Սուրիոյ մէջ ... Շարն.
Թեքսասի Մէջ Գործարանի Մը Պայթումը Բազմաթիւ Զոհեր Կը Պատճառէ
Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգի Ուէյքօ քաղաքին մօտ գտնուող պարարտանիւթի արտադրման գործարանի մէջ տեղի ունեցած պայթումը կը կարծուի 5-15 զոհ եւ աւելի քան 160 վիրաւոր պատճառած ըլլալ: Բազմաթիւ տուներ եւ շէնքեր ... Շարն.

