Category: Միջազգային

ԹԱԼԵՊԱՆՆԵՐԸ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒ ՄԸ ՎԱՐ ԱՌԻՆ

July 7, 2011

Ազրպէյճանական «1news.az» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երեքշաբթի ուշ գիշերին Աֆղանիստանի Փարվան նահանգին մէջ ջախջախուած է ազրպէյճանական «Սիլք Ուէյ» օդանաւային ընկերութեան պատկանող բեռնատար օդանաւը: Օդանաւին մէջ եղած են 9 անդամներ, ... Շարն.

ԷՐՏՈՂԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑ ԻՐ ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

July 7, 2011

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտարարեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան 61-րդ կառավարութեան կազմը: Նախարարաց խորհուրդը կազմուած է 21 նախարարներէ եւ 4 փոխվարչապետերէ: Բացի ատկէ, ստեղծուած են վեց նոր նախարարութիւններ: Թուրքիոյ նոր ... Շարն.

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻԱ-ԻՍՐԱՅԷԼ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

July 6, 2011

Իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլի առաջին փոխվարչապետ Մոշէ Եաալոն երկուշաբթի գիշեր Նիւ Եորք մեկնած է` Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ «Մաւի Մարմարա» նաւու դէպքին պատճառով յառաջացած տագնապին լուծում մը գտնելու ... Շարն.

ԹՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ ԹԵՐԹԻ ՄԸ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏԸ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է

July 6, 2011

Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ ընդդիմադիր եւ հակաթրքական հրապարակումներով յայտնի «Աֆրիքա» թերթի խմբագրատունը հերթական յարձակումի ենթարկուած է: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ կիրակի օր «Աֆրիքա» օրաթերթի խմբագրութիւն եկած է ... Շարն.

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ – ԻՐԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀՐԱՑԱՆԱՁԳՈՒԹԻՒՆ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ Է

July 6, 2011

«1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճան-Իրան սահմանի ապօրինի հատման փորձի մը ընթացքին փոխադարձ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է: Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութեան պետական սահմանային ծառայութեան մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած է, որ զինեալ ... Շարն.

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ

July 6, 2011

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Անգարայի կառավարիչի գրասենեակը յայտարարած է, թէ երեք ինքնաշարժներ վնասուած են, երբ Էսքիշեհիրի մայրուղիին վրայ ական մը պայթած է: Պայթումը տեղի ունեցաւ երէկ առաւօտեան ժամը ... Շարն.

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ 75 ՏՈԿՈՍԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ 75 ՏՈԿՈՍԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ» Կ՛ԸՍԷ ԱԼԻԵՒ

July 6, 2011

Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ «Աշխարհի ազրպէյճանցիներու Բ. համագումար»ին ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս Ազրպէյճանի տնտեսութիւնը Հարաւային Կովկասի տնտեսութեան 75 առ հարիւրը կը կազմէ: Ալիեւ ըսաւ, որ «վերջին եօթը ... Շարն.

ԱՆԳԱՐԱ ԽԶԵՑ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԻՐ ԿԱՊԵՐԸ

ԱՆԳԱՐԱ ԽԶԵՑ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԻՐ ԿԱՊԵՐԸ

July 5, 2011

Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիա խզած է Մոամմար Քազզաֆիի կառավարութեան հետ դիւանագիտական  իր յարաբերութիւնները եւ Թրիփոլիի մէջ իր դեսպանը տուն կանչած: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու կիրակի օր ... Շարն.

ՊԱՅԹՈՒՄ` ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԸ ՄԷՋ

July 4, 2011

Ֆրանսայի հիւլէական կայաններէն մէկուն մէջ շաբաթ օր պայթում մը տեղի ունեցած է: Ականատեսներու վկայութեամբ, Թրաքասթէնի հիւլէական կայանի մէկ արտադրամասէն դէպի երկինք ծուխ բարձրացած է պայթումի պահուն: Պայթումէն տուժածներ չկան: Հրդեհը ... Շարն.

ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕՏԱՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ Կ՛ՈՒԶԷ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԷԹԻ  ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵԼ

ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕՏԱՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ Կ՛ՈՒԶԷ ԱԼԵՔՍԱՆՏՐԷԹԻ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԳԱՂԹԱԿԱՅԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵԼ

July 4, 2011

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ մարդասիրական օժանդակութեան օտար կազմակերպութիւնները չեն կրցած մուտք գործել Ալեքսանտրէթի նահանգ, ուր սուրիացի գաղթականներ կը գտնուին: Թուրք պաշտօնատարներ «Միլլիյէթ»ին յայտնեցին, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը` ՄԻԹ, ... Շարն.

ԱՓՐԻԿԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ` ԼԻՊԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ

ԱՓՐԻԿԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆ` ԼԻՊԻՈՅ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ

July 4, 2011

Լիպիոյ վարչապետ Պաղտատի Մամհուտի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ողջունեց լիպիական ընդդիմութեան հետ երկխօսութիւն կատարելու Ափրիկեան միութեան հրաւէրը` յայտնելով, որ ընդլայնուած նիստի մը պատրաստութեան նպատակով` Նորվեկիոյ եւ ... Շարն.

ՍԹՐՈՍ-ՔԱՆ ԿՐՆԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ

ՍԹՐՈՍ-ՔԱՆ ԿՐՆԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ

July 4, 2011

Ֆրանսական «Լը Փարիզիէն» օրաթերթին կողմէ երէկ հրապարակուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, թէ ձախակողմեան թեքում ունեցող ֆրանսացի քուէարկողներուն 60 առ հարիւրը կ՛ուզեն, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի նախկին նախագահ Տոմինիք Սթրոս-Քան ... Շարն.

«ՄԵՐ ՎԻԶԻՆ ԳՈՒՆԱՒՈՐ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՓԱԹԹԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՕ

«ՄԵՐ ՎԻԶԻՆ ԳՈՒՆԱՒՈՐ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՓԱԹԹԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԼՈՒՔԱՇԵՆՔՕ

July 4, 2011

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ «կարգ մը երկիրներ» մեղադրած է Պիելոռուսիոյ վիզին գունաւոր յեղափոխութիւններ փաթթելու համար: «Մեր վիզին ուժով ու նպատակաուղղուած ձեւով կը փաթթեն «գունաւոր» յեղափոխութիւններու անամօթ ... Շարն.

ՓԵԹՐԷՈՒՍ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ «ՍԻ. ԱՅ. ԷՅ.»Ի ՂԵԿԱՎԱՐ

ՓԵԹՐԷՈՒՍ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ «ՍԻ. ԱՅ. ԷՅ.»Ի ՂԵԿԱՎԱՐ

July 2, 2011

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտը ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ հաստատած է «Սի. Այ. Էյ.»ի ղեկավար պաշտօնին վրայ զօր.Տէյվիտ Փեթրէուսի թեկնածութիւնը: Աֆղանիստանի մէջ ամերիկեան զօրքերու հրամանատար Փեթրէուսի թեկնածութիւնը ... Շարն.

«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԸ ԱՐԱԳԱՑՆԷ, ԱՅԼԱՊԷՍ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ՈՐԴԵԳՐՈՒՄԸ ԱՐԱԳԱՑՆԷ, ԱՅԼԱՊԷՍ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՃՆՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՔԼԻՆԹԸՆ

July 2, 2011

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն երէկ յայտնեց, որ սուրիական կառավարութեան առջեւ բարեփոխումներ կատարելու առիթը կը սպառի: Ան նաեւ Սուրիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաքին` Հալէպի մէջ հինգշաբթի օր արձանագրուած բռնարարքները ... Շարն.

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՎՐԱՍՏԱՆԻՆ ՊԻՏԻ ՓՈԽԱՆՑԷ 575 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ

July 2, 2011

Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճան Վրաստանին պիտի յատկացնէ 575 միլիոն տոլարի վարկային միջոցներ` Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի նախագիծին ծիրին մէջ: Գումարը նախատեսուած է երկաթուղիի Թիֆլիս-Ախալքալաք հատուածի վերանորոգման համար: Ըստ երէկ կնքուած ... Շարն.

ՍԱՐՔՈԶԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

ՍԱՐՔՈԶԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ

July 1, 2011

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի ֆրանսական Պրաքս քաղաքը այցելելու ընթացքին յարձակումի ենթարկուեցաւ: Քաղաքացիներէն մէկը բռնեց անոր օձիքէն եւ քաշեց, սակայն Ֆրանսայի նախագահի թիկնապահները յաջողեցան երկվայրկեաններու ընթացքին ազատել Սարքոզին եւ ձերբակալել յարձակումը ... Շարն.

ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԻՐԱՆ ՔԱԿ-Ի ԴԷՄ ՄԻԱՑԵԱԼ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԿԱՏԱՐԵՆ

July 1, 2011

Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինուորական թեւը եղող Ժողովրդական պաշտպանութեան ուժերու ներկայացուցիչը յայտնած է, որ թրքական եւ իրանեան բանակները 27 յունիսէն ի վեր ՔԱԿ-ի ... Շարն.

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԻՋԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳԱՅԹԱԿՂՈՒԹԻՒՆ

July 1, 2011

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքի նամակ մը յղած է Հիւսիսային Կիպրոսի իշխանութիւններուն` օրեր առաջ շրջանի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպի մը առնչութեամբ: Օրաթերթը կը ... Շարն.

ԻՍՐԱՅԷԼ ՉԵՂԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐԱԾ Է ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ԶԻՆԱՄԹԵՐՔԻ ՎԱՃԱՌՔԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՄԸ

July 1, 2011

Թրքական զանգուածային լրատուամիջոցները` վկայակոչելով «Ինթելիճընս Օնլայն» կայքէջը, կը հաղորդեն, որ Թել Աւիւ չեղեալ յայտարարած է Անգարայի հետ կնքուած միլիոնաւոր տոլարներու հասնող սպառազինութեան վաճառքի վերաբերող համաձայնագիր մը: Ըստ լրատուամիջոցներու տեղեկութեանց, Իսրայէլի ... Շարն.