Category: Գաղութային

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

April 17, 2012

Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով կիրակի, 15 ապրիլին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ ժողովուրդին ուղղած իր պատգամին մէջ ... Շարն.

Մաշտոց Սրկ. Զահթերեանի Քահանայական Ձեռնադրութիւնը

Մաշտոց Սրկ. Զահթերեանի Քահանայական Ձեռնադրութիւնը

April 17, 2012

Ուրբաթ, 13 ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Զմմառու վանքին մէջ տեղի ունեցաւ Տէր Մաշտոց Զահթերեան սարկաւագի քահանայական ձեռնադրութեան առաջին մասը` ձեռամբ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին: Խարտաւիլակն էր վանքի ... Շարն.

Հայութեան Պահանջատիրութեան Նոր Մարտահրաւէրներուն Մասին Օգտաշատ Կլոր Սեղան

Հայութեան Պահանջատիրութեան Նոր Մարտահրաւէրներուն Մասին Օգտաշատ Կլոր Սեղան

April 14, 2012

Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթին, երէկ` ուրբաթ, 13 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, ՀԲԸՄ-ի «Էհրամճեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան, որուն նիւթն էր պահանջատիրութեան մէջ ընտանիքի, դպրոցի, ակումբի եւ ... Շարն.

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Մարդկային Իրաւունքներու Բռնաբարումը Կիպրոսի Թուրքիոյ Կողմէ Գրաւուած Բաժինին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Դատապարտէ Մարդկային Իրաւունքներու Բռնաբարումը Կիպրոսի Թուրքիոյ Կողմէ Գրաւուած Բաժինին Մէջ

April 13, 2012

Երէկ առաւօտ Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ նամակ մը ստացաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար էրաթօ Քոզաքու Մարքուլիսէն: Նախարարը տեղեակ կը պահէր վեհափառը, որ կղզիին Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած բաժինին մէջ իշխանութիւնը արգիլած ... Շարն.

Աննախընթաց Եւ Օրինակելի Նախաձեռնութեամբ Յասմիկ Պապեան – Յարութ Ֆազլեան Զոյգը Հմայեց Լիբանանահայ Արուեստասէր Ընտրանին

Աննախընթաց Եւ Օրինակելի Նախաձեռնութեամբ Յասմիկ Պապեան – Յարութ Ֆազլեան Զոյգը Հմայեց Լիբանանահայ Արուեստասէր Ընտրանին

April 13, 2012

Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» հանդիսասրահը երէկ ականատես եղաւ պատմական յիշատակելի ձեռնարկի մը իրագործման: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ու նախաձեռնութեամբ Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ու ՀԲԸՄ-ի մշակութային յանձնախումբին, երէկ` հինգշաբթի, ... Շարն.

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Գնահատէ 25-Ամեայ Վաստակը Երգչուհի Յասմիկ Պապեանին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Գնահատէ 25-Ամեայ Վաստակը Երգչուհի Յասմիկ Պապեանին

April 13, 2012

Երէկ` հինգշաբթի, 12 ապրիլ 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը երաժշտական մարզին մէջ միջազգային համբաւ վայելող երգչուհի Յասմիկ Պապեանին: Երգչուհիին կ՛ընկերանային Համազգայինի ու Բարեգործականի ներկայացուցիչները: Վեհափառը ... Շարն.

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Տարեցներու Տեսողութեան Խանգարումներ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Տարեցներու Տեսողութեան Խանգարումներ» Նիւթով Դասախօսութիւն

April 13, 2012

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 11 ապրիլ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ... Շարն.

Յասմիկ Պապեան. 25 Տարի Բեմում

Յասմիկ Պապեան. 25 Տարի Բեմում

April 12, 2012

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆ Նա, պանդոկի աստիճաններից իջնելով, համեստ   քայլուածքով մօտեցաւ, նստեցինք  սրահում, հագել էր բրդեայ բարակ ու սովորական մի   բաճկոն, նրա ամէն մի շարժումը եւ ամէն ինչը, որ  վերաբերում էր իրեն` ... Շարն.

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ Ժերար Աւետիսեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահին Մէջ Ժերար Աւետիսեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն

April 12, 2012

Երէկ` չորեքշաբթի, 11 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ նախկին նախարար փրոֆ.  Իպրահիմ Նաժժարի, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ժերար Աւետիսեանի «Ի պատիւ նախնիներուն» թեմայով խառն թեքնիք, աքրելիք ... Շարն.

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

April 12, 2012

Հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2012-ին, ՔԱՀԼ-ի տնօրէն պատ. Սեպուհ Թերզեան եւ հաստատութեան բժիշկն ու պատասխանատուները ընդունեցին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանը եւ Լիբանանի պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Շնորհաւորելէ ետք ... Շարն.

«Բագին» Հանդէսի Կազմակերպած Ընթերցման Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ Ներկայացում` Յակոբ Պալեանի «Ամերիկա, Ամերիկա… Երազ Եւ Խորտակման Լքումներ» Վէպին

«Բագին» Հանդէսի Կազմակերպած Ընթերցման Հանդիպումներու Ծիրին Մէջ Ներկայացում` Յակոբ Պալեանի «Ամերիկա, Ամերիկա… Երազ Եւ Խորտակման Լքումներ» Վէպին

April 12, 2012

«Բագին» գրական հանդէսի կազմակերպած ընթերցման հանդիպումներուն ծիրին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 11 ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի խմբագիր Յակոբ Պալեանի գրական վերջին վէպին ներկայացումը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Բագին»-ի ... Շարն.

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Հաղորդագրութիւն

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Հաղորդագրութիւն

April 12, 2012

Շաբաթ, 31 մարտ 2012-ին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տարեկան ճաշկերոյթը: Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ ի նպաստ Ճեմարանի սաներու ֆոնտին հանգանակուեցաւ 110,000 ամ. տոլար, որուն 50,000 տոլարը ... Շարն.

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն. Յայտարարութւին

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն. Յայտարարութւին

April 12, 2012

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէ, թէ յառաջիկայ 14, 15 եւ 16 սեպտեմբերին, հրաւէրով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու ժողովին, Պենետիկտոս ԺԶ. սրբազան ... Շարն.

«Ազդակ»-Ի Ապրիլեան Բացառիկը` Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին Հետ Գործակցաբար

April 11, 2012

Ընթացքի մէջ են «Ազդակ»-ի ապրիլեան բացառիկի պատրաստութեան աշխատանքները, որոնք այս տարի կ՛իրականացուին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ գործակցաբար: Բացառիկին կ՛աշխատակցին շուրջ 30 աշխատակիցներ` հանրածանօթ մտաւորականներ, հրապարակագիրներ եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներ Հայաստանէն, ... Շարն.

«Քրիստոսի Յարութիւնը Կեանքին Յաղթանակն Է Մահուան Դէմ» Ընդգծեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Քրիստոսի Յարութիւնը Կեանքին Յաղթանակն Է Մահուան Դէմ» Ընդգծեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

April 10, 2012

Այսպէս բնորոշեց Արամ Ա. կաթողիկոս Քրիստոսի յարութեան դէպքը: Ապա ան ըսաւ. «Քրիստոնէական հաւատքը իր իմաստը, ուժը եւ նպատակը պիտի կորսնցնէր, եթէ Քրիստոս յարութիւն առած չըլլար: Յարութիւնն է աղբիւրը քրիստոնէական հաւատքին, ... Շարն.

«Յարութեան Հաւատքը Յաւիտենական Արժէքներու Հաւատք Է» Հաստատեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

«Յարութեան Հաւատքը Յաւիտենական Արժէքներու Հաւատք Է» Հաստատեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

April 10, 2012

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 8 ապրիլին մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագեց եւ քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: «Քրիստոս ... Շարն.

Ս. Յարութեան Տօնը` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Յարութեան Տօնը` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ

April 10, 2012

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնին առիթով կիրակի, 8 ապրիլին հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա - Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` հանդիսապետութեամբ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին: ... Շարն.

Համազգայինի Մանկապատանեկան Գիրքերու Ցուցահանդէս. Փակման Հանդիսութիւն Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Համազգայինի Մանկապատանեկան Գիրքերու Ցուցահանդէս. Փակման Հանդիսութիւն Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

April 10, 2012

Երէկ` երկուշաբթի, 9 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցան Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի կազմակերպած մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէսի փակման հանդիսութիւնը եւ ընթերցանութեան ու գիրքի ... Շարն.

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Երիտասարդական Կեդրոնի Անդամները Իրենց Ներկայութեամբ Եւ Նուէրներով Ստեղծեցին Տօնական Մթնոլորտ

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի Երիտասարդական Կեդրոնի Անդամները Իրենց Ներկայութեամբ Եւ Նուէրներով Ստեղծեցին Տօնական Մթնոլորտ

April 10, 2012

Ս. Զատկուան տօնին առիթով շաբաթ, 7 ապրիլ 2012-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, ՔԱՀԼ-ի Հայ ծերանոց այցելեցին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի երիտասարդական կեդրոնի անդամները` գլխաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ երիտասարդականի ներկայացուցիչ ... Շարն.

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով «Բարեկենդանէն Զատիկ» Մանկապատանեկան Թատերախառն Երգահանդէս

Ս. Զատկուան Տօնին Առիթով «Բարեկենդանէն Զատիկ» Մանկապատանեկան Թատերախառն Երգահանդէս

April 10, 2012

Կազմակերպութեամբ «Մակի Թիուն Փրոտաքշըն»-ի Ս. Զատկուան տօնին առիթով շաբաթ, 7 եւ երկուշաբթի, 9 ապրիլին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ մանկական  երգերու մեկնաբան Մակի` «Բարեկենդանէն Զատիկ» թատերախառն երգահանդէսով: Արդարեւ, ... Շարն.