Category: Գաղութային
ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԻՆԳ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ 28-ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ
Հայութեան ազգային եւ յեղափոխական պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ գիրերով իտէալապաշտութիւն փորագրած, անձնուիրութիւնը գործնականի ու կենդանի տիպարի վերածած, հայ ազգն ու Հայ դատը ամէն բանէ վեր, վեհագոյնը նկատած հինգ հայ սրտերուն` ... Շարն.
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ ԱՇԽՈՒԺՕՐԷՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ
Համազգայինի ուսանողական հաւաքը (ֆորում) կը շարունակուի Երեւանի մէջ: Ան իր աշխատանքները սկսած է 16 յուլիսին եւ պիտի աւարտէ 29 յուլիսին: Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 10 երկիրներէ աւելի քան 30 ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏԻՆ ՈՒՂՂԱԾ ԻՐ ՆԱՄԱԿՈՎ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՕՍԼՈՅԻ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ
Նորվեկիոյ Լուտերական ազգային եկեղեցւոյ պետին ուղղած իր նամակով Արամ Ա. կաթողիկոս խստօրէն դատապարտեց վերջերս Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական զոյգ արարքները: Ինչպէս ծանօթ է, ռումբ մը պայթեցաւ Նորվեկիոյ Օսլօ մայրաքաղաքի ... Շարն.
«ԱՍՊԵՏ» ՌԱԶՄԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ` 16 ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՈՒՂՂՈՒԵՑԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ
«Արցախ ֆոնտ»ին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Վլադիկ Խաչատրեանին համագործակցութեամբ եւ վերջինիս հրաւէրով, լիբանանցի աշակերտներ երէկ երեկոյեան երկրորդ տարին ըլլալով, ուղղուեցան Լեռնային Ղարաբաղ` մասնակցելու համար «Ասպետ» ռազմամարզական ... Շարն.
ԵՕԹՆԵՐԱՆԳ ՈՒ ԵՕԹՆԱԲՈՅՐ ԳԵՂԱՀԻՒՍ ԾԻԱԾԱՆ ՄԸ` «ՄԱՅՐԻՆԵՐՈՒՆ ԾԻԱԾԱՆԸ». ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
19 յուլիսին Հայաստանի գրողներու միութեան մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ գրող, բանաստեղծ, բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ թարգմանիչ Սարգիս Կիրակոսեանի «Մայրիներուն ծիածանը» լիբանանցի արդի եօթը բանաստեղծներու գործերուն թարգմանուած ժողովածուի շնորհահանդէսը: «Հայերն այսօր»ի ... Շարն.
ԱՐՄԷՆ ԴԵՐՄԵՆՋԵԱՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ
Երէկ` ուրբաթ, 22 յուլիսի երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի նորակառոյց սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի գեղանկարիչ Արմէն Դերմենջեանի անհատական ցուցահանդէսը: Գեղանկարներուն մէջ յատուկ կերպով ներկայութիւն էր կինը` տարբեր անկիւններէ դիտուած, տարբեր ... Շարն.
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՂՕԹՔԻ ԱՄԻՍԸ ՍԿՍԱՒ. ՇԱՀԵԿԱՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ` «ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՑՈՒՑԱԲԵՐԱԾ ՋԵՐՄԵՌԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ» ՆԻՒԹՈՎ
Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան գրասենեակին եւ հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, երէկ` չորեքշաբթի, 20 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ բացումը ... Շարն.
«ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿՈՂՔԻՆ` ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Երէկ` չորեքշաբթի, 20 յուլիս 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ աշխատանքային հանդիպում ունեցան Բերիոյ թեմի առաջնորդ` Շահան եպս. Սարգիսեան եւ Ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչները: Հանդիպման առանցքը ընդհանրապէս Սուրիոյ ներքին կացութիւնն ու ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ԵՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ
Երէկ` չորեքշաբթի, 20 յուլիս 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ ընդունեց Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Վրաստանի հայ կաթողիկէ համայնքներու արքեպիսկոպոս Ռաֆայէլ Մինասեանը: Գերապայծառը Վատիկանի կողմէ յիշեալ շրջաններու ... Շարն.
ԺԻՊԷՅԼ ՔԱՂԱՔ ԿԱՏԱՐԱԾ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ` ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ ՈՒ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Երեքշաբթի, 19 յուլիս 2011-ին, կէսօրուան ժամը 2:00-ին, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը ժամանեց Ժիպէյլ քաղաքը, որ մինչեւ իր ընտրութիւնը իբրեւ պատրիարք Անտիոքի ու Համայն Արեւելքի, եղած էր իր առաջնորդական պաշտօնավարութեան շրջանը: ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԵՆԷՆ ՀՐԱՒԷՐ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ
Երէկ` երկուշաբթի, 18 յուլիս 2011-ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին` ընկերակցութեամբ իր քաղաքական խորհրդականին: Սոյն այցելութեան հիմնական նպատակն էր վեհափառին փոխանցել գրաւոր ... Շարն.
ԻԳՆԱՏԻՈՍ ԵՊՍ. ՄԱԼՈՅԵԱՆԻ ԵՐԱՆԱՑՄԱՆ 10-ԱՄԵԱԿ. «ԵՐԱՆԵԼԻ ՄԱԼՈՅԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՄԱՐՄՆԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՆ ԵՆ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՊՇԱՐԱ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
2001 թուականին Յովհաննէս Պետրոս Բ. պապին կողմէ հայ կաթողիկէ հոգեւորականներէն` Մարտին ծնած, իր եկեղեցական կեանքին մէջ օրինակելի եղած եւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուած Իգնատիոս եպս. Մալոյեան երանելի հռչակուեցաւ: Այս իւրայատուկ ... Շարն.
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅՐ ՌԱՖԱՅԷԼ Թ. Ծ. ՎՐԴ. ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ
Ձեռամբ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, շաբաթ, 16 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ- Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն հայր Ռաֆայէլ Թ. ... Շարն.
«ՀԱՈՒԸՐՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԿԵԴՐՈՆ
«Հաուըրտ Գարակէօզեան» հաստատութեան 90-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 15 յուլիս 2011-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, կեդրոն այցելեց հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը, որ պաշտօնապէս ընդունուեցաւ հաստատութեան տնօրէնութեան ու անձնակազմին կողմէ: Այս ... Շարն.
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻ (ՖՈՐՈՒՄ) ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Այսօր` շաբաթ, 16 յուլիսին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի ուսանողական հաւաքի (ֆորում) բացումը: Լիբանանի մասնակիցները այսօր առաւօտուն կանուխ ժամերուն մեկնեցան Հայաստան: Հաւաքին կը մասնակցին աւելի քան 30 ուսանողներ` զանազան ... Շարն.
«ԱԶԴԱԿ»Ի «ՓԻՒՆԻԿ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՊՈՐՏԸ ԵՒ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԻՒՆՈՒՄ» ՄԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ
Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական մարզական կեանքի տարեգրութիւնը, հայ մարզիկներուն ունեցած ուրոյն դերակատարութիւնը այդ օրերուն, հայութեան ներդրումը թրքական մարմնամարզի հիմնադրման եւ զարգացման մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայիս այդ ժամանակաշրջանի մարզական կեանքով ... Շարն.
ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ
Երէկ` հինգշաբթի, 14 յուլիսի կէսօրին, Ժտէյտէի մէջ գտնուող «Փոլ Կիրակոսեանի թանգարան» այցելողները կրնային ամենայն հարազատութեամբ եւ ամբողջական կերպով ըմբոշխնել լիբանանահայ հանրաճանաչ գեղանկարիչ Փոլ Կիրակոսեանը` իր ներաշխարհով եւ արուեստով: Յատկանշական եւ ... Շարն.
«ԱԶԴԱԿ»Ի ՄԱՄԼՈՅ 58-ՐԴ ԼՍԱՐԱՆ. ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԵՑԱԿԱՐԳԻՆ ՄԱՍԻՆ ԶԵԿՈՒՑԵՑ ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»ի խմբագրութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 13 յուլիս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 58-րդ լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու կազմակերպման համահայկական ռազմավարութիւնն ... Շարն.
ՀՕՄ-Ի ԽԱԼՔԻՏԻՔԻԻ ՃԱՄԲԱՐ
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան համասփիւռ գաղութներու պատանիներու փոխանակման ծրագիրը արդէն իսկ ընթացք առաւ Յունաստանի Խալքիտիքի շրջանին մէջ: ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 27 պատանիներ եւ 1 պատասխանատու մեկնեցան Յունաստան` մասնակցելու ... Շարն.
ԱՅՆՃԱՐ. ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ` ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՏՆՕՐԷՆ ԴՈԿՏ. ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆԻ ՀԵՏ
Կիրակի, 10 յուլիս 2011-ի երեկոյեան, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, պատմաբան, բանասէր, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն եւ Հայաստանի նախագահի հրամանագիրով նշանակուած Հայոց ցեղասպանութեան ... Շարն.

