Category: Գաղութային
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» Մասնաճիւղ. «Հայկական Է, Պատուական Է» Խորագիրով Տոհմիկ Օր
Կազմակերպութեան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէն Մեղրեան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 31 մայիսին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն երեկոյեան ժամը 7:00, Ժել էլ Տիպի հանրային պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական տոհմիկ օր մը: «Հայկական է, պատուական ... Շարն.
Սուրիահայութեան Առօրեայէն. Հրթիռարձակման Պատճառով Զոհուեցան Միսաք Պ. Պօշկեզենեան Եւ Ռահել Դաւիթեան
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ, շաբաթ, 31 մայիս 2014-ին, Հալէպի զանազան շրջաններու մէջ զինեալ խմբաւորումներու կողմէ արձակուած հրթիռներու պայթումին պատճառով կրկին արձանագրուեցան տասնեակ մը զոհեր եւ հսկայական աւերներ: Նոր Գիւղի ... Շարն.
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Տօնակատարութիւններէն Ետք` . Մայիսեան Յաղթանակներու Ժողովրդային Տօնախմբութիւն Անթիլիասի Մէջ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ «Նիկոլ Աղբալեան», «Հրայր Մարուխեան» եւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ, երէկ երեկոյեան ժամը 8:20-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի մարզադաշտին մէջ ժողովրդային տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Հայաստանի Ա. ... Շարն.
Համազգայինի 7-րդ Պատգամաւորական Ժողովի Ծիրին Մէջ. Համազգայինը Եւ Սփիւռքի Նախարարութիւնը Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին
29 մայիսին սկսաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 7-րդ Պատգամաւորական ժողովը, որուն կը մասնակցէին աշխարհի 15 երկիրներէն ժամանած 80 պատուիրակներ: Ժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ... Շարն.
Երկու Հայ Վիրաւորներ` Դամասկոսի Մէջ
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ Դամասկոսի արեւելեան արուարձաններուն մէջ բախումնային իրավիճակը կը շարունակուի: Իսկ կեդրոնի բնակելի խաղաղ թաղամասերուն մէջ օրական միջադէպեր կ՛արձանագրուին հրասանդներու հարուածներուն պատճառով, որոնք կը պատճառեն ... Շարն.
Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութիւն. Մասնագիտական Դասախօսութիւն` Արեան Գերճնշումի Եւ Անոր Բուժման Մասին
Երէկ` ուրբաթ, 30 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանահայ բժիշկներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մասնագիտական դասախօսութիւն մը` արեան գերճնշումին մասին: Միութեան անունով տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկայացուց ... Շարն.
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Հայութեան Խանդավառ Մասնակցութեամբ`. Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնները` Ազգային Տեսլականներու Վերահաստատման Նոր Առիթ
Պուրճ Համուտի մէջ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինի, «Կարմիր լեռ», «Նիկոլ Դուման», «Իշխան» եւ «Դրօ» կոմիտէութիւններու կազմակերպութեամբ չորեքշաբթի, 28 եւ հինգշաբթի, 29 մայիսի երեկոյեան, Այնճարի եւ Պուրճ Համուտի մէջ ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն Թիւ 9
Սուրիոյ ապրած եռամեայ տագնապին բերումով` սուրիահայութեան դժուարութիւնները կը շարունակուին բաւական ծանր պայմաններու մէջ: Սուրիահայութեան բաղադրիչ բոլոր կողմերը ընդգրկող Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը, իրեն փոխանցուած բոլոր օժանդակութիւնները, միասնականութեան սկզբունքով ... Շարն.
Ազգային Խանդավառութեան Ոգեւորիչ Մթնոլորտի Մէջ` . Մայիս 28-ի Ուխտի Համաժողովրդային Վերանորոգում Պուրճ Համուտի Մէջ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին նախաձեռնութեամբ, «Սարդարապատ» եւ «Ռուբէն» կոմիտէութիւններուն կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Փոլիկարպոս» շրջանի «Խորէն Այնթէպլեան» կառատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան անկախութեան 96-րդ տարեդարձի ... Շարն.
Անկախութեան 96-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն` Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան Քոլեճին Մէջ
Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 96-րդ տարեդարձին առիթով երէկ` երեքշաբթի, 27 մայիս 2014-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ, մասնակցութեամբ` Ազգային Աբգարեան, Քառասնից Մանկանց, ... Շարն.
Մայիս 28-ի Նշումը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Կիրակի, 25 մայիսին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք` Հայաստանի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստ` 1918 մայիս 28-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ... Շարն.
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Մեծ Յաջողութեամբ Սկսաւ «Աստուածային Կատակերգութիւն» Թատերախաղի Ներկայացումը
Երէկ` ուրբաթ, 23 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ սկսաւ ներկայացուիլ «Աստուածային կատակերգութիւն» թատերախաղը, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Արդարեւ, ներշնչուելով Իզոտոր Շթոքի, Տանթէի եւ Զոհրապ Եագուպեանի «Աստուածային ... Շարն.
Վարձքի Նոր Օրէնքին Բացասական Երեսները Բացատրող Հանդիպում
Երէկ` ուրբաթ, 23 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, կազմակերպութեամբ լիբանանահայ գրական շրջանակին, «Արարատ» մարզական միութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում զրոյց մը` նիւթ ունենալով «Վարձքերու տնազրկող օրէնքը»: Զեկուցաբեր մեթր Գասպար ... Շարն.
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» Միջդպրոցական Մրցումները Հասան Իրենց Աւարտին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, հինգերորդ տարին ըլլալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կրթական եւ հայագիտական հարցերու գրասենեակի կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» միջդպրոցական մրցումները հասան իրենց ... Շարն.
Վաստակաւոր Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեան Պարգեւատրուեցաւ Մշակոյթի Նախարարութեան Կողմէ
Երէկ` հինգշաբթի, 22 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԱԼՊԱ-ի սրահին մէջ կը տիրէր իգական գեղեցկութիւնը ցոլացնող մթնոլորտ, որուն աղբիւրը վաստակաւոր գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի մերկ կիներու նուիրուած ստեղծագործութիւններն էին, որոնք կը զարդարէին ... Շարն.
Մեծարանքի Երեկոյ` Նուիրուած Գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեանի
ՀԲԸՄ-ի Մելքոնեան կրթական հաստատութեան Լիբանանի Սանուց միութեան կազմակերպութեամբ երէկ` հինգշաբթի, 22 մայիս 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներ»-ու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ նուիրուած գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեանի: Բարի ... Շարն.
Լիբանանահայ Հանրածանօթ Գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի «Մերկեր» Խորագրեալ Ցուցահանդէս, Գիրքի Մակագրում Եւ Պարգեւատրում
Վաղը` հինգշաբթի, 22 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ԱԼՊԱ-ի սրահին մէջ բացումը պիտի կատարուի լիբանանահայ հանրածանօթ գեղանկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի «Մերկեր» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, որուն ընթացքին նաեւ պիտի կատարուի շնորհահանդէսն ու մակագրութիւնը ... Շարն.
Համազգայինի Է. Պատգամաւորական Ժողովի Նախօրեակին`. «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան – Գրատարածի, Գրախանութի Եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահի Քառամեայ Գործունէութեան Տեղեկագիրի Ներկայացում
Երէկ` երկուշաբթի, 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան - գրատարածի եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութիւնը ներկայացուց 2010-2014 տարեշրջանի գործունէութեան տեղեկագիրը Համազգայինի Կեդրոնական ... Շարն.
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ «Աստուածային Կատակերգութիւն»ը
5 ամսուան հետեւողական փորձերէ ետք, այս շաբաթավերջին Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը հանրութեան պիտի ներկայանայ «Աստուածային կատակերգութիւն» թատերախաղով, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Ներկայացումները տեղի պիտի ունենան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, ... Շարն.
Հայ-Արաբական Լեզուական Առնչութիւններու Ներկայացում` Դամասկոսի Համալսարանի Գիտաժողովին Ընթացքին
Դամասկոսի Համալսարանի նախագահը կը պարգեւատրէ դոկտ. Նորա Արիսեանը 12-14 մայիսին Դամասկոսի համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Մշակոյթն ու լեզուն» վերնագիրով գիտաժողով մը, զոր կազմակերպած էր «Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարան»-ը` Դամասկոսի համալսարանի նախագահ ... Շարն.

