Category: Գաղութային

Ազգային Առաջնորդարանի  Երիտասարդական Համախմբում.  Ս. Ծննդեան Համերգ`  «Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս» Խորագիրով

Ազգային Առաջնորդարանի Երիտասարդական Համախմբում. Ս. Ծննդեան Համերգ` «Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս» Խորագիրով

January 8, 2013

Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Երիտասարդական համախմբումին (Հայ եութ), ուրբաթ, 4 յունուար 2013-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ... Շարն.

Ս. Ծնունդը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ.  «Ս. Ծնունդը Աստուծոյ Կողմէ  Մարդկութեան Տրուած Նուէր Մըն Է»  Շեշտեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

Ս. Ծնունդը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ. «Ս. Ծնունդը Աստուծոյ Կողմէ Մարդկութեան Տրուած Նուէր Մըն Է» Շեշտեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

January 8, 2013

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կիրակի, 6 յունուար 2013-ին, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Այս առիթով ... Շարն.

«ԱԶԴԱԿ»ի ընտանիքը կը շնորհաւորէ ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը

«ԱԶԴԱԿ»ի ընտանիքը կը շնորհաւորէ ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը

January 5, 2013

    «Ազդակ»ի ընտանիքը «Փիւնիկ» սրահին մէջ նշեց Ամանորն ու Սուրբ Ծնունդը։ «Ազդակ»ի անցնող տարուան աշխատանքներուն գնահատականը կատարեցին եւ նոր բացուող տարուան համար բարեմաղթութիւններ փոխանցեցին եւ ծրագիրներու իրականացում մաղթեցին  Շահանդուխտ, ... Շարն.

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը.  Բեթղեհէմի Պատգամը` Սէրը Ծառայութեան Վերածել

ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Պատգամը. Բեթղեհէմի Պատգամը` Սէրը Ծառայութեան Վերածել

January 5, 2013

Թեսաղոնիկէի եկեղեցւոյ ուղղած իր նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ, թէ կարեւորը Քրիստոսի երկրորդ գալուստին ժամանակը գիտնալը չէ, այլ անոր միշտ պատրաստ ըլլալն է ու ապա հարց կու տայ, թէ արդեօք ... Շարն.

Ս. Ծնունդի Խորհուրդը` Ճանապարհ Փրկութեան

January 5, 2013

«Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի, որ յայսմ աւուր յայտնեցաւ»: ( Ծննդեան Շարական) Դարերու խորքէն եւ մեր հայրերու սրտի, մտքի եւ հոգիի զուլալ ակունքներէն բխած սրբազան շարականագիրի այս բառերը կ՛օրհներգեն աստուածայայտնութեան խորհուրդը: ... Շարն.

Անսահման Խաղաղութեան Պարգեւը

January 5, 2013

«Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան Իշխան: ... Անոր իշխանութեան մեծնալուն եւ խաղաղութեան սահման չկայ...»: (Եսայեայ 9.6-7)   Այսօր կը տօնենք աստուածայայտնութեան, Աստուծոյ մեզի հետ ... Շարն.

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով.  Հալէպահայ Օգնութեան Շտապը Նիւթական Օժանդակութիւն Կը Յատկացնէ

Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով. Հալէպահայ Օգնութեան Շտապը Նիւթական Օժանդակութիւն Կը Յատկացնէ

January 4, 2013

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ խմբագրութեան տեղեկացուց, թէ «Հալէպահայ օգնութեան շտապը Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով կարիք ունեցող մեր հայրենակիցներուն, ... Շարն.

Մեծ Պայթում` Դամասկոսի Պարզէ Շրջանին Մէջ

Մեծ Պայթում` Դամասկոսի Պարզէ Շրջանին Մէջ

January 4, 2013

Երէկ ուշ գիշերին Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ անցնող քանի մը օրերուն սուրիական բանակի զինուած ուժերը կարգ մը արուարձաններու մէջ բազմաթիւ գործողութիւններ կը կատարէին զինեալ խմբակներ հալածելու միտումով, մինչ ... Շարն.

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

January 3, 2013

Միջին Արեւելքի հայրենամերձ գաղութներուն համար 2013 տարին կը սկսի լուրջ մարտահրաւէրներով: Շրջանը հարուածող քաղաքական, ապահովական, տնտեսական ու ընկերային ծանր տագնապները հայութիւնը դրած են բոլոր դժուարութիւնները ծրագրուած ու հետեւողական աշխատանքով դիմագրաւելու ... Շարն.

Նոր Տարուան Իր Պատգամին Մէջ  «Անցեալին Նայիլհաշուետուութեամբ Ու Ապագային` Յանձնառութեամբ»  Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Նոր Տարուան Իր Պատգամին Մէջ «Անցեալին Նայիլհաշուետուութեամբ Ու Ապագային` Յանձնառութեամբ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

January 3, 2013

«Նոր տարին առիթ մըն է անցեալը արժեւորելու հաշուետուութեան ոգիով, ու ապագային նայելու վերանորոգ տեսիլքով եւ յանձնառութեամբ», այս բառերով խտացուց Արամ Ա. կաթողիկոս իր Նոր տարուան հայրապետական պատգամը: Արդարեւ, Նոր տարուան ... Շարն.

«Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին  Աջակցութիւնը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Աջակցութիւնը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

December 31, 2012

Ուրբաթ, 28 դեկտեմբեր 2012-ի գիշերը, Պքերքէի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Ռայի պատրիարքին եւ Եունան պատրիարքին ներկայութեան միջեկեղեցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր ... Շարն.

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ազունիէի Հիւանդանոցը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ազունիէի Հիւանդանոցը

December 31, 2012

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն նախօրեակին, վեհափառ հայրապետը անցնող տարիներուն նման դարձեալ այցելեց Ազունիէի Ազգային բուժարանը` միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ: Միաբան հայրեր հոգեւոր ու ազգային երգերէ ու արտասանութիւններէ բաղկացած յայտագիր ... Շարն.

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Շեփորախումբի Բարեսիրական  Այցելութիւնները` Ամանորի  Եւ Ս. Ծննդեան Զոյգ Առիթներով

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի Շեփորախումբի Բարեսիրական Այցելութիւնները` Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Զոյգ Առիթներով

December 31, 2012

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը այս տարի եւս նախաձեռնեց բարեսիրական այցելութիւններու շարքի մը` Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան զոյգ առիթներով` հովանաւորութեամբ մասնաճիւղի վարչութեան: ՀՄԸՄ-ի Այնճարի շեփորախումբը իր բարեսիրական այցելութիւններուն սկսաւ ուրբաթ, 28 դեկտեմբերին, ... Շարն.

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի  Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Ճեմարանի Տնօրէնութեան  «Հայ Ճեմարանի Երախտիքի Ցուցանակ»-ի  Եւ «Սուրէն Եւ Սոնիա Սարգիսեան  Համակարգչային  Աշխատասենեակ»-ի  Բացման Արարողութիւն

Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Ճեմարանի Տնօրէնութեան «Հայ Ճեմարանի Երախտիքի Ցուցանակ»-ի Եւ «Սուրէն Եւ Սոնիա Սարգիսեան Համակարգչային Աշխատասենեակ»-ի Բացման Արարողութիւն

December 29, 2012

Վաչէ Փափազեան կ՛ուղղէ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութեան, երէկ` ուրբաթ, 28 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ «Հայ ... Շարն.

ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» Կեդրոնին Մէջ «Հայ Ազգային Պարարուեստի Ծագումն  Ու Ձեւաւորումը» Նիւթով  Շահեկան Դասախօսութիւն

ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» Կեդրոնին Մէջ «Հայ Ազգային Պարարուեստի Ծագումն Ու Ձեւաւորումը» Նիւթով Շահեկան Դասախօսութիւն

December 29, 2012

Հինգշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնի «Ասպետներու սրահ»-ին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Գագիկ Գինոսեան, որ Պէյրութ կը գտնուի ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբին յատուկ հրաւէրով, տեսերիզներու ... Շարն.

Հալէպի Ազգային Վարժարանները  Վերաբացուեցան

Հալէպի Ազգային Վարժարանները Վերաբացուեցան

December 28, 2012

Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ յայտնեց, թէ անցնող երկու օրերուն Հալէպի Ազգային վարժարանները վերաբացուեցան, եւ դասաւանդութիւնը վերսկսաւ` ներկայ պայմաններուն պատշաճեցուած դասաւորումներով: ... Շարն.

Արամ Ա. Կաթողիկոս`  Ազգային Ծերանոցին Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս` Ազգային Ծերանոցին Մէջ

December 28, 2012

Չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն սեմին, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Պուրճ Համուտի Ազգային ծերանոցը: Վեհափառ հայրապետին ընկերակցող միաբան հայրերը իրենց շարականներով, երգերով ու արտասանութիւններով ... Շարն.

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի  Համայնքային Բարգաւաճման Յանձնախումբի  Մսուրը Եւ Ամանորի Տօնակատարութիւնը

«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»-ի Համայնքային Բարգաւաճման Յանձնախումբի Մսուրը Եւ Ամանորի Տօնակատարութիւնը

December 28, 2012

«Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ի Համայնքային բարգաւաճման յանձնախումբը, հինգերորդ տարին ըլլալով, այս տարի եւս մսուր մը զետեղեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանին մէջ` կամուրջին տակ: Մսուրին պատրաստութիւնը եւ զարդարումը տեղի ունեցան շաբաթ, ... Շարն.

Ս. Ստեփանոսի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ.  «Ս. Ստեփանոսի Տօնը Յիշեցում Մըն Է Եկեղեցւոյ`  Ծառայութիւնը Նկատելու Իր Կեանքին Առանցքը»  Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Ստեփանոսի Տօնը Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Ս. Ստեփանոսի Տօնը Յիշեցում Մըն Է Եկեղեցւոյ` Ծառայութիւնը Նկատելու Իր Կեանքին Առանցքը» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

December 27, 2012

Նշեալ հաստատումով Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ իր պատգամը ուղղեց դպրեվանքի սաներուն, միաբանութեան ու հաւատացեալներուն: «Ընդհանրապէս Ս. Ստեփանոսի տօնը նկատուած է սարկաւագներու տօնը: Սակայն չմոռնանք, որ սարկաւագութիւնը հոմանիշ ըլլալով ծառայութեան, ... Շարն.

Վեհափառ Հայրապետը` «Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ

Վեհափառ Հայրապետը` «Թռչնոց Բոյն»-ին Մէջ

December 27, 2012

Նոր տարուան առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ այցելեց «Թռչնոց բոյն»: Վեհափառը այս առիթով նուէրներ տարած էր «Թռչնոց բոյն»-ի աշակերտներուն: Շուրջ ժամ մը ան եղաւ աշակերտութեան հետ, լսեց անոնց ... Շարն.