Category: Մարզական
Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Քաթարի Եւ Ապահովեց 2014-ի Աշխարհի Ախոյեանութեան Իր Տոմսը
Քուալա Լամփուրի (Մալեզիա) մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի ազգային խումբը, որ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, 3-1 արդիւնքով յաղթելով Քաթարի եւ արձանագրելով իր երկրորդ յաջորդական ... Շարն.
Ռիպերի` Ֆրանսայի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Ֆրանք Ռիպերի երէկ ընտրուեցաւ Ֆրանսայի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը երէկ իր հրապարակած լուրերէն մէկուն մէջ: Ռիպերիի համար այս մրցանակը կը հանդիսանայ երրորդը` ... Շարն.
«Էն. Պի. Էյ.». Հոռնեթց Յաղթեց Ուորիըրզի
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցած երէկուան մրցումներուն, թէեւ Սթեֆան Քարի նշանակեց 43 կէտ, սակայն անոր կազմը` Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, 115-111 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շարլոթ ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ»-19 Տարեկանէն Վար Մրցաշարք. Օլիմփիաքոս – Անտըրլեխթ Մրցումին Իրաւարարը` Սուրէն Պալեան
Ինչպէս ծանօթ է, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զուգահեռ տեղի կ՛ունենայ նոյն մրցաշարքին 19 տարեկանէն վար մրցաշարքը, որ կը կոչուի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատանիներու լիկա: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը ... Շարն.
Կիրակի, 15 Դեկտեմբերին. Ճատրակի Ս. Ծննդեան Տարիքային Մրցաշարք` Ֆրերներու Ֆըրն Շըպպեքի Վարժարանին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Ֆրերներու Ֆըրն Շըպպեքի վարժարանին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 15 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի Ս. Ծննդեան տարիքային 15-րդ մրցաշարքը: Ֆըրն Շըպպեքի քաղաքապետ Ռեմոն ... Շարն.
Թրիաթլոն. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Գէորգ Ալթունեան Տիրացաւ Տիտղոսին
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի Թրիաթլոնի ախոյեանութիւնը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի: Տղոց մրցումներուն ՀՄԸՄ տիրացաւ ... Շարն.
Կռփամարտ. Աբրահամ – Շթիքլից Մենամարտը` Յառաջիկայ Տարուան 1 Մարտին
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 1 մարտ 2014-ին տեղի պիտի ունենայ հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամի եւ WBO-ի աշխարհի ախոյեան Ռոպըրթ Շթիքլիցի միջեւ 3-րդ հանդիպումը: Այս մենամարտին վայրը ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Երեք Խումբեր Եւս Կ՛ապահովեն Յաջորդ Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան ութ մրցումներ` Ա., Բ., Գ. եւ Դ. խմբակներուն մէջ: Այդ մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ երեք խումբեր եւս ... Շարն.
Դահուկարշաւ. Հայաստանի Ներկայացուցիչ Սերկէյ Միքայէլեան` Ոսկի Մետալակիր
Սերկէյ Միքայէլեան Ֆինլանտական Լափինլախթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ դահուկարշաւի միջազգային մրցաշարք մը, որուն ընթացքին հիանալի ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Սերկէյ Միքայէլեան: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ երիտասարդ մարզիկը ոսկի ... Շարն.
«Պալոն Տոր»-ի Տիտղոսին Համար. Պայքարը` Ռոնալտոյի, Մեսսիի Եւ Ռիպերիի Միջեւ
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երէկ` երկուշաբթի, ՖԻՖԱ-ն հրապարակեց այն երեք ֆութպոլիստներուն անունները, որոնք պիտի պայքարին «Պալոն Տոր»-ի տիտղոսին համար: 10 ֆութպոլիստներուն ցանկէն նկատի առնուեցաւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Լիոնել Մեսսի եւ ... Շարն.
20 Դեկտեմբերին. «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի 2013 Տարուան Մրցանակաբաշխութիւնը
Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» յայտարարեց, որ ուրբաթ, 20 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ 2013 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ... Շարն.
Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Այսօր` Լիբանան – Քաթար
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Քուալա Լամփուրի մէջ (Մալեզիա) սկսաւ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութիւնը, որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան անունները այն խումբերուն, որոնք պիտի ապահովեն 2014-ին տեղի ունենալիք Ասիոյ ... Շարն.
Ճատրակ. Արոնեան Կը Մասնակցի Համաշխարհային Մտաւոր Խաղերուն
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 12-18 դեկտեմբերին Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ համաշխարհային մտաւոր խաղերու ծրագիրով տեղի ունենալիք ճատրակի ... Շարն.
55 Թեկնածու` Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Ընտրութիւններուն
Ղասսան Ֆարես Շաբաթ, 7 դեկտեմբեր 2013-ին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, աւարտեցաւ ժամկէտը բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզէին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրել Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնի ընտրութիւններուն: Առաջադրուած թեկնածուներուն մէջ 55 անձեր իրաւունք ... Շարն.
Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Եւ Վարուժան Յակոբեան` Ոսկի Մետալակիր
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն (Armchess.am) կը տեղեկանանք, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան տիրացաւ ոսկի մետալի` Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ աւարտած աշխարհի ճատրակի խմբային ախոյեանութեան առաջին խաղատախտակին վրայ իր արձանագրած ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Եւ Պորուսիա Տորթմունտ Կրեցին Այլ Պարտութիւններ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Պայէրն Միւնիխ աւելի ամրապնդեց իր դիրքը, երբ 7-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Վերտըր Պրեմընի դաշտին վրայ: Ֆրանք Ռիպերի նշանակեց ... Շարն.
Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Իրաքի` 4-3 Արդիւնքով
Երէկ` կիրակի, 8 դեկտեմբերին, Քուալա Լամփուրի մէջ սկսան Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան զտումի մրցումները, որոնց արդիւնքներուն լոյսին տակ կը յստականան այն խումբերը, որոնք պիտի մասնակցին Վիեթնամի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ ... Շարն.
Սպանական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Յաղթեց, Ռէալ Մատրիտ Հաւասարեցաւ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ իր դաշտէն դուրս չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել, երբ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Գ. դասակարգին մաս ... Շարն.
Կռփամարտ. Քենթիքեան Պաշտպանեց WBA-ի Աշխարհի Ախոյեանի Իր Տիտղոսը
Նախորդ շաբաթավերջին, Գերմանիան ներկայացնող հայ մարզիկ Սիւզի Քենթիքեան պաշտպանեց կռփամարտի թեթեւագոյն դասակարգի WBA-ի աշխարհի ախոյեանի իր տիտղոսը: Այս առնչութեամբ ArmSport.am լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Քենթիքեանի մրցակիցը այս անգամ իտալացի ... Շարն.
Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Գ. Հանգրուանի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը
Երէկ` կիրակի, 8 դեկտեմբերին, տեղի ունեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Անոնք պիտի կատարուին յառաջիկայ 4-5 յունուար 2014-ին: Մանչեսթըր Եունայթըտ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սուանզին, Արսենալ` Թոթենհամը, ... Շարն.


