Category: Մարզական

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

July 11, 2013

Շաբաթասկիզբին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած հերթական ժողովին յայտարարեց, որ ուրբաթ, 5 յուլիս 2013-ին, տեղի ունեցան Բ. եւ Գ. դասակարգի ակումբներուն նիստերը` ֆետերասիոնի անդամներուն հետ` յստակացնելու համար, թէ որո՛նք պիտի ... Շարն.

Լիբանանի Լողարշաւի Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Յորդանանէն

Լիբանանի Լողարշաւի Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Յորդանանէն

July 11, 2013

PROFOTO Երէկ` չորեքշաբթի, 10 յուլիսին, Յորդանանէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի լողարշաւի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արաբական լողարշաւի 11-րդ ախոյեանութեան: Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան ... Շարն.

Փինկ Փոնկ.  Փաթրիք Ասսաֆի Յիշատակին Նուիրուած 9-րդ Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

Փինկ Փոնկ. Փաթրիք Ասսաֆի Յիշատակին Նուիրուած 9-րդ Մրցաշարքը Աւարտեցաւ

July 11, 2013

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, աւարտեցաւ Փաթրիք Ասսաֆի յիշատակին նուիրուած փինկ փոնկի մրցաշարքը, որ տեղի ունեցաւ վերոնշեալ ակումբին փակ դաշտերուն վրայ: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ... Շարն.

«Ուիլիըմ Ճոնզ»-ի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Լիբանան – Եգիպտոս` 62-64

July 11, 2013

Երէկ, Թայփէի մէջ տեղի ունեցող Ուիլիըմ Ճոնզի պասքեթպոլի միջազգային բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը երկու կէտի տարբերութեամբ` 64-62 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եգիպտոսէն: Մրցումին չորս ... Շարն.

Ճատրակ.  Վարուժան Յակոբեան Տիրացաւ «Ուըրլտ Օփըն 2013»-ի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ճատրակ. Վարուժան Յակոբեան Տիրացաւ «Ուըրլտ Օփըն 2013»-ի Մրցաշարքի Տիտղոսին

July 11, 2013

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (armchess.am) կը հաղորդէ, որ ամերիկահայ կրանտմասթըր Վարուժան Յակոբեան տիրացաւ «Ուըրլտ Օփըն 2013»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին. մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Արլինկթընի մէջ (Միացեալ Նահանգներ): Ան առաւելագոյն ... Շարն.

Կրտսերներու Թենիսի Դասընթացքներ` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մէջ

Կրտսերներու Թենիսի Դասընթացքներ` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մէջ

July 11, 2013

PROFOTO Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, հսկողութեամբ մարզիչներ Ֆիլիփ Քնիսեւիչի (Մոնթենեկրօ) եւ Տայան Սիմիչի (Սերպիա) եւ հովանաւորութեամբ շարք մը լիբանանեան ընկերութիւններու, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցան կրտսերներու (7-14 ... Շարն.

Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Բացումը` Խոտի Վրայ Դահուկարշաւի Աշխարհի Բաժակի Ախոյեանութեան

Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Բացումը` Խոտի Վրայ Դահուկարշաւի Աշխարհի Բաժակի Ախոյեանութեան

July 11, 2013

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, այսօր` հինգշաբթի, 11 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ֆաքրա ակումբին մէջ տեղի կ՛ունենայ բացումը խոտի վրայ դահուկարշաւի աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան: ... Շարն.

Պարսելոնա Կը Մտադրէ Իր Կազմին Միացնել Տաւիտ Լուիսը

Պարսելոնա Կը Մտադրէ Իր Կազմին Միացնել Տաւիտ Լուիսը

July 11, 2013

Իր լուրը քաղելով «Մունտօ Տեփորթիվօ»-էն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ քաթալոնական Պարսելոնան կը մտադրէ իր կազմին միացնել Չելսիի պրազիլցի յետսապահ Տաւիտ Լուիսը` զօրացնելու համար իր պաշտպանողական գիծը: Կ՛ակնկալուի, որ այս ամսուան ... Շարն.

Հայկական Ֆութպոլ. Ուլիս Իր Մրցումները Պիտի Կատարէ Հանրապետական Մարզադաշտին Վրայ

July 11, 2013

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի 2013-2014 տարեշրջանի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած է փոփոխութիւն: Ուլիս Երեւան իր դաշտին վրայ կատարելիք բոլոր մրցումները որոշեց կայացնել ... Շարն.

Չելսի Իր Կազմին Միացուց 40 Տարեկան Բերդապահ Շվարզերը

Չելսի Իր Կազմին Միացուց 40 Տարեկան Բերդապահ Շվարզերը

July 11, 2013

«Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Չելսի իր կազմին միացուց աւստրալիացի 40 տարեկան բերդապահ Մարք Շվարզերը` մինչեւ 2014-ի Մոնտիալին աւարտը, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Ան բաւական մեծ փորձառութիւն ունի Անգլիոյ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ` ... Շարն.

«Լա Լիկա». Քլասիքոյի Առաջին Մրցումը` «Նու Քամփ»-ի Մէջ

July 11, 2013

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա «Լա լիկա»-ի Քլասիքոյի առաջին մրցումը պիտի կատարէ իր դաշտին` «Նու Քամփ»-ի վրայ, 26 կամ 27 հոկտեմբերին: Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը, որ հրապարակեց ... Շարն.

Աթլեթիզմ. Լոռի Թաշճեան Հանդիսացաւ Երկրորդ

July 10, 2013

Կազմակերպութեամբ լիբանանեան բանակին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Ռաֆիք Հարիրիի անուան համալսարանին մէջ (Հատաս) տեղի ունեցան աթլեթիզմի մրցումներ, որոնք կը կատարուին տարեկան դրութեամբ: Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լոռի Թաշճեան աղջկանց ... Շարն.

Ուիլիըմ Ճոնզի Պասքեթպոլի Մրցաշարք.  Լիբանան Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը` Հարաւային Քորէայէն (61-52)

Ուիլիըմ Ճոնզի Պասքեթպոլի Մրցաշարք. Լիբանան Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը` Հարաւային Քորէայէն (61-52)

July 10, 2013

Երէկուան մրցումէն Թայփէի մէջ տեղի ունեցող Ուիլիըմ Ճոնզի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին գծով իր կատարած մրցումին, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` Հարաւային Քորէայէն, 61-52 արդիւնքով: Մրցումին չորս ... Շարն.

Մխիթարեանի Փոխանցումը Մրցանիշ` Տորթմունտի Համար, Իսկ 4-րդը` «Պունտըսլիկա»-ի Պատմութեան Մէջ

Մխիթարեանի Փոխանցումը Մրցանիշ` Տորթմունտի Համար, Իսկ 4-րդը` «Պունտըսլիկա»-ի Պատմութեան Մէջ

July 10, 2013

Անդրադառնալով Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի Շախտիոր Տոնեցքէն Պորուսիա Տորթմունտ փոխանցումին` հայկական ArmFootball.com կայքէջը իր ընթերցողները կը լուսաբանէ յաւելեալ մանրամասնութիւններով: Նախ եւ առաջ անիկա կը յայտնէ, որ անոր ... Շարն.

«Սարատար» Հաստատութեան Մէջ. Վաղը Տեղի Կ՛ունենայ Կլորիա Նասըրի Մամլոյ Ասուլիսը

July 10, 2013

Լիբանանցի միջազգային աթլեթ Կլորիա Նասըր, որ միջազգային բազմաթիւ վազքի մրցումներու մասնակցած է, վաղը` հինգշաբթի, 11 յուլիսին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը «Սարատար» հաստատութեան մէջ` Էշրեֆիէ (Շարլ Մալեք փողոց, Թապարիս-812 ... Շարն.

Եուրա Մովսիսեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ Թիւ 10 Մարզաշապիկով

July 10, 2013

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Սպարտակ Մոսկուայի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան, Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան նոր տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ թիւ 10 մարզաշապիկով, կը գրէ ArmFootball.com-ը: «Նոր տարեշրջան, նոր մարզաշապիկ: Անհամբեր կը ... Շարն.

«Եուրոփա Լիկ».  Միքա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

«Եուրոփա Լիկ». Միքա Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

July 10, 2013

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի դարձին իր կատարած մրցումին, երէկ Միքա հիւրընկալեց Ռուտար Փլժեվլժան (Մոնթենեկրօ): Հայկական կազմը, որ երթին մրցակիցին դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, ... Շարն.

Ժըտէյտէ – Պաուշրիէ Մարզական Նոր Յանձնախումբի Ընտրութիւններ

July 10, 2013

Իր համագումարին ընթացքին Ժըտէյտէ - Պաուշրիէ ակումբը ընտրեց իր նոր մարզական յանձնախումբը, որմէ ետք կատարեց պաշտօններու բաժանում` հետեւեալ ձեւով. Մարուան Քասուֆ (նախագահ), Էլի Շամուն (փոխնախագահ), Ռաֆիք Արիպի (ընդհանուր քարտուղար), Թուֆիք ... Շարն.

«Թուր Տը Ֆրանս». Մարսել Քիթել Տիրացաւ 10-րդ Հանգրուանի Մրցումին. Դեղին Շապիկը` Քրիս Ֆրումի Մօտ

July 10, 2013

Երէկ` երեքշաբթի, 9 յուլիսին, տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»-ի 10-րդ հանգրուանի մրցումը` Սեն Ժիլտա տէ Պուայէն Սեն Մալօ (193,5 քմ): Անիկա աւարտեցաւ «Արկոս-Շիմոնա»-ի գերմանացի սփրինթըր Մարսել Քիթելի յաղթանակով: Վերջինս ժամանման ... Շարն.

Տաւիտ Վիյա Պարսելոնայէն Փոխանցուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ

Տաւիտ Վիյա Պարսելոնայէն Փոխանցուեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտ

July 10, 2013

Իր լուրը քաղելով Պարսելոնայի կայքէջէն` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Տաւիտ Վիյա իր ակումբը` Պարսան լքելով միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի: 31 տարեկան ֆութպոլիստին համար Աթլեթիքօ ... Շարն.