Category: Մարզական
ՖԻՖԱ-ն Պատժեց Պուլկարիոյ Եւ Հունգարիոյ Ֆութպոլի Հաւաքականները
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՖԻՖԱ-ն պատժամիջոցներ սահմանեց Պուլկարիոյ եւ Հունգարիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականներուն դէմ: ՖԻՖԱ-ին պաշտօնական կայքէջը կը հաղորդէ, որ թէ՛ հունգարացիները եւ թէ՛ պուլկարացիները իրենց յաջորդ հանդիպումները ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Ռիատի Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 9 յունուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Նշենք, որ ... Շարն.
Յաջորդաբար Չորրորդ Տարին Ըլլալով Լիոնել Մեսսի Տիրացաւ ՖԻՖԱ-ի «Պալոն Տ՛Օր»-ի Տիտղոսին
Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով ճանչցուեցաւ իբրեւ աշխարհի լաւագոյն ֆութպոլիստը, երբ Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցած յատուկ կալայի մը ընթացքին տիրացաւ ... Շարն.
Սարգիս Յովսէփեան Նշանակուեցաւ Վարդան Մինասեանի Օգնական
Հայկական լրատու աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ եւ խմբապետ Սարգիս Յովսէփեան այսուհետեւ պիտի աշխատի Փիւնիկի հետ: Փիւնիկի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Յովսէփեան պիտի աշխատի Փիւնիկի ... Շարն.
Ճատրակ. Արոնեան Եւ Մովսիսեան Պիտի Մասնակցին Վիյք Աան Զիի Մրցաշարքին
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի երկու կրանտմասթըրներ Լեւոն Արոնեան եւ Սերկէյ Մովսիսեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 11-27 յունուար 2013-ին տեղի ունենալիք Վիյք Աան Զիի (Հոլանտա) ... Շարն.
Արտակ Եդիգարեան Վերադարձաւ Փիւնիկ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Արտակ Եդիգարեան, որ նախորդ ամրան տեղափոխուած էր Մեթալուրկ Տոնեցք, իր ելոյթները պիտի շարունակէ Փիւնիկ Երեւանի հետ, յայտնեց հայկական ակումբին պաշտօնական կայքէջը: Armsport.am մարզական լրատուական ... Շարն.
Ժորա Յովհաննիսեան Պայմանագրութիւն Ստորագրեց Ուզպեքիստանի Ախոյեան Փախթաքորի Հետ
ArmFootball.com հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին միջնապահ Ժորա Յովհաննիսեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ուզպեքիստանի ախոյեան Փախթաքոր Թաշքենտի հետ: Նշեալ ակումբի փոխնախագահ Սամուէլ Պապայեան ակումբի պաշտօնական ... Շարն.
Ճատրակ. Պալի Մրցաշարք. Հրանդ Մելքումեան Հանդիսացաւ 7-րդ
Հայրենի կրանտմասթըր Հրանդ Մելքումեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Պալի (Զուիցերիա) ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 7 կէտէն 5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 7-րդ: Մելքումեան միայն կէս կէտով ետ մնաց Պորիս Կրաչեւէն (Ռուսիա), ... Շարն.
Էն. Պի. Էյ. Պուլզ Յաղթեց Քաւալիրզի. Պուզըր Նշանակեց 24 Կէտ
Քարլոս Պուզըր Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Շիքակօ Պուլզ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 118-92 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քլիվլենտ Քաւալիրզը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ... Շարն.
Կուարտիոլա Յառաջիկայ Տարեշրջանին Պիտի Վերադառնայ
Պարսելոնայի նախկին մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա նախանցեալ օր իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի վերադառնայ եւ վերստանձնէ ակումբի մը մարզիչի պաշտօնը` տարուան մը դադար-հանգիստէ ետք: Սպանացին, որ ... Շարն.
Կարապետեան Պայմանագիր Կնքեց Լիւքսամպուրկի Ֆութպոլի Ախոյեանին Հետ
Իր լուրը քաղելով գերմանական «Քիքըր» մարզաթերթէն` Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ հայրենի 25 տարեկան ֆութպոլիստ Ալեքսանտր Կարապետեան պայմանագիր կնքած է Լիւքսամպուրկի ախոյեան Տուտելանժի հետ: Նշենք, որ Տուտելանժ «Չեմփիընզ ... Շարն.
Թուրքիա Հրաժարեցաւ 2020-ի Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Հիւրընկալելու Գաղափարէն
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա հրաժարեցաւ 2020-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու գաղափարէն: Թուրքիոյ ողիմպիական ազգային կոմիտէի փոխնախագահ Հասան Արատ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութի Տղոց 4-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 5 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ մրցեցաւ Անուար Ժըտէյտէի ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաֆա Հանդիսացաւ Երթի Ախոյեան
Սաֆայի կազմը Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի յետաձգուած մրցումները տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին: Գագաթի ճակատումին, Սաֆա 3-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 2-0) յաղթելէ ետք Անսարի, հանդիսացաւ երթի ախոյեան` իր տրամադրութեան ... Շարն.
Կարլեն Մկրտչեան` Մեթալուրկ Տոնեցքի 2012-ի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը
«Ա1+» լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան ընտրուեցաւ Մեթալուրկ Տոնեցքի 2012-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Հայկական աղբիւրը, որ իր այս լուրը քաղեց ուքրանական ակումբին մամլոյ քարտուղարութենէն, ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Եւ Շանվիլ` Յաղթական
Սաժես Պէյրութ - Մութթահետ մրցումէնPROFOTO Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Սաժես եւ Շանվիլ յաղթանակներ արձանագրեցին` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Մութթահետը (91-84) ... Շարն.
«Լա Լիկա». Ցարդ Անպարտելի Պարսելոնա` 11 Կէտի Առաւելութեամբ Առաջին
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա լիկա») 18-րդ եւ երթի նախավերջին հանգրուանի մրցումները: Ցարդ անպարտելի Պարսելոնա ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ արձանագրեց տարեշրջանի իր 17-րդ յաղթանակը` 4-0 արդիւնքով ... Շարն.
Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Սատաքայի 15-րդ Յաջորդական Յաղթանակը
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Սատաքա ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը, երբ 8-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ն: Սատաքա, որ այսպիսով ... Շարն.
Վոլիպոլ. Շաբաթ, 12 Յունուարին` Արաբական Ակումբներու Ախոյեանութեան Վիճակաձգութիւնը
Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 12 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին տեղի պիտի ունենայ Վոլիպոլի արաբական ակումբներու 31-րդ ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը` Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մօտ գտնուող (Ժունիէ) «Մետիսըն» ... Շարն.
Էլի Մըշանթաֆ` «Սքոր»-ի Այսօրուան Հիւրը
«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռէն իւրաքանչիւր երեքշաբթի ուղղակիօրէն պատկերասփռուող «Սքոր» մարզական յայտագիրին այսօրուան հիւրը պիտի ըլլայ Սաժես ակումբի նախագահ Էլի Մըշանթաֆ, որ պիտի զրուցէ ակումբին մասին: Այս յայտագիրը, որ պիտի սկսի ... Շարն.

