Category: Մարզական
Ժիւտօ. Հայաստան 6 Մարզիկով Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան
PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ժիւտոյի հաւաքականը Ծաղկաձորի մէջ իր կատարած հաւաքը աւարտած է: 10 ապրիլին խումբը 14 օրուան մարզումներու համար պիտի մեկնի Արմաւիր: Խումբին մաս կազմող 10 ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիրակի, 15 Ապրիլին Տեղի Ունենալիք Պասքեթպոլի Մրցումներուն Յայտագիրը
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած պասքեթպոլի մրցումները կիրակի, 15 ապրիլին տեղի պիտի ունենան ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ: Մրցումները տեղի պիտի ունենան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» ... Շարն.
Կռփամարտ. «Վստահ Եմ, Որ Դարձեալ Աշխարհի Ախոյեան Պիտի Հանդիսանամ» Կ՛Ըսէ Վիք Դարչինեան
8 շաբթուան փորձերէն ետք, կռփամարտիկ Վիք Դարչինեան (Հայաստան) կը յայտնէ, որ պատրաստ է Շինուսոք Եամանաքայի (Ճափոն) դէմ տեղի ունենալիք ճակատումին: Ատկէ բացի, ան ինքնավստահօրէն կ՛ըսէ, որ անկէ պիտի խլէ WBC-ի ... Շարն.
Լիբանան Կը Փափաքի Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Կատարել Հայաստանի Հետ
Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը փափաքի բարեկամական մրցում մը կատարել Հայաստանի հետ: «Լիբանանցիները պաշտօնապէս դիմած են Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին` առաջարկելով 19 կամ 20 մայիսին Պէյրութի ... Շարն.
Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ – Մահրամ` 1-1
Երէկ յետմիջօրէին, Ռիատի Պէյրութի դաշտին վրայ (Մանարա) տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը` լիբանանեան Ռիատի խումբին եւ իրանեան Մահրամ խումբին միջեւ: Հիւր կազմը, որ նախանցեալ ... Շարն.
«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». Պարսելոնա Եւ Պայէրն Միւնիխ Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը
Երէկ գիշեր Սպանիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի դարձի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Պարսելոնա եւ Պայէրն Միւնիխ ապահովեցին կիսաւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը: Պարսելոնա, որ ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. Սերկէյ Մովսիսեան Պիտի Մասնակցի Ռուսիոյ Խմբային Ախոյեանութեան
«Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը, իր հրապարակած լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնէն, կը յայտնէ, որ Հայաստանի կրանտմասթըրներէն Սերկէյ Մովսիսեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ յառաջիկայ 8-16 ապրիլին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք Ռուսիոյ ճատրակի ... Շարն.
Ասիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Ահտ 4-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Քուէյթիէէն
Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի Գ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցաւ Ահտ - Քուէյթիէ (Քուէյթ) մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ լիբանանեան կազմին ծանր պարտութեամբ` 4-0 արդիւնքով: ... Շարն.
ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. – Փլէյ-Օֆի Իրենց Տոմսերը Ապահոված Երկու Կազմերը Պարտուեցան
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան վեց ճակատումներ: Շիքակօ Պուլզ եւ Օքլահոմա Սիթի, որոնք ապահոված էին փլէյ-օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը, պարտութիւն կրեցին: Պուլզ 99-93 արդիւնքով ... Շարն.
Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ Յաւելեալ Իրաւարարներ Կ՛Ուզէ Քալչիոյի Մրցումներուն
Ա. Սէ. Միլանի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբը կ՛ուզէ յաւելեալ իրաւարարներու ներկայութիւնը` Քալչիոյի մրցումներուն, ճիշդ այն ձեւով, ինչ որ կը կիրարկէ Եու. Է. Էֆ. Ա.ն: Ակումբին պատասխանատուներէն ... Շարն.
Արազ Օզպիլիս Վիրաւորուեցաւ
Հայկական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արազ Օզպիլիս նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբին` Այաքս Ամսթերտամի հետ իր կատարած մրցումին վիրաւորած է իր ոտքը: Ան 32-րդ վայրկեանին փոխարինուած ... Շարն.
Ֆորմիւլա-3. Նոել Ժամմալ Պիտի Տայ Մամլոյ Ասուլիս Մը
2010-ին Ֆորմիւլա-3-ի Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած լիբանանցի փորձառու վարորդ Նոել Ժամմալ 17 ապրիլին «Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը: «Արզ օթօ սփոր» խումբը յայտարարեց ըսելով, որ Ժամմալի ... Շարն.
Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբի Նախագահ Մէյ Խալիլ Այցելեց Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի
Երէկ` երկուշաբթի, 2 ապրիլին, վարչապետարանին մէջ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ընդունեց Պէյրութի մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Այս հանդիպումին ներկայ էին նաեւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին եւ ... Շարն.
Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Ռիատի Պէյրութ 1-0 Արդիւնքով Յառաջացաւ Մահրամի Վրայ
Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, երէկ Ռիատի Պէյրութ 1-0 արդիւնքով գերազանցեց Իրանի ախոյեան Մահրամը` 91-87 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք: Նշենք, որ երկու կազմերը այսօր, երեկոյեան ... Շարն.
«Հրազդան» Մարզադաշտին Վերանորոգութիւնը Կ՛Ընթանայ Մեծ Թափով
Armsport.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Երեւանի «Հրազդան» մարզադաշտին վերանորոգութիւնը կ՛ընթանայ մեծ թափով: Վերանորոգութեան աշխատանքները արդէն իսկ սկսած են քանի մը շաբաթէ ի վեր: Հայաստանի մեծագոյն մարզական կառոյցը կը պատրաստուի ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայէրն Միւնիխ – Մարսէյ Եւ Պարսելոնա – Ա. Սէ. Միլան Քառորդ Աւարտականի Դարձի Մրցումները
Այսօր երկու խումբեր դուրս պիտի մնան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն, երբ տեղի ունենան Պայէրն Միւնիխ - Մարսէյ եւ Պարսելոնա - Ա. Սէ. Միլան քառորդ աւարտականի դարձի մրցումները: Երկու մրցումներն ալ ... Շարն.
Երեւանի Մէջ Սկսան Հանրապետական 13-րդ Մարզական Խաղերը
PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ երէկ` երկուշաբթի, 2 ապրիլին, հայ-ռուսական համալսարանի մարզահամալիրին մէջ սկսան զինեալ ուժերու կազմաւորման 20-րդ տարեդարձին նուիրուած բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողներու հանրապետական 13-րդ մարզական խաղերը` բացման ... Շարն.
ԼԵՎԱՄ-ի Ֆութպոլի Արդիւնքներ
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած մինի ֆութպոլի առաջին հանգրուանի վերջին մրցումները տեղի ունեցան շաբաթ, 31 մարտ 2012-ին, Պուրճ Համուտի «Հայր Պօղոս Արիս » մարզադաշտին վրայ: Արձանագրուեցան հետեւեալ արդիւնքները. ... Շարն.
Թենիս. «Տէյվիս Քափ»-ի Մրցաշարք. Նալպանտեան Կը Պատրաստուի Խրուաթիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումին
Արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան այժմ կը պատրաստուի իր երկրին` Արժանթինի ազգային խումբին հետ Խրուաթիոյ դէմ տեղի ունենալիք թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն: Երկու կազմերուն միջեւ այս ճակատումը տեղի պիտի ... Շարն.
Արթուր Աբրահամ` Եւրոպայի Ախոյեան
Շաբաթ, 31 մարտին, Գերմանիոյ Քիել քաղաքին մէջ գտնուող «Սփարքասըն Արենա»-ի մէջ տեղի ունեցաւ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին WBA-ի աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ պարտութեան մատնեց Եւրոպայի ախոյեան Փիթըր ... Շարն.

