Category: Մարզական
«ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ». ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ 24 ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ
Այժմ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր պիտի կատարուին 24 մրցումներ: Անոնցմէ ոմանք, ինչպիսին են` Սփորթինկ Լիզպոն - Լացիօ Ռոմա, Աթլեթիքօ Պիլպաօ - Փարիզ Սեն ... Շարն.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՍԱՐԳԻՍ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԴԷՄ` ՓԻՒՆԻԿ – ԻՄՓՈՒԼՍ ՄՐՑՈՒՄԸ ԿՐԿՆԵԼՈՒ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ 24 սեպտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը աննախադէպ որոշում մը տուաւ` յայտարարելով, որ Փիւնիկ - Իմփուլս Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումը պիտի կրկնուի` իրաւարարական կոպիտ սխալները տեսնելէ ... Շարն.
ԵՒՐՕ-2012. ԹՐԱՓԱԹՈՆԻ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷ ԻՐ ԿԱԶՄԸ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄԻՆ
Այիրի ֆութպոլի ազգային խումբի իտալացի մարզիչ Ճիովաննի Թրափաթոնի այժմէն իսկ կը պատրաստէ իր կազմը` յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին Հայաստանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին (Եւրօ-2012): Ան հրաւէր ուղղած է 27 մարզիկներու, որոնցմէ ... Շարն.
ՌՈՊԵՐԹ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ լեհական Եաքելոնիա ակումբին մաս կազմող Ռոպերթ Արզումանեան, արդէն իսկ գտնելով իր անցեալի կազմուածքը իր խմբակիցներուն հետ վերսկսած է իր փորձերուն, յայտնեց անոր ակումբին պաշտօնական կայքէջը: ... Շարն.
ՀԱՅ ԿԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԸ` ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը կը յայտնէ, որ Հայաստանի կին իրաւարար Քնարիկ Գրիգորեան պիտի ըլլայ այսօր` չորեքշաբթի, 28 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք աղջկանց «Չեմփիընզ լիկ»ի մրցաշարքին Օլիմփիա Քլիւժ (Ռումանիա) - Լիոն ... Շարն.
Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԷՏՆԵՐ ԹԵՆԻՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾ ԵՆ
Panarmenian.net լրատու կայքէջը կը յայտնէ, որ ի պատիւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին, Պուէնոս Այրեսի մէջ (Արժանթին) 25 սեպտեմբերին տեղի ունեցած է թենիսի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են ... Շարն.
«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՊԱՅԷՐՆ, ԻՆԹԵՐ ԵՒ ՌԷԱԼ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ
Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցած ութ ճակատումներէն երկուքը աւարտեցան հաւասարութեամբ, իսկ վեցէն չորսին հիւրընկալ կազմերը յաղթանակ արձանագրեցին: Պայէրն Միւնիխ Մարիօ Կոմեզի նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ ... Շարն.
«ՄԱԿԵԴՈՆԻՈՅ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԱՒԵԼԻ ԴԺՈՒԱՐ, ՔԱՆ ՍԼՈՎԱՔԻԱՅԻՆԸ» ԸՍԱՒ ՎԱԼԵՐԻ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Վալերի Ալեքսանեան, որ այս ամառ միացաւ իրանեան Սանաթ Նավթ խումբին, յաջողեցաւ շուտով կազմին մէջ իր դիրքը ապահովել իբրեւ հիմնական մարզիկ: Սակայն զարմանալիօրէն, Անտորրայի եւ Սլովաքիոյ ... Շարն.
ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ 15 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ՏՂՈՑ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԿՐՆԱՅ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ՊԱԹՈՒՄԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ
Յառաջիկայ 3 հոկտեմբերին, Պաթումի մէջ (Վրաստան) պիտի սկսի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարք մը, որուն շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը բերէ նաեւ Հայաստանի 15 տարեկանէն վար տղոց կրտսերներու հաւաքականը (1996-ի ծնունդ): Հայաստանի պասքեթպոլի ... Շարն.
ԱՐԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԿԸ ՄԱՐԶՈՒԻ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՈՎ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին յառաջապահ Արա Յակոբեան, որ այս ամրան ընթացքին հեռացաւ Արարատ Երեւանէն, այժմ կը մարզուի անհատական ծրագիրով: Ան նպատակ ունի ֆիզիքական շատ լաւ վիճակի մէջ ըլլալ, որպէսզի ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏՂՈՑ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊԷՅՐՈՒԹ
Երէկ, Չինաստանէն Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Ասիոյ 26-րդ պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Հիւրընկալ երկիրը աւարտականին կէտի մը տարբերութեամբ միայն յաղթելով Յորդանանին տիրացաւ տիտղոսին, իսկ Լիբանան ... Շարն.
ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԻՔԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՈՄՍԻ ԵՒ ՀԱՄԻԷ` 15 ՏԱՐԵԿԱՆԷՆ ՎԱՐ ԴԱՍԱԿԱՐԳԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Լիբանանի փինկ փոնկի տարիքային ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի կ՛ունենան Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ), աւարտեցան 15 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց ճակատումները: Աղջկանց տիտղոսին տիրացաւ Փաթրիսիա Հոմսի ... Շարն.
ԵՒՐՕ-2012. ԱՅԻՐ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ՏՈՄՍԵՐՈՒՆ ԳԻՆԸ` 45-60 ԵՒՐՕ
Յառաջիկայ 11 հոկտեմբերին Եւրոպայի մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի վերջին հանգրուանի մրցումները: Այդ օրը, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը հիւրը պիտի ըլլայ Այիրի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Տապլին ... Շարն.
ՄԱՆՈՒՉԱՐԵԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ` ՇԱԲԱԹ ՄԸ ԵՏՔ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային միջնապահ Էտկար Մանուչարեան, որ նախանցեալ շաբաթավերջին Ուրալի հետ կատարած իր մրցումին (Ռուսիոյ ախոյեանութիւն) վիրաւորուեցաւ, երէկ իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ շատ երկար ժամանակ պիտի ... Շարն.
ՀՈԼԱՆՏԱՑԻ ՍԹԻՒԸՆՍ ԴԱՐՁԵԱԼ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՇԱԼՔԷԻ ՄԱՐԶԻՉ
Երէկ, Պունտըսլիկայի կազմերէն Շալքէ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ հոլանտացի Հուպ Սթիւընս դարձեալ նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ` փոխարինելով Ռալֆ Ռենկնիքը, որ նախորդ շաբաթ ներկայացուց իր հրաժարականը` առողջական պատճառներով: 57 ... Շարն.
ՏԱՒԻՏ ՏՈՒԻՅԷ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ
Երկու անգամ Ողիմպիական խաղերուն ժիւտոյի ախոյեան հանդիսացած Տաւիտ Տուիյէ շաբաթասկիզբին նշանակուեցաւ Ֆրանսայի մարմնակրթութեան նախարար, յայտնեց նախագահական պալատին գրասենեակը: Տուիյէ, որ 1996-ին եւ 2000-ին ծանր կշիռի ախոյեան հանդիսացած էր, փոխարինեց կին ... Շարն.
ՆՇՄԱՐ. Ո՞ՒՐ ԵՆ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ
Ինչպէս ծանօթ է բոլորին, նախորդ շաբաթավերջին (23-25 սեպտեմբեր) Լիբանան հիւրընկալեց Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու (16-17 տարեկան) առաջին ախոյեանութեան մրցումները: Նախքան մրցաշարքը սկսիլը, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց ... Շարն.
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՍԻՈՅ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ԿՐՏՍԵՐՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԼԻԲԱՆԱՆ 18 ՄԵՏԱԼԻ ՏԻՐԱՆԱԼՈՎ ԳՐԱՒԵՑ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ԴԻՐՔԸ
Կիրակի, 25 սեպտեմբերին, իրենց աւարտին հասան Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի կրտսերներու առաջին ախոյեանութեան մրցումները, որոնք տեղի ունեցան Մարզական աւանին եւ Ռաֆիք Հարիրիի անուան համալսարանին մէջ` մասնակցութեամբ 13 երկիրներու: Այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալող ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ 2011-Ի ԺԻՒՏՈՅԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆՆԵՐԸ
Նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց 2011-ի ժիւտոյի Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն ախոյեան հանդիսացած Գարիկ եւ Գոռ Յարութիւնեանները, անոնց անձնական մարզիչ Նայիրի Մաթէոսեանը, հաւաքականի ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈՊԵՐԹ ԷՄՄԻԵԱՆԸ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ երկուշաբթի, 26 սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց անուանի աթլեթ, Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Էմմիեանը: Այս ... Շարն.

