Category: Հայկական
ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՅ. ՏԵՐՍԻՄԻ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑՈՂ ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ՆԵՐՈՒՄ ՉԻ ՀԱՅՑԵՐ
Թրքական մամուլը անդրադարձած է գերմանական մամուլին մէջ Էրտողանի կողմէ Տերսիմի կոտորածներուն համար ներում հայցելուն արձագանգին: Գերմանական «Մարքիշը Օտերցայթունկ» օրաթերթը գրած է, որ երբ Թուրքիոյ վարչապետը ներում կը հայցէ, ատիկա ականջ ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՐՎԸՐՏ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԻ ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ԳՐԱՒԷ 55-ՐԴ ԴԻՐՔԸ
Ամերիկեան ականաւոր Հարվըրտ համալսարանի առեւտուրի պարբերաթերթը լոյս ընծայած է 183 երկիրներէ բաղկացած ցուցակ մը, ուր երկիրները դասաւորուած են ըստ շարք մը ազդակներու: Առեւտուրի համար երկիրներուն ընձեռած դիւրութիւններուն համաձայն, դասաւորման մէջ ... Շարն.
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԱՊՀ-Ի ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԵՆ ՀԵՌԱՑՆԵԼՈՒ ԱՐՁԱԿԱԶԷՆՆԵՐԸ
Երէկ Երեւանի մէջ սկսաւ ԱՊՀ-ի Միջկրօնական խորհուրդի նախագահութեան նիստը, որուն մասնակցելու նպատակով առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան ժամանեց Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ շէյխ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ: Նիստին շրջագիծին մէջ երէկ եռակողմանի հանդիպում ... Շարն.
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ԽԱՆԳԱՐԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԱԶԻՄՈՎ
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւնները չեն կրնար ... Շարն.
«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԵԿԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՆՄԱՐՔԸՐ
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախկին նախագահ Կորան Լենմարքըր ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման ժամանակը եկած է: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «ինչպէ՞ս ... Շարն.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՊԱՏԺԻՉ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԻԲՐԵՒ ՀԵՏԵՒԱՆՔ 7 ԱԶՐՊԷՅՃԱՆՑԻ ԶՈՀ ԵՒ ՎԻՐԱՒՈՐ. «ՄԵԶԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԶԻՆՈՒՈՐԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ՇԱՏ ՍՈՒՂ Կ՛ԱՐԺԷ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ
Շաբաթ առաւօտեան աշխատանքային այցելութեամբ Գեղարքունիք եւ Տաւուշ մեկնեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան: Նախագահ Սարգսեան այցելութեան սկսաւ Գաւառ քաղաքէն: Անոր այցելութեան առաջին կանգառները եղան քաղաքի Արաբկիր նորակառոյց բժշկական համալիրը, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
«ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԸ ՊԻՏԻ ՉԲԱՑՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՔԸԼԸՉ
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըչ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վերաբերեալ հերթական յայտարարութիւնը կատարած է: Թուրքիոյ դեսպանը յայտնած է, որ առանց ղարաբաղեան տագնապի լուծման Հայաստան-Թուրքիա ... Շարն.
ԹԵԼԵԹՈՆԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ 12 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ
Հինգշաբթի օր ժամը 20:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) սկսած եւ ուրբաթ ժամը 8:00-ին աւարտած «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «թելեթոն-2011»-ի իբրեւ արդիւնք հաւաքուեցաւ 12,286,478 ամ. տոլարի նուիրատուութիւն եւ նուիրատուութեան խոստում: Հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու ... Շարն.
ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ 28 ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ ԵՐԵՒԱՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 28 նոյեմբերին Երեւան պիտի ժամանեն: Ըստ անոր, այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են միջնորդներու հանդիպումները ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՐՄԷՆ ԱՇՈՏԵԱՆ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ
Երէկ երեկոյեան երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան ժամանեց Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան` ընդառաջելով լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Հասսան Տիապի հրաւէրին: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Ա. Աշոտեան եւ անոր ընկերակցող ... Շարն.
ՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՀԱՄՈՒՌ ԿԵՐՊՈՎ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԹԵԼԵԹՈՆԻՆ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 14-րդ թելեթոնը սկսաւ երէկ, երեկոյեան ժամը 20:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) եւ կ՛աւարտի այսօր առաւօտեան ժամը 8:00-ին: Անիկա սփռուեցաւ Լոս Անճելըսէն եւ կարելի եղաւ զայն դիտել արբանեակային եւ համացանցային ... Շարն.
«ՌԱՏԻՈԹՈՆ-2011» ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐՈՎ ՀԱՒԱՔՈՒԵՑԱՒ 88,463 ԱՄ. ՏՈԼԱՐԻ ԳՈՒՄԱՐ ՄԸ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը ուրախութեամբ կը յայտնէ, որ հինգշաբթի, 24 նոյեմբեր 2011-ին կազմակերպած տարեկան դրամահաւաք ռատիոթոնին լիբանանահայութեան միացեալ ջանքերով հաւաքուեցաւ 88,463$-ի գումար մը: Այս գումարը յառաջիկայ օրերուն պիտի ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԻՍՏԻ
Հայաստանի նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի մը: Նախագահի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, նիստին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ քաղաքացիական պաշտպանութեան, կազմակերպուած ոճիրի ... Շարն.
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԸ ՔՆՆԱՐԿԵԼՈՒ
Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Ֆրանսայի ծերակոյտը կը պատրաստուի քննարկելու Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող օրինագիծը, որ Ծերակոյտի օրակարգ բերուած է Ընկերվարական կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Ֆիլիփ Քալթենպախի նախաձեռնութեամբ: Քալթենպախ իր պլոկին մէջ ... Շարն.
«ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ՍԱՌԵՑՈՒԱԾ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՅԱՌԱՋ ՄՂԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՇԱՐՔ ՄԸ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Լոնտոնի մէջ թուրք լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սառեցուած յարաբերութիւնները կարելի չէ փչելով հալեցնել: «Դժուար հարցերը մէկ քայլով չեն լուծուիր: ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ 120 ՏԱՐՐԱԼՈՒԾԱՐԱՆՆԵՐ
Այսօր երեկոյեան Լիբանան կը ժամանէ Հայաստանի պետական պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ յատուկ յանձնարարութիւններով արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լեւոն Սարգսեան եւ «Փիւնիկ» ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ 29-30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ ՎՐԱՍՏԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 29-30 նոյեմբեր Վրաստան պիտի այցելէ: Նախագահին մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն, այցելութեան ծիրին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերու քննարկումէն բացի, նախատեսուած է կարգ մը մարզերու մէջ հայ-վրացական ... Շարն.
ԼՈՒՑԵՆՊԵՐԿԸՐ ՀՐԱԺԵՇՏ ՏՈՒԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաժեշտի հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Ռաուլ Տը Լուցենպերկըրի հետ: Նախագահ Սարգսեան բարձր գնահատեց Հայաստանի մէջ Ռաուլ Տը Լուցենպերկըրի նախորդ ... Շարն.

