Category: Հայկական

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՄԱՐԿԱՐՈՎ ՍՈՉԻԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ ԴՐԱԿԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՄԱՐԿԱՐՈՎ ՍՈՉԻԻ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԸ ԴՐԱԿԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

March 12, 2011

Քաղաքագէտ Ալեքսանտր Մարկարով երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ 2008-ին Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը յանգեցուց հասարակութեան բեւեռացման: Ըստ անոր, ընդդիմութիւնը աշխուժացած է եւ կը կատարէ հանրահաւաքներ, եւ յառաջիկային յայտնի պիտի ... Շարն.

ԹՐՔԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆ ՄԸ 10 ՀԱԶԱՐ ՏՈԼԱՐԻ ՏՈՒԳԱՆՔԻ Կ՛ԵՆԹԱՐԿԷ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐԺՈՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐՈՂ ԹՈՒՐՔ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

March 12, 2011

«Պիանեթ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ դատարանը 16 հազար թրքական լիրայի (շուրջ 10 հազար տոլար) տուգանք սահմանած է թուրք գրող, հրատարակիչ, իրաւապաշտպան, «Պելկէ» հրատարակչատան տնօրէն Ռակըփ Զարաքոլուի դէմ` քրտական հարցին ... Շարն.

ԱԺՈՒՊԱԼԻՍ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ, ՎՐԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

March 11, 2011

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աունտրոնիուս Աժուպալիս յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Ազրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան` իշխանութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկելու համար Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի գործունէութիւնը ... Շարն.

ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

March 11, 2011

Արձագանգելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն տարածած յայտարարութեան` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան յայտնեց, որ շփման գիծէն արձակազէններու դուրս բերումը թոյլ պիտի տայ խուսափելու միջադէպերէն եւ բարենպաստ մթնոլորտ ... Շարն.

«ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ՍԿՍԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ

«ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ ՍԿՍԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀՊԱԶԵԱՆ

March 11, 2011

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Արտաշէս Շահպազեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց, որ նախընտրական հոլովոյթը արդէն սկիզբ առած է` առանց յայտարարութեան եւ որոշ յստակացումներ արդէն կատարուած են: Ըստ ... Շարն.

ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՊՐԻՒՔՍԵԼ

March 11, 2011

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը երէկ մեկնեցաւ Պրիւքսէլ` մասնակցելու համար Աֆղանիստանի մէջ հիւսիսատլանտեան դաշինքի կազմակերպութեան գործողութիւններուն մասնակցող պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու նիստին: Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, այցելութեան ընթացքին ... Շարն.

ՌԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՀԱՅ- ԼԱԹՎԻԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

ՌԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՀԱՅ- ԼԱԹՎԻԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ

March 10, 2011

Լաթվիոյ նախագահ Վալտիս Զաթլերսի հրաւէրով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Լաթվիա, ուր տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Լաթվիոյ նախագահներուն դռնփակ հանդիպումը, ապա երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն ընդլայնուած կազմով հանդիպումը: ... Շարն.

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ` «ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՍՊԱՆՆՈՒԱԾ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ» ՑՈՒՑԱԿԻՆ ՎՐԱՅ

March 10, 2011

«Կազեթեճիլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ «Ժամանակակից լրագրողներու միութիւն»ը 1915-ին սպաննուած հայ լրագրողներէն եւ գրողներէն  Ռուբէն Զարդարեանի, Սիամանթոյի, Երուանդ Սրմաքեշխանլեանի (Երուխան), Արմեն Դորեանի, Լեւոն Լարենցի, Գրիգոր Զօհրապի, Ռուբէն Սեւակի, Յովհաննէս ... Շարն.

ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ Կ՛ԱՐՏԱՅԱՅՏԵՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ

ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ Կ՛ԱՐՏԱՅԱՅՏԵՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ

March 10, 2011

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ մտահոգութիւն յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ զինադադարի դրութեան խախտման մասին հրապարակումներուն գծով: ԵԱՀԿ-ի պաշտօնական կայքէջին վրայ ... Շարն.

ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՅՐԵՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐԸ

ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՅՐԵՆԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐԸ

March 9, 2011

Կիներու միջազգային օրուան առիթով Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շնորհաւորական ուղերձներ յղեցին հայ կիներուն: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորեց հայ կիները եւ ընդգծեց, որ կնոջ դերը թէ՛ հայ ընտանիքներուն, եւ ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՍՕՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՏԱՅ ԼԱԹՎԻԱ

March 9, 2011

Լաթվիոյ նախագահ Վալտիս Զաթլերսի հրաւէրով, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Լաթվիա: Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Լաթվիոյ նախագահ Վալտիս Զաթլերսի, խորհրդարանի ... Շարն.

«ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՎԱՆԱՁՈՐՑԻ 20 ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԵՐԱԶԸ

«ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.» ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԴԱՐՁՆԷ ՎԱՆԱՁՈՐՑԻ 20 ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԵՐԱԶԸ

March 9, 2011

Երէկ կիսաւեր եւ խոնաւ տնակներու մէջ ապրող վանաձորցի 20 ընտանիքներ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի շնորհիւ բնակարանամուտ տօնեցին նորակառոյց շէնքի մը մէջ: Ըստ ընկերութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան, հայկական ընկերութեան բարի կամքին շնորհիւ ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՖՐԱՆՍԱ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՖՐԱՆՍԱ

March 8, 2011

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի աշխատակազմի տեղեկատուութեան ընդհանուր վարչութիւնը յայտնեց, որ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 6 մարտին աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Փարիզ: Նոյն օրը նախագահ Սահակեան այցելեց Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ Մայր ... Շարն.

ԹՈՒՐՔԻԱ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԸ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ՑՈՒՑԱԲԵՐԵԼԷ ՀՐԱԺԱՐԻ՞Լ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ

March 8, 2011

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կից ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի տնօրէն փրոֆ. Պիւլենթ Արաշ Պաքուի մէջ 7 մարտին յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ... Շարն.

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ԽԱԽՏԷ ԽԱՂԻՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՏԱԿ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

«ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՏԱԿԱՒԻՆ ԿԸ ԽԱԽՏԷ ԽԱՂԻՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՏԱԿ ԶԱՔԱՐԵԱՆ

March 8, 2011

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ Արտակ Զաքարեան լրագրողներուն հետ հանդիպման մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սոչիի հանդիպումը յստակ մատնանշեց, որ խաղաղ բանակցային հոլովոյթը չի կրնար այլընտրանք ունենալ: Ըստ անոր, ասիկա բանակցութիւններուն ուղեկցող ... Շարն.

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՄԷՋ «ԴՐԱԿԱՆ» ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՄԷՋ «ԴՐԱԿԱՆ» ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԿԱՏԷ

March 8, 2011

Պաշտօնական Պաքուն յայտարարեց, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման իբրեւ արդիւնք Երեւանի դիրքորոշումը աննշան, սակայն դրական տեղաշարժ ապրած է: «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ... Շարն.

ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՕՐԻՆԱԳԻԾ ՄԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ

March 8, 2011

Հոլանտայի խորհրդարանը պիտի քննարկէ ցեղասպանութեան հրապարակաւ եւ կանխամտածուած ժխտումը պատժելու մասին օրինագիծ մը, որ 2006-ին Քրիստոնէական միութիւն խմբակցութեան կողմէ ներկայացուած էր Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու տան, եւ մինչեւ այժմ չէր վայելեր մեծամասնութեան ... Շարն.

ՄԵՏՎԵՏԵՒ, ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՆՈՅՆ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ

ՄԵՏՎԵՏԵՒ, ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՆՈՅՆ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ

March 7, 2011

Սոչիի մերձակայքը գտնուող «Քրասնայա Փոլիանա» լեռնադահուկային առողջարանին մէջ շաբաթ, 5 մարտին տեղի ունեցաւ Մետվետեւ - Սարգսեան - Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը: Այս մասին կը յայտնէ «Ռիա Նովոսթի»ի: Կլոր սեղանի շուրջ հանդիպումը ... Շարն.

ԹՈՒՐՔԻԱ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

ԹՈՒՐՔԻԱ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԹԵԱՄԲ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

March 7, 2011

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Եան Ճիեչիի 16-17 փետրուար Հայաստան իր պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնն ու այդտեղ ծաղկեպսակ զետեղումը անհանգստացուցած է Թուրքիան: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Ճիեչիի Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան առնչութեամբ ... Շարն.

ԹՈՒՐՔ ՊԱՇՏՕՆԵԱՆԵՐԸ ԿԸ ՎԱԽՆԱՆ ԽՕՍԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

March 7, 2011

Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին համաձայն, Թուրքիոյ մէջ  ժամանակ առ ժամանակ լուրեր կը տարածուին պետութեան կարեւոր դէմքերու հայկական կամ հրէական ծագում ունենալուն մասին: Ըստ թերթին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ, ոեւէ պաշտօնեայ քաջութիւնը ... Շարն.