Category: Լիբանանեան
Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրադարձութիւնները
Նախագահ Սլէյման եւ Ղոսըն Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսընը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այս հանգրուանին ... Շարն.
Խորհրդարանի Միացեալ Յանձնախումբերու Նիստին Ընթացքին. Ընտանեկան Բռնութենէն Կիներու Պաշտպանութեան Օրինագիծի Վաւերացում
Միացեալ յանձնախումբերու նիստէն պահ մը Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ գումարեցին նիստ մը, որուն նախագահեց խորհրդարանի փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի: Նիստին ընթացքին խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը վաւերացուցին օրինագիծ մը, որ կիները եւ ընտանիքին ... Շարն.
Պըրրի. «Երկրին Ապահովական Կացութեամբ Մտահոգ Եմ»
Պըրրի` կիներու իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններու պատուիրակութեան հետ Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Պըրրիի այցելեցին նաեւ ... Շարն.
Վարչապետ Սալամ Ցաւ Յայտնեց Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւններուն Ասեցումին Համար
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ շեշտեց, որ կառավարութիւնը Ռապիէի կամ այլ վայրի մէջ պիտի չկազմուի: Ան ողջունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին յայտարարութիւնները` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ որոշել վարչապետին հրաժարականը ... Շարն.
Ռաատ. «2005-էն Ի Վեր Հըզպալլա Ստիպուած Եղած Է Մաս Կազմելու Լիբանանի Բոլոր Կառավարութիւններուն»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ իֆթարի մը ընթացքին հաստատեց, որ հարաւային Լիբանանի կայունութիւնը պահպանողը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը չէ, այլ` Դիմադրութեան պատրաստ վիճակը, անոր հզօր կամքը, հրթիռները ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն վախկոտ է եւ փախուստ տուած է պաշտպանութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նիստին մասնակցելէ` ծածկելու համար Ապրայի դէպքերը: ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան ... Շարն.
Մար Շարպելի Տօնին Առիթով Սուրբ Պատարագ` Աննայայի Մէջ
Առաջին տիկինը, նախագահ Սլէյման եւ Ռայի պատրիարքը` Աննայայի մէջ Մար Շարպելի տօնին առիթով երէկ Աննայայի մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ մը` հանդիսապետութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահ ... Շարն.
Զօր. Աուն. «Սէյիտ Նասրալլայի Հետ Հանդիպեցայ»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին յայտնեց, որ ինք քանի մը օր առաջ հանդիպում մը ունեցած է Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ` առանց նշելու ... Շարն.
Վարչապետ Սալամ Կոչ Կ՛ուղղէ Լիբանանի Ճակատագիրին Հետ Խաղալու Քայլերուն Վերջ Տալու
Իֆթարի երեկոյէն պահ մը Վարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին հովանաւորեց Մաքասետ միութեան կազմակերպած իֆթարը, որ տեղի ունեցաւ «Պիել»-ի մէջ: Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան եւ Միջին Արեւելքը այս հանգրուանին կը դիմագրաւեն ապահովական ... Շարն.
Պըրրի-Ապատի Հանդիպում
Ապատի եւ Պըրրի Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ապատի ... Շարն.
Օմար Քարամէ Ընդունեց Միքաթին, Սալամը Եւ Սինիորան
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ նախանցեալ երեկոյեան Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ ընդունեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, վարչապետ Թամմամ Սալամը, ինչպէս նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Քարամէի զաւակները` ... Շարն.
Ժետտայի Մէջ Սինիորա, Ֆաթֆաթ Եւ Մաշնուք Հանդիպում Մը Կ՛ունենան Հարիրիի Հետ
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ժետտայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխաններ Ահմետ Ֆաթֆաթը եւ Նուհատ Մաշնուքը: Շարն.
Շարպել. «Եթէ Ներքին Ապահովութեան Ուժերու Թիւին Նուազեցումը Այս Կամ Այն Պետական Անձնաւորութեան Պիտի Վնասէր, Ապա Նման Որոշում Չէինք Տար»
Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ պետական անձնաւորութիւններուն անձնական ապահովութեան համար տրամադրուած ներքին ապահովութեան ուժերու թիւին նուազեցումը եթէ այս կամ այն անձնաւորութեան պիտի վնասէր, ապա նման որոշում չէր ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին մաքսատան բաժանմունքը ձախողեցուց Ափրիկէէն Լիբանան ուղարկուած 12 քիլոկրամ քոքայինի Լիբանան մուտքը եւ յանցագործները փոխանցեց համապատասխան դատական ատեանին: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի յայտնեց, որ նախկին վարչապետ ... Շարն.
«Պատրաստ Ենք Որեւէ Ձեւով Կամ Երկխօսութեամբ Քննարկելու Ազգային Պաշտպանութեան Ռազմավարութիւնը» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Սէյիտ Նասրալլա` պատկերասփռուած ճառին ընթացքին Դիմադրութեան զօրակցութեան խորհուրդին կազմակերպած իֆթարին առիթով, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման – Պըրրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը
Նախագահ Սլէյման եւ Մըսպահ Ահտապ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն: Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սլէյմանին, որ պահանջած էր Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ... Շարն.
Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Թղթածրարին Մէջ Նորութիւննե՞ր
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին նպատակով ի գործ դրուող ջանքերուն շրջագիծին մէջ, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ սուրիական իշխանութիւններուն հետ` սուրիական բանտերուն մէջ իգական սեռի պատկանող ... Շարն.
Զօր. Սերրա Այցելեց Բանակի Հրամանատարին Եւ Ապպաս Իպրահիմի
Զօրավարներ Քահուաժի եւ Սերրա Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա երէկ այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: ... Շարն.
Մաթար Եպիսկոպոսը Ընդունեց Խազենը
Խազեն եւ Մաթար եպիսկոպոս Մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով նախագահական պալատին ... Շարն.
Զինուորական Ատեանը Ժապհաթ Նուսրայի 6 Անդամներ Ամբաստանեց
Զինուորական ատեանը երէկ Ժապհաթ Նուսրայի 6 անդամներ ամբաստանեց զինեալ խմբաւորում մը կազմելու յանցանքով: Նշենք, որ արգելափակեալ յանցագործներուն մօտ գտնուած են զէնք, զինամթերք, պայթուցիչներ եւ պայթուցիկ նիւթեր, որոնք կ՛օգտագործուէին ահաբեկչական արարքներ ... Շարն.

