Category: Լիբանանեան
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց իր քաղաքացիներուն այս հանգրուանին եւ ցնոր տնօրինում Լիբանան չճամբորդելու` իրենց ապահովութեան համար: ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընկերութեան սարակները երէկ փակեցին ընկերութեան մայր մուտքին դարպասը` պահանջելով իրենց ... Շարն.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Ֆրենժիէի
Ֆրենժիէի հետ հանդիպումէն պահ մը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, այցելեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, ... Շարն.
Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Լիագումար Նիստը, Մինչ Ասիր Կը Շարունակէ Փակ Պահել Սայտայի Ճամբան
Շէյխ Ասիր եւ իր հետեւորդները` նստացոյցին կատարուած նամազի ընթացքին Խորհրդարանը իր նախագահին` Նեպիհ Պըրրիի գլխաւորութեամբ, այսօր եւ վաղը պիտի գումարէ իր լիագումար նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր: ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ղանայի Նախկին Նախագահը
Նախագահ Սլէյման եւ Ղանայի նախկին նախագահը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ղանայի նախկին նախագահ, Սոմալիի մէջ Ափրիկէի խաղաղութեան համադաշնակցութեան յատուկ պատուիրակ Ճերի Ճոն Ռոլինկզը, որուն ... Շարն.
Միքաթի Նասրի Խուրիի Հետ Քննարկեց Լիբանան-Սուրիա Սահմանային Կայունութեան Հարցը
Նասրի Խուրի եւ վարչապետ Միքաթի Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումները: Հանդիպումէն ... Շարն.
Հարաւային Լիբանանի Մէջ Թրքական Ուժերուն Կեցութեան Ժամանակաշրջանը Երկարաձգուեցաւ Մէկ Տարիով
Թուրքիոյ խորհրդարանը շաբաթավերջին վաւերացուց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական ջոկատին աշխատանքներուն եւ կեցութեան ժամանակաշրջանին երկարաձգումը` մէկ տարիով, սկսեալ յառաջիկայ 5 սեպտեմբերէն: Թուրքիոյ խորհրդարանը, վեցերորդ տարին ... Շարն.
Մուսաուի. «Լիբանանի Դէմ Իսրայէլեան Բռնարարքները Այս Կամ Այն Կուսակցութեան Հետ Կապուած Չեն»
Նաուաֆ Մուսաուի Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի յայտնեց, որ իրենք կառչած պիտի մնան իսլամական ազգային միասնականութեան` աւելցնելով, որ լիբանանցիները քաջ գիտեն, թէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան բռնարարքները այս կամ ... Շարն.
ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Եւ Մարուն Ռասի Բնակիչներուն Միջեւ Բախում
Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ Մարուն Ռասի բնակիչներուն միջեւ արձանագրուած է բախում մը, երբ լիբանանցի քաղաքացիներ ընդվզած են ... Շարն.
«Մենք Համաձայնած Ենք Զէնքի Հարցը Լուծել Ազգային Երկխօսութեան Նիստին Ընթացքին» Շեշտեց Ժոմպլաթ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Սայտայի մէջ յայտարարուած բաց նստացոյցը` աւելցնելով, որ Լիբանանի քաղաքական իշխանութիւններն ու քաղաքական ուժերուն ղեկավարները համաձայնած են Դիմադրութեան զէնքին թղթածրարը լուծել Ազգային ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն համար վեց հոգի առաջադրած են իրենց թեկնածութիւնը: Անոնք են` Ճոն Մֆարրեժ, Նայիմ Աժայմի, Ֆատի Քարամ, Ուալիտ Ազար, Եուսեֆ Սքաֆ եւ Ժորժ ... Շարն.
Ահմետ Ասիր Պիտի Շարունակէ Փակել Սայտայի Ճամբան` Նոյնիսկ Եթէ Մակ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը Նիստ Մը Գումարէ
Անցեալ չորեքշաբթի երեկոյեան կառավարութեան գումարած նիստէն եւ հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին, կառավարութեան, բանակին եւ ապահովական ուժերուն տուած յստակ որոշումէն միայն երկու ժամ ետք Սայտայի Պիլալ պըն Ռապպահ մզկիթի իմամ շէյխ Ահմետ ... Շարն.
Նախագահ Սլէյման Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը
Նախագահ Սլէյման եւ զօր. Քահուաժի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները, ... Շարն.
Պան Քի Մուն Կը Պահանջէ Լիբանանի Եւ Սուրիոյ Միջեւ Սահմանագծում Կատարել
Պան Քի Մուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն երէկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց թիւ 1701 բանաձեւին մասին իր տեղեկագիրը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ սահմանագծում ... Շարն.
«Այսուհետեւ Ֆինանսաւորումը Երբեք Արգելք Պիտի Չըլլայ` Ճարտարարուեստի Գործարաններ Հիմնելու» Յայտնեց Նախարար Սապունճեան
Նախարար Սապունճեան, «Պէյրութ» դրամատան ընդհանուր տնօրէնը եւ նախարար Ֆատի Ապպուտ Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ «Ֆոր Սիզընս» պանդոկին մէջ ներկայ գտնուեցաւ «Պէյրութ» դրամատան ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ կազմակերպուած ճարտարարուեստի մարզին յատուկ ... Շարն.
Ռայի Պատրիարքը Թուրքիայէն Կոչ Ուղղեց Անտիոքի Կաթողիկէ Եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներուն Միասնականութեան
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շարունակեց Թուրքիա կատարած իր այցելութիւնը: Անտիոքի մէջ Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց Անտիոքի կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներուն միասնականութեան: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նաեւ գործնականացնելու արաբական իսլամ-քրիստոնեայ ... Շարն.
Ապատի. «Իսրայէլ Պատերազմ Սանձազերծելու Պայմաններու Տակ Չի Գտնուիր»
Ղատանֆար Ապատի Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի հանդիպում մը ունեցաւ Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի հետ: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Իսրայէլ պատերազմ սանձազերծելու յարմար կացութեան ... Շարն.
Հարիրի Քաղաքական Որոշ Կողմեր Կը Մեղադրէ Ապահովութիւնը Խախտողները Հովանաւորելու Յանցանքով
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ որեւէ շարժում, որ կը միտի երկրին մէջ խուճապ ստեղծել եւ իրարանցում պատճառել, ինչ ալ ըլլայ անոր ինքնութիւնը, պատկանելիութիւնը եւ համայնքը, մերժելի է: Ան աւելցուց, ... Շարն.
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի տարածքին ապահովական ծրագիրը պիտի գործադրուի ամբողջ ամսուան ընթացքին, իսկ քաղաքական եւ ապահովական որոշումը երկուորեակներ են: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ պաշտօնական աղբիւրներ յայտնեցին, ... Շարն.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ամին Ժեմայէլը
ՀՅԴ - Փաղանգաւոր կուսակցութիւն հանդիպումէն պահ մը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին ... Շարն.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Զօր. Աունի
Զօր. Աունի հետ հանդիպումէն պահ մը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ ... Շարն.

