Category: Միջազգային
Վտանգաւոր Նախադէպ Մը. Իսրայէլեան Օդուժը Ռիֆ Տիմաշքի Մէջ Թիրախ Կը Դարձնէ Զինուորական Գիտական Ուսումնասիրութեանց Կեդրոն Մը
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով արեւմուտքցի դիւանագէտ մը եւ շրջանային անվտանգութեան երեք անանուն աղբիւրներ, հաղորդեց, որ իսրայէլեան օդուժը երեքշաբթի գիշեր հարուածած է Սուրիա-Լիբանան սահմանը` առանց տեղն ու թիրախը նշելու: Ըստ «Ռաշա ... Շարն.
Պարատէյի Կոչ Կ՛ուղղէ Մուրսիի Հետ «Անմիջական» Հանդիպումի
Մոհամետ Պարատէյի Եգիպտոսի ընդդիմադիր Ազգային փրկութեան ճակատին կողմէ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի երկխօսութեան կոչի մերժումէն երկու օր ետք, ճակատի ղեկավար դէմքերէն Մոհամետ Պարատէյի երէկ կոչ ուղղեց նախագահ Մուրսիի հետ անմիջական հանդիպումի: ... Շարն.
Փարիզի Մէջ ՔԱԿ-ի Գործիչներու Սպանութեան Հարցով Կասկածեալը Ոճիրէն Առաջ 8 Անգամ Անգարա Այցելած Է
Էօմեր Կիւնէյ Ըստ Թուրքիոյ Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէնութեան կատարած հետազօտութեան, Փարիզի մէջ ՔԱԿ-ի գործիչներու սպանութեան հարցով կասկածեալ Էօմեր Կիւնէյ ոճիրէն առաջ 8 անգամ Անգարա այցելած է, վերջինը` 19 օր առաջ: Տնօրէնութիւնը ... Շարն.
«Լրագրողներ Առանց Սահմանի» Կը Յայտարարէ. «Մարդու Իրաւունքներուն Նկատմամբ Պաքուի Ատելութիւնը Անսահման Է»
«Լրագրողներ առանց սահմանի» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը դատապարտած է Պաքուի կեդրոնին մէջ օրեր առաջ պլոկըրներու եւ լրագրողներու դէմ կիրարկուած բռնութիւնները: Յիշեցնենք, որ 26 յունուարին Պաքուի մէջ չարտօնուած բողոքի ցոյց մը տեղի ... Շարն.
Ըստ «Հիւրրիյեթ»-ի ՔԱԿ Փետրուարին Զինադադար Պիտի Յայտարարէ
Թրքական «Հիւրրիյեթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ՔԱԿ-ի զինեալները 28-ամեայ ըմբոստութեան վերջ տալու թրքական պետութիւն-Ապտիւլլա Օճալան բանակցութեանց իբրեւ արդիւնք խաղաղութեան հոլովոյթի ժամանակացոյցին համաձայն փետրուարին թրքական պետութեան դէմ գործողութեանց դադրեցում պիտի յայտարարեն` Օճալանի ... Շարն.
Իրան Կը Հերքէ Իր Հիւլէական Կեդրոններէն Մէկուն Մէջ Պայթումին Լուրը
Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը` յղում կատարելով իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութենէն պաշտօնատարներու, կը հաղորդէ, որ այդ պաշտօնատարները կը հաւատան, որ մեծ պայթում մը իրանեան «Ֆուրտու» հիւլէական կայանին վնասներ պատճառած է` նշելով, որ «Թել ... Շարն.
Իրան – Արժանթին Պատմական Համաձայնութիւնը Իսրայլէը Անակնկալի Մատնած Է
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «անակնկալի մատնուած է» 1994-ին Պուէնոս Այրեսի մէջ հրէական կեդրոնի ականահարման դէպքը քննարկելու անկախ յանձնախումբ մը ստեղծելու շուրջ գոյացած պատմական համաձայնագիրէն: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան ... Շարն.
«Ասատ Պիտի Հեռանայ Եւ Անոր Օրերը Հաշուըւած Են» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը
Ճէյ Քառնի Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման» վրայ պնդեց` նշելով, որ «անոր օրերը հաշուըւած են, իսկ պատմութեան մէջ իբրեւ ձեռքերը արիւնով ներկուած բռնատէր մը պիտի ... Շարն.
Ազրպէյճանի Զաքաթալայի Շրջանին Մէջ Խռովութիւնը Կը Հասուննայ
«իՄետիա» կայքէջը` վկայակոչելով ազրպէյճանական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Զաքաթալայի շրջանին մէջ խռովութիւնը կը հասուննայ: Բնակիչները կը բողոքեն ընդդէմ տեղական իշխանութիւններու անգործութեան, որովհետեւ անոնք չեն վերացներ 2012-ին տեղի ունեցած երկրաշարժին ... Շարն.
Եգիպտական Բանակի Սպայակոյտի Պետը «Պետութեան Փլուզում»-էն Կը Զգուշացնէ
Եգիպտական բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Ապտուլֆաթթահ Սիսի երէկ զգուշացուց, որ ներկայ քաղաքական տագնապը «կրնայ պետութեան փլուզման առաջնորդել»: Ան բանակի Դիմատետրի էջին վրայ զետեղուած խօսքի մը մէջ յայտնեց, որ այդպիսի փլուզում ... Շարն.
Նեթանիահու Ազգային Ապահովութեան Իր Խորհրդականը Ռուսիա Ուղարկած Է` Քննարկելու Համար Սուրիոյ Քիմիական Զէնքերու Հարցը
Շալոմ եւ Նեթանիահու Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ազգային ապահովութեան իր խորհրդականը` Եաքոպ Ամիտրորը Մոսկուա ուղարկած է` ռուս պաշտօնատարներուն հետ սուրիական քիմիական զէնքերու հարցը քննարկելու համար: ... Շարն.
Ազրպէյճանի Մէջ Ժողովրդային Ապստամբութեան Հաւանականութի՞ւն
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի Մտաւորականներու համախմբումի համահիմնադիր, քաղաքագէտ Էլտար Նամազով անցեալ ուրբաթ օր տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ իշխանութիւնը տապալելու նպատակով երկրին բոլոր շրջաններուն մէջ ժողովրդային ... Շարն.
Թուրքիոյ Նոր Նշանակուած Ներքին Գործոց Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Պիտի Շարունակենք, Մինչեւ Որ Վերջ Տանք Անոր»
Մուամմար Կիւլեր Թուրքիոյ նոր նշանակուած ներքին գործոց նախարար Մուամմար Կիւլեր յայտնեց, որ «Թուրքիա յառաջիկայ հանգրուանին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ իր ջանքերը պիտի աշխուժացնէ, մինչեւ որ այս երկրին մէջ վերջնականապէս ... Շարն.
«Ասատի Վարչակարգը Ապագայ Չունի, Եւ Մետվետեւի Կեցուածքը Ճիշդ Հունի Մէջ» Կ՛ըսէ Ֆապիւս
Լորան Ֆապիւս Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ «Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի` սուրիական վարչակարգին շուրջ կատարած վերջին յայտարարութիւնը ճիշդ հունի մէջ է եւ կը յուսանք, որ ատիկա իրողական ... Շարն.
Եգիպտական Ընդդիմութիւնը Մերժեց Մուրսիի Երկխօսութեան Հրաւէրը
Եգիպտոսի ընդդիմադիր Ազգային փրկութեան ճակատը երէկ կէսօրէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մերժեց Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի երէկ գիշեր նախատեսուած ազգային երկխօսութեան հրաւէրը` նշելով, որ ազգային հաշտութեան գոյացման միակ ... Շարն.
Պրազիլի Մէջ Գիշերային Վայրի Մը Մէջ Հրդեհի Մը Պատճառով 245 Զոհ Արձանագրուեցաւ
Հարաւային Պրազիլի մէջ գիշերային վայրի մը մէջ տեղի ունեցած հրդեհին պատճառով 245 զոհ արձանագրուեցաւ: Հրդեհը ծագեցաւ, երբ Ռիօ Կրանտէ տօ Սուլի Սանթա Մարիա քաղաքին մէջ «Քիս» ակումբին մէջ նուագախումբը հրավառութիւն ... Շարն.
«Սուրիոյ Մէջ Իշխանութիւնը Պահելու Ասատի Կարելիութիւնները Հետզհետէ Կը Նուազին» Կ՛ըսէ Մետվետեւ
Տմիթրի Մետվետեւ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ իշխանութիւնը պահելու նախագահ Պաշշար Ասատի կարելիութիւնները հետզհետէ կը նուազին»: Ան միջազգային եւ շրջանային ուժերուն կոչ ... Շարն.
Եգիպտոսի Տարածքին Խռովարարութիւնները Բազմաթիւ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ Կը Պատճառեն
Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին Փոր Սայիտ, Սուեզ եւ Իսմայիլիա նահանգներուն մէջ 30 օրուան տեւողութեամբ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց: Ան ինչպէս որ նշեալ նահանգներուն մէջ երեկոյեան ... Շարն.
Ազրպէյճանի Իսմայիլլի Քաղաքին Որոշ Շրջաններուն Մէջ Արտակարգ Դրութիւն Յայտարարուած Է
Ազրպէյճանի Իսմայիլլի քաղաքի ծայրամասային քանի մը շրջաններուն մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է: Ազրպէյճանական «Հաքքին.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ խստացուած են անվտանգութեան միջոցառումները նաեւ դրացի Կէօքչայ, Աղսու եւ Շամախի քաղաքներուն մէջ: ... Շարն.
«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Սուրիոյ Հարցով Հաշուի Նստիլ Ռուսիոյ Կարծիքին Հետ» Կ՛ըսէ Քերրի
Ճոն Քերրի Ծերակուտական Ճոն Քերրի երէկ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ, ուր կը քննարկուի իր` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելու հարցը, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ մտադիր են Սուրիոյ ... Շարն.

