Category: Միջազգային
Իրաքի Տարածքին Իրերայաջորդ Պայթումներ
Երէկ Իրաքի տարածքին աւելի քան 16 ահաբեկչական գործողութիւններ տեղի ունեցան: Տուժել քաղաքի ռազմակայանին դէմ կատարուած գործողութիւն մը 11 զոհ խլեց: Քերքուքի մօտ տեղի ունեցած պայթում մը պատճառեց 7 զոհ` հիմնականին ... Շարն.
Չորս Իրերայաջորդ Երկրաշարժներ Կը Հարուածեն Չինաստանը
5.6 ռիխթըր աստիճան ուժգնութեամբ չորս իրերայաջորդ երկրաշարժներ հարուածեցին հարաւարեւմտեան Եունան նահանգը` պատճառելով 50 զոհ եւ 150 վիրաւոր: Տեղական իշխանութիւններն ու փրկարար խմբակները կը շարունակեն փրկարար աշխատանքները: Շարն.
«Ռուսիա Պիտի Ընդդիմանայ Ապահովութեան Խորհուրդին Կողմէ Սուրիոյ Մէջ Արտաքին Միջամտութեան Առաջնորդող Որեւէ Փորձի» Ըսաւ Լաւրով
Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վստահեցուց, որ իր երկիրը պիտի ընդդիմանայ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան առաջնորդող որեւէ փորձի` նշելով, որ սուրիական կացութեան կարգաւորումը ... Շարն.
Օպամա Կը Խոստանայ Աֆղանիստանի Մէջ Պատերազմին Վերջ Տալ
Օպամա եւ Քլինթըն Միացեալ Նահանգներու գործող նախագահ Պարաք Օպամա ընդունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրումը եւ նշեց, որ «իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն միջեւ խաղաղութեան մեր ձգտումը պէտք չէ ... Շարն.
Չեխիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար. «Ազրպէյճան Շրջանի Խաղաղութիւնը Հարուածի Տակ Կը Դնէ»
Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Վիթ Քոլար յայտարարած է, որ Չեխիա մտահոգուած է Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը դաժանաբար սպաննած Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու փաստով: Ան ըսած է, որ ... Շարն.
«Մենք Սուրիոյ Մէջ Փոփոխութեան Անհրաժեշտութեան Կը Գիտակցինք, Սակայն Այդ Մէկը Չի Նշանակեր, Որ Փոփոխութիւնը Արիւնալի Պէտք Է Ըլլայ» Յայտարարեց Փութին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «ներկայիս Սուրիոյ մէջ բռնութեան կիրարկումը մեզի մտահոգութիւն կը պատճառէ»` աւելցնելով, որ «թերեւս սուրիական տագնապի լուծման մէջ ... Շարն.
«Այժմ Սուրիոյ Մէջ Փոփոխութեան Ժամն Է Եւ Բարեփոխումներու Տեղ Չկայ» Յայտարարեց Մուրսի
Մոհամետ Մուրսի Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Գահիրէի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի բացման ընթացքին արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Եգիպտոսի շրջանային դերակատարութեան վերականգնման, պաղեստինեան հարցին եւ Սուրիոյ տագնապին: ... Շարն.
Չինաստան Քիմիական Զէնքերու Օգտագործման Եւ Սուրիոյ Մէջ Ռազմական Միջամտութեան Կ՛ընդդիմանայ
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լի յայտնեց, որ «Չինաստան բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ որեւէ երկրի կողմէ քիմիական զէնքերու զարգացման, արտադրման կամ օգտագործումին»` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան մեր ընդդիմութիւնը ... Շարն.
Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Միացեալ Նահանգներ Իրանին Յայտնած Են, Որ Իր Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումի Մը Պիտի Չաջակցին
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Միացեալ Նահանգներ վերջերս Իրանի փոխանցած են գաղտնի նամակ մը, ըստ որուն, Ուաշինկթըն իրանեան հիւլէական կեդրոններու դէմ իսրայէլեան յարձակումին պիտի չաջակցի եւ անոր պիտի ... Շարն.
Ըստ «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի Մուրսի-Նեթանիահու-Օպամա Հանդիպումի Մը Ուղղութեամբ Ջանք Կը Թափուի
Նեթանիահու եւ Մուրսի Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակարգը ջանք կը թափէ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ներկայութեամբ ... Շարն.
«Իսրայէլ Եգիպտական Ուժերու Սինա Մուտքը Խաղաղութեան Համաձայնութեան Խախտում Չի Նկատեր» Կ՛ըսէ Քնեսեթի Նախագահը
Ռուվեն Ռիվլին Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան խորհրդարանի` Քնեսեթի նախագահ Ռուվեն Ռիվլին յայտարարած է, որ «իսրայէլեան կառավարութիւնը եգիպտական ուժերու Սինա մուտքը Եգիպտոսի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան խախտում չի նկատեր»` ... Շարն.
Ըստ Քոնկրեսական Զեկուցումի Մը Թուրքիա Զէնքի Վաճառքի Ծաւալով Իսրայէլէն Առաջ Անցած Է
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան հետախուզութեան հարցերով յանձնախումբին հրապարակած զեկուցումը կը նշէ, որ վերջին տարիներուն ընթացքին Թուրքիոյ զարգացում ապրած զինուորական արդիւնաբերութիւնը 2011-ին աննախադէպ աճ արձանագրած ... Շարն.
Էրտողան 11 Սեպտեմբերին Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» կայքէջը` վկայակոչելով Թուրքիոյ կառավարութեան պաշտօնական կայքէջը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 11-15 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Ազրպէյճան, Ուքրանիա եւ Պոսնիա: Էրտողան 11 սեպտեմբերին պիտի այցելէ Ազրպէյճան: ... Շարն.
Ալիեւ Եւրոպական Միութեան Ուժանիւթի Հարցերով Յանձնակատարին Հետ Կը Քննարկէ «Կազի Հարաւային Միջանցք» Նախագիծը
Օթինկեր-Ալիեւ հանդիպումէն պահ մը «Ազերթաճ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Կունթեր Օթինկերի հետ ունեցած է հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են ... Շարն.
«Սուրիոյ Տագնապին Վերջ Տալու Դիւանագիտական Ջանքերը Գրեթէ Անկարելի Են» Կ՛ըսէ Իպրահիմի
Իպրահիմի ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի «Պի.Պի.Սի.» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու դիւանագիտական ջանքերը «գրեթէ անկարելի» են, իսկ ... Շարն.
Իրան Այս Ամիս Մեծ Ռազմափորձ Պիտի Կատարէ
Ռուսական «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, կը հաղորդէ, որ Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի եւ իրանեան բանակի ստորաբաժանումներու մասնակցութեամբ 22 սեպտեմբերէն 21 հոկտեմբերի միջեւ հակաօդային պաշտպանութեան մեծ ... Շարն.
«Մեր Ապահովութեան Սպառնացող Զարգացումներուն Պարագային Կրնանք Սուրիոյ Մէջ Միջամտել» Կ՛ըսէ Էրտողան
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական կեանքը վերջ գտաւ, եւ Ասատ ներկայիս իբրեւ քաղաքագէտ չի գործեր, այլ` Սուրիոյ ներքին պատերազմին մէջ երկրորդական խաղացող մը ... Շարն.
Պուշեհր Հիւլէական Կայանը Սկսած Է Իր Ամբողջ Զօրութեամբ Բանիլ
Իրանի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Մոհամետ Ահմատեան իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ Իրանի առաջին հիւլէական կայանը սկսած է իր ամբողջական կարողութեամբ ելեկտրականութիւն արտադրել: Պուշեհր քաղաքին մէջ ... Շարն.
«Եթէ Սուրիոյ Վարչակարգը Իր Քիմիական Զէնքերը Օգտագործէ, Միջազգային Հակադարձութիւնը Անմիջական Եւ Կայծակնային Պիտի Ըլլայ» Կ՛ըսէ Ֆապիւս
Լորան Ֆապիւս Մինչ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէի Սուրիոյ վարչապետ Ուաէլ Հալքիի հետ իր հանդիպումին ընթացքին նշեց, որ «Սուրիոյ տագնապին ետին Ամերիկան եւ Իսրայէլը կը կանգնին` դիմադրութիւնը ... Շարն.
Ըստ «Քոմերսանթ»-Ի Սուրիոյ Քաղաքացիական Պատերազմը Թուրքիոյ Համար Վտանգաւոր Ընթացք Կը Ստանայ
Ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ կարգ մը փորձագէտներ այն կարծիքը յայտնած են, որ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը վտանգաւոր ընթացք կը ստանայ: Օրաթերթը կը յայտնէ, որ Դամասկոսի մէջ կեդրոնական կառավարութեան տկարանալը ... Շարն.

