Category: Միջազգային
Պաղտատի Վեհաժողովը Կոչ Կ՛Ուղղէ Սուրիոյ Տագնապի Քաղաքական Լուծումի Մը Եւ Կը Զօրակցի Անանի Ծրագիրին
Երէկ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի Կանաչ շրջանին մէջ, ապահովական խիստ միջոցառումներու ներքեւ, Իրաքի նախկին ղեկավար Սատտամ Հուսէյնի մէկ դղեակին մէջ տեղի ունեցաւ Արաբական 23-րդ վեհաժողովը` մասնակցութեամբ արաբ շարք մը ղեկավարներու, ինչպէս` ... Շարն.
Էրտողան Եւ Ահմատինեժատ Կը Քննարկեն Սուրիոյ Եւ Իրանի Հիւլէական Թղթածրարին Հարցերը
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իրան կատարած իր երկօրեայ այցելութեան երկրորդ օրուան ընթացքին երէկ 1.5 ժամ տեւողութեամբ դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ: Հանդիպումը տեղի պիտի ունենար ... Շարն.
Շուէտի Պաշտպանութեան Նախարարը Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Զէնքի Գործարանի Պատճառով Հրաժարած Է
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Շուէտի պաշտպանութեան նախարար Սթեն Թոլկֆորս իր հրաժարականը տուած է վերջերս ծագած այն գայթակղութեան համար, թէ իշխանութիւնը ծրագրած էր Սէուտական Արաբիոյ մէջ զէնքի արտադրութեան ... Շարն.
Իսրայէլ Իրանի Դէմ Պատերազմին Ընթացքին Ազրպէյճանական Զօրակայաննե՞րը Պիտի Օգտագործէ
Ամերիկեան «Ֆորէյն Փոլիսի» ամսագիրը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլին կարելիութիւն տրուած է Ազրպէյճանի Իրանի հետ սահմանին մօտ գտնուող զօրակայանները օգտագործելու: Ըստ ամսագիրին մէջ հրապարակուած Միացեալ Նահանգներու դիւանագէտներու եւ զինուորական հետախուզութեան պաշտօնեաներու ... Շարն.
Յունաստանի Մէջ Արտակարգ Ընտրութիւններու Օրը Յայտնի Պիտի Դառնայ Մինչեւ 11 Ապրիլ
Յունաստանի կառավարութեան բանբեր Փաթելոս Քափսիս յայտնեց, որ Յունաստանի մէջ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու ճշգրիտ թուականը պիտի որոշուի մինչեւ 11 ապրիլ: Ան յայտարարեց, որ գործող կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ ընտրութիւններէն ետք ... Շարն.
Պաղտատի Արաբական Վեհաժողովը Այսօր Սուրիոյ Շուրջ «Իւրայատուկ» Բանաձեւ Մը Պիտի Քննարկէ
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի Պաղտատի մէջ Արաբական լիկայի այսօրուան վեհաժողովի նախապատրաստութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի աւարտէն առաջ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Սուրիա ... Շարն.
Պաղըշ Հէյպելիի Դպրեվանքի Հարցը Կը Կապէ Յունաստանի Կողմէ Փոխադարձ Քայլի
«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար եւ Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ երկուշաբթի օր լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին պատասխանելով Հէյպելիի յոյներու դպրեվանքի բացման հարցին ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներ Պիտի Ֆինանսաւորեն Իսրայէլի Հակահրթիռային Պաշտպանութեան Համակարգը
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Ամերիկայի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութիւնը, կը հաղորդէ, որ Փենթակոնը Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսէն Իսրայէլի հակահրթիռային պաշտպանութեան «Երկաթէ գմբէթ» համակարգի ամրապնդման համար յաւելեալ ֆինանսաւորում կը ... Շարն.
Յունաստանի «Գետնախնձորի Յեղափոխութիւն»-ը
«Եւրոնիուզ» կը հաղորդէ, որ մինչ տնտեսական խիստ սեղմումի միջոցառումներուն պատճառով յոյներուն դրամապանակները նկատառելի կերպով «նիհարցած» են, յոյն հողագործները տիրող կացութեան դէմ կը մղեն պայքար մը, որ կրած է «Գետնախնձորի յեղափոխութիւն» ... Շարն.
Հունգարացիները Կ՛Ուզեն Ուքրանիոյ Մէջ Ինքնավարութիւն Ստեղծել
Ուքրանիոյ մէջ Հունգարիոյ դեսպան Միխալ Պայեր «Weekly.ua» ամսագիրին յայտնած է, որ Ուքրանիոյ մէջ բնակող հունգարացիները կ՛ուզեն Զաքարփաթիէի մէջ ազգային ինքնավարութիւն ստեղծել: Ըստ անոր, այս գաղափարը քննարկուած է Ազգային փոքրամասնութիւններու հարցով ... Շարն.
Ստալին Ամէն Տարի Չըրչիլին Շուրջ 400 Շիշ Հայկական Քոնեաք Ուղարկած Է
Լոնտոնեան «Իվնինկ Սթանտըրտ» պարբերաթերթը կը գրէ, որ Ուինսթըն Չըրչիլի սիրելի հայկական քոնեաքը, որ «ինչպէս կ՛ըսեն, յետպատերազմեան Եւրոպայի ձեւաւորման գործին մէջ կարեւոր դեր խաղացած է», առաջին անգամ ըլլալով Բրիտանիոյ մէջ վաճառքի ... Շարն.
Իրան Նոր Անօդաչու Թռչող Սարքերու Արտադրութեան Սկսած Է
Իրան կ՛արտադրէ նոր անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք «Շափարաք» կամ թարգմանաբար «Թիթեռ» կը կոչուին: Սարքը կրնայ օգտագործուիլ լայնածաւալ գործողութիւններու, ներառեալ` զինուորական եւ որոնողափրկարարական աշխատանքներու, երթեւեկին հետեւելու եւ պետական սահմանին պարեկային ծառայութիւն ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներէն Եւ Ռուսիայէն Ետք Չինաստան Եւս Անանի Առաքելութեան Կը Զօրակցի Սուրիա Ընդունեց Անանի Ծրագիրը
Սէուլի մէջ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ ներկայացուցիչ Քոֆի Անանի ծրագիրին զօրակցելու շուրջ գոյացած համաձայնութենէն մէկ օր ետք, երէկ Չինաստան եւս իր զօրակցութիւնը յայտնեց այդ ... Շարն.
«Եւրոյի Գօտիէն Յունաստանի Դուրս Գալը Աղէտալի Պիտի Ըլլայ» Կ՛Ըսէ Մերքել
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած է, որ եթէ Յունաստան եւրոյի գօտին լքէ, ապա ատիկա աղէտալի պիտի ըլլայ: Ըստ անոր, եթէ այդպիսի բան տեղի ունենայ, ապա անմիջապէս հարց պիտի յառաջանայ, ... Շարն.
«Այլընտրանքի Բացակայութեան Իրանէն Քարիւղ Գնելու Դադրեցումը Բացառուած Է» Կ՛Ըսէ Եըլտըզ
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ անցեալ չորեքշաբթի օր Անգարայի մէջ լրագրողներու յայտնեց, թէ հակառակ անոր որ Թուրքիա Իրանէն քարիւղ գնողներուն դէմ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներէն ներում ստացած երկիրներու ցանկէն դուրս մնացած ... Շարն.
Անանի Ծրագիրին Զօրակցելու Ռուս-Ամերիկեան Համաձայնութիւն
Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Պարաք Օպամա եւ Տմիթրի Մետվետեւ երէկ Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ հիւլէական ուժանիւթի անվտանգութեան վերաբերող վեհաժողովին ծիրին մէջ 90 վայրկեան տեւած հանդիպումի մը ընթացքին ՄԱԿ-ի ... Շարն.
Անան Մոսկուա Եւ Փեքին Պիտի Այցելէ
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի բանբեր մը յայտնեց, որ ան շաբաթավերջին Մոսկուա եւ Փեքին պիտի այցելէ` ռուս եւ չինացի պաշտօնատարներու հետ սուրիական տագնապը քննարկելու համար: Բանբերը յայտնեց, ... Շարն.
Թուրքիա Սուրիոյ Հարցով Ապահովութեան Խորհուրդի Նախագահական Հաղորդագրութիւնը Անբաւարար Նկատելով` «Հասարակաց Աշխատանքի Ծրագիր» Մը Կը Պահանջէ
Ռուսիոյ նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ «ռուսական ղեկավարութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը կը նկատէ օրինական նախագահ մը, որ իր երկրին ապահովութեան եւ կարգ ու կանոնին ... Շարն.
Թուլուզի Հրէական Դպրոցին Դէմ Յարձակում Գործողը Ինքզինք Պատուհանէն Վար Նետեց
Թուլուզի մէջ շարք մը սպանութիւններ կատարած ալճերիական ծագումով 23-ամեայ Մոհամետ Մերահ պատուհանէն վար ցատկած ատեն ոստիկանութեան արձակազէնէ մը գլխէն փամփուշտ մը ստանալով մահացաւ, երբ ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժեր իր բնակարանը ներխուժեցին: ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներէն Զէնքերով Բեռցուած Նաւ Մը Քաթար Կ՛Ուղղուի
Միացեալ Նահանգներէն եկող եւ զէնք զինամթերքով բեռցուած հոլանտական նաւ մը Սուէզի ջրանցքէն անցնելով Քաթար ուղղուեցաւ: Միջազգային ներում կազմակերպութիւնը տեղեկութիւն ստանալէ ետք, թէ զէնքերը Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարութեան համար են, զգուշացուցած ... Շարն.

