Category: Միջազգային
Չինաստանի Մէջ Երկրաշարժի Զոհերուն Թիւը Բարձրացած Է
«Ինթըրֆաքս»` յղում կատարելով «Սինխուա» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Չինաստանի հարաւարեւմտեան Եունան նահանգի Լուտիան կոմսութեան մէջ կիրակի օր արձանագրուած 6,5 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժին պատճառով զոհերուն թիւը հասած է 367-ի: 1300 ... Շարն.
Փորթուկալ 6,58 Միլիառ Տոլար Պիտի Ծախսէ Իր Մեծագոյն Դրամատունը Փրկելու Համար
«Կազեթա» կը հաղորդէ, որ Փորթուկալ մտադիր է երկրին մեծագոյն դրամատունը` «Պանքօ Էսփիրիթօ Սանթօ»-ի պահպանման համար 6,58 միլիառ տոլար ծախսել: Ըստ տեղեկութեանց, բանակցութիւններէն ետք Փորթուկալն ու Եւրոպական Միութիւնը որոշում տուած են ... Շարն.
Տահեշ Իրաքի Մէջ Քիւրտերէն Հանքավայրեր Խլած Է
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները գրաւած են Իրաքի հիւսիսը գտնուող Զումար քաղաքն ու մարտերէ ետք տիրացած երկու նոր քարիւղի հանքերու: Քաղաքին վրայ յարձակելէ առաջ զինեալները բնակիչներէն պահանջած են ... Շարն.
Ամբողջ Ռուսիոյ Տարածքին Պահեստային Զինուորներու Հաւաք Կը Կատարուի
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է օգոստոս-հոկտեմբեր ամիսներուն բոլոր զինուորական շրջաններուն մէջ պահեստային զինուորներու հաւաքի մասին: «Հիմնական զինուորական մասնագիտութիւններու գծով պատրաստումը տեղի պիտի ունենայ երկու ամսուան ... Շարն.
Կազայի Դէմ Յարձակումը 28-րդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակուի
Երէկ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումը 28-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ: Պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 1830-ի, իսկ վիրաւորներունը` 9370-ի: Պաղեստինեան դիմադրութիւնը շարունակեց հրթիռակոծել Իսրայէլը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ ... Շարն.
Փութին Ու Օպամա Քննարկած Են Ուքրանիոյ Մէջ Տիրող Իրավիճակը
Օպամա եւ Փութին Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա 1 օգոստոսի երեկոյեան հեռաձայնած է իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինին` Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակը քննարկելու համար: ... Շարն.
Քրիստոնէութիւն Ընդունած Սուտանցի Կինը Հասած Է Միացեալ Նահանգներ
Մարիամ Իպրահիմ «Ժազիրա» կը հաղորդէ, որ քրիստոնէութիւն ընդունած սուտանցի կինը, որ իր երկրին մէջ փրկուած էր մահապատիժէն, հասած է Միացեալ Նահանգներ: Մարիամ Իպրահիմ անունով կնոջ Միացեալ Նահանգներու մէջ ողջունած է ... Շարն.
Աւստրալիոյ Եւ Հոլանտայի Արտօնուած Է Այցելել Մալեզիական Ջախջախուած Օդանաւին Վայրը
Lenta.ru կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքօ ստորագրած է օրէնքներ, որոնք Աւստրալիոյ եւ Հոլանտային կ՛արտօնեն իրենց առաքելութիւնները ուղարկել Տոնեցքի մարզին մէջ գտնուող մալեզիական օդանաւի ջախջախման վայր: Աւստրալիան, ըստ օրէնքի, ... Շարն.
Պաղեստինեան Դիմադրութիւնը Իսրայէլացի 2-րդ Զինուոր Մը Գերեվարեց. Իսրայէլ Կը Տապալէ Գահիրէի Բանակցութիւնները
Եգիպտոս երէկ յայտնեց, որ չի կրնար իսրայէլեան եւ պաղեստինեան կողմերուն միջեւ Գահիրէի մէջ բանակցութեանց պատուիրակութիւնները հիւրընկալել, որովհետեւ պաղեստինեան դիմադրութեան կողմէ իսրայէլացի զինուորի մը գերեվարումէն ետք Իսրայէլ հաղորդած է, որ կը ... Շարն.
Ասատ. «Սուրիացի Ժողովուրդին Համար Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Գոյատեւման Պայքար Է»
Նախագահ Ասատ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը հաւատայ, որ Սուրիոյ բանակի սպաներն ու զինուորները «ունակ են կատարելու իրենց պատմական առաքելութիւնը` ազատել երկիրը ահաբեկիչներու յարձակումներէն եւ ծայրայեղականներէն»: ... Շարն.
Ուաշինկթըն Մտահոգ Է Ազրպէյճանցի Իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուսի Եւ Անոր Ամուսնոյն Ձերբակալութեամբ
Մարի Հարֆ Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն լրջօրէն մտահոգուած է քրէական հետապնդումով ազրպէյճանցի իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուսի եւ անոր ամուսնոյն` Արիֆ Եունուսի, որոնք Ազրպէյճանի մէջ կը մեղադրուին Հայաստանի օգտին լրտեսելու, ... Շարն.
Եօթներու Խմբակը Համաշխարհային Դրամատան Պիտի Արգիլէ Ֆինանսաւորել Ռուսիան
«Պլումպըրկ» կը հաղորդէ, որ Եօթներու խմբակի երկիրները` Բրիտանիան, Գերմանիան, Իտալիան, Քանատան, Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան եւ Ճափոնը դէմ արտայայտուած են Համաշխարհային դրամատան կողմէ Ռուսիոյ մէջ նոր նախագիծերու ֆինանսաւորման: Lenta.ru կը հաղորդէ, ... Շարն.
Իսրայէլ Կազայի Մէջ Գտնուող ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Դպրոցին Մօտ Ջարդ Մը Եւս Կը Գործէ
Կազայի դէմ շղթայազերծուած իսրայէլեան յարձակումը երէկ 25-րդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ: Իսրայէլեան հրետանին երէկ կէսօրին հարուածեց Կազայի Մաղազի շրջանին մէջ գտնուող ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի պատկանող աղջկանց դպրոցը` պատճառելով վիրաւորներ, իսկ առաւօտեան իսրայէլեան օդուժը ... Շարն.
Ապահովութեան Խորհուրդը ՏԱՀԵՇ-ը Իրաքի Ապագային Մեծ Վտանգ Նկատող Որոշում Մը Որդեգրեց
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց որոշում մը, որ Իսլամական պետութիւնը (ՏԱՀԵՇ) Իրաքի ապագային մեծ սպառնալիք մը կը նկատէ եւ Իրաքի մէջ ստեղծուած կացութեան նկատմամբ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ: Խորհուրդը նաեւ ... Շարն.
Եւրոպական Միութիւնը Հրապարակած Է Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Նոր Ցուցակը
«Էխօ Մոսքվի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութիւնը հրապարակած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու նոր ցուցակը` այն մարդոց ու կազմակերպութիւններուն անուններով, որոնց վրայ կը տարածուին անոնք: Նոր ցուցակին մէջ յայտնուած են մեծ ... Շարն.
Ռուսիա Կը Դադրեցնէ Վրաստանի Հետ Ազատ Առեւտուրի Մասին Համաձայնագիրը
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման նախարարութիւնը Ռուսիոյ եւ Վրաստանի միջեւ ազատ առեւտուրի մասին համաձայնագիրի դադրեցման մասին կառավարութեան որոշումի նախագիծ մը կազմած է: Համապատասխան փաստաթուղթը տեղադրուած է իրաւական ... Շարն.
Ծերակոյտի Յանձնախումբը Ռուսիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանին Թեկնածութիւնը Հաստատած Է
Ճոն Թեֆթ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբը հաստատած է Ճոն Թեֆթի` Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին թեկնածութիւնը: Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութիւնը ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատած Են
Պարաք Օպամա «Էխօ Մոսքվի» կայքը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութենէն ետք Միացեալ Նահանգներ եւս Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատած են: Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ սահմանափակիչ միջոցառումներ ... Շարն.
Սիպերիոյ Մէջ Յաւելեալ Երկու Առեղծուածային Փոսեր Յայտնաբերուած Են
Բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթին կայքը կը հաղորդէ, որ Սիպերիոյ մէջ առեղծուածային փոս մը ուսումնասիրող հետազօտողներ յառաջիկայ շաբաթներուն շատ զբաղած պիտի ըլլան, որովհետեւ անոր նման երկու այլ փոսեր յայտնաբերուած են: Անոնցմէ ... Շարն.
Արեւմտեան Երկիրներ Մտահոգ Են Իպոլա Ժահրի Նաեւ Արեւմուտքի Մէջ Տարածման Վտանգէն
Արեւմտեան երկիրները մտահոգ են, որ Իպոլա մահացու ժահրը, որուն օճախը Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ է, կրնայ տարածուիլ նաեւ մնացեալ ցամաքամասերուն մէջ: «Կազեթա» կայքը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան բարեգործական կազմակերպութիւններէն «Աշխարհի մարմինը» ... Շարն.

