Category: Միջազգային
Իրան Խոստացած Է Իր Հիւլէական Ծրագիրին Խաղաղ Բնոյթը Ապացուցել
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Նիւ Եորքի մէջ հինգշաբթի գիշեր տեղի ունեցած է Վեցեակի (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա, Ֆրանսա, Բրիտանիա եւ Չինաստան) արտաքին գործոց նախարարներու Իրանի արտաքին գործոց նախարար ... Շարն.
«Քիմիական Զէնքը Մեր Վրայ Բեռ Է, Եւ Պատերազմի Մը Պարագային Ռուսական Ուժերը Պիտի Միջամտեն» Ըսաւ Ասատ
Նախագահ Ասատ Լիբանանեան «Ախպար» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի այցելուներ օրաթերթին յայտնած են, որ իրենց հետ հանդիպումին ընթացքին Ասատ վստահեցուցած է, որ «ներկայիս կացութիւնը հոյակապ է»: Ան ... Շարն.
Ռուհանի Կը Յուսայ Արեւմուտքին Հետ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Հասնիլ 3-6 Ամիսէն
Հասան Ռուհանի Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յոյս յայտնեց, որ արեւմտեան պետութիւններուն հետ իր երկրին հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան կարելի պիտի ըլլայ հասնիլ 3-էն 6 ամիս երկարող ժամանակաշրջանի մը ընթացքին: Ռուհանի ... Շարն.
Փաքիստանը Հարուածած Երկրաշարժին Պատճառով Նոր Կղզի Մը Ի Յայտ Եկած Է
Փաքիստանը հարուածած եւ 327 զոհ պատճառած ուժգին երկրաշարժէն ետք, երկրին հարաւային ափերուն մօտ, Արաբական ծովուն վրայ նոր կղզի մը ի յայտ եկած է: Փաքիստանի Երկրաշարժերու հետազօտման ազգային կեդրոնէն Զահետ Ռաֆի ... Շարն.
ՄԱԿ-ի Հետաքննիչները Դամասկոս Հասան
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հարցով ՄԱԿ-ի հետաքննիչներու խումբի անդամները երէկ կէսօրուան ժամը 11:50-ին Դամասկոս հասան եւ կը գտնուին «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկին մէջ: Անոնք Պէյրութի ... Շարն.
«Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Համաձայնագիրը Ի Շահ Ուքրանիոյ Ժողովուրդին Պիտի Ըլլայ» Յայտարարեց Եանուքովիչ
Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչ` ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 68-րդ նիստին ընթացքին, յայտնած է, որ Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնագիրի ստորագրումը պիտի նպաստէ Ուքրանիոյ քաղաքացիներու բարեկեցութեան աճին: «Վզկլիատ» կը հաղորդէ, ... Շարն.
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Ընթացքին Խօսք Առնելով`. «Մեր Հիւլէական Ծրագիրը Խաղաղ Նպատակներու Համար Է» Ըսաւ Ռուհանի
Ռուհանի` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 68-րդ նստաշրջանին բացման ընթացքին խօսք առնելով յայտնեց, որ իր երկիրը աշխարհի մէջ ապահովութեան որեւէ սպառնալիք չի ներկայացներ, այլ ... Շարն.
Մինսքի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Եւրասիական Բարձրագոյն Տնտեսական Խորհուրդի Վեհաժողով
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ին կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միասնիքովիչ յայտնած է, որ հոկտեմբերի վերջաւորութեան Մինսքի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի վեհաժողովը` մասնակցութեամբ Ռուսիոյ, ... Շարն.
Ըստ Հարցախոյզի Մը. Ամերիկացի Ժողովուրդին Կէսը Օպամայի Արտաքին Քաղաքականութեան Համամիտ Չէ
Պարաք Օպամա «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին եւ «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ ամերիկացի ժողովուրդին 49 առ հարիւրը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի արտաքին քաղաքականութեան համամիտ ... Շարն.
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Ընթացքին Ելոյթ Ունենալով`. «Իրանի Խօսքերուն Պէտք Է Հետեւին Քայլեր, Որոնք Թափանցիկ Եւ Ստուգելի Են» Ըսաւ Օպամա
Երէկ Նիւ Եորքի մէջ ընթացք առաւ ՄԱԿ¬ի ընդհանուր ժողովի 68¬րդ նստաշրջանը, որուն բացումը կատարելով` ՄԱԿ¬ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յայտնեց, որ «ամբողջ Միջին Արեւելքի կայունութիւնը վտանգուած է»: Ան ըսաւ, ... Շարն.
«Ապահովութեան Խորհուրդի Որոշումը Չի Կրնար ՄԱԿ-ի Ուխտի 7-րդ Յօդուածին Հիմամբ Ուժի Օգտագործումը Նշել» Ըսաւ Ռիապքով
Սերկէյ Ռիապքով «Եու.Փի.Այ.» վկայակոչելով ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Սուրիոյ սպառնացող որոշումի մը որդեգրման մղելու ամերիկեան ջանքերը «անտրամաբանական» են: ... Շարն.
Նոր Քայլ` Կիպրոսի Հարցի Լուծման Գործին Մէջ
Վենիզելոս եւ Տաւութօղլու Կիպրոսի վերամիաւորման հարցով գրեթէ սառեցուած բանակցութիւնները վերակենդանացնելու նպատակով` բանակցային կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է կղզիի թրքական եւ յունական հատուածներու ղեկավարներուն անձնական ներկայացուցիչները փոխադարձաբար գործուղելու Յունաստան եւ Թուրքիա: ... Շարն.
Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Կրճատէ «Սեւ Ցուցակը»
Ազրպէյճանական Haggin.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ օտարերկրեայ չորս քաղաքացիներ, որոնք Լեռնային Ղարաբաղ այցելելնուն համար նախապէս Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան «անցանկալի ... Շարն.
Իրան Հէյկ-Զարիֆ Հանդիպումը «Դրական» Կը Նկատէ
Հէյկ եւ Զարիֆ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուրտիա Աֆխամ յայտնեց, որ Իրանի եւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի եւ Ուիլիըմ Հէյկի միջեւ երկուշաբթի օր Նիւ Եորքի մէջ ... Շարն.
Եգիպտական Դատարան Մը Կ՛արգիլէ Իսլամ Եղբայրներու Գործունէութիւնը Եւ Կ՛որոշէ Գրաւել Անոնց Սեփականութիւնները
Գահիրէի մէջ հրատապ հարցերու դատարանը դատաւոր Մոհամետ Սայէտի գլխաւորութեամբ իր նիստին ընթացքին որոշեց «արգիլել Իսլամ եղբայրներ կազմակերպութեան եւ անկէ բխող խմբաւորման ու միութեան կամ անկէ ճիւղաւորուող, անոր պատկանող կամ անկէ ... Շարն.
«Քիմիական Զէնքերուն Հարցով ՄԱԿ-ի Բանաձեւէն Չենք Մտահոգուած» Կ՛ըսէ Ասատ
Նախագահ Ասատ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ չինական պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք սուրիական քիմիական զէնքերուն հարցով Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ... Շարն.
Ռուհանի Նիւ Եորք Մեկնելէ Առաջ Կը Դատապարտէ Իրանի Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները
Հասան Ռուհանի ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ներկայ գտնուելու համար մեծ պատուիրակութեամբ մը Նիւ Եորք մեկնելէն առաջ դատապարտեց իր երկրին դէմ ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներ 1961-ին Ջրածնային Ռումբի Պայթումի Մը Աղէտէն Փրկուած Են
Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 52 տարի առաջ քիչ մնացած է, որ Միացեալ Նահանգներու Նորթ Քարոլայնա նահանգին մէջ ջրածնային ռումբի պայթում տեղի ունենայ: Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի, ամերիկեան գաղտնազերծուած ... Շարն.
«Թալեպան» Շարժումը Կը Ստանձնէ Փեշաուարի Մէջ Եկեղեցւոյ Մը Դէմ Կատարուած Յարձակումին Պատասխանատուութիւնը
Քրիստոնեաներու բողոքի ցոյցերէն պահ մը Փաքիստանի մէջ «Թալեպան» շարժումը երէկ ստանձնեց Փեշաուարի մէջ գտնուող Ամենայն սրբոց եկեղեցւոյ դէմ կատարուած անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուութիւնը: Շարժումի բանբեր Ահմետ Մարուաթ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան հետ ... Շարն.
Ուքրանիոյ Ուժանիւթի Նախարարը Կը Յայտարարէ. «Ուքրանիա Կազի Պահեստաւորման Համար Ռուսիայէն Վարկ Պիտի Չառնէ»
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ուքրանիա չի պատրաստուիր կազի ստորգետնեայ պահեստներու համար Ռուսիայէն վարկ առնելու: «Մենք վարկ պիտի չառնենք, որովհետեւ ուրիշ համաձայնութիւն ունինք», յայտարարած է Ուքրանիոյ ուժանիւթի եւ ածուխի արդիւնաբերութեան ... Շարն.

