Category: Գաղութային
«ԱԶԴԱԿ»Ի ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԿԱՅՔԷՋԻ ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ ԱՄՍՈՒԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
«Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջը (www.aztagarabic.com) արդէն իսկ թարմացուած է նոր նիւթերով: Սեպտեմբեր ամսուան առաջին շաբթուան ընթացքին կայքէջը հարստացած է 16 նիւթերով: Խմբագրականը կը կրէ «Ղարաբաղի անկախութեան 20-ամեակին շուրջ եզրակացութիւններ» խորագիրը: «Յօդուածներ» ... Շարն.
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ¬ ՍՓԻՒՌՔ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ. ԵՐԷԿ, ԱՅՍՕՐ ԵՒ ՎԱՂԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ` ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ «ԵՐՋՕ ՍԱՄՈՒԷԼԵԱՆ-ԵՌԱԳՈՅՆ» ՖՈՆՏԻՆ Երէկ` երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 6:00¬ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Հայկազեան համալսարանին եւ ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»
Երէկ յետմիջօրէին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելեց «Ազդակ»ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: Նախարարին կ՛ընկերանային Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան եւ սփիւռքի նախարարութեան ... Շարն.
ՀՄԸՄ-Ի 10-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԲԱՑՈՒՄԸ` ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ
Երէկ, ամիսներու նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք, Ծաղկաձորի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 10-րդ Ընդհանուր ժողովը` մասնակցութեամբ միութեան 16 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու շուրջ 100 պատգամաւորներու: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք գումարուող այս ... Շարն.
ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԲԱՆԱԿՈՒՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄ
Երէկ` երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի տարեկան ընդհանուր բանակումի պաշտօնական բացումը: Արիները, արենուշները եւ պարմանուհիները տողանցքի համաչափ քայլերով ուղղուեցան դէպի դրօշակի կայմը, ուր կը բարձրանային ՀՄԸՄ-ի դրօշակը, ... Շարն.
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ. ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԵՏ
Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ժամանեց Լիբանան` հովանաւորելու համար Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին եւ Հայկազեան համալսարանի հիմնադրման 55-ամեակին առիթով համալսարանին կազմակերպած «Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւն. երէկ, այսօր եւ վաղը» ... Շարն.
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԵՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ
Շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կայացաւ հանդիպում մը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ Միջին Արեւելքի լրագրողներուն միջեւ: Հանդիպումը կը միտէր անդրադարձ մը կատարել նախորդ ... Շարն.
ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅՐԵՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ԱՆՆԱ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ
Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակի նախաձեռնութիւններուն շրջագիծին մէջ, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, շաբաթ, 3 սեպտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի տաղանդաւոր ... Շարն.
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Կիրակի, 4 սեպտեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը, որուն կ՛ընկերակցէին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանն ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Շաբաթ, 3 սեպտեմբերին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ լիբանանահայ գործարարներուն միջեւ հանդիպում մը: Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան ողջունեց ներկաներն ու ... Շարն.
ՄԻՋԹԵՄԱԿԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
1 - 2 սեպտեմբեր Պիքֆայայի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցաւ միջթեմական երիտասարդական հանդիպում` կազմակերպութեամբ ու հրաւէրով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդական բաժանմունքին: Սոյն հանդիպումը կը հետապնդէր երկու նպատակ` ա) մօտէն տեղեակ ... Շարն.
ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ ՀԱՄԱԽՄԲԵՑ ՏԻԳՐԱՆԱԿԵՐՏՑԻՆԵՐԸ ԵՒ ՍՏԵՂԾԵՑ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՄԹՆՈԼՈՐՏ
Կազմակերպութեամբ Տիգրանակերտի հայրենակցական միութեան, կիրակի, 4 սեպտեմբեր 2011-ին, կէսօրուան ժամը 1:00-ին, «Սուլթան Ռումիէ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ վերակազմուած միութեան երկրորդ ճաշկերոյթը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան միութեան գործունէութիւնն ու ծրագիրները: Հաւաքին ներկայ ... Շարն.
ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած «Քաշաթաղը իմ տունն է» խորագիրով ճամբարը տեղի ունեցաւ 16-էն 26 օգոստոս 2011-ին, Քաշաթաղի հարաւային Կովսական շրջանին մէջ: 10 օրերու ընթացքին տարածքի մօտակայ գիւղերէն 4-էն 16 ... Շարն.
ՍԵՐԺ ԹԱՆԳԵԱՆ ԵՐԳԵՑ ԶՈՒՔԻ ԱՄՓԻԹԱՏՐՈՆԻ ՄԷՋ
Կազմակերպութեամբ Play for today and 2U2C ընկերութեան, երէկ` ուրբաթ, 2 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ռոքի փառատօնին ծիրին մէջ Զուքի ամփիթատրոնին վրայ ելոյթ ունեցաւ «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի երգիչ ... Շարն.
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀ. ԱՅՍՕՐ ԲԱՑՈՒՄ` ԱՆՆԱ ՇԱՀՆԱԶԱՐԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին առիթով եւ հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, կը կատարուի բացումը հայրենի տաղանդաւոր գեղանկարիչ Աննա Շահնազարեանի ցուցահանդէսին: Գեղարուեստասէր հանրութիւնը ... Շարն.
ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ՀԱՅՈՐԴԻ, ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՆԱՀԱՏԱԿ ԱԶԱՏԱՄԱՐՏԻԿ ՄՀԵՐ ՋՈՒԼՀԱՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԱՐԺԱՆԱՎԱՅԵԼ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Քիչեր կրնան յանդգնութիւնը ունենալ մահուան դէմ յանդիման կանգնելու, արհամարհելու զայն եւ ի գին նահատակութեան կառչելու իրենց գաղափարներուն, սկզբունքներուն, մտքին, հոգիին ու խղճին ձայնին: Այդ քիչերէն էր համայն հայութեան եւ յատկապէս ... Շարն.
«ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՄԷՋ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է ԴԵՐԸ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ» ՆՇԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Այս բառերով երէկ` հինգշաբթի, 1 սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտուն Արամ Ա. կաթողիկոս բացումը կատարեց Պիքֆայայի մայրավանքին մէջ Միջթեմական Երիտասարդական խորհրդակցական հանդիպումին: Սոյն հանդիպումը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց բաժանմունքին ... Շարն.
ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. ՀՕՄ-Ը ԿԸ ՄԻԱՆԱՅ «ՏՈՐՔԸՍ ԷՅՏ» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԱՓՐԻԿԷԻ ՍՈՎԱՀԱՐՆԵՐՈՒ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐՈՒՆ
Հայ օգնութեան միութիւնը յայտարարեց, որ միացած է «Տորքըս Էյտ» կազմակերպութեան` օժանդակութեան ձեռք մեկնելու համար Ափրիկէի Եղջիւրի շրջանը հարուածած սովի զոհերուն: Անցնող յիսնամեակի ծանրագոյն երաշտը կը հարուածէ Ափրիկէի արեւելեան շրջանները: Այս ... Շարն.
«ԿՈՄԻՏԱՍ» ԹԱՏԵՐԱԽՈՒՄԲ. ՊԱՐՈՆԵԱՆԻ «ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԱՏԱՄՆԱԲՈՒԺ» ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԵԱՆ ԶՈՅԳ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐ
Շաբաթ, 27 եւ կիրակի, 28 օգոստոս 2011-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան «Կոմիտաս» թատերախումբին կազմակերպած` Յակոբ Պարոնեանի «Արեւելեան ատամնաբուժ» կատակերգութեան զոյգ ներկայացումները, ներկայութեամբ թատերասէրներու: Կատակերգութեան ... Շարն.
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ
Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթին հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով «Ազդակ»ի տնօրէնութիւնը հետեւեալ շնորհաւորագիրը յղեց թերթին: «Ալիք» օրաթերթի հիմնադրութեան 80-ամեակը յոբելեանն է նաեւ հայ մամուլին: 80 տարի շարունակ եւ անընդհատ թերթի հրատարակութիւնը յաղթական տօն ... Շարն.

