Category: Գաղութային
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՅԱՏՈՒԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ` ՖԷՅԹՐՈՒՆԻ «ՍԱԹԵԼԻԹԻ» ՀԱՄԱԼԻՐԻ ՄԱՐ ԺԸՐԺՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով երէկ` կիրակի, 14 օգոստոսին, Ֆէյթրունի «Սաթելիթի» համալիրի Մար Ժըրժոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Արարողութիւնը հովանաւորեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց ... Շարն.
«ԱՆՈՒՇ ՀԱՅՐԵՆԻՔ» ԾՐԱԳԻՐՈՎ` ԼԵՄ-ԱԿԱՆՆԵՐ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Նախորդ տարի Հայաստանի Սիսիան շրջանին մէջ ԼԵՄ-ականներ իրականացուցին «Անուշ հայրենիք» ծրագիրը, որ մեծ խանդավառութեամբ եւ ոգեւորութեամբ ընդունուեցաւ շրջանի բնակչութեան կողմէ: Այս տարի եւս 9 ԼԵՄ-ականներ մեկնեցան Հայաստան` նոյն շրջանին մէջ ... Շարն.
ԼՕԽ-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
Հինգշաբթի, 11 օգոստոս 2011-ին, Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Նոր Սիսի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղի շուրջ 100 անդամներ այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի դպրեվանքը: ԼՕԽ-ականները ընդունեց դպրեվանքի տեսչութեան անդամներէն Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան ... Շարն.
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՄԵԿՆԵՑԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Համահայկական 5-րդ մարզախաղերուն մասնակցող ՀՄԸՄ-ի պատուիրակութիւնը, որ կը բաղկանայ 21 մարզիկներէ, 1 մարզիչէ եւ 1 իրաւարարէ, երէկ` ուրբաթ, 12 օգոստոսի երեկոյեան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն մկենեցաւ Պէրութի միջազգային օդակայան` Հայաստան երթալու ... Շարն.
ԵՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉԸ ՆՈՅՆՔԱՆ ՀՄՏՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԲԻՒՐԵՂՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԲՆԱԳԻՐԸ
Վերջերս լիբանանեան «Նահար» թերթին մէջ լոյս տեսաւ «Հէյք Հէյք» խորագրեալ եւ Ռոպէր Հատտեճեանի (Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի խմբագրապետ) ստորագրութիւնը կրող յօդուածը: Խորքին մէջ անիկա նախապէս Պոլսոյ «Մարմարա» թերթի արտօնատէր, խմբագրապետ Ռոպեր ... Շարն.
«ՄԵՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՀԱՅ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄՆ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻՆ ՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԳԱԳԻԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
«Ազդակ»ի երէկուան թիւով անդրադարձած էինք Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեանի, փոխնախագահ Պերճ Ապաճեանի եւ միութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Սապունճեանի խմբագրատուն տուած այցելութեան եւ անոնց հետ կատարուած հարցազրոյցին, որուն ... Շարն.
ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. «ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ» ՆԻՒԹՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ` ԹԵՆԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻՆ ՀԵՏ
Երկուշաբթի, 8 օգոստոս 2011-ին, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյցի երեկոյ մը` նուիրուած «Միջեկեղեցական շարժումը» նիւթին, որուն ներկայ գտնուեցան միաբան հայրեր եւ դպրեվանքի սաներ: Բացման խօսքը արտասանեց դպրեվանքի տեսուչ` Նարեկ արք. ... Շարն.
«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒՈՒՆ 4-ՕՐԵԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍԱՒ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ
Երէկ` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսի առաւօտուն, «Արմենիա» առագաստանաւը, որ չորս օրէ ի վեր Լիբանան կը գտնուէր, պաշտօնապէս աւարտելով մայիս 2009-ին սկսած իր ուղեւորութիւնը մեկնեցաւ Կիպրոս, ուր պիտի դիմաւորուի Հայաստանի նախագահ Սերժ ... Շարն.
«ՄԵՐ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՀԱՅ ՈՍԿԵՐԻՉՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄՆ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒԻՆ ՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԳԱԳԻԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Երէկ` չորեքշաբթի, 10 օգոստոսին, «Ազդակ»ի խմբագրատուն այցելեցին եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցութիւն ունեցան Հայ ոսկերիչներու համաշխարհային միութեան նախագահ Գագիկ Գէորգեան, փոխնախագահ Պերճ Ապաճեան եւ միութեան վարչութեան անդամ Նազարէթ Սապունճեան: Հանդիպումին ընթացքին ... Շարն.
«ԲԱԳԻՆ» ԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍ. ԱՐՏԱՒԱԶԴ ՓԵԼԵՇԵԱՆԻ ՇԱՐԺԱՊԱՏԿԵՐԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ
«Բագին» գրական հանդէսին կազմակերպած ընթերցման հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 10 օգոստոս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի բեմադրիչ Արտաւազդ Փելեշեանի շարժապատկերի արուեստի ծանօթացում: Նիւթը ներկայացուց ... Շարն.
«ԱԶԴԱԿ»Ի ԿԱՅՔԷՋԻ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԲԱԺԻՆԻ ՕԳՈՍՏՈՍԻ ՆՈՐ ՆԻՒԹԵՐԸ
Օգոստոս ամսուան խմբագրականը կը վերաբերի վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն: Անիկա կը կրէ «Ծայրայեղական Հայաստան»ն ու «չափաւորական սփիւռքը» խորագիրը: Վերլուծական յօդուածներու կարգին կը կարդանք ... Շարն.
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԵՒ ԱՍԻՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ
Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Ասիոյ քրիստոնեայ համաժողովի կազմակերպութեամբ «Խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն Ասիոյ մէջ» նիւթով խորհրդակցական ժողովը տեղի ունեցաւ 1-5 օգոստոս 2011-ին` Պանքոքի մէջ, Թայլանտ: Սոյն խորհրդաժողովին մասնակցեցան 22 երկիրներու քրիստոնեայ ... Շարն.
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի Կազդուրման կայանի ծրագիրին կը մասնակցին 55 պատանիներ: Հսկողութեամբ մասնագիտացած անձնակազմի մը, ընկերային յանձնախումբին եւ ներկայացուցիչ ընկերուհիին, անոնք կը ստանան առողջապահական եւ սննդական խնամք, անոնց կը ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԻՆ. «ՊԱՏԱՀԱԿԱՆ ՉԷ, ՈՐ 100 ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՈՒՆԻՆՔ 100 ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԸՍԱՒ ԶՕՐԻ ԲԱԼԱՅԵԱՆ
«Արմենիա» առագաստանաւի Լիբանան ժամանման առիթով երէկ` երկուշաբթի, 8 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նաւախումբի ղեկավար Զօրի Բալայեան եւ նաւապետ ... Շարն.
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ՆԱՒՈՒՆ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԸ
Երէկ` երկուշաբթի, 8 օգոստոս 2011-ին, Արամ Ա. կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի հայրապետական ամարանոցին մէջ ընդունեց հայրենի «Արմենիա» առագաստանաւուն անձնակազմը` գլխաւորութեամբ հայրենի մտաւորական Զօրի Բալայեանի: Անձնակազմին ընկերանալով` զայն վեհափառին ներկայացուց ... Շարն.
ԱՅՆՃԱՐ. ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ` Ի ՊԱՏԻՒ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻՆ
Կիրակի, 7 օգոստոսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ «Արմենիա» առագաստանաւի անձնակազմն ու Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան արժանացան ժողովրդային ընդունելութեան: Հայրենի ... Շարն.
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Տեղեկացնում ենք, որ Արցախի հերոս, «Մեսրոպ Մաշտոցի» շքանշանակիր, բանակի կոմիսար, յայտնի գրող, հրապարակախօս, բժշիկ Զօրի Բալայեանի ղեկավարած «Արմենիա» առագաստանաւը Պէյրութից կը մեկնի ս.թ. օգոստոսի 10-ին, առաւօտեան ժամը 10.00-ին: Հրաւիրում ենք ... Շարն.
«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԸ ԼԻԲԱՆԱՆ ՀԱՍԱՒ. «ՉԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՆՑ ՍՓԻՒՌՔԻ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԶՕՐԻ ԲԱԼԱՅԵԱՆ
Տըպպայէի Մարինա նաւահանգիստը տարբեր պատկեր ու խորհուրդ կը կրէր շաբաթ, 6 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 5:30¬ին. արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին եւ մայրենի լեզուի պահապանները հանդիսացող հայ մայրերուն նուիրուած ուղեւորութեամբ 28 ... Շարն.
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՆՈՒԿ ԱՍՏՂ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011 թուականը «Հայ մանուկի տարի» հռչակուելուն առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն կարգին, հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, արդէն քանի ... Շարն.
«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՏԱՆԻԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ՛Ն»
Վերոյիշեալ խորագիրը կը կրէ Արամ Ա. կաթողիկոսի հրատարակած նոր գիրքը` անգլերէնով` («Թէյքինկ տը չըրչ թու տը փիփըլ»: Արդարեւ, շուրջ 225 էջերու վրայ տարածուած այս հրատարակութեան նախաձեռնած է վեհափառը` նկատի ունենալով ... Շարն.

