Category: Գաղութային
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Անքնութեան Հետեւանքները Եւ Կանխարգիլման Միջոցները» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անքնութեան հետեւանքները եւ կանխարգիլման ... Շարն.
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Նախաձեռնութեամբ Պուրճ Համուտի Բոլոր Դպրոցներու 1-4-րդ Դասարաններու Աշակերտներու Խանդավառ Ամանոր
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով, երէկ` երեքշաբթի, 18 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին «Միշել Մըր» համալիրին մէջ Պուրճ Համուտի բոլոր վարժարանները յաճախող 1-4-րդ դասարաններու աշակերտները ... Շարն.
Շուշան Արթինեան, Լորի Այնթապլեան Եւ Էլիոնոր Շուլց Եռեակի Միացեալ Համերգ
Լուսանկարը` ԱՍՕ ԿԱՐՎԱՆԵԱՆի Երէկ` երեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Շուշան Արթինեան (թաւջութակ), Լորի Այնթապլեան (դաշնակ) ... Շարն.
«Վանայ Ձայն»-ը Կ՛օժտուի Ուղղակի Սփռումի Սարքով
«Վանայ Ձայն»-ի ազգանուէր առաքելութեան սատար հանդիսանալու նախանձախնդրութենէն մղուած, ամերիկահայ բարերարի մը 16,000 ամ. տոլար նուիրատուութեամբ «Վանայ ձայն»-ը օժտուեցաւ ուղղակի սփռումի արդիական շարժական սարքով մը (wireless broadcasting portable trausmiter): Այս առիթով ... Շարն.
Չորս Միաբաններ Կը Ստանան Ծայրագոյն Վարդապետութեան Աստիճան` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ
Կիրակի, 16 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր տաճարին մէջ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Փառէն վրդ. Վարդանեան, Վաղինակ վրդ. Մելոյեան, ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց «Պարնապաս» Հիմնադրամի Տնօրէնը
Շաբաթ երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Լոնտոնի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող «Պարնապաս» մարդասիրական հիմնադրամի տնօրէն Փաթրիք Սուխթէոն` իր գործակիցներուն ընկերակցութեամբ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեան ... Շարն.
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 122-ամեակի Հանդիսութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի Արտասանած Խօսքը
Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը առիթ է հաւաքական կազմակերպական ինքնարժեւորման: Սխալ պիտի ըլլար սակայն, եւ հիմնական սխալ, այդ առիթները վերածել ինքնագովասանքի, միայն իրագործուածը նշելու, ատով բաւարարուելու եւ պարտականութիւնը կատարածի հոգեբանութեամբ լուռ կամ ... Շարն.
ՀՅԴ-ի 122-ամեակի Համաժողովրդային Եւ Արժանավայել Տօնախմբութիւն.
Մինասեան. «Դաշնակցութեան Ընդդիմադիր Կեցուածքը Ինքնանպատակ Չէ, Այլ Կը Միտի Պահպանել Եւ Ամրապնդել Պետականութիւնը, Հետապնդել Հայութեան Շահերը» Մխիթարեան. «Դաշնակցութիւնը Լիբանանի Մէջ Իր Բոլոր Ճիգերը Ի Գործ Կը Դնէ Զօրակցելու Երկրին Գերիշխանութեան ... Շարն.
73 Նորագիրներ Միացան ՀՅԴ-ի Շարքերուն
Երէկ, 14 դեկտեմբերի երեկոյեան 73 նորագիրներ տուին իրենց դաշնակցականի երդումը եւ միացան ՀՅԴ-ի Լիբանանի կազմակերպութեան շարքերուն` ՀՅԴ ԶՈՄ-էն, ԼԵՄ-էն եւ շրջաններէն: Օրուան կնքահայրն էր գրագէտ եւ մտաւորական Պօղոս Սնապեան, որ ... Շարն.
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը 100.000 Ամերիկեան Տոլար Կը Յատկացնէ Սուրիահայութեան
Հաղորդագրութիւն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը կը յայտնէ, որ ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2012-ին իր կազմակերպած դրամահաւաք ռատիոթոնին ստացաւ 108.000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւններ եւ նուիրատուութիւններու խոստումներ, որոնք պիտի յատկացուին նախապէս ... Շարն.
Լօխ-ի Ընկերային Յանձնախումբ. Այս Տարի Ամանորեան Հաւաքոյթին Ուրախութեան Մասնակից Դարձան Նաեւ Սուրիահայ Աշակերտները
Ամէն տարի ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը Կաղանդը նախորդող շաբաթներուն ընթացքին Նոր տարուան աւանդութեան վերածուած հաւաքոյթ կը կազմակերպէ Կազդուրման կայանի փոքրիկներուն համար: Այս տարի հաւաքոյթը իւրայատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, որովհետեւ Կազդուրման ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Նախագահէ Ծայրագոյն Վարդապետներու Թէզերու Ներկայացման
Ուրբաթ, 14 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսի նախագահութեամբ եւ միաբան հայրերու ու դպրեվանքի ուսուցիչներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանի չորս թեկնածու միաբաններու թէզերուն ներկայացումը եւ ... Շարն.
«Սուրիոյ Հայութեան Օգնութիւնը Ամբողջ Հայութեան Պարտաւորութի՛ինն Է» Վերահաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Անցնող օրերուն ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանահայ օգնութեան խաչի պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան տնօրէնը: Անոնք լայնօրէն զեկուցեցին վեհափառ հայրապետին ընդհանրապէս իրենց կատարած մարդասիրական աշխատանքներուն եւ յատկապէս պայմաններու ... Շարն.
Մամլոյ 77-րդ Լսարան. Փրոֆ. Սեդա Տատոյեան Զեկուցեց «Հայկական Բաներ» Եւ Հայագիտութեան Տագնապը Նիւթին Մասին
Գործակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի կազմակերպած մամլոյ 77-րդ լսարանը` ... Շարն.
Զեկուցելով Լիբանանեան – Հայաստանեան Յարաբերութեանց Մասին Դեսպան Աշոտ Քոչարեան Սփիւռքի Նախրարութեան Անունով Պարգեւատրեց Հայ Արուեստի, Մշակոյթի Եւ Կրթական Մշակներ
Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ երէկ` հինգշաբթի, 13 դեկտեմբերին, յատուկ հանդիսութեամբ պարգեւատրուեցան հայ արուեստի, մշակոյթի եւ կրթական վաստակաշատ մշակներ` ներկայութեամբ մտաւորական եւ մշակութասէր հրաւիրեալներու: Ունկնդրելէ ետք Երեւանի պետական երաժշտանոցի Սմբատեանի ... Շարն.
Ատիս Հարմանտեան Պարգեւատրուեցաւ Սփիւռքի Նախարարութեան «Կոմիտաս» Մետալով
13 դեկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանը, Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեանը եւ ... Շարն.
Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ
Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտ Դամասկոսի Ժարամանա արուարձանի մուտքին երկու ինքնաշարժներու մէջ տեղադրուած ականներ պայթեցան, մէկ զոհ եւ չորս վիրաւորներ կան: Իսկ աւելի ուշ, մայրաքաղաքի կեդրոնին ... Շարն.
«Պէյրութը Կ՛երգէ» Հոգեւոր Երաժշտութեան 5-րդ Փառատօնը Կը Շարունակուի «Արմիս» Երգչախումբի Ս. Ծնունդի Տօնին Նուիրուած Որակաւոր Համերգը
«Պէյրութը կ՛երգէ» հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ փառատօնի համերգներու շրջագիծին մէջ, հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ - Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, երէկ` չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ ... Շարն.
Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Ուղեղի Եւ Սրտի Կաթուածը Երիտասարդներուն Մօտ» Նիւթով Դասախօսութիւն
Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 12 դեկտեմբեր 2012-ին կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ուղեղի եւ սրտի կաթուածը ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբի Ընդհանուր Քարտուղարը
Երէկ` երեքշաբթի, 11 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղատ դոկտ. Մոհամետ Սամմաքը: Յայտնենք, որ դոկտ. Սամմաք միաժամանակ Արաբական երկխօսութեան յանձնախումբի ... Շարն.

