Category: Մարզական
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սաֆա Գրաւեց Պարագլուխի Դիրքը. Շապապ Ղազիէ Փոխադրուեցաւ Բ. Դասակարգ
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Լիբանանի Ա. դասակարգի ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սաֆա գրաւեց պարագլուխի դիրքը` 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անսարի: Նըժմէ նոյն արդիւնքով պարտուեցաւ Ահտէն` իր տեղը զիջելով Սաֆայի: ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ Կրնայ Բարձրանալ Ա. Դասակարգ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ ճակատումին, այսօր` երկուշաբթի, 13 մայիսին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Պէյրութ - Թատամոն Զուք մրցումը: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի ... Շարն.
Ճատրակի Մրցաշարք` Ռուսիոյ Մշակութային Կեդրոնին Մէջ. Հրակ Լախեան` Առաջին. Հրայր Գասպաեան Եւ Ճիօ Գալուստ` Երկրորդ. Նանօր Առնելեան` Երրորդ
Ձախէն աջ` Հրայր Գասապեան, Հրակ Լախեան, Նանօր Առնելեան եւ Ճիօ Գալուստ Հովանաւորութեամբ Ռուսիոյ մշակութային կեդրոնին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, երէկ` կիրակի, 12 մայիսին, վերոնշեալ կեդրոնին մէջ (Վերտան) տեղի ունեցաւ ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Ժընուպ Թուլ Հանդիսացաւ Ախոյեան. ՀՄԸՄ Պէյրութ Գրաւեց 4-րդ Դիրքը
Նախորդ շաբաթավերջին Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) աւարտեցաւ Լիբանանի փինկ փոնկի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ժընուպ Թուլի եւ Ռիատի Պէյրութի միջեւ: Ժընուպ Թուլ, արձանագրելով ... Շարն.
Կիրակի, 12 Մայիսին. Ճատրակի Մրցաշարք` Ռուսիոյ Մշակութային Կեդրոնին Մէջ
Հովանաւորութեամբ Ռուսիոյ մշակութային կեդրոնին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, վաղը` կիրակի, 12 մայիսին, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ մրցաշարք մը վերոնշեալ կեդրոնին մէջ` Պէյրութի Վերտան փողոց, ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Թատամոն Զուք – ՀՄԸՄ Պէյրութ` 47- 52
Երէկ երեկոյեան Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Թատամոն Զուք - ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Ինչպէս ծանօթ ... Շարն.
Անգլիոյ Բաժակի Մրցաշարք. Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Ուիկըն Աւարտական
Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտը այսօր կը հիւրընկալէ Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը ճակատին Մանչեսթըր Սիթի եւ Ուիկըն: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 14:45-ին` Պէյրութի ... Շարն.
Այցելութիւն` Համատի Եւ Քալուշի
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան, ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ապտօ Նատեր, ինչպէս նաեւ «Կրին Մայնտ» միութեան մէկ պատուիրակութիւնը ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. Տիտղոսին Համար Պայքարը` Ռիատի Պէյրութի Եւ Ժընուպ Թուլի Միջեւ
Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ մնացած է միայն աւարտական եւ 3-րդ դիրքի մրցումը: ... Շարն.
Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը
Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումներէն ոմանք պիտի ըլլան հետաքրքրական եւ ճակատագրական` մանաւանդ տիտղոսին համար պայքարողներուն համար: Ստորեւ յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Թատամոն Զուք – ՀՄԸՄ Պէյրութ Երկրորդ Մրցումը
Այսօր` ուրբաթ, 10 մայիսին, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Թատամոն Զուք եւ ՀՄԸՄ Պէյրութ դէմ յանդիման կու գան իրարու` երկրորդ անգամ ըլլալով: ՀՄԸՄ Պէյրութ, ... Շարն.
Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Շաբաթասկիզբին իր գումարած հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները, յայտարարեց, որ բոլոր այն մարզիչները, որոնք Գ. կարգի վկայական ստացած են եւ կը փափաքին Բ. ... Շարն.
Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց Այս Տարեշրջանին Իր Յայտագիրը
Իր գումարած հերթական ժողովին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը հրապարակեց այս տարեշրջանին իր յայտագիրը: Յայտագիրը պիտի սկսի 19 մայիսին, երբ տեղի ունենայ Լիբանանի ֆետերասիոնին բաժակի մրցաշարքը, Մարինայի շրջանին մէջ (Տըպպայէ), բոլոր դասակարգերուն ... Շարն.
Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Յաղթեց Շապապ Ֆաուարի Եւ Անդրանիկ Պէյրութի
Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) շարունակուող Լիբանանի փինկ փոնկի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ, յաջողեցաւ երկու յաղթանակ արձանագրել` իր կատարած 7-րդ եւ 8-րդ հանգրուանին գծով: ՀՄԸՄ ... Շարն.
Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Հայրենի Վարպետներուն Ապահոված Կէտերը` 4-րդ Հանգրուանի Մրցումներէն Ետք
Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, հայրենի ճատրակ խաղացողները ապահոված են հետեւեալ կէտերը. ԿԷՏ Վլատիմիր Յակոբեան 2,5 Սերկէյ Մովսիսեան 3 Գաբրիէլ Սարգսեան 3 Տիգրան ... Շարն.
6-րդ Անգամ Ըլլալով Փիւնիկը Հայաստանի Բաժակակիր
Նախանցեալ օր Հրազդան մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին աւարտականի մրցումը, որուն ընթացքին, իրարու դէմ մրցեցան Փիւնիկ Երեւան եւ Հայաստանի նոր ախոյեան հանդիսացած Շիրակ Գիւմրի: Տարօն Ոսկանեանի նշանակած ... Շարն.
Կարէն Գրիգորեան Եւ Յովիկ Հայրապետեան ՖԻՏԷ-ի Կրանտմասթըրի Կոչում Ստացան
Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ ՖԻՏԷ-ն կրանտմասթըր-ի կոչում շնորհած է Հայաստանի ներկայացուցիչներ Կարէն Գրիգորեանին եւ Յովիկ Հայրապետեանին: Այժմ, Գրիգորեան, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Թատամոն Զուք` 1-0
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, երէկ` չորեքշաբթի, 8 մայիսին, իրարու դէմ մրցեցան ՀՄԸՄ Պէյրութ եւ Թատամոն Զուք: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի Դաշտային Մրցումներուն Արդիւնքները
Կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին, կիրակի, 14 ապրիլ, 2013-ին, առաւօտեան ժամը 7:30-ին սկիզբ առին 2012-2013 տարեշրջանի աթլեթիզմի մրցումները` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: Մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 258 ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Թատամոն Զուք Աւարտականի Առաջին Մրցումը
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, այսօր` չորեքշաբթի, 8 մայիսին, իրարու դէմ յանդիման պիտի գան ՀՄԸՄ Պէյրութը եւ Թատամոն Զուքը: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:30-ին, ... Շարն.

