Category: Մարզական

Քալչիօ. Եուվենթուս Պարտուեցաւ, Բայց Հանդիսացաւ Երթի Ախոյեան

January 8, 2013

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումները: Թէեւ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Եուվենթուս 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Սամտորիայէն, սակայն հանդիսացաւ երթի ... Շարն.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Անգլիոյ Եւ Ֆրանսայի Բաժակի Մրցաշարքեր.  Չելսի Եւ Լիվըրփուլ Յաղթեցին. Արսենալ Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Հաւասարութիւններ Արձանագրեցին

Եւրոպական Ֆութպոլ. Անգլիոյ Եւ Ֆրանսայի Բաժակի Մրցաշարքեր. Չելսի Եւ Լիվըրփուլ Յաղթեցին. Արսենալ Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Հաւասարութիւններ Արձանագրեցին

January 8, 2013

Լիվըրփուլի մարզիկները կը տօնեն Տանիել Սթարիճի նշանակած կոլը Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցան բաժակի մրցաշարքեր: Անգլիոյ մէջ կատարուեցան Գ. հանգրուանի, իսկ Ֆրանսայի մէջ 1-64-րդ հանգրուանի մրցումները: ... Շարն.

Լիբանանի Ֆութպոլի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ 3-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Թատամոն Պէյրութէն

Լիբանանի Ֆութպոլի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ 3-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Իր Հիւրէն` Թատամոն Պէյրութէն

January 5, 2013

ՀՄԸՄ - Թատամոն Պէյրութ երէկուան մրցումէն Երէկ` ուրբաթ 4 յունուարին, Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկու հանդիպումներ: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ... Շարն.

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

January 5, 2013

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 5-9 յունիսին Ամմանի մէջ (Յորդանան) տեղի ունենալիք Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն: ... Շարն.

Արթուր Պետրոսեան Նշանակուեցաւ Ցիւրիխի Երիտասարդներու Ֆութպոլի Խումբի Գլխաւոր Մարզիչ

Արթուր Պետրոսեան Նշանակուեցաւ Ցիւրիխի Երիտասարդներու Ֆութպոլի Խումբի Գլխաւոր Մարզիչ

January 5, 2013

ArmFootball.com հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Շիրակ Գիւմրիի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Արթուր Պետրոսեան նշանակուեցաւ զուիցերիական Ցիւրիխ խումբին 21 տարեկանէն վար երիտասարդներու կազմի մարզիչ: Նախկին մարզիչը` ... Շարն.

Եւրոպական Ֆութպոլ. Բաժակի Մրցաշարքի Մրցումներ` Անգլիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ

January 5, 2013

Այս շաբաթավերջին Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ տեղի պիտի ունենան բաժակի մրցաշարքի մրցումներ, որոնց ընթացքին բնականաբար պիտի կատարուին հետաքրքրական ճակատումներ: Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան 3-րդ, իսկ Ֆրանսայի մէջ` 1-64-րդ հանգրուանի ... Շարն.

Քալչիօ. Շաբաթավերջին` 19-րդ Հանգրուանի Մրցումները

January 5, 2013

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան (Քալչիօ) 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան այս շաբաթավերջին, պիտի կատարուին հետաքրքրական ճակատումներ, որոնց կարգին` Եուվենթուս - Սամտորիա, Նափոլի - Ա. Էս. Ռոմա ... Շարն.

Հրայր Մկոյեան Պիտի Տեղափոխուի Լվով

Հրայր Մկոյեան Պիտի Տեղափոխուի Լվով

January 5, 2013

Իր լուրը քաղելով NEWS.amSport կայքէջէն` ArmFootball.com հայկական լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Շիրակ Գիւմրիի յետսապահ Հրայր Մկոյեան, ֆութպոլի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ուքրանական Լվով ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Անուար – ՀՄԸՄ Պէյրութ Մրցումը Յետաձգուեցաւ Վաղուան

January 4, 2013

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ սկզբունքով այսօր` ուրբաթ, 4 յունուարին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ տեղի ունենալիք Անուար - ՀՄԸՄ Պէյրութ մրցումը, որ կ՛իյնայ տղոց ... Շարն.

«Մաութըն Պայք»-ի Նոր Դասաւորման Մէջ  Լիբանան Բարձրացաւ 44-րդ Դիրք

«Մաութըն Պայք»-ի Նոր Դասաւորման Մէջ Լիբանան Բարձրացաւ 44-րդ Դիրք

January 4, 2013

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած «Մաութըն Պայք»-ի միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Լիբանան 58-րդ դիրքէն բարձրացաւ 44-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 362 ... Շարն.

Պապիկեան Եղբայրները Շատ Հաւանաբար Միանան Սպարտակ Մոսկուայի

Պապիկեան Եղբայրները Շատ Հաւանաբար Միանան Սպարտակ Մոսկուայի

January 4, 2013

Իր լուրը քաղելով lodz.sport.pl կայքէջէն` Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ լեհական Լոց խումբին մաս կազմող Աղուան եւ Վոլոտիա Պապիկեան եղբայրները շատ հաւանաբար իրենց ակումբը լքելով միանան Սպարտակ Մոսկուայի: ... Շարն.

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Շարունակուին Դարձի Ա. Հանգրուանի Մրցումները

January 4, 2013

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր տեղի ունեցած մրցումներուն Ամշիթ եւ Շանվիլ յաղթանակներ արձանագրեցին` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Անիպալ Զահլէն (119-89) եւ Անդրանիկ ... Շարն.

Լա Լիկա. Այսօր` Ռէալ Սարակոսա – Ռէալ Պեթիս

January 4, 2013

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 185-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, այսօր Ռէալ Սարակոսա կը հիւրընկալէ Ռէալ Պեթիսը: Շաբաթ եւ կիրակի օր տեղի կ՛ունենան չորսական մրցումներ, մինչ 18-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի երկուշաբթի, 7 ... Շարն.

Վարդերես Սամուրղաշեւ Հայաստանեան Քաղաքացիութիւն Ստացաւ

Վարդերես Սամուրղաշեւ Հայաստանեան Քաղաքացիութիւն Ստացաւ

January 4, 2013

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով, ռուս հանրածանօթ մարզիկ, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Վարդերես Սամուրղաշեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացաւ: «Թէեւ ծնած եւ մեծցած եմ Տոնի Ռոսթովի մէջ, սակայն ես հայ եմ եւ հպարտ ... Շարն.

Սթարիճ Չելսիէն Միացաւ Լիվըրփուլի

Սթարիճ Չելսիէն Միացաւ Լիվըրփուլի

January 4, 2013

Անգլիացի յառաջապահ Տանիել Սթարիճ Եւրոպայի ախոյեան Չելսին լքելով միացաւ Լիվըրփուլի, կը յայտնէ «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը: Անոր փոխանցման գումարին մասին ոչինչ յայտարարուեցաւ, ո՛չ ալ ըսուեցաւ, թէ անոր ստորագրած պայմանագրութիւնը քանի տարուան ... Շարն.

Սկովտիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Սելթիք Ամրապնդեց Պարագլուխի Իր Դիրքը

January 4, 2013

Սկովտիոյ ֆութպոլի «փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սելթիք 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Մատըրուելը, ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը: Անիկա այժմ 9 կէտի առաւելութիւն մը ունի Ինվըրնըսի եւ Մատըրուելի վրայ, ... Շարն.

Մանչինի Եւ Պալոթելլի Փորձերու Ընթացքին Կռիւ Ունեցան Իրարու Հետ

Մանչինի Եւ Պալոթելլի Փորձերու Ընթացքին Կռիւ Ունեցան Իրարու Հետ

January 4, 2013

Համացանցի կարգ մը կայքէջեր հրապարակեցին Մանչեսթըր Սիթիի վերջին փորձերէն լուսանկարներ, ուր կը տեսնուի, թէ ակումբի մարզիչ Ռոպերթօ Մանչինի եւ յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի կռիւ կ՛ունենան իրարու հետ: Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն ... Շարն.

Էն. Պի. Էյ.  Ճէյմս Օգնեց Հիթի, Որ Երկարաձգման Յաղթէ Մավըրիքսի (119-109)

Էն. Պի. Էյ. Ճէյմս Օգնեց Հիթի, Որ Երկարաձգման Յաղթէ Մավըրիքսի (119-109)

January 4, 2013

Լեպրըն Ճէյմզ (ձախին) Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած 12 ճակատումներուն ընթացքին, Մայեմի Հիթ - Տալաս Մավըրիքս հանդիպումը միակն ըլլալով աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք միայն` ի ... Շարն.

Հենրիխ Մխիթարեան` Հայաստանի 2012 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը. Վարդան Մինասեան` Լաւագոյն Մարզիչը

Հենրիխ Մխիթարեան` Հայաստանի 2012 Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը. Վարդան Մինասեան` Լաւագոյն Մարզիչը

January 3, 2013

Հենրիխ Մխիթարեան(Լուսանկարը` Յակոբ Պէրպէրեանի) Կիրակի, 30 դեկտեմբեր 2012-ին, «Հարսնաքար» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ֆութպոլի տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին յայտնի դարձան Հայաստանի 2012 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստին եւ լաւագոյն մարզիչին անունները: Նախորդ ... Շարն.

Ճատրակ.  Զաւէն Անդրէասեան Տիրացաւ Կրոնինկընի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ճատրակ. Զաւէն Անդրէասեան Տիրացաւ Կրոնինկընի Մրցաշարքի Տիտղոսին

January 3, 2013

Armsport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Զաւէն Անդրէասեան տիրացաւ Կրոնինկընի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` ապահովելէ ետք 7 կէտ: Անդրէասեանէն բացի մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայրենի այլ ... Շարն.