Category: Մարզական
Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Կիրակի, 28 Հոկտեմբերին` 7-րդ Եւ Վերջին Հանգրուանի Մրցումը
Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի Քարթինկի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումը` «Փիթ Սթափ» վազքուղիին վրայ (Զուք): Ախոյեանութիւնը ... Շարն.
Ճատրակ. Դանիէլեան Եւ Մկրտչեան Պիտի Մասնակցին Աշխարհի Աղջկանց Ախոյեանութեան
«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջիկայ 10 նոյեմբերէն 2 դեկտեմբեր Ռուսիոյ Խանթի Մանսիսք քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ճատրակի աղջկանց ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան: ... Շարն.
Արթուր Աբրահամ Ամանորին Պիտի Գտնուի Հայաստանի Մէջ
Գերմանիան ներկայացնող հայազգի արհեստավարժ կռփամարտիկ, WBO-ի կռփամարտի աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամ Ամանորին պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ: «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Աբրահամ ըսած է. «Հայաստան գալու փափաքս ... Շարն.
Տիգրան Պետրոսեանի Չորրորդ Նոր Արձանը` Հայաստանի Մէջ
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ աշխարհի ճատրակի 9-րդ ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի նոր արձանը զետեղուած է Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի մէջ: Անիկա այսպիսով կը հանդիսանայ Պետրոսեանի 4-րդ արձանը, ... Շարն.
Հեծելարշաւ. Լենս Արմսթրոնկէն Խլուեցան Անոր Տիտղոսները
Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով` միջազգային հեծելարշաւի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ ցմահ որակազրկուած ամերիկացի հեծելանւորդ Լենս Արմսթրոնկէն խլուեցան անոր բոլոր տիտղոսները: 41 տարեկան Արմսթրոնկ, որ արդէն իսկ լքած էր իր արհեստավարժ ասպարէզը, ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Յաղթեց Սելթիքի` Մրցումին Վերջին Վայրկեանին
Պարսելոնա - Սելթիք մրցումէն «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, որ այժմ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ` Ե., Զ., Է. եւ Ը. խմբակներուն մէջ: Պարսելոնա քիչ մը դժուար, ... Շարն.
Ճատրակ. Ամերիկեան Ախոյեանութիւն. Սեւակ Մխիթարեան Հանդիսացաւ 8-րդ
Սեւակ Մխիթարեան Պրազիլահայ կրանտմասթըր Սեւակ Մխիթարեան բաւական լաւ արդիւնք արձանագրելով եւ առաւելագոյն 11 կէտէն 8 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 8-րդ Ամերիկեան ցամաքամասային ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ Մար տել Փլաթայի մէջ (Արժանթին): ... Շարն.
Ռասինկ Ակումբի Ընտրութիւններ
Երկուշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2012-ին տեղի ունեցան Ռասինկ ակումբին ընտրութիւնները 37 անդամներու կողմէ, որոնք ամբողջացուցին ընտրութիւններուն օրինականութիւնը: Այս ընտրութիւններուն ձախողեցան ընտրուիլ հետեւեալ թեկնածուները. Ժորժ Մրատ (7 ձայն), Յովսէփ Մոսկոֆեան (6 ձայն) ... Շարն.
Ճատրակ. Այսօր` Փոխախոյեան Միքայի Մամլոյ Ասուլիսը
Armchess.am, որ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջն է, կը հաղորդէ, որ այսօր` չորեքշաբթի, 24 հոկտեմբերին, Տիգրան Պետրոսեանի ճատրակի տան մէջ, Եւրոպայի ճատրակի ակումբներու բաժակի մրցաշարքի փոխախոյեան հանդիսացած Միքա պիտի տայ ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Պուրճ Համուտի Մինի Մարաթոնը` Յառաջիկայ 4 Նոյեմբերին
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով` Պուրճ Համուտի մինի մարաթոնը, որ կազմակերպած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը, հովանաւորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 4 նոյեմբեր 2012-ին, առաւօտեան ժամը ... Շարն.
Լիբանանեան Ֆութպոլ. Սկզբունքով Մրցումները Տեղի Պիտի Ունենան Այսօր Եւ Վաղը
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջէն ի վեր Լիբանանի մէջ կը տիրէ անապահով կացութիւն մը: Ատոր պատճառով գրեթէ ամբողջութեամբ սառեցաւ լիբանանեան մարզական կեանքը: Իր գումարած արտակարգ ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, սառեցուց ... Շարն.
«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Շախտիոր Տոնեցք – Չելսի
Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենան 8-ական ճակատումներ` ութ տարբեր խմբակներու մէջ: Ե. խմբակին մէջ այսօր տեղի պիտի ունենայ բաւական ... Շարն.
Եւրոպայի Կռփամարտի Ֆետերասիոնը Շնորհաւորական Ուղերձ Յղեց Հայաստանի Կռփամարտի Ֆետերասիոնին
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Սամուէլ Գասպարեան իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին նշեց, որ Հայաստան շնորհաւորական ուղերձ մը ստացած է Եւրոպայի կռփամարտի ֆետերասիոնէն: PanArmenian.Net լրատուական կայքէջին հաղորդած լուրին համաձայն, այդ մէկը ... Շարն.
ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. «Քիծ Աթլեթիքս»-ի Մրցումը` 18 Նոյեմբեր 2012-ին
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած «Քիծ Աթլեթիքս»-ի մրցումը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար կիրակի, 28 հոկտեմբեր 2012-ին, յետաձգուած է կիրակի, 18 նոյեմբեր 2012-ին` Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին առաջարկով: Սոյն ... Շարն.
Ա. Թէ. Սէ. Էլ. Այսօր` 2012 Տարեշրջանի Մրցանակաբաշխութիւնը
Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, այսօր` երեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք) տեղի պիտի ունենայ 2012 տարեշրջանի մրցանակաբաշխութիւնը: Շարն.
Մարզական Լրագրողներուն Միջեւ Տեղի Ունենալիք Այսօրուան Հանդիպում – Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի հրաւէրով, սկզբունքով այսօր` երեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենար յատուկ հանդիպում-ժողով մը` մարզական լրագրողներուն միջեւ: Սակայն երկրին մէջ տիրող անապահով կացութեան պատճառով ... Շարն.
Լացիօ Ռոմա 40 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ
Իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով նախորդ շաբաթավերջին Լացիօ Ռոմա Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ 40 հազար Եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ: Նախորդ ամիս Թոթենհամի դէմ տեղի ունեցած «Եուրոփա լիկ»-ի մրցումին, իտալական կազմին համակիրները ... Շարն.
Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով
Երէկ` երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերին, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը ՀՄԸՄ Ժունիէի ակումբին մէջ գումարեց իր ժողովը: Այդ ժողովին ընթացքին Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան շնորհաւորեց ներկաները` նոր ընտրութիւններուն առիթով, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
2018-ի Ամառնային Պատանիներու Ողիմպիականը Հիւրընկալելու Համար. Հինգ Քաղաքներ Պաշտօնապէս Առաջադրեցին Իրենց Թեկնածութիւնը
Իր լուրը քաղելով ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութենէն` «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ հինգ քաղաքներ պաշտօնապէս առաջադրեցին իրենց թեկնածութիւնը` հիւրընկալելու համար 2018-ի Ամառնային պատանիներու ողիմպիական խաղերը: Այդ հինգ քաղաքներն են (թեկնածութիւն ... Շարն.
Թենիս. Նալպանտեան 12 Դիրքի Նահանջ Մը Արձանագրեց
Երէկ` երկուշաբթի, 22 հոկտեմբերին, Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց նոր դասաւորումը, որուն մէջ Դաւիթ Նալպանտեան 18 դիրքի նահանջ մը արձանագրելով այժմ 635 կէտով կը գրաւէ 77-րդ դիրքը: Վիրաւոր Նալպանտեան նախապէս յայտարարած ... Շարն.

