Category: Մարզական
ՔԱՓՏԵՎԻԱ ՄԻԱՑԱՒ ՊԵՆՖԻՔԱՅԻ
Սպանացի յետսապահ Խուան Քափտեվիա համաձայն գտնուեցաւ իր ակումբը` Վիարէալը լքել եւ միանալ փորթուգալեան կազմերէն Պենֆիքայի, յայտնեցին վերջինիս պատասխանատուները: Հակառակ անոր որ 33 տարեկան Քափտեվիա մինչեւ յունիս 2013 պայմանագրութիւն մը ստորագրած ... Շարն.
ՌՈՆԱԼՏ ՔԷՕՄԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ՖԷՅԷՆՈՒՐՏ ՌՈԹԵՐՏԱՄԻ ՄԱՐԶԻՉ
Հոլանտական Ֆէյէնուրտ Ռոթերտամ ֆութպոլի ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ռոնալտ Քէօման նշանակուեցաւ մարզիչ: 48 տարեկան Քէօման, որ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ֆէյէնուրտի հետ, իր պաշտօնը ... Շարն.
ՍԿՈՎՏԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ 2011-2012 ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
Ռէյնճըրզ - Հարթց բացման մրցումով այսօր` շաբաթ, 23 յուլիսին կը սկսի Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանը: Անոր կը յաջորդեն երկու այլ մրցումներ, մինչ վաղը եւս տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Ա. ... Շարն.
ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄԷՋ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐ ԾԱԽՈՂՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՎԵՑ ԱՄԻՍ ԲԱՆՏԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՎՃԻՌ ՊԻՏԻ ՍՏԱՆԱՆ
Պուլկարիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ շուտով գործադրութեան պիտի դրուի երկրին խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած օրէնքը, որ աւելի քան վեց ամսուան բանտարկութեան վճիռ պիտի արձակէ այն անձերուն ... Շարն.
ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՇԱԼՔԷ – ՊՈՐՈՒՍԻԱ ՏՈՐԹՄՈՒՆՏ
Գերմանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքին, այսօր տեղի պիտի ունենայ Պորուսիա Տորթմունտ - Շալքէ ճակատումը, ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: Նշենք, որ Տորթմունտ Պունտըսլիկայի ախոյեանն է, իսկ Շալքէ` բաժակակիրը: Շարն.
ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՊԶՏԻԿՆԵՐՈՒ ԵՒ ՓՈՔՐԵՐՈՒ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսաւ տարբեր դասակարգերու փինկ փոնկի ամառնային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ լիբանանեան զանազան ակումբներէ 178 երկսեռ մարզիկներու: Առաջին օրը տեղի ունեցած պզտիկներու ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՄԲԱՅԻՆ 8-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՄՐԱՊՆԴԵՑ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԻՐ ԴԻՐՔԸ
Երէկ, Նինկպոյի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի 8-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան 5-րդ հանգրուանի մրցումները: Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, որ իրեն մրցակից ունէր հիւրընկալ երկիրը` Չինաստանը, 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթանակ ... Շարն.
«ԵՈՒՐՈՓԱ ԼԻԿ». ՄԻՔԱ – ՎԱԼԵՐԵՆԿԱ` 0-1. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՆ
Երէկ տեղի ունեցան «Եուրոփա լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի դարձի մրցումները: Հայաստանի ներկայացուցիչ Միքա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Վալերենկան (Նորվեկիա), երթին իր կրած պարտութեան նման նոյն արդիւնքով (1-0) պարտուեցաւ ... Շարն.
«ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍ». ՇԼԵՔ ՇԱՀԵՑԱՒ 18-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԸ
«Թուր տը Ֆրանս»ի 18-րդ հանգրուանի մրցումը, որ երէկ տեղի ունեցաւ Փիներոլոյէն Կալիպիէ Սերրէ - Շեվալիէ (200,5 քմ), աւարտեցաւ Էնտի Շլեքի (Լիւքսամպուրկ, Լէոփար Թրեք) յաղթանակով: Վերջինս ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 6 ... Շարն.
«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ՓԱՐԱԿՈՒԷՅ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ` ՓԵՆԱԼԹԻՆԵՐՈՎ (5-3) ՅԱՂԹԵԼԷ ԵՏՔ ԱՆԲԱԽՏ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ
1979-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով Փարակուէյ հասաւ «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտականին` փենալթիներով (5-3) յաղթելէ ետք անբախտ Վենեզուելայի: Մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով: Փարակուէյի յետսապահ Տարիօ Վերոն նշանակեց իր ... Շարն.
ՀՐԻՍԹՕ ՍԹՈՅԻՉՔՈՎ ԺԱՄԱՆԵՑ ՌՈՍԹՈՎ
Պուլկարացի միջազգային նախկին յառաջապահ Հրիսթօ Սթոյիչքով երէկ ժամանեց Ռոսթով (Ռուսիա)` ներկայ գտնուելու համար ակումբի երիտասարդներու խումբին կատարելիք մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին, Ազովի դէմ: Ան ներկայ պիտի ըլլայ ... Շարն.
ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՆԵՐԷՆ
ԱԹԼԵԹԻՔՕ ՄԱՏՐԻՏ յայտարարեց, որ Եուվենթուսէն իր կազմին միացուց փորթուգալցի միջազգային նախկին միջնապահ Թիակոն, որ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Լա լիկա»ի կազմին հետ: 30 տարեկան Թիակօ Մենտես, որ նախապէս մաս ... Շարն.
ԼԵՀԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՊԱՊԻԿԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՆԿԱՏԻ ԱՌՆՈՒԱԾ ԵՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ
Հայաստանի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի հաւաքականին մաս կազմելու համար նկատի առնուած թեկնածու Աղուան Պապիկեան (17 տարեկան), ինչպէս նաեւ անոր եղբայրը` Վոլոտիա (18 տարեկան), նկատի առնուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու ... Շարն.
ՖՐԱՆՔՖՈՐԹԻ ՄԷՋ ՀԱՄԲԻԿ ՄԻՍԱՔԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՖԻՖԱ-Ի ԱՂՋԿԱՆՑ ՖՈՒԹՊՈԼԻ 5-ՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ
Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին Ֆրանքֆորթի մէջ (Գերմանիա) աւարտեցաւ 2011-ի աղջկանց Մոնտիալը, որ տեղի կ՛ունենայ չորս տարին անգամ մը: 15-17 յուլիսին այդտեղ տեղի ունեցաւ ՖԻՖԱ-ի աղջկանց ֆութպոլի 5-րդ համագումարը` մասնակցութեամբ ... Շարն.
ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՄԲԱՅԻՆ 8-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԵՒ ԳՐԱՒԵՑ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԸ
Երէկ, Նինկպոյի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի խմբային 8-րդ ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը արձանագրեց մրցաշարքի իր երկրորդ յաղթանակը` 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Եգիպտոսը: Իր արձանագրած այս ... Շարն.
ՅԱՏՈՒԿ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԻ ՄԸ ԸՆԹԱՑՔԻՆ «ՓԵՆԹԱԹԼՈՆ – ԼԻԲԱՆԱՆ 2011-Ի ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻՆ ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՅՈՒԼԻՍԻՆ
Հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, կիրակի, 31 յուլիսին պիտի սկսին «Փենթաթլոն Լիբանան 2011»-ի խաղերն ու մրցումները: Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու նպատակով, երեք ընկերութիւններ` «Ժամհիաթ Շապապ Լուպնան Նահուա ... Շարն.
ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
Այսօր` հինգշաբթի, 21 յուլիսին, Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալինի մէջ կը սկսի Եւրոպայի աթլեթիզմի պատանիներու ախոյեանութիւնը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստան: Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Նարինէ Շահպազեան ըսաւ, որ այդ խաղերուն ... Շարն.
«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ԼՈՒԻՍ ՍՈՒԱՐԵԶ ՆՇԱՆԱԿԵՑ 2 ԿՈԼ ԵՒ ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Արժանթինի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի առաջին ճակատումին, Ուրուկուէյ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փերուի ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Լա Փլաթայի մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին Ուրուկուէյի ... Շարն.
«ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍ». ՆՈՐՎԵԿԻԱՑԻ ՀԱԿԵՆ ՇԱՀԵՑԱՒ 17-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԸ
Երէկ տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»ի 17-րդ հանգրուանի մրցումը` Կափէն Փիներոլօ (179 քմ): Անիկա աւարտեցաւ նորվեկիացի Էտվալտ Պոասոն Հակենի (Սքայ) յաղթանակով. վերջինս արձանագրեց 4 ժամ 18' 00" արդիւնք մը: Երկրորդ ... Շարն.
ՏԵՆԻԼՍՈՆ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԼՔԷ ԱՐՍԵՆԱԼԸ
Արսենալի ֆրանսացի մարզիչ Արսեն Վենկեր իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ պրազիլցի միջնապահ Տենիլսոն շատ հաւանաբար լքէ ակումբը եւ վերադառնալով իր հայրենիքը փոխ տրուի ակումբի մը` նկատի ունենալով, որ ... Շարն.

