Category: Մարզական
ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. 28-30 ՅՈՒԼԻՍԻՆ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԸ
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին, 28-30 յուլիսին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի տղոց եւ աղջկանց փինկ փոնկի ամառնային բաժակի մրցաշարքը: Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ արձանագրութիւններուն համար ... Շարն.
ՇԻՐԱԿ-2-Ի ԵՕԹԸ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ ՏԵՂԱՓՈԽՈՒԵՑԱՆ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՈՒՄԲ
Շիրակ Գիւմրի ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Շիրակ-2-ի եօթը մարզիկներ տեղափոխուեցան գլխաւոր խումբ: Այդ եօթը մարզիկներն են` Նորայր Աբրահամեան (բերդապահ), Հայկազ Գէորգեան (յետսապահ), Աղուան Տաւոյեան, Արթուր Դաւթեան, Արսէն Յովհաննիսեան ... Շարն.
ՊԱՐԹԸՆԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՄԵԿՆԵԼՈՒ ԱՅՑԵԳԻՐ ՉՏՐՈՒԵՑԱՒ
Նիւքեսըլի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին միջնապահներէն Ժոէյ Պարթընի Միացեալ Նահանգներ մեկնելու այցեգիր չէ տրուած` նկատի ունենալով, որ ան 2008-ին վեց ամսուան բանտարկութեան վճիռ ստացած էր` ... Շարն.
«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅ ԵՒ ՉԻԼԻ` ՅԱՂԹԱԿԱՆ
Արժանթինի մէջ տեղի ունեցող «Քոփա Ամերիքա»ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ, որոնցմով աւարտեցան Գ. խմբակի մրցումները: Ուրուկուէյ 1-0 արդիւնքով յաղթեց Մեքսիքայի` շնորհիւ Ալվարօ ... Շարն.
«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ՎԻՐԱՒՈՐ ՍԱՆՏՐՕ ՔԱՇՈՒԵՑԱՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔԷՆ
Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ «Քոփա Ամերիքա»ի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող միջնապահ Սանտրօ քաշուեցաւ մրցաշարքէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով: Թոթենհամի մաս կազմող 22 տարեկան Սանտրօ, որ արդէն իսկ չմասնակցեցաւ Պրազիլի կատարած ... Շարն.
ՄԻՆՉ ՌԱՄՈՍ ԵՒ ՓԵՓԷ ԻՐԵՆՑ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑԻՆ. «ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ ՄԻԱՅՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀԻ ՄԸ» Կ՛ԸՍԷ ՄՈՒՐԻՆԻՕ
Ռէալ Մատրիտի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող յետսապահներէն երկուքը` Սերճիօ Ռամոս եւ Փեփէ իրենց պայմանագրութիւնները երկարաձգեցին: Առաջինը մինչեւ 2016-2017 տարեշրջան, իսկ երկրորդը` մինչեւ 2015-2016 ... Շարն.
«ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍ». ՔԱՒԵՆՏԻՇ ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՏՆԵՑ ԿՐԷՅՓԵԼԸ ԵՒ ՀԱԳԱՒ ԿԱՆԱՉ ՇԱՊԻԿԸ
Երէկ տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»ի 11-րդ հանգրուանի մրցումը, որ աւարտեցաւ անգլիացի Մարք Քաւենտիշի յաղթանակով: Այս հանգրուանը տեղի ունեցաւ Պլայէ լէ Մինէն Լավոր (167,5 քմ): Քաւենտիշ, որ 3 ժամ 46' ... Շարն.
ԸՍՏ ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.ԻՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐԸ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐԷՆ ԿԱԽԱԿԱՅԵԼՈՒ ՊԱՏՃԱՌ ՉԿԱՅ
Եու. Է. Էֆ. Ա.ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ հակառակ անոր որ Թուրքիոյ մէջ կաշառակերութեան բազմաթիւ պարագաներ բացայայտուած են, սակայն ասիկա պատճառ պէտք չէ ըլլայ թրքական ակումբները ... Շարն.
ՍԻՍԷ ՄԻԱՑԱՒ ԼԱՑԻՕ ՌՈՄԱՅԻ
Ֆրանսացի յառաջապահ Ժիպրիլ Սիսէ իր ակումբը` Փանաթինայքոսը լքելով միացաւ Լացիօ Ռոմայի, յայտնեցին իտալական ակումբին պատասխանատուները: 29 տարեկան Սիսէ, որ նախապէս մաս կազմած է Օքսեռի, Լիվըրփուլի, Մարսէյի եւ Սանտըրլենտի, վերջին երկու ... Շարն.
ԹԵՆԻՍ. ՊՐՈՒՄՄԱՆԱՅԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀՐԱԿ ՊԵՏՈՅԵԱՆ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ՅԱՋՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ
Երէկ` Պրումմանա ակումբին մէջ տեղի ունեցող Լիբանանի թենիսի 71-րդ տեղական մրցաշարքին երկրորդ օրը, տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ: Մրցումներ կատարողներուն կարգին էր նաեւ Հրակ Պետոյեան, որ բաւական տպաւորիչ ճակատումէ մը ետք ... Շարն.
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ. ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՐԹՈՒՐ ՇԱՀԻՆԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՈՍԿԻ, ԻՍԿ ՌՈՄԱՆ ԱՄՈՅԵԱՆ` ԱՐԾԱԹ ՄԵՏԱԼԻՆ
Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբիշները 2 մետալի տիրացան Մատրիտի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին: 84 քկ դասակարգին մէջ, Արթուր Շահինեան բոլորէն գերազանց ըլլալով հասաւ մինչեւ աւարտական հանգրուան, ուր 4-0 եւ 3-0 ... Շարն.
«ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ». ՓԻՒՆԻԿ ԾԱՆՐ ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿՐԵՑ ԻՐ ԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ` 4-0 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ
Երէկ, Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Փիւնիկ Երեւան- Փլզեն մրցումը, որ կ՛իյնայ «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ: Չեխիոյ ախոյեանը ծանր պարտութեան մատնեց հայկական ... Շարն.
ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՏԵՆԻՍ ԹՈՒՄԱՍԵԱՆ ԿԵՐՏԵՑ ՈՒՐԱԼԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային լիկայի 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Եքաթերինպուրկի Ուրալը 1-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց Օրենպուրկի Քազովիքի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին: Հայազգի Տենիս Թումասեան, որ դաշտ ներկայացած ... Շարն.
ԿԱՐԷՆՆԵՐԸ ՀԵՌԱՑԱՆ ՇԻՐԱԿԷՆ
Գիւմրի Շիրակի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկկողմանի համաձայնութեամբ ստորագրուած պայմանագիրները` Կարէն Ն. Խաչատրեանի եւ Կարէն Ստեփանեանի հետ, խզուեցան: Անոնք երկուքն ալ այս տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով ... Շարն.
ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՖԱՔՐԱ» ԱԿՈՒՄԲԻՆ. ԽՈՏԻ ՎՐԱՅ ԴԱՀՈՒԿԱՐՇԱՒԻ ՑՈՒՑԱԴՐԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ` ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
Յառաջիկայ 17 յուլիսին, կազմակերպութեամբ «Ֆաքրա» ակումբին, առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ խոտի վրայ դահուկարշաւի ցուցադրական մրցում մը` մասնակցութեամբ Եւրոպայէն ժամանած տասնեակ մը դահուկորդներու: Կէսօրուան ժամը 12:00-ին սկսելիք ... Շարն.
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ՉՈՒՐԻՉ` ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀԸ
Թամփինս Ռովըրսի (Սինկափուր) մաս կազմող Ալեքսանտր Չուրիչ, որ ծնունդով եուկոսլաւցի է, ներկայիս կը հանդիսանայ լաւագոյն յառաջապահը` ֆութպոլի պատմութեան մէջ եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ: 41 տարեկան Չուրիչ, որ ունի աւստրալիական ... Շարն.
ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍ. ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ԿՐԷՅՓԵԼ ՏԻՐԱՑԱՒ 10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ
Օրուան մը հանգիստէ ետք, երէկ տեղի ունեցաւ Թուր տը Ֆրանսի 10-րդ հանգրուանի մրցումը` Օրիլաքէն Քարմօ (158 քմ): Անիկա աւարտեցաւ գերմանացի Անտրէ Կրէյփելի (Լոթթօ) յաղթանակով. վերջինս ժամանման գիծ հասաւ` արձանագրելով 3 ... Շարն.
«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ԱՐԺԱՆԹԻՆ ՎԵՐՋԱՊԷՍ ՅԱՂԹԵՑ
«Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Արժանթին, յաջորդական երկու հաւասարութիւն արձանագրելէ ետք, վերջապէս արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը եւ անոր շնորհիւ ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` գրաւելէ ետք Ա. խմբակին երկրորդ ... Շարն.
«ՔՈՓԱ ԱՄԵՐԻՔԱ». ՎԱԼԵՆՍԻԱ ԲԱՑԱԿԱՅ` ՊՐԱԶԻԼԻ ԴԷՄ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՆԱԼԻՔ ՄՐՑՈՒՄԷՆ
Էքուատորի ֆութպոլի ազգային խումբի բժիշկները յայտնեցին, որ ճիշդ ժամանակին ապաքինած չըլլալուն պատճառով, յառաջապահ Անթոնիօ Վալենսիա իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Պրազիլի դէմ տեղի ունենալիք «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին գծով Բ. ... Շարն.
ՊԵՐԼՈՒՍՔՈՆԻ ՇԱՏ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ԾԱԽԷ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ ԱԿՈՒՄԲԸ
Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի շատ հաւանաբար ծախէ Ա. Սէ. Միլան ակումբը` նկատի ունենալով, որ անիկա 560 միլիոն եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ` ապօրինի կերպով տպագրատուն մը ձեռք ձգելուն համար, յայտնեց ակումբին պաշտօնական ... Շարն.

