Category: Մարզական
Պրազիլցի Համակիրները Կ՛ուզեն, Որ Իրենց Երկրին Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզիչը Ըլլայ Կուարտիոլա
Պրազիլական «Սփոր Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը ուղղած է հարցում մը, թէ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին համակիրները զո՞վ կ՛ուզեն իբրեւ մարզիչ` ազգային հաւաքականին համար: Անիկա առիթ տուած է նաեւ, որ անոնք ... Շարն.
Ռիօ Ֆերտինանտ Համաձայնութեան Եկաւ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի Հետ
Անգլիացի յետսապահ Ռիօ Ֆերտինանտ շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր ասպարէզը շարունակէ Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի հետ, կը յայտնէ «Սքայ Սփորթց»: Անիկա կը յայտնէ ըսելով, որ քիչ մը բաւական երկար տեւած բանակցութիւններէ ետք ... Շարն.
«Շումախըր Հետզհետէ Բարելաւում Կ՛արձանագրէ» Կ՛ըսէ Քորինա
7 անգամ «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեան հանդիսացած գերմանացի Միքայէլ Շումախըր հետզհետէ բարելաւում կ՛արձանագրէ եւ անոր առողջական վիճակը կ՛ուղղուի դէպի լաւը, կը յայտնէ անոր կինը` Քորինա: Մէջբերելով «Տը Թելեկրաֆ»-ի հրապարակած լուրը` ArmSport.am ... Շարն.
Մտորումներ` 2014-ի Մոնտիալէն
ՍԱՐԳԻՍ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ 32 երկիրներու ֆութպոլի ազգային կազմերը իրաւունք ստացած էին մասնակցելու 2014-ի Մոնտիալին, որ տեղի ունեցաւ Պրազիլի զանազան քաղաքներու 12 խաղավայրերուն վրայ: Բուռն պայքարէ մը ետք, աւարտականի հասան Գերմանիոյ եւ ... Շարն.
Կռփամարտ. Հայրենի Կռփամարտիկները Մրցանակներով Վերադարձան Սերպիայէն
Նախորդ շաբաթավերջին Սերպիոյ մէջ աւարտեցաւ կռփամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 32 երկիրներու շուրջ 250 երիտասարդ կռփամարտիկներ: ArmSport.am-ը, օգտագործելով Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութեան հրապարակած մէկ լուրը, կը ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. 32 Խումբերուն Ստացած Պարգեւավճարները` ՖԻՖԱ-էն
Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալին մասնակցող 32 երկիրներու ֆութպոլի ազգային խումբերը ՖԻՖԱ-էն ստացան պարգեւավճարներ` հետեւեալ ձեւով. Գերմանիա` 35 միլիոն ամերիկեան տոլար Արժանթին` 25 միլիոն ամերիկեան տոլար Հոլանտա` 22 միլիոն ... Շարն.
2014-ի Մոնտիալ. Աշխարհի Ախոյեան Գերմանիոյ Կազմը` Երկրին Պետերուն Հետ
Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 13 յուլիսին Գերմանիա 4-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, երբ տիրացաւ Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած 2014-ի Մոնտիալի տիտղոսին: Հանդերձարանին մէջ Գերմանիոյ մարզիկները իրենց ուրախութիւնը շարունակեցին երկրի ... Շարն.
Պարսելոնա Չի Կրնար Ներկայացնել Լուիս Սուարեսը
ՖԻՖԱ-ի ներկայացուցիչներուն պնդումով, ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Լուիս Սուարես չի կրնար ներկայացուիլ իբրեւ Պարսելոնայի նորեկ մարզիկ, մինչեւ անոր որակազրկումի ժամկէտին աւարտը, կը յայտնէ ArmSport.am: Պարսելոնա 11 յուլիսին յայտարարեց, որ 5 տարուան ... Շարն.
Մարատոնա. «Մեսսի Արժանի Չէր Ոսկիէ Գնդակին»
Գերմանիա - Արժանթին 2014-ի մոնտիալի աւարտականի մրցումէն ետք, արժանթինցի անցեալի աստղ Տիեկօ Մարատոնա թէեւ գովասանքով արտայայտուեցաւ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մասին, սակայն ըսաւ, որ Լիոնել Մեսսի արժանի չէր ոսկիէ ... Շարն.
Սքոլարի Պաշտօնանկ Եղաւ
Միջազգային շարք մը լրատուական միջոցներ երէկ յայտնեցին, որ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լուիս Ֆելիփէ Սքոլարի պաշտօնանկ եղաւ իր արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով: «Կլոպօ Էսփորթէ»-ի համաձայն, Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնը որ ... Շարն.
Ռոպեն Պիտի Չմիանայ Վան Կաալի
Արժեն Ռոպեն (կեդրոնը) եւ Լուիս Վան Կաալ (ձախին) Հոլանտական «ՆՈՍ» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին, Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Արժեն Ռոպեն ըսաւ, որ երբեք մտադիր չէ ... Շարն.
Ճեթ-Սքի. Ախոյեանութեան Ա. Հանգրուանի Մրցումները Կատարուեցան
Նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան Լիբանանի ճեթ սքիի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումները` սկիզբ առնելով Պէյրութի նաւահանգիստէն: Ախոյեանութիւնը կ՛ընդգրկէ երեք հանգրուան: Առաջին դիրքը գրաւեց Էտի Խէյրալլա, ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին ... Շարն.
Ռոպեր Ապու Ապտալլա Շնորհաւորեց Սանթրալը
Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախկին նախագահ եւ Քեսրուան - Ֆըթուհի ակումբներու համախմբումի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա շնորհաւորեց Սանթրալ Ժունիէն` անոր Բ. դասակարգի ախոյեան հանդիսանալուն եւ Ա. դասակարգի տոմս ապահովելուն առիթով: Ապու ... Շարն.
Goal.Com Կայքը 2014-ի Մոնտիալի Լաւագոյն Մարզիկը Կ՛ընտրէ Ռոպենը
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am կը յայտնէ, որ Goal.com կայքը իբրեւ 2014-ի մոնտիալի լաւագոյն մարզիկը ընտրած է հոլանտացի յառաջապահ Արժեն Ռոպենը, իսկ լաւագոյն մարզիչը` Խորխէ Լուիս Փինթոն (Քոսթա Ռիքա): ... Շարն.
Գերմանիա Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան, Երբ Պրազիլի Մէջ 4-րդ Անգամ Ըլլալով Բարձրացուց Բաժակը
Երէկ` կիրակի, 13 յուլիսին, վարագոյրը իջաւ 2014-ի Մոնտիալին վրայ, երբ տեղի ունեցաւ սպասուած ճակատումը` երեք անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Գերմանիոյ եւ երկու անգամ տիտղոսակիր հանդիսացած Արժանթինի միջեւ: Գերմանիա իր ... Շարն.
Իտալիոյ Մէջ Կը Փաստեն, Որ Իրենց Հաւաքականը Պիտի Դառնայ 2018-ի Մոնտիալի Ախոյեան
Իտալացիները անցեալէն փաստեր տալով եկած են այն եզրակացութեան, որ իրենց երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը 2018-ի Մոնտիալին, որ տեղի պիտի ունենայ Ռուսիոյ մէջ, պիտի հանդիսանայ աշխարհի ախոյեան, կը յայտնէ ArmSport.am` մէջբերելով ... Շարն.
3×3 Պասքեթպոլ. Հայաստան Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը, Ուր Պարտուեցաւ Սպանիայէն
Ինչպէս ծանօթ է, այս օրերուն Հայաստանի 3x3 պասքեթպոլի հաւաքականը Հունգարիոյ մէջ կը մասնակցի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Բ. խմբակին մաս կազմող Հայաստան առաջին մրցումին պարտուեցաւ Լիթուանիայէն (16-6), սակայն աւելի ուշ արձանագրեց երկու ... Շարն.
Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը Կը Սկսին Տղոց Ազգային Խումին Փորձերը
Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Ժալ էլ Տիպի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարած իր ժողովին հրապարակեց ցանկը այն մարզիկներուն, որոնք մաս պիտի կազմեն Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբին եւ մարզիչ Ղասսան ... Շարն.
Պեքընպաուըր Կը Հաստատէ, Որ Քրոս Պիտի Տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ
Պայէրն Միւնիխի պատուոյ նախագահ Ֆրանց Պեքընպաուըր նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին հաստատեց, որ խումբի միջնապահ Թոնի Քրոս պիտի տեղափոխուի Ռէալ Մատրիտ: «Ցաւալի է, որ ակումբը պիտի կորսնցնէ Քրոսի ... Շարն.
Նորայր Ասլանեան Իր Նորամուտը Նշեց Ալմեր Սիթիի Հետ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուիլեմ Բ.-ի` միջնապահ Նորայր Ասլանեան, որ փոխ տրուեցաւ հոլանտական Բ. դասակարգի կազմերէն Ալմեր Սիթիին, նախորդ շաբաթավերջին իր նորամուտը նշեց իր նոր ակումբին հետ` Հիրենվինի դէմ ... Շարն.

