Category: Խմբագրական
Editorial
ԹՐՔԱԿԱՆ «ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ»` 7 ՏՈԿՈՍԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ
Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու ելեւէջային իրավիճակը կտրուկ զառիթափ բռնելու ընթացքին մէջ կը թուի ըլլալ: Վարչապետ Էրտողան սկսած է պայմանաժամով խօսիլ Դամասկոսի հետ` իր յանձնարարած բարեփոխումները կատարուած տեսնելու ակնկալութեան շեշտումով: Տակաւին` յայտարարելով, որ ... Շարն.
ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԿՌԻՒՆԵՐԷՆ ՄԻՆՉԵՒ ՆԵՄԵՍԻՍԻ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔԸ` ՄԱՅԻՍ 28-Ի ԱՅԺՄԷԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐԸ
Մայիս ամիսը կը բացուի Շուշիի ազատագրումով եւ կը փակուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումով: Միեւնոյն ամսուան մէջ տեղաւորուած թուականներու պարզ նշումի մասին չէ խօսքը: Երկու յաղթանակներուն կամ պետականակերտ պատմական ճակատագրորոշ արարքներուն ... Շարն.
ԱՐՏԱՔԻՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՆ ՈՒ ՕՐՈՒԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ (Հարաւի Ազատագրման Օրուան Առիթով)
Հարաւի ազատագրումի օրուան նշումը պարտաւորեցնող է` Լիբանանին սպառնացող վտանգները դիմակայելու եւ համապատասխան քաղաքականութեան լծուելու տեսակէտէն: Շրջանային առումով բաւական բարդ եւ ընդհանրապէս անցումային հանգրուաններու մէջ կը գտնուին արաբական երկիրները: Առաւել եւս ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ.«ԱՆԱՏՈԼՈՒԻ ԳՈՅՆԵՐՆ ՈՒ ՄՕՏ ԸՆԿԵՐՆԵՐԸ»
Թուրքիոյ բանակին մէջ ծառայող հայազգի զինուորին սպանութիւնը կը շարունակէ խլել թրքական հասարակութեան կարգ մը ոլորտներուն լուսարձակները: Համոզիչ չէր թրքական պաշտօնական աղբիւրներու անդադար շեշտելը, թէ Սեւակ Պալըգճին դժբախտ պատահարի զոհ էր: ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. ՀԱՇՏԵՑՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻ ՄԵԿՆԱՐԿԷՆ ԱՌԱՋ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքականութիւններու ուղղութիւններուն վրայ յայտարարողական մակարդակով նշանակալի մօտեցումներ ցուցաբերեց: Ներքին հարթութեան վրայ բնականաբար խօսքը կը վերաբերի ՀԱՔ-ի հետ սկսած բաց երկխօսութեան, ինչպէս պիտի ... Շարն.
ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՈՋ ԴԺՈՒԱՐ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆԸ
Արաբական աշխարհի տարածքին արձանագրուող եւ շարունակուող զանգուածային ալեկոծումները, վարչակարգերուն դէմ յայտարարուած հասարակական շարժումները կը շարունակեն խլել միջազգային քաղաքականութեան եւ բնականաբար լրատուադաշտին կիզակէտային ուշադրութիւնը: Առարկայական լրատուութեան բացակայութիւնը այս բոլոր դիպաշարները լուսաբանելու ... Շարն.
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԵՂԱՆԱԿԱՅԻՆ ԵՌՈՒԶԵՌՆԵՐ` ԲԵՐԴԻՆ ԱՆԱՌԻԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ (Շուշիի Ազատագրութեան 19-Ամեակին Առիթով)
Շուշիի ազատագրութեան 19-ամեակի նշումին, երբ տակաւին կը խօսինք ազատագրուած քաղաքը շնչող միջավայրի վերածելու անհրաժեշտութեան մասին, կը նշանակէ, որ բնակեցման թէ առհասարակ զարգացման աշխատանքները բաւական դանդաղ կ՛ընթանան: Շուշիի ռազմավարական կարեւորութիւնը ներկայացնող ... Շարն.
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԻՐԱՏԵՍԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋ (Լիբանանի Նահատակաց Օրուան Առիթով)
Մայիս 6-ի նշումը լիբանանեան քաղաքական հրապարակին վրայ այս տարի տարբեր եւ զանազան լուսարձակներ խլելու նախադրեալներ կը պարփակէր իր մէջ: Սկզբունքով: Այս մօտեցումը յայտնապէս լիբանանեան տարողութիւն չի ստանար եւ տրամաբանական սկզբունքը ... Շարն.
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԱԶԱՏ ՄԱՄՈՒԼ ԵՒ ԱԶԴԵՑԻԿՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ
Մամուլի ազատութեան միջազգային օրուան նշումը մեզի համար բնականաբար հայեացքները կ՛ուղղէ դէպի հայկական լրատուադաշտ` իր հայաստանեան եւ սփիւռքեան բաժիններով: Նկատառելի է անշուշտ, որ մեր հայրենիքին մէջ վերջերս շատցած են մամլոյ ներկայացուցիչներուն ... Շարն.
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁ (ԱՇԽԱՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Աշխատաւորական օրը ամէն բանէ առաջ կը յուշէ ընկերվար գաղափարախօսութեան սկզբունքները: Ակներեւ է, որ մեր մամուլին մէջ պակսած են այս արժէքներուն վերաբերող վերլուծական յօդուածները, հրապարակային քննարկումները, տեսաբանական մօտեցումները: Այսօրուան աշխարհը ճշդած ... Շարն.
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՄԻՆՉԵՒ 100-ԱՄԵԱԿ
Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի նշումը իրադրային կարեւորութիւն ներկայացնող հիմնական կէտով կը յատկանշուի: Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն մակարդակով յայտարարուած է նախապատրաստութիւն Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումին: Համապետական մօտեցում է յայտարարուածը, համահայկական բովանդակութեամբ եւ համազգային ներկայացուցչութեամբ` ... Շարն.
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. Ո՞Վ Է ՎԱԽՑՈՂԸ
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանին Թուրքիոյ վարչապետին ելոյթին հայկական հարցերուն վերաբերող բաժինը հնամաշ յանկերգներէ բաղկացած է եւ որեւէ նորութիւն չի պարփակեր: Ամփոփենք այդ բաժինը: Ըստ վարչապետ Էրտողանին, Անգարա որեւէ ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. 13 ԱՊՐԻԼԻ ԴԱՍԸ` ԱՄԲՈՂՋ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնաւորութեան հերթական նշումը այս տարի կը կատարուի շրջանային տարողութեամբ բաւական բարդ իրավիճակի մէջ: Քաղաքացիական ընդհարումներ արաբական տարբեր երկիրներու մէջ կը գրաւեն աշխարհի ուշադրութիւնը: Միջհամայնքային լարուածութիւններ, լարուած ենթահողի ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. ՋՐԲԱԺԱՆԻ ՕՐ
Հայ ազգային քոնկրեսի կազմակերպած ուրբաթ օրուան ցոյցին Հայաստանի առաջին նախագահին արտասանած խօսքը առաւելաբար կը վերաբերէր ընդդիմադիր դաշտին: Տարաբնոյթ հիմնաւորումներով Տէր Պետրոսեան կ՛ուզէր ընդգծել, որ բացառուած է երրորդ բեւեռի կայացումը Հայաստանի ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. ՄԻՆՉԵՒ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Ստեփանակերտի օդակայանի բացման յայտարարութիւնը ուղղակի քաղաքական իրադրային նշանակութիւն ունի: Ամէն բանէ առաջ Արցախի անկախ հանրապետութեան յաւելեալ ամրագրումին հիմնովին նպաստող քայլ է: Իրողականէն անդին անկախութեան իրաւական ճանաչումին ձգտող քայլ է անիկա ... Շարն.
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ ԵՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Շրջանային մակարդակի վրայ իրադարձութիւններու զարգացումը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է: Ընդհանուր ուղղուածութիւնը շրջանի երկիրներու ժողովրդավարացման կը հակի: Երեւութական այս ուղղուածութիւնը սակայն խորքին մէջ գերտէրութիւններու ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման նպատակով իրականացուող քաղաքականութեան ... Շարն.
ԱԿՆԱՐԿ. ՀԱՄԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութիւնը առաջադրած է ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւն, որուն հիմնական բաժինը համամասնական ընտրակարգը հարիւր առ հարիւր համեմատութեամբ ամրագրելն է: Կը հետեւին այլ առաջարկներ` ընտրական յանձնախումբերը ձեւաւորել ընդդիմութեան ... Շարն.
ԼԱՒՐՈՎԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺԱՌԻԹԸ ԿԱՄ ԵԹԷ ԼԱՒ ՆԱՅԻՆՔ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը Թուրքիոյ ժողովրդավարութեան հաշուոյն կը տեղաւորուի վարչապետ Էրտողանի Մոսկուա կատարելիք այցելութեան նախորդող անմիջական ժամանակահատուածին մէջ: Ռուս արտաքին գործոց նախարարը, ըստ թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութեան, թրքական ... Շարն.
ԼՈՒՌ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՐԳ ՄԸ ՇԵՂՈՒՄՆԵՐ
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կը թուի աշխուժացած ըլլալ: Երկու օր առաջ ան Թուրքիոյ աշխարհիկ կարգերուն մասին տուած էր դասախօսութիւն մը, որուն արձագանգած էր լիբանանեան մամուլը նկատառելիօրէն: Այսօր ֆրանսական համալսարանին մէջ ... Շարն.
ԴԷՊԻ ՆԱԽԱՆՁԵԼԻ ԱՍՊԱՐԷԶԻ ՁԳՏՈՒՄ
Ուսուցիչներու օրուան առիթով պատահական չէ, որ «Ազդակ» բաւական լայն կը բանայ իր էջերը` տօնին առիթով արժանին մատուցելու համար հայ ուսուցիչին: Թէեւ տօնը միջազգային է, այսուհանդերձ ինչպէս ամէն տօն հայկական ոսպնեակներէն ... Շարն.

