Category: Հայկական
«Կը Հասկնանք, Որ Այլ Ժողովուրդներ Եւս Ունին Ինքնորոշման Իրաւունք» Հաստատեց Ուրուկուէյի Խորհրդարանի Նախագահը
14 նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ արցախցի խորհրդարանականներուն հանդիպումը ճանաչողական այցելութեամբ Արցախ գտնուող Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոյի եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան անդամներուն հետ: ... Շարն.
Ազգային Ժողովը Մերժեց Աշխատավարձերու Յաւելման Մասին ՀՅԴ-ի Ներկայացուցած Նախագիծը
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան մէկ շաբթուան արձակուրդի մէջ կը գտնուի, հետեւաբար` Ազգային ժողովի նիստերը կը վարէ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան: Ուշագրաւ է, որ վերջինս երէկ պատգամաւորներու բարձրացուցած ... Շարն.
Թուրքիոյ Փոխվարչապետը Կը Յայտարարէ. Թուրքիա Հայկական Հարցին Վերաբերեալ Ժապաւէններ Պիտի Նկարահանէ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտարարած է, որ կը պատրաստուին հայկական հարցին վերաբերեալ պատմական իրողութիւնները ներկայացնող գեղարուեստական եւ վաւերագրական ժապաւէններ նկարահանելու: Ան աւելցուցած է, որ ... Շարն.
«Ցեղասպանութեան Հերքումը Ոճիրին Շարունակութիւնն Է» «Լը Ֆիկարօ»-ին Ըսաւ Նախագահ Սարգսեան
Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ Ֆրանսայի քաղաքականութիւնը Հայաստանի կողմէ չէ պարտադրուած: Ֆրանսա հրապարակայնօրէն ճանչցած է այդ ոճրագործութիւնը, որուն ... Շարն.
Ուրուկուէյի Խորհրդարանի Նախագահը Լեռնային Ղարաբաղ Այցելեց
Ուրուկուէյի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքօ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կ՛այցելէ, 13 նոյեմբերին մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն: Ստեփանակերտի մէջ խորհրդարանի նախագահ Օրիքոյին դիմաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ ... Շարն.
«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Ուղղուած Նոր Քայլերը Պիտի Քննարկէ» Կ՛ըսէ Մոռնինկսթար
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար երէկ լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ... Շարն.
«Նախագահ Սարգսեան Շեշտեց Սուրիահայութեան Սուրիա Մնալու Եւ Սուրիան Չլքելու Կամքը» Ըսաւ Հրաչ Վարժապետեան
Հրաչ Վարժապետեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա պաշտօնական եռօրեայ այցելութիւնը կը շարունակուի մեծ աշխուժութեամբ: Ֆրանսայի Ազգային ժողովի, Ծերակոյտի նախագահներուն եւ վարչապետին հետ հանդիպումներուն ընթացքին նախագահ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստանի դէպի յաւելեալ ... Շարն.
Նախագահ Հոլլանտ Վերահաստատած Է Իր Յանձնառութիւնը` Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծի Ընդունման
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը տուած է Ֆրանսա, ուր ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոնք հաստատած են, որ Հայաստանն ու Ֆրանսան բարձր ... Շարն.
«Ֆրանսա Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Խաղաղ Լուծման Կ՛աջակցի» Կ՛ըսէ Մոնիէ
Ազրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փասքալ Մոնիէ յայտարարած է, որ Ֆրանսա` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, ջանքեր կը գործադրէ շրջանին մէջ կայունութեան հաստատման համար: Ան ընդգծած է, որ Ֆրանսա Լեռնային ... Շարն.
«Բարգաւաճ Հայաստանի Հետ Առաջին Հանդիպումը Խոստմնալից Է» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան
Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչներուն եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւորներ Նայիրա Զոհրաբեանի ու Վարդան Օսկանեանի միջեւ հանդիպումը: «Երկիր»-ի հետ զրոյցին ընթացքին հանդիպման ... Շարն.
Ռուսահայ Գործարարներ Աւելի Քան 12 Միլիոն Տոլար Կը Նուիրեն «Հայաստան» Հիմնադրամին
ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմինիա Նաու».- Անցեալ Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանգանակային ճաշկերոյթի ընթացքին շուրջ քառասուն ռուսահայ գործարարներ աւելի քան 12 միլիոն տոլար խոստացան նուիրել «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին: Բացի գործարար ... Շարն.
«Հայկական Ուժերը Անհամաչափ Ուժգին Հարուած Պիտի Հասցնեն Ազրպէյճանին, Եթէ Ան Ուժային Քայլերու Դիմէ» Յայտարարեց Նախագահ Սարգսեան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան հեղինակաւոր «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» պարբերականին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին նախազգուշացուց, որ հայկական ուժերը «անհամաչափ» ուժգին հարուած պիտի հասցնեն Ազրպէյճանին, եթէ վերջինս ուժային քայլերու դիմէ: Ըստ պարբերականին, նախագահ ... Շարն.
«Փորձ Կը Կատարուի Արաբները Լարել Հայերուն Դէմ» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
Վահան Յովհաննիսեան Նախանցեալ օր «Օգնի՛ր Եղբօրդ» նախաձեռնութեան մարդասիրական օգնութեան երրորդ օդանաւը հասաւ Հալէպ: Արաբական որոշ զանգուածային լրատուամիջոցներ սկսան յայտարարել, թէ Հայաստանէն օգնութիւնը ուղարկուած է միայն հալէպահայերուն, եւ ատիկա փաստած է ... Շարն.
Ֆրանսահայերը Կ՛Աշխատին Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծը Ծերակոյտին Ներկայացնելու Ուղղութեամբ
Հրաչ Վարժապետեան Ֆրանսայի հայ համայնքը կը շարունակէ աշխատանքներ տանիլ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նոր օրէնքի նախագիծը Ծերակոյտին ներկայացնելու ուղղութեամբ, եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի այցելութիւնը Փարիզ այդ առումով կրնայ ուղղակիօրէն ... Շարն.
ՀՅԴ-ն Խորհրդակցութիւններու Կը Ձեռնարկէ Քաղաքական Բոլոր Ուժերուն Հետ
Երէկ ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրաւիրեց ասուլիսի մը, որուն ժամանակ հրապարակուեցաւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութիւնը: «Մեր խնդիրը նախագահ ընտրելու ... Շարն.
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւնը
Փետրուար 2013-ին կայանալիք ՀՀ նախագահի ընտրութիւնը մեր անկախ պետականութեան անցած ճանապարհը վերաիմաստաւորելու, երկրի ու հասարակութեան խնդիրները ճիշտ ձեւակերպելու, ժողովուրդի բարեկեցութիւնը ապահովող գործողութիւններ նախանշելու, արտաքին մարտահրաւէրները արժանապատուօրէն դիմակայելու բացառիկ հնարաւորութիւն է: ... Շարն.
Թուրքիա Դարձեալ Խուզարկեց Հալէպ Ուղղուող Հայկական Օդանաւը
«Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան ծրագիրով ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան հերթական օդանաւը երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին էջք կատարեց Հալէպի օդակայանին մէջ: Մինչ այդ, ըստ նախապէս գոյացած համաձայնութեան, օդանաւը առաւօտեան ժամը 6:10-ին էջք կատարեց ... Շարն.
Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղեց Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամային
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր շնորհաւորական ուղերձ յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` նախագահի պաշտօնին վերընտրուելուն առիթով: Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է. «Մեծարգոյ պարոն նախագահ, Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Ամերիկայի ... Շարն.
Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Օպաման
Ամերիկայի Հայ դատի մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շնորհաւորած է Պարաք Օպաման Միացեալ Նահանգներու նախագահ վերընտրուելուն առիթով: Մարմինի ատենապետ Քեն Խաչիկեան հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշէ, որ «մենք կը շնորհաւորենք նախագահ ... Շարն.
Նազարեան ՄԱԿ-ի Մէջ Խօսեցաւ Պաքուի Հայատեացութեան Մասին
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 67-րդ նստաշրջանի շրջագիծին մէջ խօսք առաւ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան օրակարգի «ցեղապաշտութեան, ցեղային խտրականութեան եւ անհանդուրժողականութեան այլ ձեւերու վերացում» կէտով: Ան յայտարարեց, որ ... Շարն.

