Category: Հայկական
«ԹՈՂ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԸ ԱՊԱՑՈՒՑԵՆ, ԵՒ ՄԵՆՔ ՆԵՐՈՒՄ ՊԻՏԻ ՀԱՅՑԵՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ԷԿԵՄԵՆ ՊԱՂԸՇ
Թրքական «Թուտէյզ Զաման» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «Հայոց ցեղասպանութեան` փաստերով ապացուցման ... Շարն.
ԼՐԱԳՐՈՂ ՀԱՅԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ
Ուրբաթ օր ձերբակալուած «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի լրագրող Հայկ Գէորգեան երէկ կէսօրին ազատ արձակուեցաւ «Նուպարաշէն» քրէակատարողական հիմնարկէն: Գէորգեան կը մեղադրուի քաղաքացիի մը ինքնաշարժի արկածի ենթարկելու եւ պատահարին վայրը լքելուն յանցանքով, մինչդեռ ... Շարն.
ԼԻՊԸՐՄԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ԸԼԼԱԼՈՎ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԱԾ Է
Իսրայէլեան «Իզրուս» ռուսալեզու կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման առաջին անգամ ըլլալով հրապարակաւ խօսած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ` աւելցնելով, որ մինչեւ հիմա Հայոց ... Շարն.
«ՈՐՈՇԵՑԻ ՉՔՈՒԷԱՐԿԵԼ, ՀԱԿԱՌԱԿ ԱՆՈՐ ՈՐ ԿԸ ԿԱՐԾԵՄ, ԹԷ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՏԺՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆ ՄԸ
«Երկիր Մետիա» կը հաղորդէ, որ կեդրոնական Երեւանի պանդոկներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած է ֆրանսական նախընտրական հաւաք, որովհետեւ ըստ ֆրանսական օրէնսդրութեան, ծերակուտականներու մէկ մասը կրնայ միայն Ֆրանսայի սահմաններէն դուրս ապրող Ֆրանսայի ... Շարն.
ՇՓՄԱՆ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԿԸ ԶՈՀՈՒԻ
Լեռնային Ղարաբաղի բանակի հաղորդագրութեան համաձայն, 2 փետրուարին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծի հարաւային պաշտպանական ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերէն մէկուն վրայ հրազէնային մահացու վէրք ստացած է Ստեփանակերտի զինուորական վարչութենէն զօրակոչուած բանակի ժամկէտային ... Շարն.
ՀՅԴ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԼՐԱԳՐՈՂ ՀԱՅԿ ԳԷՈՐԳԵԱՆԻ ԽԱՓԱՆՄԱՆ ՄԻՋՈՑԸ ՓՈԽԵԼՈՒ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ
ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութիւնը պիտի պաշտպանէ «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի լրագրող Հայկ Գէորգեանի խափանման միջոց ընտրուած կալանքը փոխելու մասին միջնորդութիւնը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը «Երկիր»-ին կը տեղեկացնէ, որ այսօր սկսող Ազգային ժողովի ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԵԾՆ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԶՈՅԳ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան 3 փետրուարին ընդունեց Հայաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպաններ Ճոնաթան Ճէյմս Էյվզը եւ Քեթրին Ճէյն Լիչը: Շնորհաւորելով դեսպանները Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութեան ... Շարն.
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՊԵԼՃԻՔԱ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 2-4 փետրուարին մեկնեցաւ Պելճիքա` մասնակցելու ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունենալիք Աֆղանիստանի եւ Քոսովոյի մէջ ապահովութեան աջակցութեան միջազգային ուժերու գործողութեան մասնակցող երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ... Շարն.
ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԳԵՐԵԶՄԱՆՈՑԻՆ ՅԱՐԱԿԻՑ ՄԱՏՈՒՌՆ ՈՒ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՔԱՆԴՈՒԱԾ ԵՆ
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ քանդուած է Մալաթիոյ հայկական գերեզմանոցին կից գտնուող մատուռն ու հոգեհանգիստ կատարելու վայր հանդիսացող շինութիւնը: Մատուռին պատերը խարխլած էին 18 ապրիլ 2007-ին ատոր մօտ գտնուող «Ճիրվէ» գրախանութին ... Շարն.
ՔԼԻՆԹԸՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Անվտանգութեան հարցերով 48-րդ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց ... Շարն.
«ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՁԳՏԻ ԱՌԱՒԵԼԱԳՈՅՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը կը ձգտի յաջորդ խորհրդարանին մէջ ունենալ առաւելագոյն թիւով տեղեր, եւ որեւէ ... Շարն.
«ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԱՆԻ Է ՅԱՐԳԱՆՔԻ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԿԱԴԻ ՏԷՐ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Պաշտպանամարզաթեքնիքական ընկերութիւնը, նախկին ՏՈՍԱՖ-ը` ձեւաւորուած է խորհրդային տարիներուն: Ընկերութեան հիմնադրման 85-ամեակին առիթով ընկերութեան նախագահ, զօրավար Արկադի Տէր Թադեւոսեան կարեւոր նկատեց կառոյցին դերը խորհրդային տարիներուն` տարբեր մասնագէտներ պատրաստելու ... Շարն.
«ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ ՄԵՆՔ ՇԱՏ ՈՒԺԵՂ ԼՈՊԻԻՆԿ ԿԱՏԱՐԵՑԻՆՔ» Կ՛ԸՍԷ ՉԱՒՈՒՇՕՂԼՈՒ
Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախկին նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու ողջունած է Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ որդեգրուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծի բողոքարկումը: Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ ... Շարն.
ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՀԱՅԱՄԷՏ ՔՈՆԿՐԵՍԱԿԱՆՆԵՐ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻԷՆ ԽՆԴՐԱԾ ԵՆ ՋԱՒԱԽՔԻՆ ԱՒԵԼԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԴԱՐՁՆԵԼ
«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի Միացեալ Նահանգներ կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ հինգշաբթի օր հանդիպում ունեցած է ամերիկացի հայամէտ քոնկրեսականներ Էտըմ Շիֆի եւ Հաուըրտ Պըրմընի հետ: Ամերիկացի ... Շարն.
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ ԱՌՆՉՈՒՈՂ ԲԱՆԱՁԵՒԸ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի արեւմտեան շրջանի գրասենեակը ողջունեց Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին ներկայացուած թիւ 96 բանաձեւը, որ կը վերաբերի Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ 27-29 փետրուար 1988-ին ազրպէյճանցիներու կողմէ հայերու ջարդերուն: ... Շարն.
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ` ՕԹԱՆ-Ի ՄԷՋ
ՕԹԱՆ-ի մէջ Հայաստանի առաքելութիւնը հայկական բանակի ստեղծման 20-ամեայ յոբելեանին առիթով ընդունելութիւն կազմակերպեց ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան ՕԹԱՆ-ի մէջ հաւատարմագրուած` անդամ եւ գործընկեր պետութիւններու մնայուն ներկայացուցիչներ, դեսպաններ, ՕԹԱն-ի ընդհանուր ... Շարն.
«ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՊԻՏԻ ՉՓՈԽՈՒԻ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՐՕ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին «շատ մեծ սխալ» որակեց Ֆրանսայի խորհրդարանին ընդունած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը ... Շարն.
«ՍԱՐՔՈԶԻ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ ԻՐ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
Ինչպէս արդէն հաղորդած էինք, նախանցեալ երեկոյեան ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի պատրաստ է անմիջապէս ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող նոր օրինագիծ մտցնելու շրջանառութեան մէջ, եթէ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը ... Շարն.

