Category: Հայկական

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

August 22, 2011

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը քննադատած է Սեւանի մէջ «Միասին» երիտասարդական շարժման ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը: «Հայաստանի նախագահը կ՛ուզէ ձախողեցնել բանակցային հոլովոյթին մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները», յայտարարած ... Շարն.

«ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԵՐԲԵՔ ՊԷՏՔ ՉԷ ԸԼԼԱՅ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

«ՂԱՐԱԲԱՂԸ ԵՐԲԵՔ ՊԷՏՔ ՉԷ ԸԼԼԱՅ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

August 22, 2011

Շաբաթ օր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան «Միասին» երիտասարդական շարժումի ներկայացուցիչներուն հետ Սեւանի մէջ իր ունեցած հանդիպման ընթացքին այլ հարցերէ բացի անդրադարձած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման խնդիրին: Ստորեւ կու տանք ... Շարն.

«ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ը` dasaran.am ԾՐԱԳԻՐԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ

«ՎԻՎԱՍԵԼ- ԷՄ. ԹԻ. ԷՍ.»Ը` dasaran.am ԾՐԱԳԻՐԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ

August 22, 2011

«Վիվասել- Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ընկերութեան աջակցութեամբ այսուհետեւ dasaran.am ծրագիրը ձրիօրէն հասանելի պիտի դառնայ Հայաստանի բոլոր դպրոցներուն: Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, dasaran.am կրթական ծրագիրի ... Շարն.

«ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼ ԿԻՆԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐՎԱՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ

August 22, 2011

«Հրայր Մարուխեան» հիմնարկը վերջերս Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն ստացած է դրամական պարգեւ մը` պատրաստելու համար Հայաստանի մէջ կիներուն դիմագրաւած խնդիրները, մարտահրաւէրներն ու ձեռքբերումները ներկայացնող վեց մասերէ բաղկացած պատկերասփիւռի յայտագիր մը, ... Շարն.

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ «ՄԱՇՏՈՑ» ԱՐՇԱՒԱԽՈՒՄԲԸ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԻ «ՄԱՇՏՈՑ» ԱՐՇԱՒԱԽՈՒՄԲԸ ՏՈՒՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

August 22, 2011

Աշխարհի շուրջ ճամբորդութենէն անցեալ ուրբաթ օր Հայաստան վերադարձաւ «Մաշտոց» արշաւախումբը` Զօրի Բալայեանի գլխաւորութեամբ: «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ արշաւախումբը դիմաւորելու եկած էին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ... Շարն.

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԸ` ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ

August 20, 2011

Ըստ «Երկիր» օրաթերթին, 30-31 օգոստոս Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններու եւ հիւպատոսներու տարեկան ժողովը: Պիտի քննարկուին արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային խնդիրները, անոնց լուծման հաւանական տարբերակները եւ կազմակերպչական հարցեր: ... Շարն.

ԱՐՑԱԽ. ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ` ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

August 20, 2011

Երէկ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան հրաւիրեց աշխատանքային խորհրդակցութեան մը` Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպման խնդիրներուն շուրջ: Կատարուած աշխատանքներուն մասին զեկուցումներ ներկայացուցին տօնակատարութեան կազմակերպման պետական յանձնախումբի անդամները եւ ... Շարն.

ՆԱԽԱՐԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

ՆԱԽԱՐԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

August 20, 2011

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սայիտ Ալի Սաղայեանը: Հանդիպման ընթացքին Իրանի դեսպանը պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուց Հայաստանի մէջ նոր նշանակուած զինուորական կցորդ, ... Շարն.

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ – ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՅԵՏԱՁԳՈՒԵՑԱՒ

August 20, 2011

Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն երկխօսութեան հերթական հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենար երէկ, յետաձգուած է երեքշաբթի օրուան: Նախորդ հանդիպումէն ետք երկու կողմերու պատուիրակութիւններու ղեկավարները նշած էին, որ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ ... Շարն.

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ՀՀՇ-ԷՆ

ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱՒ ՀՀՇ-ԷՆ

August 20, 2011

Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Արզումանեան 17 օգոստոսին դիմում ներկայացուց Հայոց համազգային շարժում (ՀՀՇ) կուսակցութենէն դուրս գալու առնչութեամբ: ՀՀՇ-ի քարտուղար Վահագն Հայոցեան նշեց, որ Արզումանեանի դիմումը մակագրուած է եւ ... Շարն.

ՍՏԵՓԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԱԶԱՏ ԿԱՑՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

ՍՏԵՓԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԱԶԱՏ ԿԱՑՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԻ ՊԱՇՏՕՆԷՆ

August 19, 2011

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի որոշումով Ստեփան Պետրոսեան ազատ կացուցուեցաւ սփիւռքի նախարարի տեղակալի պաշտօնէն: Կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Պետրոսեան պաշտօնէն ազատ կացուցուեցաւ իր սեփական դիմումին համաձայն: Շարն.

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ «ԿՈՒԿԸԼ»Ը

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ «ԿՈՒԿԸԼ»Ը

August 19, 2011

Ազրպէյճան արտաքին գործոց նախարարութեան մակարդակով կը քննադատէ «Կուկըլ» ընկերութիւնը` իր քարտէսներուն վրայ «ազրպէյճանական տարածքներուն անունները աղաւաղելու եւ հայերէն տեղանուններով ներկայացնելու համար»: Նախանցեալ օր Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը ... Շարն.

«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏԸ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ Կ՛ԵՐԹԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏԸ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ Կ՛ԵՐԹԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

August 19, 2011

Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ աշնան ընթացքին քաղաքական դաշտին մէջ արմատական փոփոխութիւններ չեն սպասուիր,  քանի որ բոլոր ուժերը պիտի ... Շարն.

ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԵՒ ԿԻՒԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԵՆ

ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԵՒ ԿԻՒԼ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԵՆ

August 19, 2011

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ կը պատրաստուի Ռուսիա այցելելու: Կիւլ Ռուսիա իր այցելութեան ընթացքին պիտի մասնակցի 7-8 սեպտեմբերին Եարոսլաւլի մէջ տեղի ունենալիք Համաշխարհային քաղաքական ... Շարն.

«ՍԻՎԻԼԻԹԱՍ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԵՐԵՔ ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

«ՍԻՎԻԼԻԹԱՍ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԵՐԵՔ ՆՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

August 19, 2011

Սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամը հանդէս պիտի գայ երեք նոր նախաձեռնութիւններով: Հիմնադրամը համացանցով լուրեր պիտի սփռէ, օրաթերթ պիտի հրատարակէ, ինչպէս նաեւ հարցախոյզներ պիտի կատարէ: Ըստ «Սիվիլիթաս»ին, հայերէնով եւ անգլերէնով սփռուող ... Շարն.

ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՇԻՆԱՐԱՐԻ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ

August 19, 2011

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ մասնակցեցաւ Շինարարի օրուան առիթով կազմակերպուած տօնական ձեռնարկին: Նախագահ Սահակեան պետական պարգեւներ յանձնեց այդ մարզին մէջ աշխատող խումբ ... Շարն.

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՉԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԵՐԸ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ՉԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՐ ՄԻՆԱՍԵԱՆԻ ԽՕՍՔԵՐԸ

August 19, 2011

Հանրապետական կուսակցութենէն իշխանական պատուիրակութեան անդամ Գագիկ Մինասեան նախանցեալ օր լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն երկխօսութեան հերթական հանդիպման ընթացքին չքննարկուեցաւ Հայ ազգային քոնկրեսի անդամներուն ազատ արձակման հարցը: ... Շարն.