Category: Հայկական

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻ ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԽՏՈՒՄԸ ՔՐԷԱԿԱՆԱՑՆՈՂ ՕՐԻՆԱԳԻԾԻՆ

April 29, 2011

«Հայոց Աշխարհ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի ծերակոյտի փոխնախագահ, Համայնավար կուսակցութեան անդամ ծերակուտական Կի Ֆիշըր 4 մայիսին ծերակոյտին մէջ տեղի ունենալիք քուէարկութեան ընթացքին պիտի քուէարկէ ի նպաստ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը ... Շարն.

ԳԱՌՆԻ ՏԱՃԱՐԻՆ ԿԸ ՇՆՈՐՀՈՒԻ ԵՈՒՆԵՍՔՕ – ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ 2011 ԹՈՒԱԿԱՆԻ  ՄԵԼԻՆԱ ՄԵՐՔՈՒՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

ԳԱՌՆԻ ՏԱՃԱՐԻՆ ԿԸ ՇՆՈՐՀՈՒԻ ԵՈՒՆԵՍՔՕ – ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ 2011 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՄԵԼԻՆԱ ՄԵՐՔՈՒՐԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

April 29, 2011

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին որոշումով եւ միջազգային մրցանակաբաշխութեան յանձնախումբի եզրակացութեան հիման վրայ ԵՈՒՆԵՍՔՕ- Յունաստան 2011 թուականի Մելինա Մերքուրի հեղինակաւոր մրցանակը պիտի կիսուին Հայաստան «Գառնի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանն ու Պաղեստինի մէջ գտնուող Պաթիր ... Շարն.

ԿԱՐՍԻ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՔԱՆԴՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐ

April 29, 2011

«Սի.Էն.Էն.Թիւրք»ի գլխաւոր խմբագիր Մեհմեթ Ալի Պիրանտ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»ի մէջ կը գրէ, որ Կարսի «Մարդասիրութեան յուշարձանի» քանդումը դարձած է մահապատիժը արուեստի խումբ մը մարդոց, որոնք զայն ստեղծած են: «Թերեւս այդ ... Շարն.

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՓԵԼՈՍԻԻ ԵՒ ՀՈՅԸՐԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ՉԷ

April 29, 2011

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը համաձայն չէ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչներու տան նախկին նախագահ դեմոկրատական Նենսի Փելոսիի եւ նոյն կուսակցութենէն քոնկրեսական Ուիփ Սթենի Հոյըրի Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող 252-րդ բանաձեւի Ներկայացուցիչներու տան վերջին ... Շարն.

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՓՈԽՆԱԽԱՐԱՐԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

April 29, 2011

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէ, Պեռնար Ֆասիէ եւ Իկոր Փոփով, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք նախանցեալ օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու արտաքին ... Շարն.

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՒՆ. ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Յ. ՕՇԱԿԱՆԻՆ

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՒՆ. ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Յ. ՕՇԱԿԱՆԻՆ

April 29, 2011

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի կազմակերպութեամբ ապրիլի 28-ին, ժամը 10:30-ին, Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճում (Աբովեան 52ա) տեղի ունեցաւ գիտաժողով` նուիրուած սփիւռքահայ անուանի արձակագիր ... Շարն.

ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՄ-Ի ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՆԱԽԱՐԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԶՈՄ-Ի ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 29, 2011

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները եւ Լիբանանի այլ համալսարաններ յաճախող հայ ուսանողութիւնը: Ողջունելով երիտասարդութիւնը` նախարարը կարեւոր նկատեց այն, որ երիտասարդները հայրենիքի մէջ ... Շարն.

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ` Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉՆԵՐՈՒՆ

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ` Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉՆԵՐՈՒՆ

April 29, 2011

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին 29-30 ապրիլ տեղի ունենալիք Հայ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու եւ գործարարներու միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովի մասնակիցները, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի ... Շարն.

«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԸՆԴԱՌԱՋ ԵՐԹԱԼՈՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԸՆԴԱՌԱՋ ԵՐԹԱԼՈՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

April 28, 2011

Անդրադառնալով արտախորհրդարանական ընդդիմութեան գործողութիւններուն` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ «Վալեքս» ընկերութեան գրասենեակին մէջ պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն յայտնած է, որ իշխանութիւնը պատրաստ է ընդառաջ երթալու ընդդիմութեան: «Պառակտումը ոչ մէկ ժողովուրդի եւ ... Շարն.

«ԵՐԲ ԱՐԵՒ Է ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԸՍԷ` ԱՅԴ ՄԷԿԸ ՄԵՐ ՇՆՈՐՀԻՒ Է, ԵՐԲ ԱՆՁՐԵՒ` ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԷ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ԷԴՈՒԱՐԴ ՇԱՐՄԱԶԱՆՈՎ

April 27, 2011

«Ես չեմ կարծում, որ Ազատութեան հրապարակում Հայ ազգային քոնկրեսի հանրահաւաք արտօնելը պայմանաւորուած է ընդդիմութեան պահանջի կատարմամբ», Tert.am լրատուական կայքէջին խնդրանքով մեկնաբանելով Երեւանի քաղաքապետարանի որոշումը` ըսաւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբեր, ... Շարն.

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ

April 27, 2011

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար, Եւրոպական Միութեան մօտ աւագ բանագնաց Էկեմեն Պաղըշ այցելած է Պոլսոյ Ս. Թագաւոր հայկական եկեղեցի: Պաղըշ շնորհաւորած է եկեղեցւոյ սպասաւորներուն Ս. Զատկուան ... Շարն.

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԿԱՐՍԻ ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻ ՔԱՆԴՈՒՄԸ

April 27, 2011

«Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Կարսի մէջ հայ-թրքական բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշարձանի քանդումին դէմ է: Յուշարձանը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ «հրէշային» անուանուած էր: Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական յանձնախումբի համանախագահ ... Շարն.

ՊԱՔՈՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԻՆ ՋՈՒՂԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏՈՒՆ ԱՅՑԵԼԵԼՈՒ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ ՉԷ ՏՈՒԱԾ

April 27, 2011

Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կը հաղորդէ, որ 21 ապրիլին դեսպան Մեթիու Պրայզա աւարտած է Նախիջեւան իր երկօրեայ այցելութիւնը, որուն ընթացքին անոր չեն արտօնած այցելել Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատունը, որուն ... Շարն.

ՏԻՆՔԸ ՍՊԱՆՆԱԾ ՍԱՄԱՍԹԻ ՆՄԱՆ «ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ» ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ` ԱՏԱՆԱՅԻ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԸ ԴԷՄ

April 27, 2011

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ երկու թուրքեր յարձակում գործած են Ատանայի Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ դէմ` Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթի նման «հռչակաւոր» դառնալու համար: Ըստ օրաթերթին, ոստիկանութեան կողմէ Սերհաթ Է.ի ... Շարն.

ԸՍՏ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՊԷՏՔ Է ԱՅՆՊԷՍ ԸՆԵԼ, ՈՐ ՄԻՋԻՆ ԽԱՒԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ՉԼՔԷ ԵՒ ԻՐ ԱՊԱԳԱՆ ՉՓՆՏՌԷ ԱՅԼ ԵՐԿՐԻ ՄԷՋ

April 27, 2011

Հայաստանի մէջ միջին խաւի ձեւաւորումը օրուան հրամայականն է: Այս մասին երէկ Երեւանի մէջ կազմակերպուած «Արժէքների դերը անցումային հասարակութիւններում» խորագրով խորհրդաժողովին ժամանակ ըսաւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ համապատասխան ... Շարն.

ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ` ՄԷԿՈՒԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՏՈՒՐՔ` ՄԷԿՈՒԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

April 26, 2011

Կիրակի, 24 ապրիլի կանուխ առաւօտուն արդէն իսկ հայորդիներու բազմութիւն մը սկսած էր ուղղուիլ Ծիծեռնակաբերդ` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, խոնարհելու անմար կրակին դիմաց եւ ծաղիկ մը ... Շարն.