Category: Հայկական
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻՆ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է շրջանային շրջապտոյի մը ծիրին մէջ Երեւան այցելած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէն (Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէն (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփովը (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող ... Շարն.
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐԸ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻՆ «ԴԱԳԱՂԸ»
«Երկիր» կը հաղորդէ, որ «Ռուս-թուրքական համաձայնագիր` հայկական հողերու հաշուոյն», «Մենք ոչ կ՛ըսենք 16 մարտ 1921-ի համաձայնագիրին», «Ռուսիա պէտք է տայ 16 մարտ 1921-ի քաղաքական գնահատականը», եւ նմանատիպ պաստառներով, ՀՅԴ «Նիկոլ ... Շարն.
«ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱՋԱԿՑԻ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՏԱԳՆԱՊԻ ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՄԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ԺՈԶԷ ՄԱՆՈՒԷԼ ՊԱՐՈԶՕ
Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ երեքշաբթի օր Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման` ուժի եւ ... Շարն.
ԸՍՏ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԻՐ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԼՈՒԾԵԼ
Թրքական «Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ պետական նախարար եւ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ Պոլսոյ մէջ «Բարեփոխումներու ղեկավարներու վեհաժողով»ին ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիան Հայաստանի հետ ունի խնդիրներ եւ իր ... Շարն.
ՀՅԴ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ. «ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ԱՆՕՐԻՆԱԿԱՆ Է ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ ՈՒԺ ՉՈՒՆԻ»
Այսօր կը լրանայ Ռուսիոյ Ընկերվարական Դաշնակցային Խորհրդային Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի կառավարութեան միջեւ 16 մարտ 1921-ին կնքուած տխրահռչակ համաձայնագիրին 90-ամեակը: Այս առիթով ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կողմէ ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՊՐԻՒՔՍԵԼ
Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը եռօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսել: Օրուան առաջին կիսուն Հայաստանի վարչապետին անունով ճաշկերոյթ սարքուեցաւ, ի պատիւ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան նախագահ Ուիլֆրիտ Մարթենսի: Երէկ ... Շարն.
ՐԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ՀԱՑԱԴՈՒԼԻ ԿԸ ԴԻՄԷ
Ժառանգութիւն կուսակցութեան հիմնադիր նախագահ Րաֆֆի Յովհաննէսեան կուսակցութեան բաց համաժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ հացադուլի սկսած է: Ան նշեց, որ հացադուլը կարելի է վերնագրել «Ձօն ազատութեան», ինչպէս նաեւ յայտնեց, որ ինք կը ... Շարն.
ՄԱԿ-Ի ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉԸ ԱՆԻԻ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑ
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա գտնուող ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի կառավարիչ Հելեն Քլարք այցելած է Անիի աւերակներ: Քլարք Թուրքիա կը գտնուի ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի Թուրքիոյ գրասենեակին կողմէ գործադրուող «Դաշինքներ ... Շարն.
ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ Կ՛ԱՅՑԵԼԵՆ ՇՐՋԱՆ
Ըստ ազրպէյճանական 1news.az լրատուական կայքէջին, երէկ , Պաքու այցելած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Իկոր Փոփով տեղեկացուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները շրջանային այցելութեան ընթացքին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն պիտի ներկայացնեն ... Շարն.
ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան 10 մարտին հրաւէր մը ստացաւ Ուիլթըն Փարքէն` մասնակցելու 24-27 մարտին Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք «Ժամանակակից աշխարհին մէջ ներգրաւուելու համար ... Շարն.
ՍԱՐՔՈԶԻՆ ԿԸ ԶԱՅՐԱՑՆԷ ԱԶՆԱՒՈՒՐԸ. 3000 ՀՈԳԻՆՈՑ ՑՈՅՑ` ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏԻՆ ԱՌՋԵՒ
12 մարտին մօտ 3000 ցուցարարներ հաւաքուած էին Ֆրանսայի Ծերակոյտի շէնքին առջեւ, պահանջելու համար Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը: Հաւաքը կազմակերպուած էր Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդին կողմէ եւ անոր կը ... Շարն.
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ ՓԱՐԱԿՈՒԷՅԻ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Հայաստանի մէջ Փարակուէյի նոր նշանակուած դեսպան Մարսիալ Պոպատիլիա Կիլիենը (նստավայրը` Մոսկուա)` հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնման առիթով: Շնորհաւորելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթեց անոր ... Շարն.
«ԱՆԳԱՐԱ ՔՈՆԿՐԵՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԸ ՏԱՊԱԼԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 3 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ԾԱԽՍԱԾ Է» ԿԸ ԳՐԷ «ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ»
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` վկայակոչելով Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան հրապարակած տուեալները, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ մղուող պայքարի ծիրին մէջ թրքական իշխանութիւնները 2010-ին աւելի քան 3 ... Շարն.
«ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՉԷ, ՈՐ ՊԷՏՔ Է ԱՐԵԱՄԲ ՈՒ ԶՈՀԵՐՈՎ ԸԼԼԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան անցեալ շաբաթավերջին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին կարծիք յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ իրավիճակը պայթիւնավտանգ է, բայց յեղափոխական չէ: «Պայթիւնավտանգ իրավիճակ կայ, բայց յեղափոխական ... Շարն.
ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԼՈՐՏԵՐՈՒ ՏԱՆ ՆԻՍՏԻՆ
13-15 մարտ աշխատանքային այցով Լոնտոն պիտի գտնուի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ են պատգամաւորներ Արման Սահակեան, Կարինէ Աճեմեան, Արայիկ Գրիգորեան, Կարէն Աւագեան եւ Ազգային ժողովի ... Շարն.
ԴԵՍՊԱՆ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԽԱՐԱՐ ՄՆԱՅՄՆԷԻ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ
10 մարտին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան հանդիպում ունեցաւ հրաժարեալ կառավարութեան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասան Մնայմնէի հետ: Քննարկուեցան կրթական մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան խորացման հեռանկարներուն առնչուող խնդիրներ: ... Շարն.
ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ. «ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՆՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ Կ՛ԱՃԻ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ» Կ՛ԸՍԷ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ
Անցեալ շաբաթավերջին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ համար պատասխանատու ստորաբաժանման կառավարիչ-տնօրէն Միրոսլաւ Լայչաքի ու տնօրէն Կունար Վիկանտի միջեւ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած ... Շարն.
ԸՍՏ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ՄԷՋ ՈՐՈՇԱԿԻ ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑ ԿԱՅ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ռիկայի մէջ մեկնաբանելով 5 մարտին Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն եռակողմանի հանդիպման արդիւնքները, յայտնեց, որ Ազրպէյճանի դիրքորոշումին մէջ որոշակի յառաջընթաց կայ: «Նովոսթի Արմենիա» գործակալութիւնը ... Շարն.
ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳՐՈՒԱԾ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան երկիրներու դեսպաններուն եւ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարին հետ: Նախարար Նալբանդեան եւ Եւրոպական ... Շարն.
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՓԱՄՓՈՒՇՏԷՆ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ԶՈՀՈՒԻ
Լեռնային Ղարաբաղի բանակի ժամկէտային զինուոր, 1992-ին ծնած Արթուր Սամուէլ Աղապապեան 10 մարտի ժամը 18:20-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) զոհ գնաց Ղարաբաղ-Ազրպէյճան շփման գիծին վրայ` Կուրոպատկինօ գիւղին ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական դիրքերէն մէկուն մէջ ... Շարն.

