Category: Հայկական
Նոր Վարչապետի Նշանակման Հարցով ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Պիտի Հանդիպին Նախագահ Սերժ Սարգսեանին
Արսէն Համբարձումեան Հայ յեղափոխական դաշնակութեան ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին նախագահ Սերժ Սարգսեանին: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան News.am-ի թղթակիցին յայտնեց, որ օրէնքի պահանջով եւ տրամաբանութեամբ վարչապետի եւ կառավարութեան ձեւաւորման ... Շարն.
Քոնկրեսականներ Ամերիկեան Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղեն Հետաքննելու Քեսապի Դէմ Յարձակումին Մէջ Թուրքիոյ Դերը
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆ 9 ապրիլին երկրի օրէնսդիր մարմինի շէնքին մօտ մամլոյ ասուլիս տուած է Քեսապի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն առնչութեամբ: Քոնկրեսականի նախաձեռնութեան միացած են հայկական հարցերով յանձնախումբի ... Շարն.
Հրաժարած Վարչապետ Սարգսեան Երկխօսութեան Կը Հրաւիրէ «Դէմ Եմ» Շարժումի Անդամները
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ նստացոյց յայտարարած «Դէմ եմ» շարժման գործիչներուն երէկ մօտեցաւ հրաժարական տուած վարչապետ Տիգրան Սարգսեան` տնտեսութեան նախարար Դաւիթ Սարգսեանի հետ: Տիգրան Սարգսեան երկխօսութեան հրաւիրեց քաղաքացիական ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան. «Ղարաբաղի Ժողովուրդին Ինքնորոշման Իրաւունքը Անվիճելի Է»
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Աշկապատի մէջ յայտարարեց, որ Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը անվիճելի է եւ անոր փաստացի կազմակերպումը պէտք է տէ ժիւրէ ամրագրուի: «Ես այսօր անգամ մը եւս ներկայացուցի ... Շարն.
Քրտական Ժողովուրդի Քոնկրեսը Քեսապի Հարցով Ամբողջական Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Հայ Ժողովուրդին
Քրտական ժողովուրդի քոնկրեսը(ՔՈՆԿՐԱ-ՃԵԼ) հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով բուռն կերպով դատապարտեց քեսապահայութեան ահաբեկման արարքը եւ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց հայ ժողովուրդին: Քոնկրեսը հաղորդագրութեան մը մէջ կը նշէ.«Խորապէս մտահոգ ենք Սուրիոյ Քեսապ շրջանին մէջ ... Շարն.
Ազգային Ժողովի Ոչ Իշխանական Ուժերը Խորհրդարանի Արտակարգ Նիստի Պիտի Հրաւիրեն
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները մտադիր են այս շաբաթ խորհդարանի արտակարգ նիստի հրաւիրել: Ըստ անոր, ոչ իշխանական չորս ուժերուն միջեւ ... Շարն.
ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Խօսած Է Քեսապի Մասին
Պան Քի Մուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մտահոգութիւն յայտնած է Քեսապի վերաբերեալ տարածուած լուրերուն մէջ գոյութիւն ունեցող մահապատիժներու սարսափելի տեսարաններուն առնչութեամբ: «Հակառակ անոր որ ՄԱԿ-ը չի կրնար ստուգել ... Շարն.
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Քեսապէն Փախուստ Տուած 18 Հայերու Ապահովութիւն Տրամադրելու Աշխատանք Կը Տանինք»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին հետ աշխատանք կը տանի Քեսապէն փախուստ տուած 18 հայերու ապահովութիւն տրամադրելու: «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը ... Շարն.
Եւրոպական Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովին Մէջ Պիտի Արծարծուի Ազգերու Ինքնորոշման Հարցը
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի գերակայութեան հարցի քննարկումը շատ կարեւոր նկատեց: «Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանին կը բարձրացուի ոչ միայն ... Շարն.
Թեհրանի Մէջ Քեսապահայերու Զօրակցութեան Հաւաք
Լուսանկարը` ԱՐՏԵՄ ՂԱՐԻԲԵԱՆի «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Թեհրանի Սասուն թաղամասի Ս.Թարգմանչաց եկեղեցւոյ մէջ 6 ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցած է հաւաք` առ ի զօրակցութիւն քեսապահայութեան: Հաւաքը տեղի ունեցած է Թեհրանի հայոց ... Շարն.
Ընկերվար Միջազգայնականի Փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան Կիպրոսի Մէջ` Ընկերվարական Կուսակցութեան Հրաւէրով
Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եաննակիս Օմիրու եւ Մարիօ Նալպանտեան ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը եւ «Արձագանգ» կը հաղորդեն, որ Կիպրոսի ընկերվարական ԷՏԷԿ կուսակցութեան հրաւէրով Կիպրոս երկօրեայ այցելութիւն տուաւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահներէն եւ ՀՅԴ ... Շարն.
Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Առաջին Երեք Դիրքերը Գրաւողները` Յաղթական
Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին` առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերուն միջեւ, կացութենէն բան չփոխուեցաւ, որովհետեւ անոնք երեքն ալ յաղթանակներ արձանագրեցին: Ստորեւ` արդիւնքները. Շիրակ - ... Շարն.
ՀՅԴ Հայ Դատի Պատուիրակութիւն Մը Իբրեւ Դէտ Վանի Մէջ Հետեւեցաւ Թուրքիոյ Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններուն
Aykessdan՝ Վանի պատմական Այգեստան շրջանի BDP-ի կեդրոնատեղի, Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Էօզտալ Իւչէրի հետ։ 27 մարտէն 31 մարտ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեանի գլխաւորութեամբ եռանդամ պատուիրակութիւն մը Վանի մէջ ... Շարն.
Պերլինի Մէջ. Դեսպան Յովհաննիսեան Հանդիպում Ունեցաւ Գերմանիոյ Խորհրդարանի Նախագահին Հետ
3 ապրիլ 2014-ին Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահան Յովհաննիսեան հանդիպում մը ունեցած է Գերմանիոյ խորհրդարանի (Պունտեսթակ) նախագահ Նորպերթ Լամմերթի հետ: Ի շարս այլ հարցերու քննարկուած են ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսականներ Եւ Հայ Դատի Գրասենեակը Քեսապի Հարցով Միացեալ Մամլոյ Ասուլիս Պիտի Տան
Էտըմ Շիֆ, Պրետ Շըրմըն եւ այլ քոնկրեսականներ Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի գրասենեակին հետ 8 ապրիլին մամլոյ ասուլիս պիտի տան` Սուրիոյ Քեսապ քաղաքին մէջ հայերու եւ ընդհանրապէս քրիստոնեաներու դէմ կատարուած յարձակումներուն ... Շարն.
Պուէնոս Այրեսի Օրէնսդիր Խորհուրդը Հաստատած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Երկու Նախագիծեր
«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Փրենսա Արմենիա» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի օրէնսդիր խորհուրդը որդեգրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին երկու նախագիծ: Արժանթինցի օրէնսդիրներ Վերճինիա Կոնծալես Կաս եւ ... Շարն.
Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Կառավարութեան Հրաժարականը
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը: «Առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան 55-րդ յօդուածի 4-րդ կէտով եւ հիմնուելով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի ներկայացուցած հրաժարականին վրայ` ... Շարն.
Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարները Մտահոգութիւն Կը Յայտնեն Քեսապի Դէպքերուն Նկատմամբ
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան շրջանին մէջ լարուածութեան սրման վերաբերեալ հրապարակած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնած են Քեսապի ... Շարն.
Աղուան Վարդանեան. «Վարչապետի Հրաժարականը Անակնկալ Չէր»
Աղուան Վարդանեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան News.am-ի թղթակիցին յայտնեց, որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հրաժարականը անակնկալ չէր: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կը սպասէ՞ր դէպքերու այսպիսի զարգացման, Աղուան Վարդանեան ... Շարն.
Քեսապի Զօրակցական Հաւաքներ` Թորոնթոյի Եւ Մոնրէալի Մէջ
ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան (ՔԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ, 3 ապրիլին Քեսապի զօրակցական բողոքի հաւաքներ տեղի ունեցան Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ: Թորոնթոյի բողոքի հաւաքը տեղի ունեցաւ տեղւոյն ... Շարն.

