Category: Լիբանանեան
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, իմամ Մուսա Սատըրի անհետացման յիշատակին առիթով, յառաջիկայ շաբաթ օր տեղի ունենալիք յիշատակի հաւաքին ընթացքին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը: Կը նախատեսուի, որ ճառը ... Շարն.
Հակառակ Շեշտուող Մտավախութեանց. Լիբանանցի Ղեկավարները Միասնականութեան Կոչ Կ՛ուղղեն` Ամրապնդելով Ապահովական Միջոցառումները
Նախագահ Սլէյման` պատկերասփռուած յայտարարութեան ընթացքին Հակառակ շաբաթավերջին լիբանանեան այս կամ այն շրջանին մէջ յայտնաբերուած ականներուն, ստուգուած «կասկածելի» ինքնաշարժներուն, նորանոր պայթումներու գծով շրջան ընող շշուկներուն, հակառակ այս բոլորին լիբանանցի վարիչներ` պետական, ... Շարն.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Բանակի Հրամանատարին
Շաբաթ օր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը` բաղկացած Սեպուհ Յովհանեանէ եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիէ, այցելեց Եարզէ, ուր հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ: Պատուիրակութիւնը շնորհաւորեց զօր. ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Մարոնիներու Ռայի Պատրիարքին
Արամ Ա. կաթողիկոս անցեալ ուրբաթ օր` ընկերակցութեամբ Նարեկ արք. Ալիեմեզեանի, այցելեց մարոնիներու Ռայի պատրիարքի ամառնային նստավայրը` Տիմանի մէջ: Հանդիպումին ներկայ էր մարոնիներու նախկին պատրիարք կարտինալ Նասրալլա Սֆէյր եւ այլ հոգեւորականներ: ... Շարն.
Թուրքիոյ Վարչապետ Էրտողան Ցաւակցութիւն Յայտնեց Միքաթիի. «Կառավարութիւնը Իր Կարելին Կ՛ընէ Առեւանգեալ Երկու Թուրքերուն Ազատ Արձակման Համար» Յայտնեց Նեժիպ Միքաթի
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Ռուէյսի եւ Թրիփոլիի զոյգ պայթումներուն համար` զօրակցութիւն յայտնելով Լիբանանին ներկայ ճգնաժամային պահերուն ընթացքին: ... Շարն.
Ընդգծելով Նոր Կառավարութեան Հըզպալլայի Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը. Երեսփոխան Ալեն Աուն Յայտարարեց, Թէ Զօր. Միշել Աուն Նախագահական Թեկնածու Է
Ալեն Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ալեն Աուն բացայայտեց, որ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն Լիբանանի նախագահական թեկնածու է: Լիբանանեան «Լիուա» օրաթերթին հետ իր հարցազրոյցին մէջ (որ ... Շարն.
Լիբանանը Ապահովական Քաոսի Մատնելու Զգտումով. Զոյգ Պայթումներ Ցնցեցին Հիւսիսային Լիբանանի Մայրաքաղաք Թրիփոլին. Աւելի Քան 40 Զոհ Եւ Հարիւրաւոր Վիրաւորներ
Քանի մը վայրկեաններու տարբերութեամբ, երկու ահաւոր պայթումներ երէկ ցնցեցին հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլին` պատճառելով աւելի քան քառասուն զոհեր եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ: 100 քկ «Սի-ֆոր» պայթուցիկ նիւթով լարուած «Ֆորտ» տիպի ինքնաշարժ ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը դատապարտէ ահաբեկչական այն արարքը, որ թիրախ դարձուց հիւսիսային Լիբանանի մայրաքաղաք Թրիփոլին ու անոր բնակիչները, պատճառելով ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Թրիփոլին հարուածած երկու պայթումներէն անմիջապէս ետք, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը: Խստիւ կը դատապարտենք ոճրային այն արարքը, որ հարուածեց Թրիփոլին` պատճառելով բազմաթիւ զոհեր ու վիրաւորներ: ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Խորհրդարանի Նախագահին Ներկայացուցիչները
Հինգշաբթի 22 օգոստոս 2013-ին, Պիքֆայայի վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց խորհրդարանի նախագահ` Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչները: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան յանձնախումբի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Ժան Սալմանեան: ... Շարն.
Լիբանան Բողոք Կը Ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Մօտ. Իսրայէլ Ռմբակոծեց Նաամէի Պաղեստինեան Մէկ Կեդրոնը
Հակազդելով հինգշաբթի երեկոյեան գրաւեալ Պաղեստինի դէմ արձակուած հրթիռներուն, Իսրայէլ երէկ կանուխ առաւօտուն ռմբակոծեց Նաամէի Պաղեստինի Ազատագրութեան ժողովրդային ճակատ-ընդհանուր հրամանատարութեան մէկ կեդրոնը: Ճակատի բանբեր Ռամեզ Մուստաֆա դատապարտեց արարքը` յիշեցնելով, որ հրթիռարձակումի ... Շարն.
«Նաշրա» Կայքէջին Կատարած Իր Յայտարարութեամբ. «Արեւելքի Քրիստոնեաներու Համագումարներու Նախապատրաստական Քայլեր Կ՛առնուին Լիբանանեան Թէ Շրջանային Մակարդակներու Վրայ» Ըսաւ Սելիմ Ժրայսաթի
Սելիմ Ժրայսաթի Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները` վերջին ցնցումներուն լոյսին տակ, առանցքը պիտի կազմեն համաքրիստոնէական ժողովներուն, որոնք պիտի գումարուին մօտ օրէն լիբանանեան եւ շրջանային (Արեւելքի քրիստոնեաներու) մակարդակներով: Այս մասին ... Շարն.
«Այսօր Պահանջուածը Քաղաքական Տարակարծութիւններու Շրջանցումն Ու Համերաշխութիւնն Է, Որովհետեւ Էականը Ապահովութիւնն Է» Ընդգծեց Փանոս Մանճեան
Փանոս Մանճեան «Աւելի քան երբեք այսօր կը պահանջուի լիբանանցիներու համերաշխութիւնն ու քաղաքական տարակարծութեանց շրջանցումը», յայտարարեց պետական նախարարի պաշտօնակատար Փանոս Մանճեան երէկ առաւօտ` «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի հարցումներուն պատասխանելով: Դատապարտելով ապահովական բոլոր ... Շարն.
«Վանայ Ձայն»-ի Հարցումներուն Պատասխանելով`. «Բոլորս Ենթակայ Ենք Նոյն Ճակատագիրին» Ընդգծեց Նիքոլա Նահհաս
Նիքոլա Նահհաս Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլա Նահհաս երէկ Թրիփոլիի զոյգ պայթումներէն ետք «Վանայ Ձայն»-ին կատարած իր յայտարարութեամբ դատապարտեց ահաբեկչական այս արարքները` ընդգծելով, որ բոլորս ենթակայ ենք նոյն ճակատագիրին, ... Շարն.
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի
Շարունակելով հանդիպումներու շարքը իշխանութեան պետերուն հետ, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկերներ Յակոբ Խաչերեան, ... Շարն.
Ապահովական Նոր Ճակատ Մը Բանալու Միտումով. Չորս Հրթիռներ Արձակուեցան Հարաւէն` Գրաւեալ Պաղեստինի Ուղղութեամբ
Հրթիռարձակման վայրը Շրջանային թէ տեղական մակարդակներու վրայ ապահովական վերջին զարգացումներուն ստեղծած լարուած մթնոլորտին մէջ, հարաւային Լիբանանէն չորս «Քաթիուշա» տիպի հրթիռներու արձակումը գրաւեալ Պաղեստինի ուղղութեամբ իր վրայ կեդրոնացուց ժողովրդային, քաղաքական թէ ... Շարն.
Հետզհետէ Շեշտուող Ապահովական Զարգացումներուն Լոյսին Տակ. Անդորրութեան Հաստատման Ճիգերը Կը Շարունակուին` Երկպառակութեան Փորձերը Իրենց Ակունքին Մէջ Արմատախիլ Ընելու Խոստումով
Ֆայեզ Ղոսըն Լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ` Թրիփոլիէն, Արսալէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները` անցնելով Պէյրութի հարաւային արուարձաններէն, բոլոր այս շրջաններուն մէջ վերջերս հետզհետէ սաստկացող ապահովական զարգացումները կը մտահոգեն քաղաքացիներն ու ... Շարն.
Պասիլ Զգուշացուց Գաղթականներու Հոսքի Ողողումի Հետեւանքներէն
Ժրայսաթի, Պասիլ եւ Պըրրի «Որեւէ ֆինանսաւորումի նախաձեռնութիւն սուրիացի գաղթականներու վիճակի բարելաւման համար պիտի քաջալերէ նոր գաղթականներու Լիբանան հոսքը, ինչ որ պիտի վնասէ Լիբանանին», յայտարարեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար ... Շարն.
Դանակոծումի Միջադէպ` Ռումիէի Բանտին Մէջ
Քանի մը հոգի վիրաւորուած են Ռումիէի բանտին մէջ պատահած բախումներուն պատճառով: «Ազատ Լիբանանի ձայն» ձայնասփիւռի կայանը ականատեսներու հեռաձայնային մէջբերումներ ձայնասփռելով յայտնեց, որ բանտարկեալներուն միջեւ ծագած վէճերը յանգած են փոխադարձ դանակոծումի: ... Շարն.
Մօտենալու Պարագային Զինք Թշնամի Նկատելու Սաստումով`. «Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքը Կը Շարժի Թրքական Ցուցմունքներով» Յայտարարեց Տանիէլ Շաայպ
«Տեղեկահաւաքի բաժանմունքը օրէնքէ դուրս է եւ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ մեզի համար», յայտարարեց Ազեզի մէջ գտնուող լիբանանցի ինը առեւանգեալներու ընտանեկան պարագաներու բանբեր Տանիել Շաայպ, երէկ սպառնալով տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տարրերը ... Շարն.

