Category: Լիբանանեան
«ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐԵՆՔ` ԸՍՏ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի պատկանող կերպընկալի գործարանին մէջ բռնկած հրդեհը ահաւոր դէպք է` նկատել ... Շարն.
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԾՈՎԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՐՑԸ
Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի ծովային սահմաններուն եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող քարիւղի հարստութեան դէմ գործուած ոտնձգութեան հարցը վաղը պիտի քննարկուի կառավարութեան նիստին ընթացքին: Այս մասին խօսելով` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Օքապ Սաքըր այսուհետեւ մաս չի կազմեր Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումին: ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Էլիաս Մըր յայտնեց, որ ինք թեկնածու է 2013-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն: ... Շարն.
ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԸՆԴԳԾԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԻՒՆԸ` ՊԱՇՏՊԱՆԵԼՈՒ ԻՐ ՀՈՂԵՐՆ ՈՒ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման զգուշացուց Իսրայէլի կողմէ տրուած ինքնագլուխ որոշումներէն, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ծովային սահմաններուն: Ան ընդգծեց, որ Իսրայէլ կը խախտէ միջազգային օրէնքներն ու կանոնները` աւելցնելով, որ Լիբանան ... Շարն.
«ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԻՆՔՆԱԳԼՈՒԽ ՈՐՈՇՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ՊԻՏԻ ԲՈՂՈՔԵՆՔ ԵՒ ՄԵՐ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ԿԱՌՉԱԾ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆՔ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ԱՏՆԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐ
Իսրայէլի կողմէ ծովային սահմաններուն ճշդումին մասին տրուած որոշումին լոյսին տակ, Լիբանանի կառավարութիւնը յառաջիկայ հինգշաբթի օր գումարելիք իր նիստին ընթացքին օրակարգի վրայ նկատի պիտի ունենայ նաեւ Լիբանանի ծովային սահմաններուն եւ լիբանանեան ... Շարն.
ՇԱՐՊԵԼ ՈՒԻԼԻԸՄԶԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ... Շարն.
ՆԱԽԱՐԱՐ ԱՊՊՈՒՏԻ ԿԵՐՊԸՆԿԱԼԻ ԳՈՐԾԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԲՌՆԿԱԾ ՀՐԴԵՀԻՆ ԴՐԴԱՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ ԿԸ ՄՆԱՆ ԱՆՈՐՈՇ
Նախանցեալ երեկոյեան զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի պատկանող կերպընկալի գործարանին մէջ բռնկած հրդեհը քանդեց ամբողջ գործարանը, եւ այդ հրդեհի բռնկումին պատճառները ցարդ կը մնան անորոշ: Նախարար Ապպուտ յայտնեց, որ ինք միայն ... Շարն.
ՏԻՄԱՆԻ ՄԷՋ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԺԱՀԺԱՀՆ ՈՒ ՔԷՅՐՈՒԶԸ
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց երեսփոխաններ Սթրիտա Ժահժահը եւ Էլի Քէյրուզը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ Տիմանի պատրիարքական ամարանոցի ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի աղբիւրները հերքեցին, թէ ան յառաջիկայ շաբաթավերջին արաբական շրջապտոյտ մը պիտի կատարէ: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի վաղը երեկոյեան «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը: ... Շարն.
«ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷ ՇԱՐՔ ՄԸ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ, ՍԱԿԱՅՆ ԱՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ» ԸՆԴԳԾԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման «Տիար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումը պիտի ըլլայ երկրին իշխանութիւններուն առաջնահերթութիւնը: Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ ապահովութիւնը որեւէ երկրի ... Շարն.
ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ. ՀՍԿԱՅ ՀՐԴԵՀ` ՄԱԶՐԱԱԹ ԵԱՇՈՒՀԻ ՄԷՋ
Երէկ կէս գիշերէն ետք «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ հսկայ հրդեհ մը ծագած է Մազրաաթ Եաշուհի գործարաններէն մէկուն մէջ: Հրշէջները մեծ ջանքեր գործադրեցին հրդեհը հակակշիռի տակ առնելու համար: Շարն.
ՇԱՐՊԵԼ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԳՈՒՄԱՐՈՒԱԾ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՆԻՍՏԻՆ
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց իր պաշտօնավարութեան շրջանի անդրանիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող շարք մը վարչական եւ հաստատութենական հարցեր: Շարպել մաղթեց, որ յառաջիկային ... Շարն.
ՊԵԼՄԱՐ ԻՆԹԸՐՓՈԼԷՆ ՊԱՀԱՆՋԱԾ Է ՀԱՐԻՐԻԻ ՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑՈՎ ԱՄԲԱՍՏԱՆԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ԱՆՈՒՆՆԵՐԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵԼ
Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի բանբեր Մարթին Եուսեֆ յայտնեց, որ Միջազգային դատարանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար յայտնեց, որ անցեալ ուրբաթ օր ինք Ինթըրփոլէն պահանջած է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ... Շարն.
ՄԱՆՍՈՒՐ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ԻՐ ՌՈՒՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԷՆ
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր շաբաթավերջին Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որ Մանսուրին յանձնեց շնորհաւորագիր մը` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ ... Շարն.
«ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ԱՐՁԱԿԱԾ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԱՐԺԷՔ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ Քֆարքիլայի մէջ արտասանած իր խօսքին ընդմէջէն կոչ ուղղեց նկատի ունենալու, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը իր արձակած նախնական ամբաստանութեամբ կ՛ուզէ ... Շարն.
ԺԵՄԱՅԷԼ. «ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ԱՅԺՄՈՒ ՍՈՒՐ ԵՐԿՓԵՂԿՈՒՄԻ ՇՐՋԱԳԻԾԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ Է»
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին արձակած նախնական ամբաստանութեան վերաբերեալ լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքը պիտի յատկանշուի անտեսումով` ... Շարն.
ԱՊԱՏԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՄԱՂԹԷ
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շնորհաւորեց լիբանանցիները իրենց նոր կառավարութեան համար, որ կազմուեցաւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի գլխաւորութեամբ: Ապատի նորակազմ կառավարութեան յաջողութիւն մաղթեց, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` ամրապնդելու իրենց ... Շարն.
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ հինգշաբթի օր: Կը նախատեսուի, որ կառավարութեան քննարկելիք հիմնական հարցերէն մէկը ըլլայ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի երկարաձգումը, ինչպէս ... Շարն.
ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒՄԻ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի` ստանալէ ետք իր կազմած կառավարութեան շնորհուած խորհրդարանի վստահութեան քուէն, երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ դիմաւորուեցաւ պաշտօնական ընդունելութեամբ: Վարչապետը դիմաւորուեցաւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհել Պուժիի եւ վարչապետարանի անձնակազմին ... Շարն.
«ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԴԱՐՁՆՈՂԸ ԱՆՈՐ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ Լիբանանը իւրայատուկ դարձնողը անոր ժողովրդավարական վարչակարգն է, որ հիմնուած է երկրին իշխանութեան հերթական փոփոխութեան, մարդկային արժէքներուն նկատմամբ հաւատքին եւ քաղաքակրթական բազմազանութեան վրայ: ... Շարն.

