Category: Լիբանանեան

ՏԱՀԵՇ-ի Դրօշակի Հրկիզում եւ Իսլամական Արձանագրութիւններ

ՏԱՀԵՇ-ի Դրօշակի Հրկիզում եւ Իսլամական Արձանագրութիւններ

September 1, 2014

Շաբաթ կէսօրէ ետք Էշրեֆիէի Սեսին հրապարակին վրայ ուսանողներ հրկիզեցին ՏԱՀԵՇ-ի դրօշակը: Աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր ահաբեկչական խմբակին դրօշակը այրելու այս արարքը դատապարտուեցաւ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի կողմէ, որ շեշտեց, որ «յանցագործները» ... Շարն.

Սինիորա. «Կ՛ուզենք Նախագահ Մը, Որ Այս Կամ Այն Առանցքին Կողմնակալ Չըլլայ»

Սինիորա. «Կ՛ուզենք Նախագահ Մը, Որ Այս Կամ Այն Առանցքին Կողմնակալ Չըլլայ»

September 1, 2014

«Սայիտաթ Ժապալ»-ի հանդիպումին կազմակերպած խորհրդաժողովին առիթով, երէկ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա «Լը Կապրիէլ» պանդոկին մէջ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց լիբանանեան պետութեան շարունակականութեան պահպանումը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան միասնականութիւնը խորհրդանշող ... Շարն.

Արսալի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Երեք Ահաբեկիչներ Եւ Բախումներ Ունեցաւ Զինեալներու Հետ

Արսալի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Երեք Ահաբեկիչներ Եւ Բախումներ Ունեցաւ Զինեալներու Հետ

August 30, 2014

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ բանակը Արսալի Ուատի Հմայտ շրջանին մէջ նշմարած է «Շեվրոլէ» տիպի ինքնաշարժ մը, որուն մէջ կը գտնուէին երեք յանցագործներ: Բանակի ... Շարն.

Բանակը Ստանձնեց Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւն

Բանակը Ստանձնեց Ամերիկեան Զինուորական Օժանդակութիւն

August 30, 2014

Գնդապետ-զօրավար Մանուէլ Գրաճեան կը ստանձնէ զինուորական օժանդակութիւնը Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ստանձնեց ամերիկեան պետութեան տրամադրած զինուորական օժանդակութիւնները` ներկայութեամբ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար ... Շարն.

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Հանրապետութեան Նորընտիր Միւֆթին

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Հանրապետութեան Նորընտիր Միւֆթին

August 30, 2014

Միւֆթի Տըրիան եւ Սալամ Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հանրապետութեան նորընտիր միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սալամի` Տար Ֆաթուայի տագնապին թղթածրարը լուծելու առիթով: Շէյխ ... Շարն.

Արսալի Դէպքերուն Մասին Պըրրի Զայրոյթով Կ՛արտայայտուի Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Ստանձնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնները

Արսալի Դէպքերուն Մասին Պըրրի Զայրոյթով Կ՛արտայայտուի Եւ Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Ստանձնելու Իրենց Պատասխանատուութիւնները

August 30, 2014

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Արսալի զինեալ բախումներուն եւ դէպքերուն մասին խիստ զայրոյթով արտայայտուեցաւ եւ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է ստանձնեն իրենց ազգային պատասխանատուութիւնները: Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, ... Շարն.

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Պաշտօնէութիւնը Եռօրեայ Գործադուլ Յայտարարեց

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Պաշտօնէութիւնը Եռօրեայ Գործադուլ Յայտարարեց

August 30, 2014

Ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնէութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ եռօրեայ գործադուլ յայտարարեց երկուշաբթի, 1, երեքշաբթի, 2 եւ չորեքշաբթի, 3 սեպտեմբերին` ընդգծելով Ելեկտրականութեան ընկերութեան դռները բանալու եւ պաշտօնէութեան մուտքը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: ... Շարն.

Զօր. Աուն – Մաշնուք Հանդիպում

Զօր. Աուն – Մաշնուք Հանդիպում

August 30, 2014

Մաշնուք եւ զօր. Աուն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Արսալի զարգացումները: ... Շարն.

Պասիլ Հէյլէն Պահանջեց Օժանդակել Լիբանանին` Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Շրջագիծին Մէջ

Պասիլ Հէյլէն Պահանջեց Օժանդակել Լիբանանին` Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Շրջագիծին Մէջ

August 30, 2014

Պասիլ եւ Էխհորեսթ Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային ... Շարն.

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 30, 2014

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Հռոմ այցելութեան նպատակը նախագահական ընտրութեան հարցը քննարկելը չէ: ՆԱԽԿԻՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ ... Շարն.

Քննելով Երկրին Հրատապ Հարցերը`.  «Կառավարութիւնը Ոչ Մէկ Ճիգ Պիտի Զլանայ` Փրկելու Իր Քաղաքացիները»  Յայտարարեց Նախարար Ռամզի Ժըրէյժ

Քննելով Երկրին Հրատապ Հարցերը`. «Կառավարութիւնը Ոչ Մէկ Ճիգ Պիտի Զլանայ` Փրկելու Իր Քաղաքացիները» Յայտարարեց Նախարար Ռամզի Ժըրէյժ

August 29, 2014

Կառավարութեան նիստէն պահ մը Կառավարութիւնը երէկ գումարեց երկար նիստ մը, որուն ընթացքին օրակարգի վրայ եղող 62 կէտերու կողքին երկրին, յատկապէս Արսալի ապահովական սաստկացող իրադարձութիւնները դարձան քննարկման գլխաւոր նիւթ: Շուրջ եօթը ... Շարն.

Հակառակ Բանակայինի Մը Գլխատման Եւ Այլ Շշուկներու.  Բանակը Կը Խափանէ Ահաբեկչական Ոտնձգութեան Փորձ Մը

Հակառակ Բանակայինի Մը Գլխատման Եւ Այլ Շշուկներու. Բանակը Կը Խափանէ Ահաբեկչական Ոտնձգութեան Փորձ Մը

August 29, 2014

Բանակի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ չորեքշաբթիէն հինգշաբթի լուսցող գիշերուան կանուխ ժամերուն մարդատար վան մը փորձած է շրջանցել բանակի մէկ անցարգելը եւ ապօրինի ձեւով մուտք գործել Լիբանան` Ռաշայա գաւառի Այն ... Շարն.

Խորապէս Մտահոգելով Տեղական Թէ Արտաքին  Շրջանակները`.   Արսալի Կացութեան Վերստին Բռնկումը Զօրաշարժի Մատնեց Կառավարութիւնն Ու Պատկան Կողմերը

Խորապէս Մտահոգելով Տեղական Թէ Արտաքին Շրջանակները`. Արսալի Կացութեան Վերստին Բռնկումը Զօրաշարժի Մատնեց Կառավարութիւնն Ու Պատկան Կողմերը

August 29, 2014

Զգուշաւոր հանդարտութենէ ետք Արսալի մէջ կացութիւնը վերստին բռնկեցաւ երէկ, երբ լիբանանեան բանակի ճիփ մը թիրախ դարձաւ ահաբեկչական յարձակումին: Փոխադարձ զինարձակումէ ետք բանակը յաջողեցաւ ազատագրել յարձակման թիրախ դարձած զինուորներէն ոմանք, մինչ ... Շարն.

Դէպի Վատիկան Մեկնումի Իր Ճամբուն Վրայ`.  Ռայի Պատրիարքը Խոր Ընդվզում Յայտնեց Նախագահական Աթոռի Թափուր Մնալուն Առնչութեամբ

Դէպի Վատիկան Մեկնումի Իր Ճամբուն Վրայ`. Ռայի Պատրիարքը Խոր Ընդվզում Յայտնեց Նախագահական Աթոռի Թափուր Մնալուն Առնչութեամբ

August 29, 2014

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտ դէպի Վատիկան մեկնումի ճամբուն խոր ընդվզում յայտնեց երկրին նախագահական ընտրութեան ձգձգման փորձերուն համար` ընդգծելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի թեկնածուի մը «Դուն դուրս ես ... Շարն.

Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Քաղդէացիներու Լուիս Ռուֆայէլ Ա. Սաքօ Պատրիարքին

Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Քաղդէացիներու Լուիս Ռուֆայէլ Ա. Սաքօ Պատրիարքին

August 29, 2014

Տեղական թէ շրջանային քրիստոնեայ մարմիններու հետ իր ձեռնարկած հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Հըզպալլայի քաղաքական դիւանի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Ղալէպ Ապու Զէյնապի եւ Մուսթաֆա Հաժ Ալիի, երէկ այցելեց Իրաքի քաղդէացիներու Լուիս Ռուֆայէլ Ա. ... Շարն.

Թրքական Ժողովրդային Ճակատի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պաղեստինեան Այն Հելուէ Գաղթակայանը

August 29, 2014

Թրքական ժողովրդային ճակատի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ այցելեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանը, ուր խորհրդակցութիւններ ունեցաւ պաղեստինեան ազգային ապահովութեան պատասխանատու գնդ. Սուպհի Ապու Արապի հետ` ներկայութեամբ շրջանի այլ ղեկավարներու: Այս առիթով թրքական պատուիրակութիւնը ծաղկեպսակ մը ... Շարն.

Ապահովականի Կողքին Նաեւ Տնտեսական Ահազանգ. Ապահովական Եւ Ելեւմտական Մտահոգիչ Տեղեկութիւններ

August 29, 2014

«Նաշրա» կայքին համաձայն, լաւատեղեակ եւ իրազեկ աղբիւրներ բացայայտած են, թէ վերջերս ապահովական եւ ելեւմտական «մտահոգիչ» տեղեկութիւններ հասած են լիբանանեան պատկան կողմերուն` նշելով, որ հորիզոնին վրայ հետզհետէ բացայայտուող նաեւ ելեւմտական մտահոգիչ ... Շարն.

Ամին Ժեմայէլ Այցելեց Նորընտիր Միւֆթի Ապտալլա Տըրիանի

Ամին Ժեմայէլ Այցելեց Նորընտիր Միւֆթի Ապտալլա Տըրիանի

August 29, 2014

«Շրջանի եւ Լիբանանի ներկայ պայմաններուն մէջ մենք խիստ կարիքը ունինք միւֆթի Տըրիանի նման բարեացակամ եւ ողջմիտ տարրերու», յայտարարեց փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ` նորընտիր միւֆթի Ապտալլա Տըրիանի տուած շնորհաւորական ... Շարն.

«Լիբանանի Համար Կարեւորագոյն Նուիրատուութիւնը Ահաբեկչութեան Ֆինանսաւորումի Կասեցումն Է»  Ըսաւ Սուրիոյ Դեսպանը

«Լիբանանի Համար Կարեւորագոյն Նուիրատուութիւնը Ահաբեկչութեան Ֆինանսաւորումի Կասեցումն Է» Ըսաւ Սուրիոյ Դեսպանը

August 29, 2014

Լիբանան չի կրնար մինակը դիմագրաւել ՏԱՀԵՇ-ի այժմու տագնապը յայտարարեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի` կոչ ուղղելով ապահովական ու քաղաքական ճիգերու համակարգումի: Սուրիոյ դեսպանը «Ախպար» օրաթերթին կատարած իր ... Շարն.

Պըրրի Կոչ Ուղղեց 2 Սեպտեմբերին Ընտրելու Լիբանանի Նոր Նախագահը

Պըրրի Կոչ Ուղղեց 2 Սեպտեմբերին Ընտրելու Լիբանանի Նոր Նախագահը

August 29, 2014

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն` ընտրելու Լիբանանի նոր նախագահը եւ զանոնք հրաւիրեց խորհրդարանական ընտրական նիստի մը երեքշաբթի, 2 սեպտեմբերին: Շարն.