Category: Լիբանանեան

ՊԱՍԻԼ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՊԵՆԶԻՆԻ ՏՈՒՐՔԵՐՈՒ ՋՆՋՈՒՄԸ

April 30, 2011

Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ «Նահար» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին պահանջեց պենզինի տուրքերը ամբողջութեամբ ջնջել` գիտնալով հանդերձ, որ նման քայլ մը յարմարագոյն լուծումը չէ: Այս ... Շարն.

Ո՛Չ ԻՏԱԼԻՈՅ, Ո՛Չ ԱԼ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ Ի ՆՊԱՍՏ Է ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

April 30, 2011

«ՖԻՆԻՒԼ»ի առաքելութեան սկզբունքներուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն կը նշանակէ հարաւային Լիբանանի մէջ «Խաղ»ի բոլոր սկզբունքներուն փոփոխութիւնը», յայտարարեց նախկին նախարար Ուիամ Ուահհապ երէկ` Չինաստանի դեսպանին հետ ունեցած իր խորհրդակցութեան աւարտին: Այս առիթով ... Շարն.

ԺՈՄՊԼԱԹ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

ԺՈՄՊԼԱԹ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

April 30, 2011

«Կառավարութեան կազմութեան ուշացումով ստեղծուած բացը երկիրը ներսէն կը մաշեցնէ», յայտարարեց երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ` երէկ «Սաֆիր» թերթին կատարած իր յայտարարութեամբ: «Ճիշդ չէ, որ Սուրիա շահ չունի կառավարութեան կազմութեամբ», ընդգծեց Ժոմպլաթ` աւելցնելով, ... Շարն.

ՄԱՄԼՈՅ ՍԵՆՏԻՔԱՆ ԿԸ ՄԵԾԱՐԷ ՏԱՍԸ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ

April 30, 2011

Յառաջիկայ 6 մայիսին Մամլոյ սենտիքան պիտի մեծարէ լիբանանցի տասը լրագրողներ` Քամիլ Մնասսա, նախկին նախարար Ֆարուք Պարպիր, Ռաֆիք Խուրի, Նուհատ Ազար, Սոնիա Պէյրութի, Հիւսէյն Քթէյլ, Մոհամետ Պաքեր Շերրի, Շաուքի Ապու Շաքրա, ... Շարն.

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱՑՄԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ԱԼԻՔԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ

ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱՑՄԱՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ. ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԲՈՂՈՔԻ ԱԼԻՔԸ ԿԸ ԲԱՐՁՐԱՆԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ

April 29, 2011

Նախանցեալ գիշեր եւ երէկ բազմաթիւ ցոյցեր, նոյնիսկ խռովարարութիւններ կատարուեցան բազմաթիւ շրջաններու մէջ եւ տարբեր դրդապատճառներով: ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ՍՂՈՒԹԻՒՆԸ Թաքսիներու, փոխադրակառքերու եւ բեռնակառքերու վարորդները երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին յաջորդաբար երկրորդ օրն ... Շարն.

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

April 29, 2011

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ քննարկեց ներքին բեմի զարգացումները: Նախագահը ապա ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ արծարծեց ընդհանուր ապահովական վիճակն ու ... Շարն.

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

ՊԸՐՐԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ

April 29, 2011

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Եգիպտոսի դեսպան Ահմետ Պըտիաուին: Խօսակցութեան նիւթ դարձան շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Պըրրի նոյնպէս ընդունեց Քաթարի դեսպան Սաատ Մոհաննատին: Փղոսկրեայ Ափունքի ... Շարն.

ՄԱՐՈՒՆԻ ԵՒ ՔԱՏԻՐԻ ՔՆՆԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ԹԻՐԱԽ ԿԸ ԴԱՐՁՆԵՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՇԱՄԻՆ

April 29, 2011

Մարտ 14-ի ուժերուն մաս կազմող քաղաքագէտները կը շարունակեն սուր քննադատութիւններ ուղղել հրաժարեալ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ալի Շամիի: Այսպէս, երեսփոխաններ Էլի Մարունի եւ Զիատ Քատիրի երէկ կատարած իրենց յայտարարութիւններուն մէջ ... Շարն.

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԱԼ ԹԻՒԹԵԼԵԱՆ – ԿԻՏԱՆԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ՓԱՐԻԶ-21» ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

April 29, 2011

Վիճակագրութեան Կեդրոնական վարչութեան տնօրէն դոկտ. Մարալ Թիւթելեան-Կիտանեան անցնող երեք օրերուն ընթացքին Փարիզի մէջ մասնակցեցաւ «Փարիզ-21» կազմակերպութեան տարեկան ժողովին` Համաշխարհային գործադիր խորհուրդի ընտրուած անդամի իր հանգամանքով: Խորհուրդը ՄԱԿ-ի վիճակագրական յանձնախումբէն, ԵՈՒՐՈՍԹԱԹ-էն, ... Շարն.

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵԼՈՎ ՊԸՐՐԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԳԾՈՎ

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԵԼՈՎ ՊԸՐՐԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻՆԵՐՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՄԻՏՈՒՄՆԵՐՈՒ ԳԾՈՎ

April 28, 2011

Լիբանանեան եւ յատկապէս շրջանային վերջին իրադարձութիւնները առանցքը կազմեցին երէկ տեղի ունեցած խորհրդարանական շաբաթական հանդիպումին, որուն նախագահելով` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մտավախութիւն յայտնեց, որ շրջանային վերջին իրադարձութիւնները կը միտին պաղեստինցիները վերջնականապէս ... Շարն.

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ՄԵՆՔ ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ` ՄՇԱԿՈՅԹՈՎ, ՍԻՐՈՎ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒՈՂ ԱԶԳԻ ՄԸ ՄԵՐ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՄԲ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. «ՄԵՆՔ ՀՊԱՐՏ ԵՆՔ` ՄՇԱԿՈՅԹՈՎ, ՍԻՐՈՎ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ ՅԱՏԿԱՆՇՈՒՈՂ ԱԶԳԻ ՄԸ ՄԵՐ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՄԲ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ

April 28, 2011

«Հակառակ Ցեղասպանութեան ու մեր կրած տառապանքներուն, մենք հպարտ ենք մեր պատկանելիութեամբ ազգի մը, որուն հիմնասիւները կը կազմեն մշակոյթը, սէրն ու հաւատարմութիւնը», յայտարարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան երկուշաբթի, ... Շարն.

ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԱՍԻԼ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿԷ ՈՐԴԵԳՐԵԼ ՊԵՆԶԻՆԸ ՓՈԽԱՐԻՆՈՂ ՎԱՌԵԼԱՆԻՒԹԻ ԱՅԼ ՏԵՍԱԿՆԵՐ

April 28, 2011

Ուժանիւթի եւ ջուրերու հարցերու գործավար նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց ելեւմուտքի գործավար նախարար Ռայա Հասանին` գործակցելու պենզինի սակագիներու տագնապի լուծման համար: «Պէտք է ... Շարն.

ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԻՐԵՆՑ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐԷՆ ԵՏՔ ՎԱՐՈՐԴՆԵՐ ԻՐԵՆՑ ԻՆՔՆԱՇԱՐԺՆԵՐՈՒ ՃՉԱԿՆԵՐՈՎ «ԱՀԱԶԱՆԳ» ՊԻՏԻ ՀՆՉԵՑՆԵՆ ԱՅՍՕՐ

April 28, 2011

Ցամաքային երթեւեկի փոխադրամիջոցներու` ինքնաշարժներու, պասերու թէ բեռնակառքերու վարորդներ այս առաւօտ ժամը 10:00-էն սկսեալ 15 վայրկեան տեւողութեամբ միաժամանակ պիտի արձակեն իրենց փոխադրակառքերուն ճչակները` «ահազանգելով» տիրող «անհանդուրժելի» ընկերային-տնտեսական կացութեան դէմ: Անոնք երէկ ... Շարն.

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

April 28, 2011

ՀՌՈՄԻ Պենետիկտոս ԺԶ. պապի յատուկ քարտուղար գերապայծառ Նիքոլաոս Զիվնըն երեքշաբթի օր վերադարձած է Հռոմ` Ս. Զատկուան արձակուրդը Լիբանանի մէջ անցնելէ ետք: Ան այս առիթով լուսարձակէ հեռու զանազան հանդիպումներ եւ խորհրդակցութիւններ ... Շարն.

ՆԱԽԱՐԱՐ ՔԱՍՍԱՐ ՄԵԾԱՊԷՍ ԼԱՒԱՏԵՍԷ ԱՐԱԲԵՒԹՐՔԱԿԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐՈՒ ՍԵՐՏԱՑՄԱՆ ԳԾՈՎ

April 28, 2011

«Համոզուած եմ, որ շրջանային պատմական իրադարձութիւնները պիտի նպաստեն` Թուրքիոյ եւ արաբական աշխարհին միջեւ տնտեսական գործակցութեան սերտացման ու ընդարձակման», յայտարարեց Արաբական առեւտուրի գրասենեակներու միութեան նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Քասսար` Պոլսոյ մէջ ... Շարն.

ՍԱՄԻ ՊՐԱՔՍ ԵՐԿՈՒ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ ԿՈՒ ՏԱՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ

April 28, 2011

Պենզինի կայաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Սամի Պրաքս երէկ յայտնեց, որ ներկայ կացութիւնը անտանելի է` հաւանական նկատելով, որ քարիւղի մարզը եւս միանայ երթեւեկի փոխադրամիջոցներու բողոքի քայլերուն: «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին կատարած ... Շարն.

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 96-ԱՄԵԱԿԻ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁՆԵՐՈՒ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ. ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ՀԱՅՈՑ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ

April 28, 2011

Միութիւն Լիբանանի Համար կազմակերպութիւնը երէկ շաբաթական իր հերթական նիստի աւարտին ողջունեց հայ ժողովուրդը` Ապրիլ 24-ի առիթով վերահաստատելով իր զօրակցութիւնը հայութեան իրաւունքներուն, յատկապէս որ լիբանանցիք եւս ապրած են նման տագնապ Օսմանեան ... Շարն.

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐՈՒ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՄԷՋ

April 27, 2011

25 ապրիլին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ բացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման յուշամատեան: Հայաստանի դեսպանատուն այցելեցին եւ յուշամատեանին մէջ իրենց գրառումները կատարեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Լիբանանի ... Շարն.

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԱՊՐՈՂ ՀԱՅԵՐԸ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

April 27, 2011

«Պալատ» օրաթերթի ֆրանսատառ տարբերակը 26 ապրիլի իր թիւին մէջ լոյս ընծայած է Թալալ Ռընէ Տարժանիի «Մէկ դար ետք` ցեղասպանութիւնը մերժողականութեան եւ նոր օսմանականութեան միջեւ կ՛օրօրի» խորագիրով յօդուածը, որ կը մէջբերէ ... Շարն.