Category: Միջազգային
Սուրիոյ Ընդդիմութիւնը Քիմիական Զէնքի Ստեղծման Համար Անհրաժեշտ Բոլոր Բաղադրիչները Ունենալը Կը Յայտարարէ. «Թուրքիա Սուրիական Տագնապին Նկատմամբ Մարդասիրական Դիւանագիտութիւն Կը Կիրարկէ» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու
«Վեսթի»` վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Սուրիական ազատ բանակի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ ընդդիմութիւնը քիմիական զէնքի ստեղծման համար անհրաժեշտ բոլոր բաղադրիչները ունի: Ըստ անոր, զինեալ ընդդիմադիրները նշեալ ... Շարն.
Տաւութօղլու Աւելի Ազդու Արտաքին Քաղաքականութիւն Մը Կ՛ուզէ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ Անգարայի մէջ թուրք դեսպաններու 5-րդ խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Թուրքիա այսուհետեւ պատմութեան զարգացման մէջ աւելի ազդու կերպով ներկայ պիտի ... Շարն.
«Իպրահիմիի Հետ Քննարկումները Սուրիոյ Մէջ Քաղաքական Փոխզիջումային Լուծման Առիթի Մը Գոյութիւնը Ցոյց Տուին» Ըսաւ Կաթիլով
Կենատի Կաթիլով Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի հետ Մոսկուայի մէջ կատարուած քննարկումները Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխզիջումային լուծման ... Շարն.
Մեհմանփարասթ Իրանեան Եւ Թրքական Գաղտնի Սպասարկութեանց Միջեւ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Ծիրին Մէջ Գործակցութիւնը Կը Հաստատէ
Ռամին Մեհմանփարասթ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ հաստատեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ Թուրքիոյ եւ Իրանի գաղտնի սպասարկութեանց միջեւ գործակցութիւն գոյութիւն ունի: Ըստ թրքական «Սապահ» օրաթերթին, Մեհմանփարասթ ... Շարն.
«Եգիպտոսի Տնտեսութիւնը Ծանր Վիճակի Մէջ Է, Սակայն Անոր Փլուզման Մասին Կարելի Չէ Խօսիլ» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Վարչապետը
Հիշամ Քանտիլ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Եգիպտոսի տնտեսութիւնը կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ, սակայն ... Շարն.
«Եգիպտոսի Հետ Համամիտ Ենք, Որ Շրջանի Ժողովուրդները Իրենց Ճակատագիրը Ճշդեն» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ամրօ եւ Լաւրով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրոյի հետ Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Մոսկուա Գահիրէի հետ համամիտ է, ... Շարն.
Թրքական Աղբիւր Մը Իրանի Մէջ ՔԱԿ-ի Մարզումի Զօրանոցներու Գոյութեան Կ՛ակնարկէ
Թրքական պաշտօնական աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Թուրքիա շատ դժգոհ է սուրիացի ժողովուրդին օրինական ձգտումներուն կողքին կանգնելուն համար Թուրքիոյ դէմ դնելու եւ պատժելու նպատակով քրտական թղթածրարը օգտագործելու փորձէն»: ... Շարն.
«Բրիտանիոյ Վարչապետին Վարած Քաղաքականութիւնը Կրնայ Եւրոպական Միութիւնը Քանդել» Ըսաւ Հերման Վան Ռոմփույ
Քամերոն եւ Ռոմփույ Եւրոպական Միութեան նախագահ Հերման վան Ռոմփույ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն կը վարէ այնպիսի քաղաքականութիւն մը, որ այլ ... Շարն.
Ըստ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Արտաքին Յարաբերութեանց Հարցերով Նախարարին Արաբական Յեղափոխութիւնները Շրջանին Մէջ Քաոս Ստեղծեցին
Անուար Կարկաշ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին յարաբերութեանց հարցերով նախարար Անուար Կարկաշ յայտնած է, որ արաբական «յեղափոխութիւնները» գործնականին մէջ յանգեցուցին քաոսի եւ յետընթացի: «2012-ը ... Շարն.
Իրանի Մէջ Նամազի Ժամերուն Թռիչքները Կ՛արգիլուին
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի կայքէջը` յղում կատարելով իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան կը հաղորդէ, որ Իրան օդանաւային ընկերութիւններուն արգիլած է նամազի ժամերուն թռիչքներ կատարել: «Ըստ նոր կարգադրութեան, օդանաւերուն կ՛արգիլուի նամազի ժամանակ ... Շարն.
Մոսկուա Եւ Իպրահիմի Կը Յայտարարեն. «Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Ռուս-Ամերիկեան Ծրագիր Մը Գոյութիւն Չունի»
Լախտար Իպրահիմի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ տագնապի լուծման միացեալ ծրագիր մը չունին: Պատասխանելով ռուս-ամերիկեան լուծման ծրագիրին վերաբերեալ սուրիական կողմի ... Շարն.
Սալեհիի Օգնականը Թուրք Պաշտօնատարներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Թեհրանի Եւ Անգարայի Միջեւ Լաւ Յարաբերութիւններուն Վնասող Յայտարարութիւններ Չկատարել
Թուրքիա Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին փոխանցած է իրանեան բանակի սպայակոյտի պետին թրքական հողամասերուն վրայ «Փաթրիոթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայման շուրջ կատարած յայտարարութեան նկատմամբ թրքական ղեկավարութեան ընդվզումը: Թուրք պաշտօնատար մը ... Շարն.
Ընդդիմադիր Ազգային Փրկութեան Ճակատը Հաստատեց, Որ Մուրսիի Երկխօսութեան Հրաւէրը Լրջօրէն Պիտի Քննարկէ
Եգիպտական ընդդիմութեան ներկայացուցիչները, ձախէն աջ` Սիպահի, Պարատէի եւ Մուսա Եգիպտոսի ընդդիմադիր Ազգային փրկութեան ճակատը յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի երկխօսութեան հրաւէրին ամենայն լրջութեամբ պիտի վերաբերի` աւելցնելով, որ ճակատը «բոլոր ... Շարն.
«Սահակաշվիլիի Կուսակցութիւնը Պիտի Չկարենայ 5 Առ Հարիւրի Արգելքը Յաղթահարել» Կ՛ըսէ Իվանիշվիլի
Պիծինա Իվանիշվիլի Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի յայտարարեց, որ արտակարգ ընտրութիւններու կատարման պարագային նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի «Միացեալ ազգային շարժում» կուսակցութիւնը խորհրդարան մուտք պիտի չգործէ: Իվանիշվիլի «Քվերիս Փալիթրա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ... Շարն.
Իվանիշվիլի Այլեւս Պաքու – Թիֆլիս – Կարս Երկաթուղիի Իրականացման Մէջ Խնդիրներ Չի Տեսներ
Իվանիշվիլի եւ Ալիեւ «Կրուզնիա օնլայն» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլի նախապէս կը յայտարարէր, որ տնտեսապէս անիմաստ կը նկատէ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի կառուցումը եւ մտադիր է այդ նախագիծէն հրաժարելու, ... Շարն.
Թրքական Օդուժը Ռմբակոծեց Հիւսիսային Իրաքը
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ օդուժը երէկ առաւօտեան ռմբակոծած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող ճամբարները: Աշխուժ հարուածներ հասցուած են Զափ եւ Կորդուաց լեռներու ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Օհայօ Նահանգին Մէջ Ուսուցիչները Հրաձգութեան Դասընթացքներու Պիտի Հետեւին
«Տը Քոլոմպըս Տիսփեչ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Օհայօ նահանգին մէջ զէնքի միութիւնը յայտարարած է, որ ուսուցիչներու համար հրաձգութեան դասընթացքներ պիտի կազմակերպուին եւ ֆինանսաւորուին: Ըստ կազմակերպութեան, ատիկա պիտի օգնէ ... Շարն.
«Թեհրան Սուրիոյ Վրայ Արտաքին Լուծումներու Պարտադրումը Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Սալեհի
Ալի Աքպար Սալեհի Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ «Թեհրան Սուրիոյ վրայ արտաքին լուծումներու պարտադրումը պիտի չարտօնէ»: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սալեհի յայտարարած է, որ ... Շարն.
Եգիպտոսի Մէջ Քուէարկողներուն 63 Առ Հարիւրը Սահմանադրութեան Նախագիծին «Այո» Քուէարկեց
Եգիպտոսի ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարեց, որ քուէարկողներուն 63 առ հարիւրը նոր սահմանադրութեան նախագիծին «Այո» քուէարկած է, իսկ 36 առ հարիւրը` «Ոչ»: Սահմանադրութեան նախագիծին շուրջ երկու հանգրուաններէ բաղկացած քուէարկութեան մասնակցած է ... Շարն.
Թուրքիա «Սայտուայնտըր» Տիպի 117 Ամերիկեան Հրթիռնե՞ր Պիտի Գնէ
Թրքական աղբիւրներ թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթի կայքէջին յայտնեցին, որ Թուրքիա ամերիկեան վարչակարգին ներկայացուցած է օդային մարտերու յատուկ «Սայտուայնտըր Էյ. Այ. Էմ. Էս. 29» տիպի 140 միլիոն տոլար արժողութեամբ 117 հրթիռներ գնելու ... Շարն.

