Category: Միջազգային

Անան Մակ-Ի Ապահովութեան Խորհուրդին Ներկայացուց Սուրիոյ Տագնապին Հարցով Իր Զեկուցումը

April 3, 2012

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ գիշեր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուց իր զեկուցումը` խնդրելով իր ծրագիրին գործադրութեան համար ժամանակացոյց մը ճշդել: Ան յայտնեց, որ գետնի ... Շարն.

Տոլմապահչէի Մէջ Էրտողան Քլինթընի Հետ Հանդիպում Մը Ունեցած Է

Տոլմապահչէի Մէջ Էրտողան Քլինթընի Հետ Հանդիպում Մը Ունեցած Է

April 3, 2012

Պոլսոյ Տոլմապահչէ պալատին մէջ, Թուրքիոյ վարչապետական գրասենեակին մէջ 1 ապրիլին տեղի ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հանդիպումը: News.az կայքէջը թրքական ... Շարն.

Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Նախագիծին Հեռանկարները Պիտի Քննարկուին

Պաքու-Թիֆլիս-Կարս Նախագիծին Հեռանկարները Պիտի Քննարկուին

April 3, 2012

Վրաստանի ենթակառոյցներու եւ շրջանային քաղաքականութեան նախարար Ռամազ Նիքոլայիշվիլի երէկ Պուլկարիոյ ենթակառոյցի եւ թեքնիք հաղորդակցութեան նախարար Իվայլօ Մոսքովսքիի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնած է, որ ապրիլի վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենայ Ազրպէյճանի, ... Շարն.

Ազրպէյճան Օտարերկրեայ Յատուկ Ծառայութիւններու Օգնութեան Կարիք Չունի՞

Ազրպէյճան Օտարերկրեայ Յատուկ Ծառայութիւններու Օգնութեան Կարիք Չունի՞

April 3, 2012

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պաքու անհիմն կը նկատէ օտարերկրեայ որոշ լրատուամիջոցներու տարածած այն լուրերը, թէ երկրին մէջ «Եւրոտեսիլ-2012» երգի մրցանքին անվտանգութիւնը պիտի ապահովէ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը` Մոսատը: ... Շարն.

Իրան Կրնայ Արեւմուտքի Ճնշումներուն Դիմանալ» Կ՛Ըսէ Ալի Աքպար Սալեհի

Իրան Կրնայ Արեւմուտքի Ճնշումներուն Դիմանալ» Կ՛Ըսէ Ալի Աքպար Սալեհի

April 3, 2012

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի պետական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իրանեան քարիւղ ներածող 11 երկիրները պատժամիջոցներէն զանց առնելը տակաւին ... Շարն.

«Ֆոլքլանտեան Կղզիներուն Տագնապը Բնակչութեան Ինքնորոշման Իրաւունքէն Այլ Լուծում Մը Չունի» Կ՛Ըսէ Տէյվիտ Քամերոն

«Ֆոլքլանտեան Կղզիներուն Տագնապը Բնակչութեան Ինքնորոշման Իրաւունքէն Այլ Լուծում Մը Չունի» Կ՛Ըսէ Տէյվիտ Քամերոն

April 3, 2012

Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն Ֆոլքլանտի պատերազմի 30-ամեակին առիթով իր կատարած յայտարարութեան մէջ յայտնեց, որ «1982-ին այս օրը, Ֆոլքլանտեան կղզիներու բնակիչները ենթակայ դարձան բռնագրաւումի, որուն նպատակը անոնց ազատութիւնը խլել եւ անոնց ... Շարն.

Ըստ Հարցախոյզի Մը Ամր Մուսա Եգիպտոսի Նախագահ Ընտրուելու Մեծագոյն Հաւանականութիւնը Ունեցող Թեկնածուն Է

Ըստ Հարցախոյզի Մը Ամր Մուսա Եգիպտոսի Նախագահ Ընտրուելու Մեծագոյն Հաւանականութիւնը Ունեցող Թեկնածուն Է

April 3, 2012

Եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթին երէկուան թիւով հրապարակուած` Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան թեկնածուներուն շուրջ հարցախոյզ մը ցոյց տուաւ, որ Արաբական լիկայի նախկին ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա մեծ առաւելութեամբ կը գերազանցէ իր անմիջական մրցակից ... Շարն.

Հունգարիոյ Նախագահը Բանագողութեան Պատճառով Հրաժարեցաւ

Հունգարիոյ Նախագահը Բանագողութեան Պատճառով Հրաժարեցաւ

April 3, 2012

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Հունգարիոյ նախագահ Փալ Շմիթ երեսփոխաններու առջեւ յայտարարած է, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն: «Հունգարիոյ սահմանադրութեան համաձայն, նախագահը պէտք է ազգին միասնութիւնը խորհրդանշէ: Ներկայ իրավիճակին ... Շարն.

Փետրուարին Եւրոյի Գօտիին Մէջ Գործազրկութեան Համեմատութիւնը Բարձրացած Է

April 3, 2012

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Եւրոյի գօտիին մէջ գործազրկութեան համեմատութիւնը բարձրացած է 10.8 առ հարիւրի: Յունուարին այդ համեմատութիւնը 10.3 առ հարիւր էր: Ներկայ համեմատութիւնը 1999-ին միացեալ դրամանիշի որդեգրումէն ետք բարձրագոյնն է: ... Շարն.

Եւրոպական Խորհրդարանը Փոքրամասնութեանց Իրաւունքները Յարգելու Կոչ Կ՛Ուղղէ Թուրքիոյ

Եւրոպական Խորհրդարանը Փոքրամասնութեանց Իրաւունքները Յարգելու Կոչ Կ՛Ուղղէ Թուրքիոյ

April 2, 2012

Եւրոպական խորհրդարանը, երեսփոխաններու ձայներուն մեծամասնութեամբ, ուրբաթ, 30 մարտին վաւերացուցած է Թուրքիոյ առնչուող զեկուցում մը, որուն մէջ կը պահանջուի ճանչնալ ու յարգել երկրին մէջ ապրող բոլոր ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքները: Նաեւ կը ... Շարն.

Պոլսոյ Խորհրդաժողովը Սուրիոյ Ազգային Խորհուրդը Ճանչցաւ Իբրեւ Սուրիացի Ժողովուրդի Օրինական Ներկայացուցիչ

Պոլսոյ Խորհրդաժողովը Սուրիոյ Ազգային Խորհուրդը Ճանչցաւ Իբրեւ Սուրիացի Ժողովուրդի Օրինական Ներկայացուցիչ

April 2, 2012

Երէկ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը, որուն մասնակցեցան 83 երկիրներ: Խորհրդաժողովի աւարտին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ խորհրդաժողովը Սուրիոյ ազգային խորհուրդը ճանչցած է իբրեւ սուրիացի ... Շարն.

«Ուաշինկթըն Իսրայէլեան Յարձակումի Մը Պատճառով Իրանի Հետ Ճակատումի Մէջ Կրնայ Ներքաշուիլ» Կ՛Ըսէ Լէոն Փանեթա

«Ուաշինկթըն Իսրայէլեան Յարձակումի Մը Պատճառով Իրանի Հետ Ճակատումի Մէջ Կրնայ Ներքաշուիլ» Կ՛Ըսէ Լէոն Փանեթա

April 2, 2012

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա Քալիֆորնիոյ մէջ մարտանաւի մը վրայ խումբ մը զինուորականներու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ իսրայէլեան հաւանական յարձակումի մը պատճառով ... Շարն.

Ազրպէյճանի Գնած Զինուորական Սարքերու Ցանկը Հրապարակուեցաւ

Ազրպէյճանի Գնած Զինուորական Սարքերու Ցանկը Հրապարակուեցաւ

April 2, 2012

Սթոքհոլմի Խաղաղութեան ուսումնասիրութեան միջազգային հիմնարկը հրապարակած է աշխարհի տարածքին զէնքերու առեւտուրի մասին տեղեկագիր մը, ուր կը նշուի, թէ Ազրպէյճան 2008-էն ի վեր Իսրայէլէն սկսած է զէնքեր գնել: Ըստ ուսումնասիրութեան տուեալներուն, ... Շարն.

Ֆրանսայի Ծայրայեղ Աջին Եւ Իսլամական Կազմակերպութեանց Միջեւ Բուռն Բանավէճ

Ֆրանսայի Ծայրայեղ Աջին Եւ Իսլամական Կազմակերպութեանց Միջեւ Բուռն Բանավէճ

April 2, 2012

Ֆրանսայի նախագահութեան ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային Ճակատ կուսակցութեան թեկնածու Մարին Լը Փեն պահանջեց Ֆրանսայի մէջ լուծարել Իսլամական եղբայրներուն մօտիկ եղող կազմակերպութիւնները: Լը Փեն յայտնեց, որ «ֆրանսացի պաշտօնատարները իսկապէս կը կարծեն, որ ... Շարն.

«Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատէն Կը Սպասենք Խաղաղութեան Ծրագիրը Հիմա Գործադրել» Կ՛Ըսէ Անան

«Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար Ասատէն Կը Սպասենք Խաղաղութեան Ծրագիրը Հիմա Գործադրել» Կ՛Ըսէ Անան

March 31, 2012

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ յայտնեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը պէտք է նախ եւ առաջ զինադադար հաստատելով բարի կամեցողութիւն ցուցաբերէ»: Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ նախագահ ... Շարն.

Ճորճ Պուշ Աւագ Կը Զօրակցի Միթ Ռոմնիի Թեկնածութեան

Ճորճ Պուշ Աւագ Կը Զօրակցի Միթ Ռոմնիի Թեկնածութեան

March 31, 2012

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճորճ Պուշ աւագ պաշտօնապէս յայտարարած է, որ նախագահական նախնական կուսակցական ընտրութիւններուն մէջ կը պաշտպանէ Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ, մորմոն միլիառատէր Միթ Ռոմնիի թեկնածութիւնը, ... Շարն.

Ֆրանսայի Տարածքին 19 Իսլամականներ Ձերբակալուեցան

Ֆրանսայի Տարածքին 19 Իսլամականներ Ձերբակալուեցան

March 31, 2012

Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարեց, որ ֆրանսական ոստիկանութիւնը երէկ արշալոյսին կատարուած արշաւի մը ընթացքին Ֆրանսայի տարածքին 19 իսլամականներ ձերբակալած է եւ զէնքեր գրաւած: Ձերբակալութիւնները կատարուած են Թուլուզի, Լիոնի, Մարսէյի, Փարիզի, ... Շարն.

«Նապուքօ»-էն Մնաց Միայն «Արեւմտեան Նապուքօ»-ն

«Նապուքօ»-էն Մնաց Միայն «Արեւմտեան Նապուքօ»-ն

March 31, 2012

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Նապուքօ» խողովակաշարի նախագիծի անդամ կազմակերպութիւններուն մեծ մասը, Թուրքիայէն անցնող կազի խողովակաշարին սպասուող հաւանական խոչընդոտները հաշուի առնելով, ողջունած է կազի խողովակաշարի կրճատուած տարբերակի նոր ներկայացուած ... Շարն.

Սպանիոյ Մէջ Ընդհանուր Գործադուլ

Սպանիոյ Մէջ Ընդհանուր Գործադուլ

March 31, 2012

Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյ իր առաջին մարտահրաւէրը կը դիմագրաւէ, մինչ սպանական աշխատաւորական համադաշնակցութիւնները երէկ տնտեսական սեղմումի յաւելեալ քայլերուն դէմ իբրեւ բողոք ընդհանուր գործադուլ մը կատարեցին: Օրուան սկիզբը լարուածութիւնը բարձրացաւ, երբ ... Շարն.

Թուրք Նախարարի Մը Վրայ Կօշիկ Նետած Են

Թուրք Նախարարի Մը Վրայ Կօշիկ Նետած Են

March 31, 2012

Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Էրտողան Պայրաքթարի վրայ Օքան համալսարանին մէջ կօշիկ նետած են: Ուսանողներուն կատարած այս «բողոքի արարք»-ին ընթացքին վեց ուսանող ... Շարն.