Category: Միջազգային
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆՈՐ ԴԵՍՊԱՆԸ ԳԱՀԻՐԷ ՀԱՍՆԵԼԷ ԵՏՔ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. «ԵԳԻՊՏՈՍ – ԻՍՐԱՅԷԼ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈԿՈՒՆ Է»
Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի նոր նշանակուած դեսպան Եաքոպ Ամիթայ երէկ Գահիրէ հասաւ` փոխարինելու համար 10 սեպտեմբերին իսրայէլեան դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումէն ետք Եգիպտոսէն մեկնած նախկին դեսպան Իսհաք Լիվանոնը: Ան Գահիրէի օդակայանին ... Շարն.
ՔՈՒՏՐԻՆ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԻ ՎԵՐԱՀԱՇՈՒԱՐԿ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ. ԸՍՏ ՇԵՒԱՐՏՆԱԾԷԻ` «ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳԱՐՈՒՆ»Ը ՌՈՒՍԻՈՅ ՉԻ ՍՊԱՌՆԱՐ
Վրաստանի նախկին նախագահ Էտուարտ Շեւարտնածէ վրացական «Ասաւալ Տասաւալի» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ մէջ յեղափոխական իրադարձութիւններու մասին խօսելու հիմքեր չկան: «Արաբական գարնան» վտանգը Ռուսիոյ չի սպառնար», ... Շարն.
ՌՈՒՍԻԱ ԿԱՊԱԼԱՅԻ ՄԷՋ ՌԱՏԱՐԻ ՆՈՐ ԿԱՅԱՆ ՊԻՏԻ ԿԱՌՈՒՑԷ
Ռուսիա կը նախատեսէ Կապալայի մէջ ռատարի նոր կայանի մը` «Վրոնեժ-ՎՊ»-ի կառուցման աշխատանքները աւարտել 2019-ին: Նոր կայանը պիտի փոխարինէ մինչեւ այսօր գործող «Տարեալ» կայանը: Աշխատանքները պիտի կատարէ Մինցի անուան հիմնարկը: Ըստ ... Շարն.
ՏԸ ՎԻԼՓԵՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԻՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋԱԴՐԷ
Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Տոմինիք տը Վիլփեն ֆրանսական «Թէ.Էֆ.1» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանսայի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան պիտի մասնակցի: Ան նշած է, որ ինք վստահ ... Շարն.
ՎՐԱՍՏԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ 1.7 ՄԻԼԻԱՌ ԱՐԺՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ՁՐԻ ԶԻՆԱՄԹԵՐՔ ՍՏԱՑԱԾ Է
Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ նշեալ նախարարութիւնը եւ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութեան սահմանապահ ոստիկանութիւնը Թուրքիայէն ստացած են շուրջ 1.7 միլիառ տոլար արժողութեամբ ձրի զինամթերք: Կը նշուի, որ նուէրը ... Շարն.
ԴԱՆԻՈՅ ՄԷՋ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕԴԱՆԱՒԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՀԵՏԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ՍԿՍԱԾ Է
«Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական օդանաւային ընկերութիւններուն մէջ աշխատող 13 արտասահմանցի օդաչուներ քննադատութեան ենթարկած են ընկերութիւնը` նշելով, որ թուրք օդաչուներու մէկ մասը մասնագիտական բաւարար գիտելիքներ չունի, վատ կը ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՄԱՐՈՔ ԻՐԵՆՑ ՄՕՏ ԴԱՐՄԱՆՈՒՈՂ ԼԻՊԻԱՑԻ ՎԻՐԱՒՈՐ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐ ԿԸ ՎՏԱՐԵՆ
Թրքական իշխանութիւնները անյայտ թիւով լիպիացի վիրաւոր ըմբոստներ վտարեցին զիրենք դարմանող թրքական հիւանդանոցներուն մէջ արձանագրուած իրերայաջորդ բարոյական գայթակղութիւններէն ետք: Լիպիացի ըմբոստներուն պատկանող կայքէջ մը հաղորդեց, որ անյայտ թիւով վիրաւորներ փոխադրող օդանաւ ... Շարն.
«ԻՐԱՆԻ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿԻԼԸ ՀԱՄԱԶՕՐ Է ԿՐԱԿԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱԼՈՒՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿԻՒԼ
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ ֆրանսական «Ֆրանս 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին` անդրադառնալով Իրանի դէմ Իսրայէլի կողմէ յարձակումի մը կարելիութեան, ըսած է, որ Իրանի դէմ յարձակումը պարզապէս «խելագարութիւն» պիտի ... Շարն.
ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԱՊԱԼՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ԻՐԵՆՑ ՏԵՍԱԿԻՆ ՄԷՋ ՄԵԾԱԳՈՅՆԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐԴԻՒՆՔԻՆ ԴԷՄ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ
Հազարաւոր ցուցարարներ Ռուսիոյ մայրաքաղաք Մոսկուայի մէջ մասնակցեցան Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք մեծագոյն հակակառավարական ցոյցին: 50 հազար ցուցարարներ հաւաքուեցան Քրեմլինի մօտ գտնուող կղզիի մը վրայ` դատապարտելու համար վերջերս տեղի ունեցած խորհրդարանական ... Շարն.
ԷՐՏՈՂԱՆ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ «ԱՐԻՒՆԱՀԵՂՈՒԹԻՒՆԸ» ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԵՇՏԷ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Տոհայի մէջ ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութեանց դաշնակցութիւն նախաձեռնութեան 4-րդ ժողովին ընթացքին պատկերասփռուած պատգամ մը փոխանցելով` շեշտեց «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը հաստատելու եւ յամեցող խնդիրները արագ կերպով լուծելու ... Շարն.
ԸՍՏ ՌՈՒՍ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐԻ ՄԸ ՌՈՒՍԻԱ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՈՒԺԵՂ ԹԻԿՈՒՆՔ ՄԸ ԸԼԼԱԼ ԵՒ ԱՆՈՐ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՉԱՐՏՕՆԷ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժանմունքի տնօրէն Սերկէյ Վերշինին վստահեցուց, որ իր երկիրը զինեալներու կողմէ Սուրիոյ մէջ գործուած բռնարարքներն ու ահաբեկչութիւնը կը մերժէ: Ան Ռուսիոյ ... Շարն.
ԻՐԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԲՈՂՈՔ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՖՂԱՆԻՍՏԱՆԻ. ԻՐԱՆՑԻ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐ ՄԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ՈՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԻՐԱՆԵԱՆ ՕԴԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ԲՌՆԱԲԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑԷ
Իրանեան զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետի օգնական գնդ. Մասուտ Ժազայիրի պահանջեց, որ ամերիկեան վարչակազմը ամերիկեան վար առնուած լրտեսական օդանաւին կողմէ իրանեան օդային տարածքի բռնաբարման համար կարելի եղածին չափ շուտ Թեհրանէն ներում ... Շարն.
ԻՍԼԱՄ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՆ ՅԱՐԳԵԼ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԿՆՔԱԾ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ. «ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔԱՑԻԻՆ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐՈՒԱԾ Է»
Իսլամ եղբայրներու գերագոյն հոգեւոր պետ Ռաշատ Պայումի «Պաուապաթ Ուաֆըտ»-ին յայտնեց, որ Եգիպտոսի մէջ քաղաքացիին անձնական ազատութիւնը երաշխաւորուած է, եւ Իսլամ եղբայրները չեն կրնար միջամտել ոեւէ կնկայ հագուածքին եւ պիտի բաւարարուին ... Շարն.
ԸՍՏ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ԱՂԲԻՒՐԻ ՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՍՕՐ ԳԱՀԻՐԷ ՊԻՏԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱՅ
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի նոր դեսպան Եաքով Ամիթայ երկուշաբթի օր իր գործին վայրը պիտի մեկնի»: Ամիթայ կը փոխարինէ նախկին դեսպան ... Շարն.
ՔՈՔՈՅԹԻ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ, ԻՍԿ ՃԻՈՅԵՒԱ ԴԱՐՁԵԱԼ ԻՐ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ԱՌԱՋԱԴՐԷ
Հարաւային Օսեթիոյ նախագահ Էտուարտ Քոքոյթի պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը հրաժարի: «Ես կը հեռանամ, որպէսզի պայքարիմ հասարակութեան հետագայ համախմբման եւ Հարաւային Օսեթիոյ պետականութեան ամրապնդման համար», ըսած է Քոքոյթի: Ըստ անոր, հանրապետութեան ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ Չ՛ՈՒԶԵՐ ՄԻՋԱՄՏԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու երէկ յայտարարեց, որ «չենք ուզեր Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտել», սակայն ընդգծեց, որ «ձեռնածալ պիտի չմնանք, եթէ շրջանային ապահովութիւնը վտանգի ենթարկուի»: ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, ... Շարն.
ԻՐԱՆ ՔԻ ՄՈՒՆԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ԻՐ ՕԴԱՅԻՆ ՏԱՐԱԾՔԻ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԽԶՈՒՄԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահին յղեց բողոքագիր մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց Իրանի դէմ գրգռիչ եւ գաղտնի արարքներ գործելու ... Շարն.
ԸՍՏ ԹՐՔԱԿԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱՄԻՋՈՑՆԵՐՈՒՆ ՔԱՅԻՏԱ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԸ ՊԱՅԹԵՑՆԵԼՈՒ
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ապահովութեան ուժերու աշխատակիցները Քայիտա միջազգային ահաբեկչական ցանցի 11 անդամներ ձերբակալած են: Անոնք կը պատրաստուէին Թուրքիոյ խորհրդարանի շէնքը պայթեցնելու: Քայիտայի ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՊՆԴԷ, ՈՐ ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՔԻՄԻԱԿԱՆ ԶԷՆՔ Չ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՐ
Ազրպէյճանական «ՍալամՆիուզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ թրքական բանակի զօրակայաններուն մէջ քիմիական զէնքեր չկան, իսկ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարը ... Շարն.
ՍՊԻՏԱԿ ՏՈՒՆԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ
Սպիտակ տունը Միացեալ Նահանգներու մէջ արտաքին աղբիւր ունեցող ծայրայեղականութեան, մասնաւորաբար Ամերիկայի մէջ իսլամներ զինուորագրելու Քայիտայի փորձերուն դէմ պայքարելու գործնական ռազմավարութիւն մը հրապարակեց: Ծրագիրը կը նշէ, որ «մեր երկրին խմբակները ծայրայեղականութենէն ... Շարն.

