Category: Միջազգային
ԻՐ ՅՈՒՇԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՌՈՒՍ-ՎՐԱՑԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ` «ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻԻ ՎՐԱՅ ԱՅՆՔԱՆ ԲԱՐԿԱՑԱՅ, ՈՐ ՄԻՆՉԵՒ ԻՍԿ ՉԷԻ ԿՐՆԱՐ ԽՕՍԻԼ» ԿԸ ԳՐԷ ՔՈՆՏՈԼԻԶԱ ՌԱՅՍ
Վրացական «Փիրվելի» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Քոնտոլիզա Ռայս իր յուշերուն մէջ գրած է, որ 2008-ի օգոստոսին Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի պատերազմ սկսելու հարցին մէջ ... Շարն.
ՎԵՐՋԻՆ ԺԱՄ. ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԿԸ ՆԵՐԽՈՒԺԵՆ ՔՈՒԷՅԹԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ
Քուէյթի ընդդիմութիւնը երէկ ուշ գիշերին յայտնեց, որ հազարաւոր քուէյթցիներ ներխուժած են երկրին խորհրդարանը, երբ երկրին ապահովութեան ուժերը փորձած են խոշտանգել խորհրդարանին դիմաց բողոքի ցոյցեր կատարող եւ Քուէյթի վարչապետին պաշտօնազրկումը պահանջող ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻԱ ՄՏԱԴԻՐ ՉԷ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ԳՈՐԾԱԿՑԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԵԸԼՏԸԶ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ` մեկնաբանելով իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար Մոհամետ Ճեւատ Լարիճանիի` Նիւ Եորքի մէջ կատարած յայտարարութիւնը, ըսած է, որ Թուրքիա մտադիր չէ հիւլէական ուժանիւթի ... Շարն.
ԱՐՏԱՔԻՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒՐՔ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԵՐԺՈՒՄ. ՌԱՊԱԹԻ ԺՈՂՈՎԸ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻՆ ԴԷՏԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼՈՒ ԵՌՕՐԵԱՅ ՊԱՅՄԱՆԱԺԱՄ ԿՈՒ ՏԱՅ
Երէկ Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ տեղի ունեցաւ թուրք-արաբական համախմբումի ժողովը, որուն մասնակցեցան Արաբական լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու: Սուրիա ժողովը պոյքոթի ենթարկեց: ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԵՏ ՄՈՍԱՏԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԿԱՊԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԼԻՊԸՐՄԱՆ ԻՐ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ՄՈՍԱՏԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐԸ ԽԶԵԼ
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման իր նախարարութեան հրամայած է Մոսատի հետ կապերը խզել: Ան այդ հրամանը արձակած է Մոսատի հետ իրաւասութեանց եւ ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԿԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԾԵԾԿՌՏՈՒՔ
Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քննադատած է քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը` ելոյթի աւարտին անոր անդամները անուանելով անհաւատներ, ինչ որ քիւրտ կին երեսփոխաններուն մօտ զայրոյթ յառաջացուցած է: Թրքական ... Շարն.
«ԻՍՐԱՅԷԼ ՊԷՏՔ Է ԵԳԻՊՏՈՍԸ ԴԻՄԱԿԱԼԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ» Կ՛ԸՍԷ ՊԵՆ ԷԼԻԱԶԱՐ
Իսրայէլեան Քնեսեթի եւ Աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ Պենիամին Պեն Էլիազար յայտնեց, որ «Եգիպտոսի վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, Իսրայէլ պէտք է Եգիպտոսը դիմակալելու պատրաստուի»: Ան իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Եգիպտոսի ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԻՐԱՆԵԱՆ ՓՈԽԱԴՐԱԿԱՌՔԻ ՄԸ ԴԷՄ ԶԻՆԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ
Թուրքիոյ մէջ իրանեան թիւով փոխադրակառքի մը դէմ կատարուած է զինեալ յարձակում մը, որուն պատճառով վիրաւորուած են վեց ճամբորդներ: Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ դէպքը տեղի ունեցած է Վան նահանգի Արճեշ ... Շարն.
ԿԻՒԼ ՍՈՒՐԻԱՆ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԴԷՄ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ԿՐԿՆԵԼԷ
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ Սուրիայէն պահանջեց իր երկրին դեսպանատան դէմ կատարուած յարձակումի միջադէպին կրկնութիւնը կանխարգիլող միջոցառումներ որդեգրել` զգուշացնելով այդպիսի դէպքի մը կրկնութեան հետեւանքներէն: Կիւլ յայտնեց, որ անկարելի է, որ Թուրքիա ... Շարն.
ԸՍՏ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՀԱՒԱՍՏԻ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐՈՒ ԱՅՍՕՐ ՌԱՊԱԹԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԹՐՔԱԿԱՆ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԳՕՏԻԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ ՀԱՐՑԸ ՊԻՏԻ ՔՆՆԱՐԿՈՒԻ
Ռուսիոյ Պետական տումայի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ եւ Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Մարկիլով ռուսական «Նեզաւիսիմայա Կազեթա» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ... Շարն.
«ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԷՆ ՉԵՆՔ ՎԱԽՆԱՐ ԵՒ ՄԻՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ ԵՆՔ ԱՆՈՆՑ ԴԷՄ ԴՆԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏ
Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ «Եոմ Սապեհ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ ներքին հարցերուն չի խառնուիր, «սակայն յառաջացած ճեղքը դարմանելու փորձով մը բոլոր կողմերուն հետ կապի մէջ ենք»` նշելով, ... Շարն.
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՑՐՈՒԷ «ՈՒՈԼ ՍԹՐԻԹԸ ԳՐԱՒԷ՛»-Ի ՆՍՏԱՑՈՅՑԸ
Նիւ Եորքի մէջ ոստիկանութիւնը երէկ արշալոյսին Զիւքոթի Փարքի մէջ «Ուոլ Սթրիթը գրաւէ՛» շարժումին նստացոյցը ցրուելու գործողութիւն մը շղթայազերծեց: Նիւ Եորքի քաղաքապետի գրասենեակը «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ յայտնեց, որ ցուցարարները պէտք ... Շարն.
ԱԼԻԵՒ ՊՈՅՔՈԹԻ Կ՛ԵՆԹԱՐԿԷ ԻՐ ՔՐՈՋ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԸ
Ազրպէյճանական «Ազատլըկ» օրաթերթը կը գրէ, որ Հայտար Ալիեւի դուստրը` Սեւիլ Ալիեւա, Մոսկուայի մէջ Իկոր Պուտմանի ճազի ակումբին մէջ «Տը Կալըրի աֆ Սեւիլ» նուագախումբի ալպոմի շնորհահանդէս կազմակերպած է: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ ... Շարն.
ԸՍՏ «ՖՈՔՍ11»-Ի ԹԵՀՐԱՆ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱԼԻԵՒԻ ՏԱՊԱԼՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԷՐ
Ամերիկեան «Ֆոքս11» պատկերասփիւռի կայանը օրեր առաջ սփռած է Միացեալ Նահանգներու Հետաքննութիւններու դաշնակցային գրասենեակի (Էֆ. Պի. Այ.) բացայայտած իրանեան դաւադրութեան մը մասին պատմող տեսանիւթ մը: Դաւադրութեան ծիրին մէջ, որ կազմակերպուած էր ... Շարն.
ԳԵՐՄԱՆԻԱ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԻՐԱՆԻ ԴԷՄ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ ՈՐԵՒԷ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ԿԱՏԱՐԵԼ
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերվելը մերժեց Իրանի հիւլէական ծրագիրին պատճառով անոր դէմ զինուորական հարուածներ շղթայազերծելու կարելիութեան շուրջ որեւէ քննարկում կատարել: Գերմանացի նախարարը Պրիւքսելի մէջ յայտարարեց, որ «աւելի խիստ պատժամիջոցները ... Շարն.
ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԳՕՏԻ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ԹՐՔԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ «ՍՈՒՐԻԱ ԻՐ ՀՈՂԱՄԱՍԵՐՈՒՆ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԹԻԶԻՆ ՎՐԱՅ ԻՐ ԳԵՐԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ» ԸՍԱՒ ՄՈԱԼԼԵՄ
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ Դամասկոսի մէջ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութիւնը սառեցնելու լիկայի որոշումին` յայտնելով, որ «այդ որոշումն ու անոր բովանդակած ... Շարն.
ԻՐԱՆ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԱԾ ԽՄԲԱԿԻՆ ՀԵՏ ՈՐԵՒԷ ԱՌՆՉՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱԼ
Իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանը` վկայակոչելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատար մը, հաղորդեց, որ Իրան կը հերքէ պահրէյնեան իշխանութեանց այն ամբաստանութիւնը, թէ Թեհրան կապ ունի պահրէյնցիներէ կազմուած խմբակի մը ... Շարն.
ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՆ ԴԷՄ ՌՈՒՍԻՈՅ ՔԱՅԼԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼ
Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Հոնոլուլուի մէջ Ասիոյ եւ Խաղաղական ովկիանոսի տնտեսական համագործակցութեան համախմբումի ժողովի ծիրին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին խոստացաւ մօտ օրէն մանրամասն կերպով ներկայացնել Եւրոպայի մէջ ամերիկեան ... Շարն.
ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՄ ՄԸ 27 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ
Իրանեան զօրանոցի մը մէջ ուժգին պայթում մը 27 զոհ եւ առնուազն 16 վիրաւոր պատճառեց: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, բոլոր զոհերն ու վիրաւորները Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի անդամներ են: Պայթումը տեղի ունեցաւ, ... Շարն.
ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ, ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՆ. ՍՈՒՐԻՈՅ` ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՅԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱՌԵՑՈՒԵՑԱՒ
Արաբ արտաքին գործոց նախարարները շաբաթ օր Գահիրէի մէջ գումարած իրենց ժողովին ընթացքին որոշեցին առկախել Սուրիոյ` Արաբական լիկայի անդամակցութիւնը, կոչ ուղղեցին արաբական երկիրներու դեսպանները հեռացնելու Դամասկոսէն, պահանջեցին բռնարարքները դադրեցնել եւ տողատակի ... Շարն.

