Category: Միջազգային
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԿՈՐԾԱՆԻՉՆԵՐ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՎԵՐԵՒ ԹՌԻ՞ՉՔ ԳՈՐԾԱԾ ԵՆ
Թրքական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով կիպրական «Ֆիլելեֆթերոս» օրաթերթը, կը հաղորդեն, որ իսրայէլեան օդուժէն կործանիչներ Թուրքիոյ եւ Հիւսիսային Կիպրոսի վերեւ թռիչքներ գործած են: Կիպրական օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի օդուժը Կիպրոսի օդային տարածքով ... Շարն.
ՕՊԱՄԱ ՄԵՐԺԱԾ Է ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՎԱՀԱՆԷՆ ՏԱՐՐԵՐ ՏԵՂԱԿԱՅԵԼՈՒ ՍԱՀԱԿԱՇՎԻԼԻԻ ԱՌԱՋԱՐԿԸ
Ռուսական «Նեզաւիսիմայա կազեթա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա մերժած է Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի` ամերիկեան հակահրթիռային վահանէն տարրեր Վրաստանի մէջ տեղակայելու առաջարկը: «Սակայն եթէ ամերիկեան կողմը ... Շարն.
«ՄԱԿ-Ի ՄԷՋ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻՆ ԴԷՏԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿ ՇՆՈՐՀԵԼԸ ԱՒԵԼԻ ԻՐԱՏԵՍԱԿԱՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ՉՈՒՐՔԻՆ
ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն պատուիրակ Վիթալի Չուրքին ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին այն կարծիքը յայտնեց, որ «պաղեստինցիներուն ՄԱԿ-ի մէջ դէտի կարգավիճակի շնորհման հաւանականութիւնը աւելի մեծ է, քան ... Շարն.
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՆԱՆԿՈՒԹԵՆԷՆ ՓՐԿՈՒԵՑԱՒ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի դեմոկրատական եւ հանրապետական անդամները յաջողած են համաձայնութիւն գոյացնել բանաձեւի մը շուրջ, որ թոյլ կու տայ կառավարութեան գործունէութեան համար գումարներ յատկացնել: Բանաձեւի չորդեգրուելուն պարագային ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐՆԵՐԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԴԷՄ ԲՌՆԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը Սուրիոյ պետական «Սանա» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «ամերիկացի պաշտօնատարներուն վերջին յայտարարութիւնները, ներառեալ` 26 սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըրի սուրիական բանակին ... Շարն.
«ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻԱ ԻՐԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱԼԵՀԻ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի յայտարարեց, որ «Իրան 15 դրացի պետութիւններ ունի», սակայն «Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա արտաքին քաղաքականութեան մէջ առաջնահերթութիւն են»: Սալեհի նշեց, որ «Թուրքիա ուժեղ երկիր ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԲՆԱԿԵՑՄԱՆ ՎԱՅՐԵՐ ԿԱՌՈՒՑԵԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ ԵՒ ՄԱԿ-Ի ԼԻԻՐԱՒ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ
Թուրքիա բուռն կերպով դատապարտեց Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ բնակեցման վայրեր կառուցելու մասին իսրայէլեան որոշումը` զայն նկատելով «անընդունելի» եւ ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութեան պաղեստինեան դիմումը արդարացնող: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ... Շարն.
ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ԿԱԶԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԸ ԽԶԵԼ
«Վզկիատ»` վկայակոչելով «Թըրքիշ Ուիքլի» շաբաթաթերթը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիա սպառնացած է Ռուսիոյ հետ կազի համաձայնագիրը խզել: Անգարա դժգոհ է, որ վերջին տարիներուն Թուրքիոյ համար սահմանուած կազի գինը 39 առ հարիւրով ... Շարն.
ՄԻՆՉ ՖՐԱՆՍԱ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԹԵՀՐԱՆԻՆ ԿԱՆԽԱՐԳԵԼԻՉ ՀԱՐՈՒԱԾ ՀԱՍՑՆԵԼ ԻՐԱՆ ՄՏԱԴԻՐ Է ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՓԵՐՈՒՆ ՄՕՏ ՄԱՐՏԱՆԱՒԵՐ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ
«Առ.պի.Էս.» կը հաղորդէ, որ Իրանի մարտանաւերը մօտիկ ապագային կրնան Միացեալ Նահանգներու ափերուն մօտ յայտնուիլ: Իրանի իշխանութիւնները արդէն այդ կարելիութիւնը կը քննարկեն: Դէպի Միացեալ Նահանգներ իրանեան մարտանաւերու ուղարկման մասին յայտարարած է ... Շարն.
ՄՈՒՊԱՐԱՔԻ ՏԱՊԱԼՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԵԳԻՊՏՈՍԷՆ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՓԱԽՈՒՍՏԻ ԿԸ ԴԻՄԵՆ
«ՄիկՆիուզ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Եգիպտոսի ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները կ՛ահազանգեն, որ քրիստոնեաները զանգուածային փախուստի կը դիմեն: Ըստ Եգիպտոսի մարդկային իրաւանց համադաշնակցութեան զեկուցումին, Հիւսնի Մուպարաքի վարչակարգի տապալումէն ետք Եգիպտոսէն հեռացած է ... Շարն.
«ՌՈՒՍԻԱ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՊԻՏԻ ՉԶՕՐԱԿՑԻ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական «Վեսթի» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին սուրիական իշխանութեանց կոչ ուղղեց միջազգային լրատուամիջոցներուն Սուրիա մուտքի ազատութիւն տալու` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ տեղի ... Շարն.
«ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ՀԻՆԳ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԸ ԳԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ՊԱՀԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ազդեցիկ «Թայմ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն, պաղեստինեան խնդիրին, ՄԱԿ-ի մէջ բարեփոխումներ կատարելու անհրաժեշտութեան, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, «Արաբական գարնան» եւ Սուրիոյ զարգացումներուն ... Շարն.
ԻՐԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ 600 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը` վկայակոչելով իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Իրանի իշխանութիւնները Անգարայէն կը պահանջեն չգնուած կազի համար հատուցում վճարել: Իրանի կազի պետական ընկերութիւնը Թուրքիայէն պահանջած է հատուցում վճարել ... Շարն.
ԸՍՏ ԱՅԱԹՈԼԼԱ ԱԼԻ ԽԱՄԵՆԷԻԻ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՆԻՆ ԹՈՒՐՔ – ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ Է
Իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի զինուորական խորհրդական զօր. Եահիա Ռահիմ Սաֆեւի յայտարարած է, որ Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց մէջ նկատուող լարուածութիւնը պարզապէս քաղաքական ... Շարն.
ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՀՄԱՏԻՆԵԺԱՏԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԵԼԷ ԵՏՔ «ՊԱՇՇԱՐ ԱՍԱՏԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՂ ՄԻԱԿ ԱԶԴԱԿԸ ԹԵՀՐԱՆՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Նիւ Եորքէն Անգարա վերադարձի ճամբուն վրայ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն առջեւ յայտարարեց, որ Սուրիոյ բանալին Իրանի ձեռքը կը գտնուի` ընդգծելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը ... Շարն.
«ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԿԸ ՎԱԽՆԱՅ ՄԱԿ-Ի ԼԻԻՐԱՒ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԴԻՄՈՒՄԻՆ ԴԷՄ ՎԵԹՈՅԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼԷ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով «Ռուսիա 24» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութեան իրաւունք ստանալու պաղեստինեան դիմումին ... Շարն.
ԹՐՔԱԿԱՆ ՆԱՒ ՄԸ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄՕՏ ԲՆԱԿԱՆ ԿԱԶԻ ՓՆՏՌՏՈՒՔԻ ՍԿՍԱՒ
Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ թրքական «Փիրի Ռէյիս» նաւը երկուշաբթի օր սկսած է այսպէս կոչուած յանուն Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան Կիպրոսի ծովափին մօտ բնական կազի պաշարներու փնտռտուքի: Կը հաղորդուի, ... Շարն.
ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿՈՂՄԷ ՈՂՋԱԿԻԶՄԱՆ ՇԱՀԱԳՈՐԾՄԱՆ ՄԱՍԻՆ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ «ԱՄՕԹԱԼԻ» ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին «ամօթալի» նկատեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը, թէ Իսրայէլ « Ողջակիզումը շահագործելով հարիւր հազարաւոր պաղեստինցիներ կը ... Շարն.
ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱԶՄԸ ԵՒՐՈՊԱ ՏԵՂԱՓՈԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՈՒՂԻ Կ՛ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԻ
Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Պրիթիշ Փեթրոլիում» ընկերութեան անանուն մէկ աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական կազը Եւրոպա տեղափոխելու համար նոր ուղի կ՛առաջարկուի: Ըստ առաջարկուող նոր տարբերակին, «Շահ Տենիզ» հանքավայրէն արդիւնաբերուող ... Շարն.
ԸՍՏ «ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ»Ի ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻ ՍԿԻԶԲԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ԹՐՔԱԿԱՆ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻՆ
Թուրք պաշտօնատարներ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին կը յայտնեն, որ հաւանական է, որ Սուրիոյ դէմ թրքական պատժամիջոցները յայտարարուին հոկտեմբերի սկիզբը: Ըստ աղբիւրներուն, շատ հաւանաբար պատժամիջոցները կարելիի սահմանին մէջ համապարփակ ըլլան եւ այնպիսի ... Շարն.

