Category: Միջազգային
ՌՈՒՄԲ ՄԸ ԲՐԻՏԱՆԻԱՅԷՆ ԹՈՒՐՔԻԱ ՓՈԽԱԴՐՈՒԱԾ Է
Բրիտանական «Սքայ Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիայէն Թուրքիա «Եու.Փի.Էս.» միջազգային բեռնատար օդանաւային ընկերութեան օդանաւով ռումբ մը տեղափոխուած է եւ յաջող կերպով իր տեղը հասած: Անվտանգութեան ծառայութիւնը չէ յաջողած ... Շարն.
ԷՖԹԻՄԻՈՒ ՄԱՅԻՍԻՆ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ
ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փեթրոս Էֆթիմիու մայիսին պիտի այցելէ Հարաւային Կովկասի երեք երկիրներ: ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի քարտուղարութիւնը ազրպէյճանական «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Էֆթիմիու իր այցելութեան պիտի սկսի 9 մայիսին` ... Շարն.
ԼԻՊԻՈՅ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԴԷՊԻ ԱՐԵՒԵԼՔ ԿԸ ՓԱԽՉԻՆ
Լիպիոյ ըմբոստները երէկ Քազզաֆիի ուժերու ծանր զէնքերու հարուածներուն դիմաց փախուստի դիմեցին, ինչ որ ի յայտ բերաւ միջազգային ուժերու օդային հարուածներուն բացակայութեան անոնց տկարութիւնը: Միջազգային ուժերը հինգ օր ռմբակոծելէ ետք յաջողեցան ... Շարն.
ՍՈՒՐԻՈՅ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ ընդունեց սուրիական կառավարութեան հրաժարականը, մինչ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ նախագահին զօրակցող ցոյց մը կատարեցին` սպասելով երէկ նախատեսուած իր ճառին, սակայն հետագային յայտարարուեցաւ, որ նախագահ Պաշշար Ասատ ... Շարն.
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ՀԱՅ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Ժամանակակից աշխարհի մէջ Թուրքիոյ նախաձեռնողական քաղաքականութիւնը» նիւթով միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ մօտ օրէն Թուրքիան Ֆրանսայի մէջ դեսպան պիտի ... Շարն.
ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ԿԸ ՇՐՋԵՆ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔԸ
Մուամմար Քազզաֆիի աւելի լաւ զինուած եւ կազմակերպուած ուժերը երէկ շրջեցին ըմբոստներուն դէպի արեւմուտք յառաջխաղացքը, մինչ մեծ պետութիւնները Լոնտոնի մէջ առանց Քազզաֆիի Լիպիոյ ապագան կը քննարկէին: Լիպիոյ շուրջ յաջորդ ժողովը պիտի ... Շարն.
ԼԻՊԻՈՅ ՇՈՒՐՋ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԷՆ ԱՌԱՋ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԴԷՊԻ ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՆԱՆ
Լիպիացի ըմբոստները երէկ հրթիռներ արձակելով, ծանր զէնքերէ կրակ բանալով եւ Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերուն հետ մերթ ընդ մերթ բախումներ ունենալով յառաջացան դէպի Քազզաֆիի ծննդավայրը` Սըրթ: Քազզաֆիի ուժերուն դէմ արեւմտեան օդային ... Շարն.
ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ Կ՛ՈՒԶԷ ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՄԻՋՆՈՐԴՈՒԹԻ՞ՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ճափոնական «Նիհոն Քէյզայ Շինպուն» օրաթերթին հետ երկուշաբթի օր լոյս տեսած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիպիոյ մէջ մնայուն զինադուլ մը հաստատելու համար ... Շարն.
ՄՈՒՊԱՐԱՔԸ` ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔԻ ՏԱԿ
Եգիպտոսի զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչները երէկ յայտարարեցին, թէ ձախողեցուցած են երկրի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի կողմէ երկիրը լքելու փորձ մը, եւ այժմ ան կը գտնուի տնային կալանքի տակ: Զինեալ ... Շարն.
«ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԼՈՒՌ ՉԵՆՔ ԿՐՆԱՐ ՄՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Իրաք մեկնելէ առաջ յայտնեց, որ Թուրքիա մօտէն կը հետեւի Սուրիոյ զարգացումներուն: «Անցնող երեք օրերուն ընթացքին երկու առիթով հեռաձայնեցի նախագահ Ասատին եւ մեր գաղտնի սպասարկութեան ... Շարն.
ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ
Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ կատարուած ցոյցերուն ընթացքին կառավարութեան կողմնակիցներուն եւ հազարաւոր ընդդիմադիրներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումներու պատճառով զոհուած է քաղաքացի մը եւ վիրաւորուած են 160 ուրիշներ: Աւելի ուշ Յորդանանի վարչապետ ... Շարն.
ԱԼԻԵՒԻ ՀՐԱՒԷՐՈՎ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ
Յունաստանի նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Յունաստանի նախագահ Քարոլոս Փափուլիաս 4-էն 6 ապրիլին պիտի այցելէ Ազրպէյճան` ընդառաջելով նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին: Նախագահին ուղեկցող պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն Յունաստանի արտաքին գործոց ... Շարն.
ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՂՊՏԻՆԵՐԸ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՔՈՒԷԱՐԿԱԾ ԵՆ
19 մարտին Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած հանրաքուէին ընթացքին եգիպտացիներուն 77.2 առ հարիւրը սահմանադրական բարեփոխումներուն թեր քուէարկած է, իսկ 22.8 առ հարիւրը` դէմ: Դէմ քուէարկածներու շարքին են ղպտիները: «Ճնշուած ժողովուրդներու պաշտպանութեան ... Շարն.
ՈՍԿԻԻ ԵՒ ՔԱՐԻՒՂԻ ԳԻՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԲԱՐՁՐԱՆԱԼ
19 մարտին Լիպիոյ դէմ սկսած զինուորական գործողութիւնները պատճառ դարձած են ոսկիի, քարիւղի եւ արծաթի գիներու բարձրացման: Ըստ միջազգային մասնագէտներու, եթէ զինուորական գործողութիւնները երկարաձգուին, քարիւղի գիներուն բարձրացումը պիտի շարունակուի: Քարիւղի սղիլը ... Շարն.
ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ԼԻՊԻՈՅ ԽՈՐՔԸ, ՍԱԿԱՅՆ ՄԻՍՐԱԹԱ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՊԱՇԱՐՈՒԱԾ ՄՆԱԼ
Արեւմտեան ռմբաձիգներ երէկ հարուածեցին Լիպիոյ խորքը, սակայն ձախողեցան Քազզաֆիի հրասայլերուն արգելք հանդիսանալ Միսրաթա մուտք գործելով անոր հիւանդանոցը պաշարելու: Օդային հարուածները քանդեցին Միսրաթան պաշարող հրասայլեր, սակայն քաղաքին մէջ գտնուող այլ հրասայլեր ... Շարն.
ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ` ԱՅՍՕՐ ՑՈՅՑ ԿԱՏԱՐԵԼԷ. ԲԱՆԱԿԻՆ ԵՒ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱՀԱԿԱԳՈՒՆԴԻՆ ՄԻՋԵՒ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ` ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ
Հարաւային Եմէնի Հատրամութ նահանգի Մաքալա քաղաքին մէջ երէկ ընդդիմութեան համակիր բանակին եւ նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի համակիր նախագահական պահակագունդին միջեւ տեղի ունեցան բախումներ, որոնց ընթացքին բանակէն արձանագրուեցաւ վիրաւոր մը, իսկ ... Շարն.
ՏՈՒՊԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՔԱՆԱԿՈՒԹԵԱՄԲ ԹՐՔԱԿԱՆ ԶԷՆՔ ԳՐԱՒՈՒԱԾ Է
Տուպայի ոստիկանութիւնը երէկ յայտնեց, որ գրաւած է տասնեակ հազարաւոր փոքր զէնքեր, որոնք կը գտնուէին դէպի Եմէն ուղղուող բեռնարկղի մը մէջ: Իշխանութիւնները յայտնեցին, որ զէնքերը կ՛ուղղուէին Եմէնի Սաատա շրջանը, ուր շիի ... Շարն.
ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ՀԱՐԻՒՐԱՒՈՐ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑ ՆՍՏԱՑՈՅՑԻ ՄԸ ՍԿՍԱՆ
Քաղաքական տարբեր հոսանքներու պատկանող երիտասարդներ, ներառեալ` իսլամականներ երէկ Ամմանի կենսական հրապարակներէն մէկուն վրայ բաց նստացոյցի մը սկսան` պահանջելով սահմանադրական բարեփոխումներ եւ փտածութեան ներկայացուցիչներու հաշուետուութիւն: Շուրջ 500 երիտասարդներ Ամմանի Ժամալ Ապտել ... Շարն.
ՍՈՒՐԻԱ Կ՛ՈՐՈՇԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ ՄԸ ԳՈՐԾԱԴՐԵԼ
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քաղաքական եւ տեղեկատուական հարցերու խորհրդական դոկտ. Պուսայնա Շաապան երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Պաաս կուսակցութեան շրջանային ղեկավարութիւնը նախագահ Պաշշար Ասատի նախագահութեամբ ժողով մը գումարած ... Շարն.
ՕԴԱՅԻՆ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐԸ ՔԱԶԶԱՖԻՆ ՆԱՀԱՆՋԻ ԿԸ ՄՂԵՆ
Միջազգային ուժերու օդային հարուածները երէկ Քազզաֆիի հրասայլերուն ստիպեցին հեռանալ արեւմտեան Լիպիոյ Միսրաթա քաղաքէն, ինչ որ շաբաթներէ ի վեր շրջափակուած քաղաքի բնակչութեան քիչ մը հանգիստ պարգեւեց: Միւս կողմէ, ՕԹԱՆ-ի մարտանաւերը սկսան ... Շարն.

