Category: Միջազգային

ԸՍՏ «ՃԻՀԱՆ»Ի «ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍԼԱՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՏԵՂՄԱՆ ՕՐԻՆԱԿ Է» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

ԸՍՏ «ՃԻՀԱՆ»Ի «ԹՈՒՐՔԻԱ ԻՍԼԱՄՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՏԵՂՄԱՆ ՕՐԻՆԱԿ Է» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

March 15, 2011

Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական պատկերասփիւռի կայաններէն մէկէն անդրադառնալով Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` յայտարարած է, որ ... Շարն.

ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ՊՐԻՔԱՅԻ ՄԷՋ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆ ՁԵՌՔ ԿԸ ՁԳԵՆ

ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ՊՐԻՔԱՅԻ ՄԷՋ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆ ՁԵՌՔ ԿԸ ՁԳԵՆ

March 14, 2011

Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը երէկ արեւելեան Լիպիոյ մէջ քարիւղի արտադրման Պրիքա քաղաքը ռմբակոծեցին հրետանիով եւ ռմբաձիգներով: Անոնք կը թուին այլ ռազմավարական քաղաք մը գրաւելու շեմին գտնուիլ: Ըմբոստները ... Շարն.

ՃԱՓՈՆԻ ՄԷՋ ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՇՐՋԱՆՑԵՑ 10 ՀԱԶԱՐԸ

ՃԱՓՈՆԻ ՄԷՋ ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՇՐՋԱՆՑԵՑ 10 ՀԱԶԱՐԸ

March 14, 2011

Ճափոնի մէջ երկրաշարժի եւ ծովաշարժի (ցունամի) զոհերուն թիւը շրջանցեց 10 հազարը, մինչ երկրին իշխանութիւնները աճապարեցին պայքարելու շարք մը հիւլէական կայաններու հնոցներու խանգարումին դէմ եւ հարիւր հազարաւոր աղէտեալ անձերու ըմպելի ջուր ... Շարն.

ԼՈՒՐԵՐ` ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

ԼՈՒՐԵՐ` ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

March 14, 2011

ՕՄԱՆ Օմանի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Քապուս պըն Սայիտ սուլթանը երկրին մէջ ծայր առած ցոյցերուն հարցը լուծելու փորձով մը որոշած է իր օրէնսդրական լիազօրութիւններուն մէկ մասը զիջիլ մասնակիօրէն ընտրովի ... Շարն.

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԳԵԼՔ ԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՆԱՅ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔԻՆ

March 14, 2011

Պաքուի մէջ ազրպէյճանական ոստիկանութիւնը կանխարգիլած է Ազրպէյճանի ընդդիմադիր «Մուսաւաթ» կուսակցութեան խումբ մը գործիչներու` տեղական իշխանութիւններուն կողմէ չարտօնուած հանրահաւաք կատարելու փորձը: Պաքուի Շատրուաններու հրապարակին մօտեցած 100 անձերուն շուրջ կէսը ձերբակալուած է: ... Շարն.

ԸՍՏ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՄԷԿ ԱՆԴԱՄԻՆ ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՄԱԹՐՔԱԿԱՆ ԵՒ ՏԱՐՕՐԻՆԱԿ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ Է

March 14, 2011

«Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվարական խմբակցութեան նախագահ Մարթին Շուլց` անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի Տիւսելտորֆի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն, յայտարարած է, որ Թուրքիոյ վարչապետը համաթրքական եւ ... Շարն.

8.9 ՌԻԽԹԸՐ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԸ ԵՒ ՀՍԿԱՅ ՑՈՒՆԱՄԻ ՄԸ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ ՃԱՓՈՆԸ

8.9 ՌԻԽԹԸՐ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ՄԸ ԵՒ ՀՍԿԱՅ ՑՈՒՆԱՄԻ ՄԸ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ ՃԱՓՈՆԸ

March 12, 2011

8.9 ռիխթըր աստիճանի երկրաշարժ մը հարուածեց Ճափոնը: 140 տարիէ ի վեր Ճափոնը հարուածած ամէնէն ուժգին երկրաշարժը յառաջացուց 10 մեթր բարձրութեամբ ցունամի մը, որ իր ճամբուն վրայ գտնուող ամէն բան քանդեց, ... Շարն.

ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ՌԱՍ ԼԱՆՈՒՖ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵԼԷ ԵՏՔ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ ԱՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆԷՆ

ՔԱԶԶԱՖԻԻ ՈՒԺԵՐԸ ՌԱՍ ԼԱՆՈՒՖ ՄՈՒՏՔ ԳՈՐԾԵԼԷ ԵՏՔ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՆ ԱՆՈՐ ԿԵԴՐՈՆԷՆ

March 12, 2011

Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժեր երէկ աշխուժացուցին ըմբոստներուն գրաւած տարածքներուն վերատիրանալու իրենց արշաւը: Վերջիններս օտար պետութեանց կոչ ուղղեցին` հակայարձակողականը կասեցնելու համար Լիպիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը հաստատելու: ... Շարն.

ՑՈՅՑԵՐ` ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

ՑՈՅՑԵՐ` ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ

March 12, 2011

ՔՈՒԷՅԹ Քուէյթի մէջ ոստիկանութիւնը երէկ արցունքաբեր ռումբեր օգտագործեց ցրուելու համար յաւելեալ իրաւունքներ պահանջող որեւէ երկրի քաղաքացիութիւն չունեցող քոչուոր արաբներու մէկ փոքր եւ խաղաղ ցոյցը: Քոչուոր արաբները երկար ատենէ ի վեր ... Շարն.

ՄԻՆՉ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ ՔԱԶԶԱՖԻ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՌԱՍ ԼԱՆՈՒՖ ՔԱՂԱՔԷՆ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ՄՂԷ

ՄԻՆՉ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Կ՛ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՆ ՔԱԶԶԱՖԻ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՌԱՍ ԼԱՆՈՒՖ ՔԱՂԱՔԷՆ ԴՈՒՐՍ ԿԸ ՄՂԷ

March 11, 2011

Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերը երէկ բուռն ռմբակոծում կատարելով ըմբոստ ուժերը դուրս մղեցին քարիւղի արտադրման Ռաս Լանուֆ ռազմավարական ծովեզերեայ քաղաքէն: Քաղաքէն խոյս տուող ըմբոստ ուժերը յայտնեցին, որ Քազզաֆիի ուժերը քաղաքը բուռն ... Շարն.

ՄԻՆՉ ՑՈՅՑԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼ

ՄԻՆՉ ՑՈՅՑԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ԵՄԷՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼ

March 11, 2011

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ իր 32-ամեայ իշխանութեան դէմ հետզհետէ աւելի բիրտ ոճ ստացող ցոյցերուն լուծում մը գտնելու փորձով մը երէկ յայտարարեց, որ կառավարման խորհրդարանական համակարգ ստեղծելու համար նոր սահմանադրութիւն ... Շարն.

ՊԱՀՐԷՅՆ «ԱՊՕՐԻՆԻ» ՀԱՒԱՔՆԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

ՊԱՀՐԷՅՆ «ԱՊՕՐԻՆԻ» ՀԱՒԱՔՆԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵԼԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

March 11, 2011

Պահրէյն զգուշացուց շիի գործիչները կառավարական կառոյցներու մօտ հաւաքներ կազմակերպելէ` զանոնք կոչելով «ապօրինի»: Պահրէյնի շիի մեծամասնութիւնը կը փորձէ սիւննի թագաւորութեան իշխանութիւնը տկարացնել` առօրեայ ցոյցեր կազմակերպելով եւ քայլարշաւներ կատարելով դէպի պետական ու ... Շարն.

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԱՐԿԸ

March 11, 2011

Յորդանանի իսլամական ընդդիմութիւնը կը մերժէ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարել, եթէ բարեփոխման իր պահանջները նկատի չառնուին: Իսլամական աշխատանքի ճակատը կը յայտնէ, որ Յորդանանի վարչապետ Մարուֆ Պախիթ կ՛ականահարէ վարչապետը ժողովրդային քուէարկութեամբ ընտրելու ... Շարն.

ԼԻՊԻԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐ ՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍ ՄԵԿՆԵԼՈՎ ՔԱԶԶԱՖԻԷՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑԷ

ԼԻՊԻԱՑԻ ՊԱՇՏՕՆԱՏԱՐ ՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍ ՄԵԿՆԵԼՈՎ ՔԱԶԶԱՖԻԷՆ ՊԱՏԳԱՄ ՄԸ ԿԸ ՓՈԽԱՆՑԷ

March 10, 2011

Լիպիական բանակի բարձրաստիճան անդամ մը երէկ Լիպիոյ ղեկավար գնդ. Մոամմար Քազզաֆիին պատկանող օդանաւով մը Գահիրէ մեկնեցաւ` Քազզաֆիէն պատգամ մը փոխանցելու համար Եգիպտոսի իշխող զինեալ ուժերու բարձրագոյն խորհուրդին: Լիպիական բանակի գումակային ... Շարն.

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ 13 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐ 13 ԶՈՀ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԵՆ

March 10, 2011

Ապահովական աղբիւրներ երէկ յայտնեցին, որ Գահիրէի մէջ իսլամ ամբոխի մը եւ քրիստոնեայ ցուցարարներու միջեւ բախումները պատճառած են 13 զոհ եւ շուրջ 140 վիրաւոր: Քրիստոնեաները ցոյց կը կատարէին բողոքելու համար եկեղեցիի ... Շարն.

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ՑՈՅՑԵՐ ԿԱՏԱՐԵԼԷ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ

March 10, 2011

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը զգուշացուց, որ իր կառավարութիւնը օտար ցուցարարներու դէմ կտրուկ քայլերու պիտի դիմէ: Ան ըսաւ, որ բարեփոխումներու հասնելու միջոցը երկխօսութիւնն է եւ ոչ թէ ... Շարն.

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԸՆՏՐՈՎԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆ

March 10, 2011

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ խումբ մը քաղաքացիներ Արաբական ծոցի դաշնակցային երկրի իշխողներուն ուղերձ մը յղելով ընտրովի խորհրդարան մը եւ քաղաքական յաւելեալ ազատութիւններ կը պահանջեն: Ուղերձը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ իր ... Շարն.

ՌՄԲԱՁԻԳՆԵՐ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ ՌԱՍ ԼԱՆՈՒՖԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ

ՌՄԲԱՁԻԳՆԵՐ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԵՆ ՌԱՍ ԼԱՆՈՒՖԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒՈՂ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐԸ

March 9, 2011

Մոամմար Քազզաֆիի հաւատարիմ ուժերուն պատկանող ռմբաձիգներ երէկ առնուազն հինգ առիթներով հարուածեցին քարիւղի արտածման Ռաս Լանուֆ քաղաքին մէջ գտնուող ըմբոստներու դիրքերը եւ ջուրի պահեստները` արգելք հանդիսանալու համար դէպի Թրիփոլի անոնց յառաջխաղացքին: ... Շարն.

ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑԵՐԸ ԿԸ ՏԱՐԱԾՈՒԻՆ ՑԵՂԱԽՄԲԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

ԵՄԷՆԻ ՄԷՋ ՑՈՅՑԵՐԸ ԿԸ ՏԱՐԱԾՈՒԻՆ ՑԵՂԱԽՄԲԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

March 9, 2011

Մինչ բանակը մայրաքաղաք Սանաայի մէջ տարածուեցաւ, Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի 32-ամեայ իշխանութեան աւարտը պահանջող ցոյցերը ընդլայնելով առաջին անգամ ըլլալով ներգրաւեցին ցեղախմբային շրջանները, որոնք նախագահին քաղաքական ամրոցները կը նկատուին: Շուրջ ... Շարն.

ՄԻՆՉ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ՔԱԶԶԱՖԻ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԵՒՐՈՊԱՆ

ՄԻՆՉ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ՔԱԶԶԱՖԻ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ԵՒՐՈՊԱՆ

March 8, 2011

Մինչ մարդկային յաւելեալ ողբերգութիւններ եւ զանգուածային գաղթեր կանխարգիլելու ջանքերը կ՛աշխուժանան, Քազզաֆիին հաւատարիմ ուժերը, որոնք կը ջանան ըմբոստները հեռացնել Լիպիոյ ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող ծովեզերեայ շրջանէն, երէկ քարիւղի արտահանման քաղաք մը հարուածեցին: ... Շարն.