Category: Միջազգային
Օպամա.«Արեւելեան Ու Կեդրոնական Եւրոպայի Մեր Գործընկերներուն Ապահովութիւնը Մեր Ապահովութեան Անկիւնաքարն Է»
Օպամա եւ Քոմորովսքի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւա հասնելէ ետք յայտարարեց, որ «ուքրանական տագնապէն մտահոգ Արեւելեան Եւրոպայի ապահովութեան նկատմամբ ամերիկեան յանձնառութիւնը հաստատ հարց մըն է եւ չի ... Շարն.
Գահիրէի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Գործավարը Կանչուած Է Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն
Պատըր Ապտելաթի Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան գործավարը` կարգ մը թուրք պաշտօնատարներու Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան առնչութեամբ կատարած յայտարարութեանց նկատմամբ դժգոհութիւն յայտնելու համար: Եգիպտոսի ... Շարն.
Սպանիոյ Մէջ Տասնեակ Հազարաւոր Մարդիկ Կը Բողոքեն Թագաւորութեան Դէմ
Գերմանական «Տէօչը Վելը» կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ թագաւոր Խուան Քարլոսի գահէն հրաժարելէն ետք երկրին մէջ թագաւորութեան դէմ զանգուածային բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են: Սպանիոյ աւելի քան 60 քաղաքներու մէջ բողոքի ... Շարն.
Միջազգային Կարճ Լուրեր
ԻՐԱՆԻ իշխանութիւնները կը յայտնեն, որ 2 յունիսին մայրաքաղաք Թեհրանը պատուհասած աւազամրրիկը պատճառած է 5 զոհ եւ 30 վիրաւոր: Փոթորիկը, որ ունեցած է ժամական 120 քիլոմեթր արագութիւն, Թեհրանը 15 վայրկեան մթութեան ... Շարն.
Այսօր Նախագահական Ընտրութիւն` Սուրիոյ Մէջ
Սուրիոյ մէջ այսօր տեղի կ’ունենայ նախագահական ընտրութիւն: Իտալական «Լ’Էսփրեսօ» օրաթերթը երէկ անդրադառնալով ընտրութեան նախագահ Պաշշար Ասատի յաղթանակը նախատեսեց` աւելցնելով, որ վարչակարգը «երթանք ընտրական կեդրոններ, որպէսզի կառուցենք Սուրիոյ յաղթանակը» կարգախօսով կը ... Շարն.
Թեհրանի Մէջ. «Պատրաստ Ենք Իրանի Հետ Յարաբերութեանց Մէջ Նոր Էջ Բանալու» Յայտարարեց Քուէյթի Իշխանը
Քուէյթի իշխանը եւ այաթոլլա Խամենէի Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Թեհրանի մէջ Քուէյթի իշխան շէյխ Սուպահ Ահմետ Ժապեր Սուպահի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Արաբական Ծոցի ... Շարն.
Պաղեստինեան Ազգային Համաձայնական Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ միջպաղեստինեան պառակտումին աւարտը յայտարարեց, երբ պաղեստինեան ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը Ռամալլայի մէջ երդման արարողութիւնը աւարտեց: Ան նշեց, որ Իսրայէլի հետ բանակցութեան թղթածրարը պիտի շարունակէ մնալ ... Շարն.
Սպանիոյ Թագաւորը Կը Հրաժարի Գահէն
Խուան Քարլոս թագաւորը «Ֆրանս 24»-ը` վկայակոչելով Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոն, կը հաղորդէ, որ Սպանիոյ թագաւոր Խուան Քարլոս որոշած է հրաժարիլ գահէն: 76 տարեկան թագաւորը Սպանիոյ գահին վրայ է 1975-էն ի ... Շարն.
Քատիրով. «74 Հազար Չեչեն Կը Սպասեն Հրամանի` Ուքրանիոյ Մէջ Կարգ Ու Կանոն Հաստատելու Համար»
Ռամզան Քատիրով «Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Չեչենիոյ ղեկավար Ռամզան Քատիրով ռուսական «ՌԵՆ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ համապատասխան հրահանգի պարագային շուրջ 74 հազար կամաւոր Չեչենիայէն ... Շարն.
Աբխազիոյ Վարչապետը Հրաժարեցաւ
Լէոնիտ Լաքերպայա «Թի.Վի. Ռէյն» ռուսական պատկերասփիւռի կայանի կայքը` վկայակոչելով երկրի նախագահի պաշտօնակատար, խորհրդարանի նախագահ Վալերի Պկանպան կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ վարչապետ Լէոնիտ Լաքերպայա հրաժարած է: Վարչապետի պարտականութիւնները պիտի կատարէ ելեւմուտքի ... Շարն.
Հնդկաստանի Մէջ 29-րդ Նահանգը Ձեւաւորուած Է
Kommersant.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Հնդկաստանի մէջ ստեղծուած է նոր նահանգ մը, որ դարձած է երկրին 29-րդ նահանգը: Երկրի հարաւային Անտհրա-Փրատեշ նահանգը բաժնուած է երկու մասի, որոնցմէ մէկը ձեւաւորուած է ... Շարն.
Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Արգելակէ «Հարաւային Հոսք»-Ը` Մինչեւ Ուքրանիոյ Նկատմամբ Ռուսիոյ Դիրքորոշումին Փոփոխութիւնը
«Վետոմոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Կիւնթեր Էթինկեր գերմանական «Ֆրանքֆուրթըր Ալկեմայնը Սոնթակսցայթունկ» շաբաթաթերթին յայտնած է, որ «Հարաւային հոսք» կազի խողովակաշարի նախագիծը յառաջընթաց պիտի չունենայ, մինչեւ Ռուսիան չփոխէ ... Շարն.
Եւրոպական Խորհուրդը Կը Դատապարտէ. Պոլսոյ Մէջ Առնուազն 120 Ցուցարար Ձերբակալուած Է
«Ուըրլտպուլեթին» կայքը կը հաղորդէ, որ շաբաթ օր Պոլսոյ մէջ շուրջ 120 մարդ ձերբակալուած է, երբ ոստիկանութիւնը բիրտ կերպով միջամտած է եւ փորձած ցրուել բողոքի ցոյցին մասնակիցները, որոնք փողոց դուրս եկած ... Շարն.
Միացեալ Նահանգներու Եւ Թալեպաններու Միջեւ Գերիներու Փոխանակում
Պոուի Պերկտահլ 28 տարեկան ամերիկացի ենթասպայ Պոուի Պերկտահլ երէկ Հարաւարեւելեան Աֆղանիստանի մէջ փոխանցուեցաւ ամերիկեան մասնայատուկ ուժերուն` Թալեպաններուն հետ գերիներու փոխանակման համաձայնութեան մը ծիրին մէջ: Ուաշինկթըն փոխարէնը ազատ արձակեց Կուանթանամոյի արգելափակման ... Շարն.
Պաղեստինեան Ազգային Համաձայնութեան Կառավարութիւնը Պիտի Յայտարարուի Այսօր
Պաղեստինեան իշխանութեան նախարար Մահմուտ Ապպաս յայտնեց, որ Համասի հետ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը «պիտի յայտարարուի երկուշաբթի օր` հակառակ իսրայէլեան սպառնալիքներուն»: Ապպաս շաբաթ օր պաղեստինեան դատին զօրակցող ֆրանսացիներու մէկ պատուիրակութեան առջեւ իր ... Շարն.
Ռուսիա Կը Պատրաստուի Պատասխանելու Միացեալ Նահանգներու «Արագ Համաշխարհային Հարուած» Նախաձեռնութեան
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Եուրի Պորիսով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու «Արագ համաշխարհային հարուած» ռազմավարութեան չէզոքացման ուղղուած աշխատանքներ կը տարուին: «Կ՛իրականացուին շարք մը գիտահետազօտական ... Շարն.
Միջազգային Կարճ Լուրեր
ՌՈՒՍԱԿԱՆ արտակարգ դրութեանց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ «Մի-8» տիպի ուղղաթիռ մը ջախջախուած է հիւսիսային Ռուսիոյ Մրմանսք շրջանին մէջ: Ուղղաթիռին մէջ կը գտնուէին 18 անձեր, որոնցմէ երկուքը հիւանդանոց փոխադրուած են, իսկ մնացեալ ... Շարն.
Սիսի. «Եգիպտոս Ետդարձ Պիտի Չկատարէ»
Զօր. Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Եգիպտոսի նախագահական ընտրութեան մէջ իր արձանագրած մեծ յաղթանակէն ետք կատարած իր առաջին յայտարարութեան մէջ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեց. «Եգիպտոս ետդարձ պիտի չկատարէ»: Ան ըսաւ, որ իր ... Շարն.
Ֆիուլէ Կը Զօրակցի Ուքրանիոյ, Վրաստանի Եւ Մոլտաւիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Տրամադրման
Շթեֆան Ֆիւլէ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ գերմանական «Վելթ» օրաթերթին հետ հրապարակուած հարցազրոյցի մը մէջ յայտնած է, որ ինք կը զօրակցի ... Շարն.
Աբխազիոյ Նախագահը Կը Մերժէ Հեռանալ Պաշտօնէն
Ալեքսանտր Անքվապ Gazeta.ru կը հաղորդէ, որ Աբխազիոյ նախագահ Ալեքսանտր Անքվապ յայտարարած է, որ չի պատրաստուիր ինքնակամ հրաժարական տալու` աւելցնելով, որ երկրի վարչապետ Լէոնիտ Լաքերպան եւս պաշտօնանկ ընելու մտադրութիւն չունի: Աբխազիոյ ... Շարն.

