Category: Գաղութային
Մրցանակաբաշխութիւն «Անսխալ Գրենք» Մրցումին
Կաղանդի նախօրեակին, երէկ` չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին մրցանակաբաշխութիւնը` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ: 43 մրցանակակիր աշակերտները իրենց ... Շարն.
Ս. Ծննդեան Պատարագ` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ
Երեքշաբթի, 25 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա - Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը հանդիսապետեց Ս. Ծննդեան պատարագին: Եկեղեցւոյ մէջ ... Շարն.
Ներսէս Պետրոս Ժթ. Պատրիարքի Պատգամը` Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. «Աստուած Իր Անհուն Սէրը Մեզի Պարգեւեց Յիսուսի Հրաշափառ Ծնունդով»
Ս. Ծննդեան աստուածապարգեւ առիթով, ձեզի կը փոխանցենք ցնծութեան եւ ուրախութեան հայրապետական պատգամը սիրեցեալ առաջնորդներ, պատուարժան հովիւներ, սարկաւագներ, կուսաններ եւ աշխարհի վրայ սփռուած բարեպաշտ հաւատացեալներ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ: Գաղատացիներուն ուղղուած թուղթին ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը
Երկուշաբթի, 24 դեկտեմբեր 2012-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանը: Նոր տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն նախօրեակին դեսպան Քոչարեան եկած էր շնորհաւորելու վեհափառ ... Շարն.
Լօխ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղ. Կաղանդի Տօնավաճառի Բացում
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին եւ հովանաւորութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան, շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2012-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Այնճարի Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ «Գ.Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կաղանդի տօնավաճառի բացումը: Ժապաւէնը կտրեցին ... Շարն.
«Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկը Մամուլի Տակ
Շուտով լոյս կը տեսնէ «Ազդակ»-ի 2013-ի բացառիկը հետեւեալ բովանդակութեամբ. ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ Մոնթեվիտէոյի նշած ուղեցոյցը ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Նախագահութեամբ Խորհրդակցութիւններ` Սուրիոյ Հայութեան Օժանդակութեան Շուրջ
Անցնող շաբթուան ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Սիփան Ծ. վրդ. Քեչեճեանի, Հալէպի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս եպս. ... Շարն.
Պէյրութի Հոգեւոր Երաժշտութեան 5-րդ Փառատօն. «Կարկաչ» Ներկայացուց Ս. Ծննդեան Տօնին Նուիրուած Բազմալեզու Յայտագիր Մը
Երէկ` կիրակի, 23 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը, «Սոլիտեր»-ի նախաձեռնած` Պէյրութի հոգեւոր երաժշտութեան 5-րդ տարեկան փառատօնի ծիրին մէջ ներկայացուց «Կարկաչ» մանկապատանեկան եւ պատանեկան երգչախումբի ելոյթը` գեղարուեստական ... Շարն.
Նիժնի Նովկորոտի Պետական Համալսարանին Մէջ Լսարան` «Ազդակ»-ի 85-ամեակին Առիթով
Այսօր կէսօրին Ռուսիոյ Նիժնի Նովկորոտ քաղաքի պետական համալսարանին մէջ տեղի կ՛ունենայ մամլոյ գործիչներու եւ հայագիտական ուսմանց ուսանողներու միացեալ լսարան, որուն նիւթը յատկացուած է «Ազդակ» օրաթերթին` անոր հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով: Ներկայ ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն. ՀՅԴ ԶՈՄ-ի «Դէպի Երկիր» Յանձնախումբը Ներկայացուց 2012 Թուականի Գործուղումը
Արա Գասապեան Ասպրամ Կրպէեան կը ստանձնէ ԶՈՄ-ի յուշանուէրը ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» յանձնախումբին հիմնական ծրագիրը գործուղումն է: Տարուան ընթացքին կատարած բոլոր աշխատանքները կը նպատակադրեն գործուղումին յաջողութիւնը: ԶՈՄ-ի «Դէպի ... Շարն.
Դէպի Հալէպ Օժանդակութեան Փորձերը Կը Խափանուին
Սուրիացի չորս գործարարներ` Ֆարես Շահապի, Մոհամետ Սարմինի, Ապտել Քարիմ Սայէտ եւ Լեւոն Զաքի Ետալեան` նկատի ունենալով Հալէպի մէջ վերջին շաբթուան ընթացքին ստեղծուած հացի չգոյութեան տագնապը, նախաձեռնած են Լիբանանէն Հալէպ 25 ... Շարն.
Յայտարարութիւն
Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի նախագահի 2012 թուականի հոկտեմբերի 23-ի թիւ 292-Ա հրամանագրով 3 ամ. տոլարի վճարման ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն: 1776, ... Շարն.
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Եուհաննա Ժ. Եազիժի Պատրիարքին
Արամ Ա. կաթողիկոս եւ Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարք Չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2012-ի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ նորընտիր Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքին` Պալամանտի վանքին մէջ, եւ ... Շարն.
«Բագին». Ամանորեան Բարեմաղթութիւններ Եւ Համահայկական Մտորումներ
Երէկ` հինգշաբթի, 20 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի աշխատակիցներ, զրոյց-հանդիպումներու մասնակցողներ եւ բարեկամներ համախմբուած էին «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ` մտերմիկ հաւաքոյթի մը ճամբով եւ ամանորեան բարեմաղթութիւններու ընդմէջէն հայութիւնն ու յատկապէս գրական ... Շարն.
Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում
Երէկ` հինգշաբթի, 20 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ 2012 տարեշրջանի 18-րդ ցուցահանդէսին` հովանաւորութեամբ նախկին նախարար Ալեն Թապուրեանի: Հաւաքական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովը գումարուեցաւ չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2012-ին: Իր ընթացիկ օրակարգէն դուրս, Ազգային երեսփոխանական ժողովը անդրադարձաւ Սուրիոյ մէջ ծաւալող դէպքերուն եւ մտահոգութիւն յայտնեց տեղի ունեցող բռնարարքներուն ու ... Շարն.
Գագիկ Գինոսեանի Այցելութիւնը «Ազդակ»
Երէկ երեկոյեան «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ եւ «Կարին» ազգագրական պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Գինոսեան: Հիւրին կ՛ընկերակցէին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան գործադիր տնօրէն ... Շարն.
Եւրոպահայերու Գ. Համագումարը Տեղի Պիտի Ունենայ Պրիւքսելի Մէջ` 4 – 5 Մարտ, 2013-ին
Պրիւքսելի մէջ տեղի պիտի ունենայ եւրոպահայերու Գ. համագումարը, որուն երկրորդ մասը` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, 4-5 մարտ, 2013-ին: Այս համագումարը Եւրոպայի մէջ գործող Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ հայկական այլ կազմակերպութիւններուն կողքին ... Շարն.
Հաղորդագրութիւն
Արցախի վերաշինութեան եւ վերաբնակեցման աշխատանքներուն «Լիբանանի Արցախ Ֆոնտ»-ին մասնակցութիւնը լիբանանահայութեան ազգաշէն գործունէութեան ամէնէն պատուաբեր էջերէն մէկը կը կազմէ: «Ֆոնտ»-ին երկարամեայ գործունէութիւնը, անցնող տարի, շարունակուեցաւ լայն թափով եւ օժանդակութեան նոր մարզերու ... Շարն.
«Պատկեր» Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանման Կեդրոն. Նորութեան Ստեղծում` Իւրայատուկ Ցուցահանդէսի Միջոցով Աւանդական Մշակութային Արժէքներու Պահպանման Ընդմէջէն
Կազմակերպութեամբ «Պատկեր» մշակութային ժառանգութեան պահպանման կեդրոնին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, «Պատկեր» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացում: Ցուցահանդէսին ընթացքին ուշադրութեան հիմնական առանցք հանդիսացած էր հայկական ձեռարուեստը` ըլլալով ... Շարն.

